Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԱՄԲՌԸ
(Պատկեր)


Հսկայ, պերճաշուք գամբռ մըն է՝ լեռներուն եւ դաշտին կազդուրիչ օդովը սնած ու հասակ առած՝ որ կը քալէ յաղթական ու հանդարտ վէսութեամբ մը, երբ քաղքենի շուներու ամբողջ վոհմակը գաճաճ, քոսոտ, շատախօս՝ կը հալածէ զայն մոլեգնաբար: Իր երկու կողերէն դարվար կը կախուին մազերը գանգրաւոր առատութեամբ, յայտարար նշան իր ազնիւ ցեղին ու ազնուականութեան, մինչդեռ հերթափ կռնակը կը մատնէ արդէն իր ծերութիւնն ու տարիքին յառաջացած ամլութիւնը: Լայնանիստ, հուժկու կուրծքը՝ դուրս ցցուած պարոյրով՝ անսովոր գեղեցկութիւն մը կուտայ իր անասունի բոլոր անձին, բոլորովին տարբեր այն հասարակ շուներէն՝ որոնք փողոցներու ցեխին ու աղբախառն զազրութեան մէջ կը ծնին ու կը մեծնան, եւ որոնց ահա բոլոր արգահատելի բանակը իր ետեւէն կը վազէ ու կը հաջէ:

Բայց ինչո՞ւ կը հաջէ:

Փողոցային բոլոր կիրքն է որ սալայատակներուն տիղմին մէջէն կը փրփրի, տկար ու նուաստ բնազդներու իբր թէ արժանաւորութիւնն է որ ինքզինք այս անհամեմատ բաղդատութեան մէջ վիրաւորուած գտնելով՝ ոտքի կ՚ելլէ, կը մրրկի, կը կաղկանձէ: Ու դեռ կը հաւաքուին ամէն կողմէ, մսավաճառներու, հացագործներու խանութներուն առջեւ պառկող բոլոր հեղգ շուներն ու իրենց անօգուտ լակոտները, եւ դեռ ձայն կու տան սպանդանոցին ամբողջ հրոսախումբին՝ որ գան իրենց օգնութեան հասնին. տարիքոտները կը մեծաբանեն՝ գանգիւնաւոր ու խռպոտ աղաղակով մը, երիտասարդները կը սպառնան յանձնապաստանութեամբ մը որ այնքան ծիծաղելի է սակայն, փոքրերը՝ քաջալերուած իրենց մեծերուն համարձակութենէն՝ իրենք ալ իրենց մանկական, տհաս ձայնովը միշտ նոյն աննպատակ ու անգիտակից հայհոյութիւնը կ՚ընեն, վազելով հեւալով գամբռին ետեւէն որ անյողդողդ, անձնավստահ իր ճամբան կը շարունակէ: Բազմաձայն, բազմալեզու, բարձրաղաղակ ոռնոց մը կը փոթորկի, կը պայթի բայց չի խռովեր երբեք հանգիստն ու արիութիւնը անոր՝ որ պատճառն է այս կատաղութեան, այս խռովքին, այս անհանգստութեան: Կը քալէ միշտ անիկա. հազիւ ատեն—ատեն կը հաճի գլուխը ետ դարձնել՝ ամէնէն կրակոտներուն եւ յանդուգններուն ժպրհութիւնը բոցավառ ակնարկով մը ընկրկելու, անոնց որոնք քիչ մը աւելի կը մօտենան իրեն, որոնց շունչը արդէն իր ոլորուն պոչին կը քսուի. ոչ իսկ ակռաներուն մէջէն տկար մռլտուք մը, ոչ իսկ զսպուած բարկութեան սպառնագին հռնդիւնը իր կոկորդէն՝ այդ զզուելի, կեղտոտ ու լիրբ վայնասունին հոսանքն ի վեր ու հոսանքին դէմ:

Ողորմելի է պարզապէս աղբանոցներու ու պողոտաներու մեծամիտ տէրերու այս անվարտի բազմութիւնը եւ իրենց խմբական այս անկարող հալածանքը:

Ի՜նչ մեծանձնութիւն, անասունի ի՜նչ գիտակից խրոխտանք միւսինը, յառաջընթաց գամբռինը՝ որուն, աւա՜ղ, առջեւի մէկ ոտքը կաղ է արդէն եւ իր գնացքին ազնուական լրութիւնը կ՚աւրէ: Եւ սակայն իր այդ վիրաւոր ու խեղանդամ վիճակը՝ փոխանակ իր մարմնական շնորհքին անձնավարկութեան վնասելու, զայն աւելի կը մեծցնէ, իր անտարակուսելի ուժն ու մեծահոգի անձնավստահութիւնը կը շեշտէ:

***

Սակայն ուսկէ՞ ուր այս մոլորանքը լեռնէն դէպի դաշտ, դաշտէն դէպի քաղաք. ի՞նչ ստիպողական ճակատագիր է որ զայն իր առջեւ խառնած բերեր է մինչեւ այս օտար միջավայրին մէջ ուր իր ախտավարակ եղբայրներուն անօթի ընկերութիւնը կ՚ապրի անձրեւին տակ ու տիղմէ անկողիններուն վրայ, ուր իրմէ ծնած զաւակը՝ անվարժ փողոցի կենցաղին նուաստութեան ու քծինքի պայմաններուն՝ ապահովաբար պիտի չհանդուրժէր ապրիլ, պիտի չկրնար ապրիլ եւ պիտի մեռնէր փշրունքի մը սիրոյն հազար աղաչանք չզիջանելով: Ի՞նչ է անասունի համակերպութեան այս տխուր երեւոյթը որ այնքան նման է մարդկային բաղդին ու կեանքի անհրաժեշտութիւններուն:

Ու եթէ ինք զրկուած է իր վիճակին պատմութիւնն ընելէ, կաղ ոտքը աւելի պերճախօս է ահա:

***

Յայտնի է թէ վաչկատուն համայնքի մը մէկ անդամն է ինքը՝ ուժեղ ծնողքի մը արիւնէն ծնած՝ իբրեւ գամբռ, գամբռի՜ զաւակ. մանկութիւնն անցուցած լեռներու վտանգին մէջ, առաջին օրերուն իսկ արթնցած իր հոգւոյն խորը գայլին ատելութիւնը եւ նախիրին անպարագիծ անձնուիրութիւնը: Տեսած է իր մօր վայրագ վրէժխնդրութիւնը անիծեալ գայլին յաւիտենական հալածանքի միջոցին, անոր կրքոտ ու դիւցազնական ցասումը, ոստումները, արիւնոտ կռիւները. տեսած է թէ ինչպէս յարկ է միշտ պահպանութեան յանձնուած նախիրին համար ամէն բան, ամէն բան վտանգի ենթարկել, իր տիրոջը համար ունեցած հաւատարմութիւնը մինչեւ անձնազոհութեան յետին սահմաններուն տանիլ, ու եթէ յարկ ըլլայ՝ գալ արիւնաշաղախ ու բզքտուած մարմինով մեռնիլ մակաղատեղիին ապահովութեան գետնին վրայ, հովիւին ու ոչխարներուն աչքին առջեւ:

Այսպէս սկսած է իր մանկութեան արշալոյսը: Անկէ ետք ի՜նչ հրաշքներ, ի՜նչ հրաշքներ: Որքա՜ն հպարտ ու երջանիկ զգաց ինքզինք ամազոն մայրը՝ երբ գիշեր մը արիւնոտ դունչով՝ յաղթական դարձաւ իր ձագին հետ փառաւոր կռիւէ մը, երբ կորիւնը իր երիտասարդական ուժին անդիմադրելի շքեղութիւնը, իր ժանիքներուն առաջին յօշոտիչ սարսափը, մկաններուն անխորտակելի դիմադրականութիւնը երեւան բերաւ: Ա՛լ մայրը գոհ եւ անխռով՝ գլուխն առջեւի թաթերուն վրայ՝ գիշերները հանգիստ քնացաւ, քանի որ իր երիտասարդ կորիւնին խռպոտ հաջիւնը կը թնդար մինչեւ ձորերն ու կապանները եւ հեռու կը պահէր գայլերը՝ սարսափահա՜ր իրենց որջերուն խորը:

Տարիներն անցան ու անոնց ընթացքին մէջ նոյն յուզումնալից, անհանգիստ, մշտավառ կեանքը. երբե՜ք տկարութիւն, երբե՜ք դադար, երբեք վեհերոտութիւն:

Բայց ահա ժամանակին անողորմ հոգին, ծերութեան սատանան սողաց քարերէն վեր, մինչեւ այդ լեռներն ալ, ու գտաւ զինք եւս:

Մազերը թափիլ սկսան, սկսան կորսնցնել իրենց գանգուրներուն առատութիւնը. կռնակին մորթը բացուեցաւ ողբալի մերկութեամբ եւ վերջին կռիւին մէջ առջեւի թաթերէն մէկը անդարմանելի կերպով ճմլուեցաւ: Զգաց թէ խորտակող քանդիչ աւէր մը ծայր կու տար ներսէն, կաղ ոտքը արգելք կ՚ըլլար՝ իր կուրծքին անպարտելի զօրութեանը, իր բնազդին եւ կենդանի զգացումներուն միշտ բուռն մոլուցքին, որովհետեւ այլեւս հիացման տեղ՝ արգահատանք կը նշմարէր իր հովիւ տիրոջը աչքերուն մէջ ու իր շրջապատը կազմող վայրերը դժպհի, յուսահատ, անհրապոյր հանգամանք մը կ՚առնէին իրեն համար: Չդիմացաւ ասոր իր ընդվզող հոգիին վէսութիւնը. անասունի իր պատւոյ զգացումը բողոքեց ներսէն ու որոշեց արհամարհել այդ արհամարհանքը, չհպատակելու համար լքումի մը՝ որուն արժանի չէր երբեք:

Եւ ահա կաղնիկաղ, տաժանքով ու յոգնութեամբ՝ լեռնէն դէպի դաշտ, դաշտէն դէպի քաղաք, այս փողոցներուն մէջ, ուր անարժան շնիկներու ամէն գոյնէ ու ամէն հասակէ վոհմակ մը իր ետեւէն կը հաջէ, զինքն հալածելու փորձեր կ՚ընէ, իր յանդգնութեանն ու ուժին հետ կը խաղա:

Այսքան նե՞ղ է ուրեմն փոքրոգի շուներու այս աշխարհը որ ոսկրի մը համար այսքան աղմուկ ու աղաղակ պէտք ըլլայ. այս նեղ ու գարշահոտ փողոցներուն մէջ իրա՞ւ այնքան սուղ է կտոր մը փշրունքը՝ որ հարկ ըլլար կատուին հետ իսկ պայքարիլ եւ անկէ քիչ տարբերութիւն ունեցող սա պոռոտախօս, մեծաբարբառ դասակին՝ շրթունքի տակէ ժանիք ցոյց տալ:

Յիմա՜ր կենդանիներ, հեղ մը ձեր անձուկ միջավայրէն, ձեր գետնաքարշ ստորնութենէն վեր կամք ըրէք երազ մը բարձրացնել եւ հասկնալ գամբռի մը զգացական հորիզոնները, զանոնք լեցնող վեհանձնութեան ու ազնուութեան լոյսէն ձեր աչքերն ալ լիացնել, որպէս զի ձեր նուաստութեան յատակը, ձեր խեղճութեան արգահատելի ինքնութիւնը տեսնէք: Ո՞վ կը հալածէք եւ ի՞նչն է ձեր կատաղի հաջիւններուն թելադրիչ պատճառը: Այդքան դժուա՞ր է նայիլ այդ շքեղ կազմուածքին, այդ լեցուն իրանին, այդ բոլոր վեհ ամբողջութեան: 

***

Կը քալէ՜ միշտ հանդարտ ու անշտապ ընթացքով՝ աներկիւղ, անձնավստահ, կը քալէ գամբռը՝ արհամարհելով շնական վոհմակը, ետին ձգած խլացուցիչ աղաղակները՝ որ մեծ—մեծ կը ջարդեն եւ կը սպառնան:

Ամբոխային դատաստանը, փողոցային փիլիսոփայութիւնն է որ իր մեծութիւնը կը հռչակէ. անօթի շուներու, զրկուած քոթոթներու, դեռ կոյր լակոտներու բոլոր ոստայնն է որ ոտքի կ՚ելլէ:

Քալէ՜ վեհօրէն, քալէ՜ բարձրավիզ, ո՜վ գամբռ, քալէ՛ այս միջակութիւններուն ծիծաղելի ամբարտաւանութեան առջեւէն, ամբարտաւանութիւն՝ որ չ’ամչնար վեհանձնութեան ետեւէն հաջելու, որ արժանաւորութեան դէմ կը կաղկանձէ, որ զքեզ վտարել կ՚ուզէ այս տեղերէն՝ իր պոչը համարձակօրէն շարժելու համար անցորդներու առջեւ, որ կտոր մը ոսկորի սիրոյն այսչափ նուաստութիւն յանձն կ՚առնէ:

Քալէ՛ այս ճամբան որ հատնի, որովհետեւ սխալ տեղ եկար ու սխալ միջավայրի մէջ ինքզինքդ գտար. դարձի՛ր դէպի դաշտին լայն մենութիւնը, դէպի լեռն անկաշկանդ, թող ըլլան խռովալի բարձունքները. լաւ է անօթի մեռնիլ՝ քան թէ երկու թաթերը երկնցնել՝ կուրծքը ցեխին քսել քաղաքի ծակաչք մարդէն կտոր մը հաց խնդրելու. լաւ է կատաղի, անհաւասար կռուի մը մէջ երիտասարդ գայլի մը հետ ճակատ ճակատի գալ ու մեռնիլ վիրալից՝ քան թէ փողոցի մը մէկ անկիւնը ոգեվարիլ ու իբր նուաստ, արհամարհուած կենդանի աւարտել քեզի տրուած կեանքի բաժինը: