Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Մշտադալար անտառին մէջ այդ դիւթիչ առաւօտուն շիկահաւերը ձայն կու տային խորունկէն ու սոխակները ներդաշնակութեան բիւր մեղեդիներ կը հոսեցնէին ու կը լեցնէին թաւուտներու խորհրդաւոր ծոցին մէջ, մինչ հազար անծանօթ ձայներ կը թռչէին, կը վազէին ծառերէն ու տերեւներէն։ Կտրիճն ու Գեղեցիկը, իրենք ալ երկու օտար գեղեցկութիւննե՜ր, այդ վայրի գեղեցկութեանց մէկ պակասը կը լեցնէին՝ հոն քով քովի, դարաւոր, երկնամբարձ մայրիներու շուքին տակ։

Յանկարծ ցօղաթուրմ վեց յոխորտ վարազներ դուրս եկան գաղտնի որջերէ ու քանի մը քայլ անդին մոլեգնած յարձակումներով փոթորկալի կռիւի մը սկսան։

Տես, Սիա՛, երգեց աղջիկը.

Կա պողանօ կատը շէշէ՛

Զիէ Սիա Ասլանըմըն քէլէշէ։ [1]

Տե՛ս, ի՛նչպէս քաջութեամբ կուրծք կու տայ տա՛ փոքրիկը. ո՛րքան կրակոտ կը կռուի. անշուշտ յաղթողը ինք պիտի ըլլայ։ Նայէ՛, փախաւ մեծը, փախաւ, ի՜նչ ամօթալի երկչոտութեամբ, իսկ պզտիկը քեզի պէս վէս, ու հրալից արիւն ունի իր երակներուն մէջ։ Դուն ալ քու եղբայրներուդ ամէնէն պզտիկը, բայց ամէնէն կտրիճը եղար։

Կտրիճը կտրիճին դէմ, կեցի՛ր, իմ հոգիս, որ այդ յաղթանակին միսը քեզի կերցնեմ. տեսնես թէ ո՛րքան շիտակ է իմ գնդակս, ու հասկնաս թէ հրացանս ալ գերի է ինծի, ինչպէս դաշոյնը դաստակիս։

Վեր առաւ կախուած հրացանն իր ուսին ու անհետացաւ վարազներու կողմէն, իբր թէ անասունի ոտքեր ունեցած ըլլար ինք ալ։

Ու հարսն սպասեց իր որսորդին որ յաղթական՝ հոգեվարք կամ մեռած վարազը շալակին, անոր արիւնովը ձեռքերը կարմրցուցած, պիտի վերադառնար յաղթութենէն հպարտ։

Բայց այդ օրը տենդայոյզ սրտով կը սպասէր իր սիրականին՝ ու գէշ երազի մը տպաւորութեան պէս բան մը կը ճնշէր զինքը։


[1] «Վարազները թէեւ վեց են, բայց անոնցմէ մէկը Սիայիս պէս կտրիճ է»։