Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՂՋՈՒՄԸ
Բ


Խուզարկութիւնները մտրակի խստութեամբ կը շարունակուէին. հայ երիտասարդներով լեցուած էր բանտը։ Ամէն օճախէ ցաւ մը կը ծխար, ամէն դրան վրայ կսկիծի արիւնաթաթախ թաթ մը նշան դրած էր, ապահով մնացածներն ալ դրացիին հնհնուքովը կը խշխշային։

Հող ու մոխիր ամբողջ քաղաքին գլխուն. լերան պէս մարդիկ՝ լուռ ու մունջ՝ քամուեր, բուռ մը կծիկ դարձեր էին, առտուանց մտահոգ ու անժպիտ շուկայ կ՚երթային, իրիկունը նոյն ծանրաթախիծ դէմքով գլխակախ տուն կը դառնային. բարեւն ու Աստծու բարինը դժկամակ, խօսքն ու շրթունքի խաղն ալ համրանքով։ Օր չէր անցներ որ կրակ մը չիյնար մէկ—երկու տան մէջ, օր չէր անցներ որ չիվանով չլուսցնէին քանի մը ընտանիք։

Գոմիսէր Համտիին չարաշուք մղձաւանջն էր որ կը ծանրանար հայ բնակչութեան երջանկութեան վրայ, այդ կրակ անուան արհաւիրքն էր որ չես գիտեր ուրկէ՛ ուր եկեր օձի պէս փաթթուեր էր հայուն ճակատագրին, ու չէր թողուր, օղակի մէջ առած կը տանջէր, կը խեղդէր զայն։

Խըշիմ էր, պատուհաս էր։

Համտին, որձ գայլ մը ցնկներ էր զայն կ՚ըսես ուրբաթի գիշեր մը. երբ իր կրունկներու խթանները զնկզնկային տասը քայլ հեռաւորութեան վրայ՝ հայերը ոտքի կը կենային ու բարեւ կը բռնէին. իր շուքն անգամ ժանիքով ու ճիրաններով կենդանի մը իր կարգին՝ որ ինկած տեղը կանաչութիւն մը կը չորցնէր ու բան մը կը խաւարեցնէր։ Այդ անզգամին ահուզարէն [1] կու լային հարսներ, մայրեր ու նշանածներ, անոր վառած ցաւը կը հեծկլտային կապանքի տակ՝ հարիւրաւոր առտու իրիկուն «Տէ՛ր, դո՛ւն իրեն խղճմտանք մի տաս, այցելութիւն մի էնես էրկու քարին մապէնը [2] մնացողներուն» կ՚աղաղակէին ժամւորները տաճարին առջեւ. ու «Տէր ողորմեա»յի ատեն օրօրուելով՝ կը փղձկէին, կու լային ծերերը ձեռնամած։

Համտին քաղաքն ամբողջ կրակի զարկեր՝ կը վառէր։ Ահ ու սարսափը, բանտին դողը բռներ էր ամէնքն ալ։ Գիրք, թուղթ, ձեռագիր, մագաղաթ, ամէնքն ալ գիշերները գաղտագողի այրեր, մոխիր էին դարձեր, ծուխը բուխերիկներէն կը քշէր իր հետ ու առտուանց կիսախանձ թուղթի ծուէններ ու սեւ փոշի կը թափէր փողոցները։ Թղթաբերը որ ամէն չորեքշաբթի, հինգշաբթի Պոլիսէն կը հասնէր՝ սարսափի ու անձկութեան նոր նոպայ մը անցընել կու տար հայերուն. նամակները յամառօրէն կը շարունակուէին բացուիլ փոստատան մէջ ու քննութենէ կ՚անցնէին ամէնքն ալ. եւ ահա խուզարկութիւններ՝ որ կը վերանորոգուէին ու բանտարկութիւններ՝ որ կը բազմապատկուէին։

Ինչպէ՞ս պիտի վերջանար այս կոյր ու անխնայ հալածանքը, ո՞ւր կանգ պիտի առնէր այս տանջանքին ու թշուառութեան ծայրը։ Սարսափահար ժողովուրդը՝ իւրաքանչիւր նոր խուզարկութեան մը գոյժին առջեւ, խռովիչ, հարցական ակնարկ մը կը փոխանակէր, ու այսքան. այդ նայուածքը ամէն բան էր, բոլոր բացատրութիւնը, բոլոր պատկերը այդ անիծեալ կեանքին ու անտանելի վիճակին։

Այս դժոխային օրերուն էր որ ահա քաղաքին յեղափոխական մարմինը հաւաքուած էր գիշեր մը ժամուն խուցը։

Խորհրդակցութեան նստած էր։

Կանաչ բորբոսներով աւրուած, արոյրէ աղտոտ աշտանակի մը վրայ՝ ճերմակ մոմ մը կը վառէր ու տրտմօրէն կը լուսաւորէր այդ մռայլ խուցը՝ որ եկեղեցիին կից ու պատարագիչ քահանային իբրեւ կիրակմուտքի ննջարան՝ սաղմոսերգութեան ու խունկի խաղաղաւէտ բան մը կը բուրէր։

Է՜, ե՞տքը, եթէ այդ ալ յարմար չէ վերջապէս, հարցուց ծաղկաւեր դէմքով երիտասարդ մը՝ իր չորս ընկերներուն, որ յօնքերնին կախ, լուռ ու մտախոհ, աչքերնին գետինը գամած կը մնային։

Խնդիրն ա՛յն է որ գործը իր տեղն առնէ, որպէս զի կրակին վրայ նոր եղ լեցուցած չըլլանք, պատասխանեց կարճ ու տգեղ երիտասարդ մը որ ծունկ—ծունկի նստած էր Տէր Արշամին քով։

Դարձեալ խռովիչ լռութիւն։ Քովի տուներէն աքաղաղ մը թափահարեց ու կէս գիշերուան բերանը խօսեցաւ։

Տէր հայր, ժամանակը ուշ է, յանկարծ ժամկոչը դուռը ափ կ՚առնէ. եթէ այսօր վերջնական որոշման մը չկրցանք գալ, թող մնայ վաղուան՝ աւելցուց ծաղկաւեր երիտասարդը, սիկառը վառելով ճրագին լոյսէն։

Տէր Արշամը՝ մօրուքն ափին մէջ՝ կը շրջշրջէր մազի թելերը ու կը մտածէր միշտ, առանց բերանը բանալու։ Ամէնքն ալ խօսեր, վիճաբաներ, վերցուցեր ձգեր էին, բայց համաձայնութեան մը չէին յանգեր, ու հիմա կը սպասէին որ տէրտէրն ալ բան մը առաջարկէր։

Քահանան փորձ մարդ էր, կեանքի արկածալից ու բազմերես անցեալով մը, եւ ձեռնադրուելէն ետքը աննման ժողովրդասիրութեան անունն ունէր՝ անցնելով առաջին յեղափոխական շարժումներուն գլուխը։

Եւ ահա գիշերուան այս վաղաժամ պահուն՝ քով քովի եկած քանի մը երիտասարդներու հետ, վտանգաւոր հետեւանքներով ծանրաբեռնուած գործի մը յատակագիծը կը պատրաստէր։

Քաղաքին ընդհանուր գրութիւնը ծանօթ էր ամէնքին ալ, հարկ չկար վրան երկար—բարակ մտածելու. ծանօթ էր նոյնպէս այն ահաբեկիչ ուժը՝ որ կը մարմնանար Համտիին մէջ, այս իսկ պատճառով ինչ որ դժուարն ու անկարելին կը թուէր, այն էր, թէ ի՛նչպէս պէտք էր ազատիլ այդ հրէշին ձեռքէն։ Ոչ ոք տարակարծիք գտնուած էր որ զայն մէջտեղէն չվերցնէին, քաղաքին պարգեւելու համար իր հանգստութիւնը, իր մխիթարութիւնը։

Այս ամէնը աղէկ, որովհետեւ տակաւին լրացուցիչ տեղեկութիւններ նոյն գիշեր աւելի ցաւագին, աւելի վհատեցուցիչ յայտնութիւններ երեւան բերին։

Միայն հալածանքը, միայն բանտարկութիւնները եւ բանտային տանջանքները չէին որ այս խստասիրտ ու վատանուն գոմիսէրին արհաւիրքը կը ստեղծէին. ասոնք գոնէ արեւին տակ կը կատարուէին. անհանդուրժելին ու կատաղեցուցիչն այն էր որ նոյն Համտին մութին մէջէն, թեք ճամբաներով սկսած էր խաղալ կարգ մը հայ աղջիկներու պատուին հետ։

Շունն իր վիզին չուանովը խեղդելու է՝ որպէս զի ձեռքդ չաղտոտի, վերջապէս բերանը բացաւ Տէր Արշամը. ա՜խ, էկէր Աննան աւուճս ձգէի…

Աննա՜ն, ո՞ր Աննան, Մագթաղինացի՞ն, ծիծաղելէն հարցուց մեծ քիթով, ֆէսին բոլորտիքը օեալի եազմա փաթթած հուժկու մարդ մը, որուն Վարազդատ կեղծ անունը կու տային։

Վարազդատին ըրած՝ Աննայի ու Մագթաղինացիի այս զուգորդութիւնը ակամայ հեգնական ծիծաղի թեթեւ ստուեր մը բերած էր միւս ընկերներուն ալ դէմքին վրայ։

Գլխո՛ւն զարկիր, Մագթաղինացի՛ն, աւելցուց քահանան լրջութեամբ։

Ասիկա բոլորովին անակնկալ էր ու ապշեցուցիչ։

Ի՞նչ կ՚ըսես, ոտքդ պագնեմ, Տէր Հայր, Մագթաղինացիին պէս անպատիւ, աչքէ ու երէսէ ինկած կնկայ մը խօսքը կ՚ըլլա՞յ, ընդմիջեց տգեղ երիտասարդը՝ որ Տ. Արշամին քով նստած էր։

Հիմակուհիմա աւելի ըսելիք մը չունիմ, մինակ ինծի թողուցէք որ քանի մը օր ետքը խապարը տամ ձեզի. ի՛նչ կ՚ըսէք, այդչափ բանի համար վստահ էք թէ խելքս գլուխս է եա՜։

Խելքդ գլուխդ ըլլալուն բնաւ կասկած չունինք, բայց Տէ՛ր Հայր, գիտցիր որ կոխած տալդ շատ չիւրիւք [3] է, ընդդիմախօսեց ծաղկաւերը։

Է՜հ, նայի՛նք, պիտի փորձեմ անգամ մի. ապահով եղէք թէ մութ տեղը քար չեմ նետեր։

Լռեցին ամէնքն ալ։ Ինչ որ իրենք գիտէին ու ինչ որ իրենք կրնային մտածել, քահանան ալ այդքանը ու աւելին դեռ՝ գիտէր ու մտածելու խելք ունէր։

Ժամանակը արդէն անցած էր, տղաքը վառեցին ֆանարները ու մէկիկ—մէկիկ, իրարու ետեւէ, փողոցին երկու կողմը ուշադիր նայելէ ետք՝ ոտքերնուն վրայ կոխելով անհետացան մութ ու նեղ փողոցներուն մէջ։


[1]        Վախ, սարսափ։

[2]        Միջեւ, մէջտեղ։

[3]   Փտած։