Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՕՏՆԵՐ


Եկուր աշուղ մը եղիր եւ անցիր մեր դաշտերէն, մեր հովիտներէն, վաղը միւս օր եկուր անցիր այգիներէն ու պարտէզներէն, երբ ահա աշունը փռուեր պառկեր է ճղակտոր ծառերուն տակ, դեռ կանաչ ճիւղերու հոգեվարքին հետ գրկուեր քնացեր է ածուներուն, կորիներուն մէջ։

Գեղը կը մխայ. առաւօտուն աքաղաղը նորէն կը թափահարէ իր թառէն ու կը կանչէ, երկինքէն նորէն թռչունի մը թեւը կը կախուի, բայց վա՜յ դաշտին, վա՜յ քու գլխուդ, աշո՜ւղ, երգերը համ չունին, առուները կը մսին, բարտիներուն գագաթէն տրտմութեան առաջին տերեւները կը թափին եւ դաշտը՝ գլուխը դրած իր մօրը կուրծքին վրայ, ինչպէս գառնուկը կը հանգչի շատ անգամ, մտիկ կ՚ընէ անոր սրտի վերջին բաբախումներուն։ Մտիկ կ՚ընէ ու աչքերն անգամ մը երկինքին շտկած՝ կը նայի վերի կապոյտ դաշտերուն վրայ ամպերուն զարկած ճերմակ վրաններուն, անհաստատ, շարժական ու անվստահելի. վախն իր սիրտը կը պաշարէ, անդառնալի կորուստին ցաւն իր հոգւոյն մէջէն կը ճեղքէ թափ կ՚անցնի, ինչպէս գնդակը որսին մարմինէն, ու հեղ մըն ալ կը դառնայ կը նայի գետինը ուր հասած հունձքերէն, պտղաբերութենէն ո՛չ իսկ յետին մնացորդ մը, ոչ իսկ տեղը մնացած աւելորդ մխիթարութիւն մը իրեն կը խօսի։ Օձի ձագ մը, բոտոտ մը իր ծակէն դուրս ելլելով՝ կը սողայ պորտին վրայ, կը խշխշացնէ չոր տերեւներն ու խոտերու թարշամած ցօղունները, եւ դաժան, սրտնեղ, շուրջն անգամ դիտելու անտրամադիր՝ կը մտնէ ուրիշ ծակ մը ու կը կորսուի։ Ինչ որ կը մնայ հեռաւոր գարնան առաջին պսակէն ու օրհնեալ երկունքէն՝ ահա այդ թունաւոր օձի ձագը, մողէզի լակոտ մը եւ կրիայի քանի մը թափառական սերունդն է, ո՜վ աշուղ, որոնց համար կու լայ այս բնութեան բոլոր սուգը, որոնց համար կու լան այս սարերն ու քարերը։

Ասկէ առաջ ոսկեսար արեւ մը դրախտի մեղրը կը կաթեցնէր այս ծաղկալից թուփերուն, այս շաղապատուած մացառներուն գոգը, ուրկէ կը գինովնար արտոյտն ու իր երգերուն համար ամէնէն ապշեցուցիչ ներշնչումը կը գտնէր եւ կ՚ալեխօսէր, ուր գեղացի աղջիկը իր նշանածին սիրոյն կը մօտեցնէր այտերն ու վայրկեան մը այդ հեշտութեան մէջ աչքերը կը գոցէր, երբ ծաղիկները կը ժպտէին անոնց գլխուն վրայ եւ իրենց խնկաբոյր թերթիկներէն կը թափէին երջանիկ զոյգին մազերն ի վար, երբ այդ երկնային համբոյրներուն արձագանգ կու տային անծանօթ պաշտելի հագագներ, ուրիշ սէրերու հազար վկայութիւններ։

Ասկէ առաջ՝ իրիկունները այս արտին գլուխը, այս թումբին վրայ կը կենար յոգնած երկրագործը՝ կռթնած իր ցուպին վրայ ու կուշտ նայուածք մը կ՚երկնցնէր նախ դէպի իր հունձքը, յետոյ դրացի կալերուն, դրացի դէզերուն կողմը, եւ ահա խոնջէնքէ թուլցած իր դէմքի մկանները յանկարծ կ՚ոգեւորուէին. գոհունակութիւնը կը ճառագայթէր իր աչքերէն ու շրթունքները իրենց տեղը, ինքնաբերաբար շարժելով կը մրմնջէին. Տէ՜ր, դո՜ւն աֆաթէ պէհես. աֆա՜թը որ կրնար գալ երկինքէն, որ կրնար գալ գետնէն, յեղակարծ ամէն կողմէ. եւ ուժեղ եզները կը բառաչէին, հուժկու գոմէշները կը քաշէին փոշելից գետնէն ծանրաբեռ սայլը՝ որուն վրայ թառած կը հսկէր զուարթ մանուկ մը, ձայն տալով լծուած կենդանիներուն, ուղղելով անոնց դանդաղ գնացքը։

Ասկէ առաջ այս ձորին մենաւոր այդ քարերուն վրայ կը հանգչէր խատուտիկ, նախշուն կկուն եւ իր կնգուղաւոր գլուխը երերցնելով՝ փորձութեան երգը կ՚երգէր, բաշխելով ցաւը, չոռը բոլոր անոնց՝ որ գարնան առաւօտներուն անօթի դաշտ գացած ըլլային, առանց բերաննին փշրունք մը հաց դրած ըլլալու, ու իր խաբող թեւերը բացած՝ հեղ մը հոս կը նստէր, հեղ մը հոն, տանելով իր փորձիչ ձայնը իրեն հետ ամէն կողմ։

Ու կանաչ արօտներուն վրայ, ստուերախիտ ընկուզենիի մը ծածկին տակ կը պառկէր գեղացի մանկիկը իր խանձարուրին մէջ, հանգստօրէն, երկնային երանական երազի մը անձնատուր. բանալով աչքերը մէկ երկինքէն միւս երկինքին վրայ, լոյսերու, դալարիքի, եթերային ժպիտներու մէջ. ու իր խոպոպներուն, իր այտերուն վրայ տերեւներուն լուսապսակ շուքը կ՚իյնար, օծելով մանկական ամբողջ թարմ մարմինը բանաստեղծութեամբ, զուարթութեամբ, ցնծալից գեղեցկութեամբ։

Հիմա, անցորդի պէս քալէ՛, աշո՜ւղ, մեր ձորերէն ու հովիտներէն, մեր դաշտէն ու աշխարհէն, տեսնելու համար թէ ի՞նչ կը մնայ բոլոր ասոնցմէ, ի՞նչ պիտի գտնես բոլոր ասոնց տեղ։

Շալկէ՛ տիկը կռնակդ, հանգչէ բարձրաւանդակի մը կամ ապառաժի մը վրայ, հեղ մը նայիր համայնապատկերին, համբուրէ տրտմութեան եղեամը որ ցօղած է քարն ու գետինը, յետոյ եղանակէ աշնան գալուստը, խաղաղութեան երգը, կարօտի քերթուածը։ Թող տաղերուդ մէջէն ծորի դաշտերուն հառաչանքը, ծործորներուն մենաւոր տրտմութիւնը. ինչպէս քաղցրահամ հասուն պտուղներուն կեղեւէն կը հոսի մեղրածոր հիւթը, այնպէս քու հինաւուրց եղանակներուդ մէջէն թող բղխի անցեալ գեղեցկութիւններուն, անցեալ կեանքին տրտմանոյշ յիշատակը. որովհետեւ աշնան այս ցաւագին ամպամած օրերուն՝ անցեալ բերկրութեանց վերյուշումը հզօր շունչով մը կ՚ալեկոծէ բառերուդ վիրաւոր դաշնակութիւնը, որովհետեւ մեռնող ամէն աղուորութիւններուն ետեւէն ողբ մը ու ողբերգու մը պէտք է միշտ։

Երկինքը սեւ թռչունը կըռա՜, կըռա՜ կը կառաջէ, հովը հիւսիսի սարերէն կծու ցուրտին գուժովը ծանրաբեռնուած է, շիվան է երկինքն ի վար, շիվան է լեռներն ի վար։ Դուն թաղումը պիտի ընես, ո՜վ աշուղ, անտէր, անտրտունջ մահամերձներուն, ծաղիկի սրտերուն որ տրոփելէ դադրած էն, մանուկ խոտերուն՝ որ երէկի արեւին տակ վաղաժամ ծաղկիլ փորձեցին, այն բիւրաւոր բանաստեղծ հոգիներուն որ թիթեռի մը թեւն հագած թռան, որ բուրումնալից բաժակի մը շունչն եղած ցնդեցան, որ սիրելի գիտցան, որ լեզու մը ու կտուց մը ունեցան։

Այս բոլոր վաղազրաւ կեանքերուն, այս ընդարձակ գերեզմանական աշխարհին համար հոգեհանգիստ մը պէտք է, աշո՛ւղ, արտասուալից եղերգ մը պէտք է գէթ՝ տիկի, վինի կամ բամբիռի ձայնով, մահը մխիթարական ու հանգիստ ընելու։ Որովհետեւ քու աշուղի երգերդ անոնցմէ սորվեցար, որովհետեւ դալարիքի եւ կանաչի մէջէն քալեցիր եւ իրիկունը երբ յոգնեցար ու քնանալ ուզեցիր՝ հանգչեցար ծառի մը տակ, աղբիւրի մը քով կամ ապառաժի մը քիւին տակ. տարփողած աղջիկներուդ աչքերը՝ եղնիկի աչքերուն նմանցուցիր, անոնց սէրը՝ վարդի իւղին, անոնց մազերը՝ զիստն ի վար սողոսկող արեւի շողերուն եւ սիրականին թեւերը՝ բարտին ի վեր փաթթուող բաղեղին։ Քու ուրախութիւնդ փոխ առիր հովիտներէն, քու հպարտութիւնդ՝ լեռներուն ամբարտակներէն եւ անցար գեղ ու քաղաք, միամիտ ինչպէս տարագնաց անցորդ թռչունը, կանգ առնելով ուր որ յոգնած էիր ու երգդ լսելի ընել պէտք էր։

Հիմա ետ դարձիր, հեղ մըն ալ եկուր մեր այգիներէն, մեր պարտէզներէն օտարականի մը պէս, տես ի՛նչպէս խաղողի որթերը՝ դեռ երէկ հինայուած հարսներու նման՝ այսօր այրի են մնացեր, տես ի՛նչպէս ջախջախուած, խորտակուած գեղեցկութիւններ գետինն են ինկեր եւ անձրեւին ու հովին առջեւ հալածական՝ կը թրջին, կ՚աղտոտին, փոշիին ու հողին ընկեր կը դառնան։

Օդին համրութեանը մէջ, մանաւանդ իրիկունները, մանաւանդ մթնշաղին՝ խնդուքի կամ նոյն իսկ գաղտնի ծիծաղի ո՛չ մէկ շշնկոց, ո՛չ մէկ զուարթ ձայն, այլ վշտակոծ սարսուռն է որ կ՚անցնի հապճեպով, աշնան ցաւագին շունչն իր բոլոր երամով։ Միայնակ կեցիր ամայի մացառուտի մը քով, աշո՛ւղ, ու մտիկ ըրէ՝ իմանալու համար թէ ո՛րքան խոր է բնութեան վիշտը, ո՜րքան հոգեխռով ու բազմայօդ։ Թափուր բոյները իրենց լեզուէն կը խօսին, ծերունի կոճղերը իրենց տկարութիւնը կը գանգատին, խորունկ քարայրները հոգոց կը հանեն ու երիտասարդ կաղնիները վայրագ ատելութիւն մը կը շչեն։ Երանի՜ բոլոր անոնց որ յաջորդող դառնութեան, ճերմակ սարսուռին ու ճերմակ մահուան մէջէն յաղթական՝ մայիսեան արշալոյսներու ցօղն ու բուրումը համբուրելու շրթունք պիտի ունենան։ Դուն իսկ, ո՜վ աշուղ, հակառակ գեղօններուդ կենսալիր երիտասարդութեանը, հակառակ խօսքերուդ ու տաղերուդ հպարտութեանը, հազիւ յոյսն ու հաւատքն ունիս հեղ մըն ալ գարնան դռնակը ծեծելու, հազիւ խրոխտանքը՝ քու սրտիդ վրայ։

Լուսնկայ գիշերներու հովուերգութեան տեղ հիմա խաւարին զարհուրանքը բռներ կեցեր է, ու դուն դաշտին մէջ գերեզմանային չարագուշակ ուրուական մը պիտի երեւէիր՝ եթէ մէկ ամպէն միւսը կայծակը շողար ու անցնէր եւ այդ դեղին լոյսով քու դէմքդ ու կռնակիդ տիկը լուսաւորուէր։ Փոթորիկը ձայնդ պիտի խեղդէր ու պիտի մնայիր աշնան հզօր արհամարհանքին մէջ աւելի քան երբեք ափսոսալի։

Եկուր բնութեան զաւակն եղիր, անոր կաթը խմէ, անոր ծիծովը մեծցիր ու անզգա՜յ եղիր չբաժնելու համար անոր ցաւն ու գալարումները, անոր սուգն ու մորմոքը։ Ամենայետին լաճը, գեղացի վերջին հօտաղն անգամ այս պահուս երբ իր ուլերուն հետ՝ կթուած այգիներուն, խոպան արտերուն մէջ կը թափառի՝ իրական, անսքօղ թախիծ մը կը կրէ երեսին վրայ, որովհետեւ ոտքերուն տակ երէկի բոլոր ծաղկաւէտ վայրերը գերեզմաններու փոխուած կը զգայ այնքան շուտ. իր ձեռքին ցուպովը երբ կը դպնայ որթատունկերուն, թուփերուն, ծառերուն՝ անոնց տխուր արձագանգը չոր ու վշտագին կը հեծէ անձայն ամայութեան մէջ եւ դեղին տերեւներու անձրեւ մը կը սրսկուի վերէն վար։ Ու գլխիկոր, սրտնե՛ղ կը վերադառնայ իրիկունը դէպի տուն, դէպի գեղը, վստահ թէ միւս օր աւելի այլափոխուած, միշտ աւելի տխրութեամբ թաթաւուն պիտի գտնէ իր անցած տեղերն ու արօտի իր սահմանները։

Ձիւնը պիտի առնէ կենայ սարերը՝ ամիսներով, ու կաքաւներն անգամ պէտք պիտի զգան հեռաւոր իրենց բարձունքները թողլու եւ շէնի ու շէնլիքի մօտենալու. օրերը տարիներ պիտի ըլլան ու սարդը՝ ցերեկ գիշերուան ընկերը բարձիդ քով, թոնիրին ծուխը պիտի բռնէ տունն ու տանիքը եւ ջահրին մեռելական խռխռոցը՝ ամբողջ գեղը։ Տաքուկ օճախին եղկ քաղցրութիւնը որքան ալ հաճելի ըլլայ ու պառաւ մամային հէքիաթները որքա՜ն ալ անուշ՝ սակայն գարնան արեւին կարօտը, հասած հունձքերուն հոտը, ա՜խ անփոխարինելի հեշտութիւն մը ունին։ Մինչեւ որ առտուները տաքնան, մինչեւ որ անոնց եզերքը առուի կարոսները քաղելու չափ մրշախ օրերը դարձնեն՝ կեանքն իր կէսը կը կորսնցնէ. կտրիճներուն երեսը նայած ատենդ՝ հազիւ թէ զանոնք ամառուան տեսածներուդ նմանցնես։

Իրաւն ա՛յն է հիմակուհիմա որ ագռաւը կը կանչէ բարտիին ծայրէն ու ճնճղուկը ցուիքին տակ իր բոյներուն ամրութիւնը կ՚ապահովէ. իրաւն այն է որ աշունը կը մտրակէ հոգիները եւ ամէնէն զուարթ գոհունակութիւններուն մէջ իսկ կաթիլ մը վշտաբեկութիւն, պուտ մը արցունք կը ձգէ։