Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՞վ է հիմա այս անտառին մէջ տա՛ գեղանի հարսը որ տենդոտ քայլերով կը շրջի, կը դառնայ ու նորէն նոյն տեղը կու գայ մոլորաքայլ. ո՞վ կը փնտռէ, դժբաղդ մոլորեա՞լ մը արդեօք որ դիպուածը ճամբէն կը շեղէ այդպէս ճակատագրական մեծ աղէտքէ մը պահելու համար։

Կը քալէ, կը կոխէ կ՚անցնի ամէն վտանգ, մացառները կը քաշեն ու փշոտ ոստեր մազերը կը բռնեն։

Սա խոտերուն մէջ շատ—շատ արիւն թափած է ու կանաչ մարգեր, սպիտակ ծաղիկներ տորոնի կարմիրով են գունաւորուեր, հո՛ս պիտի ըլլայ անշուշտ որ որսորդը իր որսին հանդիպած ու զգետնած է զայն. բայց ո՞ւր է ինք, ինչո՞ւ չ’երեւիր. ա՜հ, վտանգաւոր խորխորատ, օձն իսկ զգուշութիւն կ՚ընէ այս անդունդին եզերքէն անցնելու ատեն։

Խորո՜ւնկ, խուլ հեծեծանք մը կը լսուի, բայց ուսկէ՜ արդեօք. վիրաւորի մը կողկողանքն է. սրտէն զարնուող կտրիճի մը լացն է։

Մանկամարդ կին մը հակած՝ վար կը նայի ու կը կանչէ, սեւ գանգուրները գլխէն վար կը թափին, աչքերէն ալ արցունքի կաթիլներ, յորդ կաթիլներ. կը կանչէ.

Չամէ, տը չամէ, պանիշտաքէ,

Շալամ հէլպի հալխը քօքէ՝

Սիա Ասլանըմը միվան պըքէ, շավէռօքէ [1] ։

Եղեւինի մը սրած չոր ճիւղերուն վրայ, ճիւղերն իր սրտին շուլլուած՝ կտրիճն ինկած է մահուան հոգեվարքի մէջ ու իր սիրականին ձայնը կը լսէ վերէն, ազատ աշխարհէն՝ որ մահուան ծառը կ՚անիծէ յուզիչ, աղեկտուր երգով ու կ՚աղերսէ լուռ, վայրագ եղեւնին։ Եւ հիւանդ՝ սակայն գերեզմանին խորէն իր արի ձայնը մինչեւ վեր կը հասցնէ եւ կ՚երգէ.

Զէյնէ՛, տը Զէյնէ՛, մէկիր, տը Զէյնէ՛

Հեռէ՛ բըրէ՛ հէսպի պէրտէ՝

Պիրօ վայիրէ խօ պըվինէ։

Ավէխօ սէրտէ, պըսգմ պէրտէ՛

Վորա սէրէ՛ Սիա Ասլան խօ ժի պէրտէ [2] ։


[1]        «Եղեւին, ո՜վ իւղոտ եղեւին, իցիւ թէ

            Արմատախիլ ըլլայիր

            Ու քաջ Ասլանս ինծի հիւր

            Տայիր գիշեր մը, օր մը»։

[2]        «Զէյնէ՛, ո՛վ Զէյնէ, մի՛ լար, ո՜վ Զէյնէ,

              Գնա սպիտակ իմ ձիս արձակէ,

            Որ գայ տեսնէ իր տէրը,

            Իսկ դու լոգցիր, թափէ մազերդ,

            Եկուր վրաս, հոս նետուէ»։