Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԱՐԵՐՈԻ ՏՂԱՆ
Բ


Գեղին համբաւաւոր գեղեցիկն էր Աշխէն՝ որուն ետեւէն կը պտտէին բոլոր երիտասարդները, ոմանք անոր նշաձեւ աչքերուն զարնուած, ուրիշներ անոր երկայն թարթիչներուն, ու ամէնքն ալ անոր ուռի հասակին: Այդ աղջիկը ամբողջ կեանքն էր գեղին. մինչեւ կէս գիշեր դրան առջեւէն անցնողներ կային, ոտքերնին գետինը քսելով եւ դիտումնաւոր հազով, իրենց սէրը, պաշտումը, անտեսուած անձնականութիւնները պտըտցնելով, երեւցնելով մութին մէջ: Աղբիւրին ճամբան կը պահէին, արտին քովերը կը քսուէին ու ամէն տեղ ուրկէ կրնար անցնիլ այդ աղջիկը՝ երիտասարդի ստուեր մը կը թափառէր:

Մէկ հատիկն էր մեծ համբայ տան մը ու քիչ մըն ալ շփացած. նուշով, շաքարով պահած էին զինքը. քաղքի լաթեր կը հագնէր որոնք այնքան ալ կը վայլեցնէր. այսպէ՛ս, սիրո՛ւն իր մարմնի հմայքովը, սիրո՛ւն այլուրի նորութիւնը բերող իր արդուզարդովը, այդ աղքատ համայնքին մէջ անուշ ու անհաս աստղիկ մըն էր՝ որուն կ՚ուղղուէին գիտակցութեան եկող բոլոր տարփանքները հառաչանքով ու կարօտով, որը իր յուսահատեցուցիչ անմատչելիութեանը մէջ աւերող հրայրք մը կը տարածէր շուրջը, սրտի տեսակ մը թունաւոր մթնոլորտ:

Հայրն ու մայրը՝ աչքերնին ու մազերնին ճերմկցուցած, իրենց ալեւորուած սրտին արդէն հատնելու մօտ բոլոր կեանքը այդ աղջկան սիրովը կ՚երկարէին, երդուըննալով անոր արեւովը, ապրելով անոր բերնին շունչովը: Վերջին ու աղջիկ զաւակն էր, մանաւանդ եւ որովհետեւ կնկայ պարագան միշտ իր յատուկ նշանակութիւնն ունի նոյնիսկ ծնողքներու ամէն հաշիւէ ազատ սիրոյն մէջ ալ՝ կը գուրգուրէին Աշխէնին վրայ եւ քիչ անգամ նոյն հոգացող աղապատանքով կ՚անդրադառնային Սեդոյին, որ տանը մէջ փրթած, անջատուածի օտարութիւն մը կը պահէր, շատ ինքնափակ ու անհաղորդ, որսի ու որսորդութեան հոգերովը նախագրաւուած, աչքը միշտ լեռը, միշտ անտառին: Մանկութենէն վայրի բնազդ մը աճեր էր հոգիին մէջ դէպի անկոխ բարձրութիւնները որոնցմէ կ՚իջնէր աշնան հովն ու հեղեղը. անոր համար չէր սիրած երբեք դաշտին տափարակ ու ընդվզեցուցիչ տարածութիւնը, ո՛չ եզն ու գոմէշը որ կը քաշեն հեկեկող սայլն աշխատութեան, ո՛չ արտն ու անոր հասուն ցանքերուն կանաչ բանաստեղծութիւնը, ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, անոնք փոփոխութիւն մը չէին բերեր իր հոգւոյն մէջ, իր լեռնականի հակումներուն փոփոխութիւն մը չէին տար բնաւ: Այդ պատճառով գրեթէ չէր հետաքրքրուեր իր գիւղին տնովն ու ծնողքին առտնին զբաղումներովը եւ Աշխէնին համար ունեցած սէրն ալ իր հպարտութեան մէջ՝ չէր զիջաներ հակառակ յայտնումներով երեւան գալ, ամէն բան այս տղուն քով անհամեմատ կարծրութիւն մըն էր, արտականոն դասաւորութիւն մը եւ ստեղծում մը:

Գիտէր թէ քոյրը գեղեցիկ էր ու գիւղին մէջ աղջիկ մըն ալ չկար անոր քովն ի վեր կեցած ատեն՝ հաւասար նմանութիւն մը կշռող եւ անկէ անդին ա՛լ չէր հետաքրքրուեր, մնացածին համար ինքը եւ իր անունը բաւական էին: Ո՞ր յանդուգն տղան իր համբաւին սահմանէն ասդին խիզախելու փորձ պիտի ընէր եւ մօտենար իր քրոջը՝ աչքիդ վրայ յօնք կայ ըսելու, ապահովաբար այսքան անխելք ու ինքնավստահ պիտի չըլլային գեղին տղաքը, անոնք՝ որ իր անցած ատենը յարգանքով ու քիչ մըն ալ երկիւղով ճամբայ կու տային իրեն:

Ու ինքը միշտ լեռը, անտառն էր, մինչդեռ վարը դաշտը կ՚երեւար, փոշին կը բարձրանար յարդի մժեխներուն հետ, հնձողները կ՚երգէին խոնջէնքի հեւքով ու կը քաղէին, սայլերը կը ճռնչէին, ասոնք ամէնքը իր ոտքերուն տակ, լեռան ոտքերուն տակ կը թողուր ու երեսը դարձուցած կ՚երթար, իբր թէ բան մը կապած չըլլար զինքը ասոնց ամէնուն հետ, իբր թէ գիւղացիի ու դաշտի զաւակ չըլլար:

Հայրը հարկաւ տղու այս խրտչան անընդունելութենէն կը սրտնեղէր, կը ցաւէր, քանի որ իր եզները ուրիշին ձեռքը, իր մաճն ու լուծքը օտարին թողած, ինքը ուրիշին կարօտ եղեր էր, կռուեր, բարկացեր, լացեր, աղաչեր էր, բայց երբեք չէր կրցած զաւակին այդ նախասիրութիւնը փրցնել իրմէ: Հիմա ինքն իր մէջ կը մխար համակերպելով իր կարգին, երբ միւսը համոզել անկարելի եղած էր:

Մի՜ւսը, համոզուած չէր բնաւ, ընդհակառակը, լերան մաքուր ու հուժկու տարփանքը խորունկցեր ու երկնցեր էր իր մէջ, առանց անոր պիտի չկրնար ապրիլ, պիտի հիւանդանար, պիտի մաշէր ու ինքզինքը ուտելով պիտի հատնէր: Դաշտի միամիտները, որ թուփի մը ծածքին տակ կը նստին ու գաճաճ մորենիի մը ստուերովը գոհ կ՚ըլլան, անգա՜մ մը գիտնային ամբողջ կատար մը լեցնող կաղնիի մը ասպետական հրապոյրը որ միս—մինակ կուրծք կու տայ հովերու կատաղութեանը եւ իր տերեւներովը աշխարհի մը քնարը կը տաղերգէ, գիտնային անգամ մը ամպահերձ արտեւաններուն վրայէն վարի հովիտներուն փոքրութիւնն ու արգահատելի ոչնչութիւնը, տեսնէին թէ դաշտի մարդը որչա՜փ պզտիկ, որչափ ողորմելի կ՚երեւնար՝ կպած ափ մը հողին ու գոմի անասունին, մուրացկանի պէս վազելով հացի անսպառ տաժանքին ետեւէն ու մանկան մը պէս՝ իր համար միշտ նոր մտահոգութիւններ ստեղծելով: Եւ խոպան, կոյս ու անկոխ վայրերու թափուր առանձնութիւնը կ՚եղբայրանար իրեն, գորովով կը դիտէր ապառաժի մը կուրծքէն ստինքի պէս կախուած թզենիի կանաչ թուփը՝ որ եկեր մինչեւ այդ բարձունքներուն վրայ ծննդավայր շիներ էր, կը մօտենար անոր ու կը համբուրէր զայն. բնութեան կաթովը մեծցած այդ մարդատեաց տղան, կը սիրէր անզգայաբար ինչ որ մարդը իր խոտոր զարտուղութեամբը մոռցած էր հետզհետէ ու կորսնցուցած անոնց զգայութիւնն ու յիշատակը:

Որսը միակ հաճոյքն էր որուն ետեւէն կը վազէր առանց յոգնելու, ծառէ ծառ, թփուտէ թփուտ եւ երբ անզգայ կը բռնէր զայն ձեռքին մէջ, դաժան ժպիտը շրթունքներուն վրայ՝ կիրքերուն ամէնէն երանականն էր որ ոտքէն մինչեւ գլուխը կը լեցնէր զինքը. այն ատեն հզօր երգ մը կը թնդացնէր, որը դաշտէն բերած կ՚ըլլար հետը, սորված իր գեղին տղոց բերնէն, թող տալով որ անընտել ձայնի առնական ելեւէջները կերկերաձայն թափառին այդ վայրերուն մէջ ու կրկնուին երերալով, դանդաչելով:

Պայմանադրական ընկալեալ կենցաղը կ՚ատէր Սեդոն, անոր համար չէր իջներ գեղը եւ իր բնազդներուն կամայականութիւնը կը զբօսցնէր որսորդութեամբ: