Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏԷՐՏԷՐԻՆ ՀԱՐՍԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏԿԵՐ)
Դ


Գինին առատ է մեր գեղերուն մէջ ու գեղացիք այդ օրը ամէնքն ալ գինով էին, որովհետեւ կաղանդի օրն էր, գաւաթ մը այս մառանէն, փարչ մը այս տանտիկինին կարասէն ու ահա ամէնուն ալ աչքերը կաս—կարմիր, գետինը նայած ատեն հողն ալ գինի կը տեսնէին, ճերմակ ձիւնն ալ. ժամկոչն անգամ այդ օրը քիչ կը մնար լեզուն խածնէր, այնքան թանձրացեր էր ու բերնին մէջ հազիւ կը դառնար։

Դուրսը ցուրտ էր, բուք ու ձմեռ. երդիքները ամէնն ալ կը ծխային, յետին աղքատին թոնիրէն ալ բարակ ծուխ մը կը ծառանար։

Այդ օրը բացառապէս սրտնեղ ու մահուան չափ տխուր էր Հոռմերը։ Տանուտէրին բոլոր տղաքն ալ գինով էին իրենց հօրը հետ ու կարծես աւելի գէշ տրամադրուած դէպի իրենց խորթ մայրը։

Սակայն կաղանդ էր ու տանը գամբռը, փիսիկն անգամ իրենց լակամանին մէջ կտոր մ’աւելի ուտելիք, տաք ապուրի պէս բան մ’ունէին եւ գոհ էին։ Տանուտէր Թորոսին ընտանիքը լիութեան մէջ էր, գոհութի՜ւն բարերարին, մեծէն պզտիկը իրենց չափով, իրենց հասակին համաձայն խնդալու, ուրախանալու պատճառ մ’ունէին, մինակ որբն էր՝ որուն երեսը նայող մը չէր եղեր. ոտիցները շատոնց ծակուեր էին, ոտքը գրեթէ ձիւնին ու սառին վրայ կը կոխէր, ոտքէն մինչեւ գլուխ հագածները ամէնքն ալ հնամաշ, ծակծկած, մէկ թել հազա՜ր կարկտան։

Հոռմերը այս օրը զգաց թէ ա՛լ անկարելի էր հանդուրժել անձնասէր գայլերու այս որջին մէջ, թէ իր զաւկին թշուառութիւնը իր դատապարտութիւնն էր. կերած հացը պուկը կը կպէր, կը խեղդէր զինքը։ Սրտին մէջ լեռնացած վիշտը յանկարծ փլաւ իր տեղը, տարտղնեցաւ իր բոլոր անձին մէջ ու կատաղութեամբ համակեց զինքը։

Չափեց վերէն վար իր համբերութիւնը ու ինքզինքը նուաստացած, իր մայրական խիղճը ստրուկ ու անքաւելի գտաւ։

Ձեր հացը ձեզի ըլլայ, ըսաւ դառնօրէն, կերկերուն ձայնով մը՝ տանուտէրին ու տղոցը երեսին, մարդ մ’անօթի չէ մեռներ, ա՛լ հերիք եղաւ քաշանքս, ա՛լ չեմ դիմանար՝ երբ զաւակս շան ձագի մը գինն անգամ չունի ձեր աչքին…

Է՜, ուզա՞ծդ ինչ է, տէրտըրո՜ւն հարսը, պոռաց տանուտէրին մեծ տղան, ետիդ կարմիր խնձոր ճամբո՞ղ կար…։

Շա՜տ աղէկ, եավրում, շատ ապրիս. եկած տեղս սելը չքշեց ու ելած օճախիս քարերը տահա չեն քակուեր…։

Լեզուդ քըզի քաշէ՜, քա՛ծ, գոչեց տանուտէրը գինով, փիճիդ համար իմ հացս արի՞ւնը տի թաթխեմ. ես գիտեմ քու փորուդ ցաւը…։

Աղմուկը մեծցաւ, ամէն գլուխէ ձայն մը կ՚ելլէր, բոլոր գլուխներն ալ զայրացկոտ դէպի այդ խեղճ կնիկը շտկուեր էին, որ խորթ մայրն էր, դէպի այդ անլեզու, երկչոտ ու ապշահար մանկիկը՝ որ որբն էր, ցաւին բոյնը. հարսները իրենց լաչակներուն տակէն բաներ մը կը շշնջէին, տանուտէրին տղաքը կը հայհոյէին, կը նախատէին, գինովութեան ու բարկութեան կարմիր նայուածքը ցցած դէպի օտար մայրն ու տղան։

Դժոխք էր այդ տունը։ Բռնեց Հոռմերը իր զաւակին ձեռքէն ու դուրս ելաւ։ Հայհոյութիւնները կը գոռգոռային ետեւէն, աւելի բարձրալեզու ու մեծաժխոր կը դառնային. մէկը չէր խոհեր, թէ ո՛ւր կ՚երթար այս մութին այդ կնիկը։ Տանուտէրը՝ գինովութեան իր մառախուղին մէջէն գուցէ իրերը շրջուած կը տեսնէր ու խռպոտ ձայնը ձգած՝ կը ճչէր.

Հեղ մ’ըլ էկէր էշիկը ոտք կոխես, ճուռներդ կը կոտրեմ… Քէ՛լփ… փի՛ճը… շան լակո՜տը…։

Բայց այս ցուրտ ու սառնագին գիշերուան մէջ ո՞ւր կ՚երթային մայր ու զաւակ, հեծկլտանքով ու արցունքով խեղդուած, զաւակը՝ բոպիկ, սառած ոտքերով՝ երբ ձիւնը կը փչէր իրենց երեսին ու հովը կը խարազանէր։ Գեղը, միւսը, շատ հեռու էր այս ուշ ատենը, ու յետոյ, ո՞ր ծառին տակ չքաւորուելու կ՚երթային…։

Եւ սակայն կաղանդի գիշերն էր։