Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՕԹԸ ԵՐԳԻՉՆԵՐԸ


Մագաղաթի կտորի մը վրայ արուեստագէտի անծանօթ ձեռք մը գրած է որ եօթը երգիչներ էին անոնք, անտուն ու անանուն եօթը աշուղներ:

Եօթը երգիչներ էին անոնք եւ եօթը նուագարան կը կրէին, ու ամէն մէկ նուագարանը եօթն անգամ եօթը եղանակ ունէր:

Անոնք արբեցած էին կեանքի այգիներուն բոլոր գինիներէն, այս պատճառով իրենց շրթունքները զգայուն էին եւ քաղցրութեամբ թաթաւուն, եւ այս պատճառով նաեւ իրենց երգերը կը բուրէին օծութիւնը բոլոր այն խորհուրդներուն, որոնց յաւիտենական շատրուանները կը թանան մարդկային հոգւոյն պարտէզները եւ կը լեցնեն զանոնք սարսուռով:

Վեցը աշակերտներ էին, եւ եօթներորդը՝ վարպետը, ան՝ որ ալեհեր էր եւ սպիտակ խոպոպիկներ ունէր մինչեւ ուսերուն վրայ:

Եւ կոյր էին եօթը աշուղներն ալ, որովհետեւ կուրութիւնը այն դարուն նուիրական էր եւ քերթողին կու տար, կը գրէ արուեստագէտին անծանօթ ձեռքը, արեւու լոյսին փոխարէն՝ լոյսը իմաստութեան արեգակներուն, որ կը ճառագայթեն հոգիին անհասանելի երկինքներէն՝ աւելի պայծառ ու շլացուցիչ, աւելի հրաշագեղ ու աստուածային:

Հաւաքուած էին այդ օրը՝ տաղերգելու իւրաքանչիւրն իր նուագարանին վրայ, Բանը իրենց քնարական կատարելութեան, որովհետեւ վարպետը պիտի յայտնէր վերջին խորհուրդը արուեստին ու իմաստութեան եւ թոյլ տար որ աշակերտները հեռանան ու ցրուին աշխարհի եօթը ծագերուն վրայ: Երթա՜ն ողջունելու, սրտի բոլոր լեզուներուն զօրութեամբը, ամէն վիշտերն ու ցնծութիւնները, ուր որ գտնեն զանոնք, եւ խօսելու մարդկային բոլոր խիղճերուն ու զգացումներուն, ուր որ հանդիպին անոնց:

Եւ գողթան գինին դրուած էր անոնց առջեւ, բրուտի կանաչ փարչով, ու գինին լեցուած էր պորփիւրէ եօթը ճերմակ թասերու մէջ, ամէն մէկուն իրեն համար:

 

Առաջին տաղերգութիւնը հնչեցուց սրնգափողին վրայ, ան՝ որ սեւ մազերուն շուրջը բոլորած ունէր բաղեղի մէջ օղակ—օղակ դաշտային ծաղիկներով հիւսուած հովուական պսակը.

«…Քաղցրութիւնն իմ երգիս համար, իմ երգս աշխարհին համար. ես հովն եմ սարէն կու գամ, պիւլպիւլն եմ վաթան չունիմ…

Վա՜յ այն սիրտին որ ծիծաղ չունի, վա՜յ այն վաթանին որ պիւլպիւլ չունի. սիրտն առանց անուշ երազի, շէնլիքն առանց երգիչի՝ աղբիւրն է որ ջուր չունի, գիշերն է որ առտուն կիւման չունի…

Իմ ձայնս ձեզի, իմ երգս ձեզի, մարդո՜ց երջանիկներ, որ ձեր ուսերուն վրայ կը տանիք ոսկի սափորը եդեմական արշալոյսներու. ձեզի համար է, կանգ առէք ամէն մէկ քայլի եւ արբեցէք ձեր սափորին հեշտութենէն, նման կռունկներուն՝ որ կը թռչին ցնծութեամբ եւ թռչելու ատեն, կը խմեն ցօղաթուրմ վանկերը իրենց երկնանուագ մեղեդիին:

Ես թրջած եմ շրթունքներս Ակնայ նռներուն մեղրին մէջ եւ ցօղուած հոգիս՝ Շիրազի քեաֆուր վարդերուն բուրմունքով. իմ երգս գերեզմանահողերէն մինչեւ մեռելներուն ականջին կը հասնի եւ անոնց ոսկորները խայտանքով կը շարժէ. իմ շունչս, անապատներուն վրայէն փչելով, անոնց հրատոչոր աւազներուն մէջ անգամ ստեղծագործ կեանքի ծաղիկը կը ծաղկեցնէ:

Ես տիեզերքի մէջ գիտեմ միայն մէկ ուժ, որ աղբիւրն է բոլոր աղբիւրներուն, սկիզբն ու նպատակը գոյութեան…»:

Եւ բարձրացան գինիի գաւաթները օդին մէջ, ու ձայները երգախառն՝ կրկնեցին միաբերան.

Սէ՜րը, Սէ՜րը, Սէ՜րը:

 

Երկրորդ երգիչը, ան որ՝ դափնիէ տերեւներով պսակ մը կը կրէր իր գլխուն վրայ, դպաւ իր տաւիղին լարերուն եւ այս երգը երգեց.

«Առաւօտը կ՚անցնի՝ ինչպէս երազը մանկան աչքերուն վրայէն, եւ իրիկունը կը մեռնի խաւարի թեւերուն մէջ՝ ակնթարթի մը պէս. բայց միջօրէի արեւն է որ արգասաւորութիւնը կ՚արգասաւորէ հողին մէջ եւ կու տայ աշխարհին՝ ինչ որ պիտի ուզէր աշխարհը տալ ամբողջական, եւ վերջնական, եւ կատարեալ:

Ես կ՚երգեմ գաղտնիքը երկինքին ու երկրին, այն՝ որ կանաչագեղ անտառներուն մշտնջենաւորութիւնը կը պահպանէ ու լեռներուն ճակատները դէպի աստղերը կ՚ուղղէ. կ՚երգեմ, ինչ որ իմաստունները մարմարով երգեցին Աթէնքի տաճարներուն մէջ, ինչ որ շքեղութիւնն է մարդուն, որուն առջեւ ծունկի կու գայ անձնատուր կինն իր բոլոր աստուածային զէնքերովը:

Իմ երգս փառաբանութիւնն է կեանքին եւ այն միակ օրէնքին՝ որ կար երէկ ու երեկներուն երեկը եւ պիտի մնայ վաղը ու յաւիտեան. ես գիտեմ մէկ զօրութիւն միայն, զօրութիւնը բոլոր զօրութիւններուն, կատարելութիւնը բոլոր արուեստներուն, եւ բանալին տիեզերքի խորհրդաւոր կամարներուն…»:

Եւ ձեռքերը բարձրացուցին գինիի գաւաթները ու աշուղի եօթը ձայները դաշներգեցին լիահագագ.

Ո՜ւժը, Ո՜ւժը, Ո՜ւժը:

 

Վեր առաւ վինը իր գիրկէն եւ երրորդ երգիչը, ան որ մանուշակներով, մեխակով ու մարգարտածաղիկներով ծանրաբեռնուած պսակն ունէր իր ճակատին շուրջ, երգեց հնչուն եւ թրթռաձայն.

«Ես քեզի կու գամ ծնրաքարշ եւ կը բարձրացնեմ հոգիս քեզի, ո՜վ աստուածուհի, որ ստեղծեցիր երգերը բոլոր դարերուն եւ մշտածիծաղ ծիածանն եղար եկած ու անցած, գալիք ու անցնելիք բոլոր ժամանակներուն, բոլոր ժամանակներուն՝ ցաւով ու հեծութեամբ արտասուող:

Քեզի՛ կու գամ, ինչպէս որ եկան արքաներ պաղատագին՝ իրենց գահէն վար իջնելով եւ հովիւներն՝ իրենց հոտը հովիտներուն մէջ մոռնալով. ինչպէս որ քեզի եկան բանակները երազողներուն եւ անմահ երազները մեծ երգիչներուն, եկան ու պիտի գան կարաւանները մշտադալար սերունդներուն:

Մէկ տաճար կայ միայն տիեզերքին մէջ բոլոր յաղթանակներուն վերեւ անսասան, լսեցէ՛ք ինծի, տաճարը գերագահ՝ որուն աստուածը մահ չունի եւ որուն պաշտամունքը կրօնքն է բոլոր կրօնքներուն, ու բոլոր օրերուն…

Այն ժամուն որ իմ աստուածս մեռնի՝ արեւն իր լոյսը կը կորսնցնէ, կեանքն իր ձգողութիւնը, եւ աշխարհը կը վերածուի անիծապարտ պալատի մը, որուն սիւները կը ճարճատին անդադար եւ հիմերը կ՚երերան սպառնագին, եւ ուրկէ մարդը պիտի փախչի լեղապատառ, ինչպէս վայրի կենդանիներու երամակը հրկիզուած տափաստանի մը սահմաններէն:

Քեզի կու գամ, ո՜վ աստուածուհի, դպիր մատներովդ իմ նուագարանիս եւ թող անոր երգը ըլլայ պայծառ իմաստը բոլոր մթին խորհուրդներուն…»:

Եւ գինիի եօթը գաւաթները բաղխեցան իրարու եւ խումբը կրկնեց դաշնաձայն.

Գեղեցկութի՜ւնը, Գեղեցկութի՜ւնը, Գեղեցկութի՜ւնը:

 

Չորրորդ երգիչը, ան որ որթատունկի տերեւ մը միայն ունէր իր գանգուրներուն մէջ անցուցած, առաւ տիկը իր անութին տակ եւ ահա այսպէս երգեց.

«Ես տրտում էի եւ ահա խնդութեան բարձին վրայ գտայ երեսս, ես ուժասպառ էի, որպէս թաւալող անիւը բրուտին ոտներուն տակ, եւ ահա արիւնը իմ բազուկներուս մէջ եռաց եւ դարձուց զայն պողպատ:

Տանջանք եւ ունայնութիւն է ամէն ինչ, ե՛ւ սէրը, ե՛ւ գեղեցկութիւնը, ե՛ւ ուժը. գետը կ՚անցնի ու խճաքարը կը մնայ միայն: Ես գիտեմ յաւիտենականութիւնը բռնել իմ շրթունքներուս վրայ, եւ բարձրանալ կեանքի փոթորիկներէն վեր՝ այն թեւերով, որ ի զո՜ւր փնտռեցին բոլոր սուրբերն ու մարգարէները, բոլոր իմաստուններն ու պատգամախօսները…

Իմ ոտքերս անցան աշխարհի բոլոր ճամբաներէն եւ ես ամէն տեղ գտայ մարդիկը մեռելաթաղ. ոմանք կ՚երթային դագաղի մը ետեւէն ու արդէն սգաւոր էին, ուրիշներ յուղարկաւորութեան կը պատրաստուէին ու չէին գիտեր: Ես կեցայ քառուղիներուն բերանը եւ վշտակիրները հրաւիրեցի մխիթարութեան, հրաւիրեցի երջանկութեան թալիսմանին…

Ըսի անոնց որ կը թռչի սէրը աւելի արագ քան հովը, կը մեռնի գեղեցկութիւնը աւելի շուտ քան ցօղակաթիլը շուշանին բաժակէն. ըսի անոնց թէ բոլոր զգացումներն ու խիղճերը, կու գայ օր մը, որ սիրտը կը լեցնեն դառնութեամբ՝ աւելի մահացու քան թոյնը, աւելի ուտիչ՝ քան պղինձին ժանգը:

Չկայ իմաստութիւն ո՛չ ցաւին եւ ո՛չ արցունքին մէջ. կայ մէկ իմաստութիւն միայն, մոռացումը ամէնուն, ե՛ւ վշտին, ե՛ւ արցունքին, ե՛ւ երկինքին, ե՛ւ դժոխքին:

Միացէ՛ք ինծի եւ խմեցէ՛ք իմաստութիւնը իմ բաժակէս…»:

Ու եօթը երգիչները որոտալիր հնչեցուցին ինչպէս վերջին վանկը սրբազան երգ—երգոցի մը.

Գինի՜ն, Գինի՜ն, Գինի՜ն:

 

Հինգերորդն էր այն երգիչը, որ կարմիր վարդ մը կը կրէր եւ որ իր կիթառին վրայ երգեց.

«Լարերս ունին հազար լեզու, հազար լեզուն՝ հազար սիրտ, եւ ամէն սիրտ՝ մէկ—մէկ ծով:

Ա՜յ արեւ, ազի՛զ արեւ. ա՜յ աշխարհ, ղուրպա՜ն աշխարհ. մատա՛ղ քու վարդիդ ու քու փուշիդ, մատա՛ղ քու երկինքիդ ու քու տումանիդ: Վա՜յ այն լերան որ բուք չունի, վա՜յ այն սրտին որ տանջանք չունի, լեռն առանց բուքի կանաչնալ չի կրնար, սիրտն առանց ցաւի՝ ապառաժն է որ աղբիւր չունի:

Ես երնէկ կ՚ըսեմ աշխարհին՝ երբ հարսնիք ունի. ես վա՜յ կ՚ըսեմ աստուորին՝ երբ սուգ կը հագնի: Լեցուր թասը, մատռուա՛կ, տանք փառքի հարկը վարպետներուն. արեւուն տակ ստուեր է ամէն բան ու ոտքի հետք միայն. սանդուխները կը խորտակուին եւ գետինները երկինք կը բարձրանան ու երկինքները գլխի վրայ դառնալով՝ կ՚ըլլան փոշի ու ծուխ. տանք փառքի հարկը վարպետներուն՝ որ ուսուցին մեզի երջանկութեան հէքիաթը բոլոր հէքիաթներուն մէջ…»:

Եւ եօթը հրավառ շրթունքներ հնչեցուցին ընդերկար.

Ե՜րգը, Ե՜րգը, Ե՜րգը:

 

Վեցերորդն էր այն երգիչը որ դեղնահար ու տժգոյն տերեւներ ունէր իբրեւ պսակ, եւ իր թառին վրայ այսպէս եղանակեց մեղմաձայն.

«Փա՜ռք ամէնուն՝ ինչ որ աստուածներուն լուսեղէն ձեռքերը լիաբուռն սփռեցին հողին վրայ ու ջուրերուն մէջ, ու երկինքի տարածութեան մէջ. երանի՜ բոլոր անոնց՝ որ աստղերուն լոյսը տեսան, որ առաւօտեան շունչը շնչեցին, որ արցունք ունեցան, ժպիտ ունեցան, քնացան եւ արթնցան:

Երանութիւնը ահա այս օրէնքին մէջ է միայն. ով որ հողին վրայ, ու ջուրերուն մէջ, ու երկինքի տարածութենէն՝ մէկ անգամ անցեր է արեւուն ճամբաներէն, եղած է աստուած. մէկ անգամ միայն, որովհետեւ կարգը մէկ անգամ միայն կու գայ, ու ով որ եկած է՝ ա՛լ պիտի չդառնայ, ու ով որ հեկեկած է կամ խնդացած՝ ա՛լ պիտի չտեսնէ ո՛չ տրտմութիւնն ու ո՛չ ծիծաղը, եւ ո՛վ որ զգացած է ծարաւն ու անօթութիւնը՝ տեսած է արդէն գերագոյն եւ անյեղլի երջանկութիւնը…

Օրհնութի՜ւն այն թեւին՝ որ օր մը թափահարեց, օրհնութի՜ւն այն ձայնին՝ որ այս երկրին վրայ, երբեւիցէ իր արձագանգն ունեցաւ:

Վայելեցէ՛ք ինչ որ կայ եւ ինչ որ կը գտնէք, որովհետեւ միակ ճշմարտութիւնն է որ կը գտնէք՝ այնպէս ինչպէս կը հոսի ջուրն իր հազար ակունքներէն, պղտոր կամ վճիտ, հեղեղ կամ եղեամ, անձրեւ կամ ծիածան…»:

Եւ գինին հրակայլակ, արձակեց իր խնկահոտ բուրումը եւ հնչեց եօթը աշուղներու երգը տաք ու բաբախուն.

Կեա՜նքը, Կեա՜նքը, Կեա՜նքը:

 

Վեցը աշակերտներն էին, եւ եօթներորդը՝ վարպետը, այն՝ որ ալեհեր էր եւ սպիտակ խոպոպիկներ ունէր միայն մինչեւ իր ուսերուն վրայ: Ու Վարպետը վեր առաւ բամբիռը, համբուրեց երեք անգամ եւ ճակտին դրաւ զայն, եւ այս երգը երգեց.

«Դուք կը մտնէք այն դահլիճներուն դռներէն, որոնցմէ ամէնէն անցայ եւ որոնցմէ կը դառնամ ահա, կը դառնամ՝ արդէն խմած վեց բաժակներն ալ կարգով:

Կու գամ աշխարհի խնճոյքի սեղանէն, ուր գրկեցի սէրը թեւերուս մէջ եւ զգացի գեղեցկութեան մոգութիւնը՝ իր կախարդական զօրութեան տակ, տեսայ ուժը որ մրրկավար եկաւ ու անցաւ քովէս՝ ինչպէս արաբական նժոյգ մը վրնջաձայն. խմեցի գինին բոլոր սեղաններուն վրայէն եւ ականջ դրի բոլոր երգերուն, որ երգած էին երգիչները բոլոր երգող ժամանակներուն. կեանքէ՛ն նաւարկեցի, ա՜յ աշուղներ, ողջունելով բոլոր ափունքները մէկիկ—մէկիկ, համրելով ծագող աստղերն ու ողկոյզները բոլոր հորիզոններուն:

Ես համոզուեցայ որ սէրը անմահ է, բայց մարդկային սիրտը կը վերածուի փոշիի, գեղեցկութիւնը յաւիտենական է, բայց զայն դիտող աչքերուն վրայ գիշերը իր խաւարի կնիքը կը դնէ. համոզուեցայ որ ուժը, գինին, երգը, ու կեանքը կ՚երթային ամէնքն ալ անդունդի մը վրայէն… եւ երբ գինին խմեցի՝ սարսափը զիս չթողուց, եւ երբ ուզեցի ցնծութեան երգեր հնչեցնել, երկիւղը քարացուց զայն հոգիիս մէջ, եւ համոզուեցայ որ երբեք չէ երգուած, այս աշխարհին վրայ, երջանկութեան ո՛չ մէկ ճշմարիտ երգ…

Ահա՛ մատներս որ կը դողդոջեն, ահա՛ սեղանները որ դատարկ են, ահա կոչնականները որ կը հեռանան… մէկը կու գայ բռնել միւսի տեղը. նորերը կը սկսին ինչ որ հիները վերջացուցած են. ահա՛ երգս, ահա՛ կեանքը…

Դուք ամէնքդ երգեցիք՝ ինչ որ պէտք էր երգել. եւ ես չըսի ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ճշմարիտ է ե՛ւ Սէրը, ե՛ւ Ուժը, ե՛ւ Գեղեցկութիւնը, ե՛ւ Գինին, ե՛ւ Երգը, ե՛ւ Կեանքը… ճշմարտութիւն է այդ ամէնուն հետ եւ այդ ամէնէն վեր՝ ե՛ւ Մահը:

Ու թող բոլոր ճշմարտութիւնները միասին ճառագայթեն ամէն տեղ՝ ինչպէս եօթը գոյները ծիրանի գօտիին վրայ. թող ճառագայթեն անոնք ձեր հոգիին մէջէն եւ ձեր նուագարաններուն լարերէն:

Ես ճշմարտութիւնը չըսի, այլ արուեստին կատարելութեան խորհուրդը միայն…»:

 

Գինին պղպջաց պորփիւրէ գաւաթներուն մէջ, ու բրուտի կանաչ փարչէն խմեցին եօթը աշուղները վերջին ումպը, համբուրեցին նուագարանը վարպետին եւ բաժնուեցան իրարմէ:

Ցրուեցան աշխարհի եօթը ծագերուն վրայ. գացին ողջունելու, սրտի բոլոր լեզուներուն զօրութեամբը կը գրէ անծանօթ ձեռքը արուեստագէտին, ամէն վիշտերն ու ցնծութիւնները՝ ուր որ գտնեն զանոնք. եւ խօսելու մարդկային հոգիին հետ՝ գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ, խրճիթներէն ներս եւ պալատներու սեմին վրայ: Ի՜նչ պէտք իրենց անուններուն, քանի որ աշխարհք յաւիտեան անոնց երգը պիտի կրկնէ: