Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԵ՜Ւ ԵՐԱԶ
(ՀՈՎՈՒԵՐԳՈՒԹԻՒՆ)


Ահա լեռը, ահա գիշերը, երկինքը կը ծակի ու ծովացած խաւարը մառախլապատ գոլորշիներով կը հեղեղի սարն ի վար, եւ օդին մէջ կախուող աղջամուղջի կաթիլները բաց աչքով իսկ կ՚երեւնան՝ հալածական մժեղներու, ուժգին քամիի մը շարժական ալիքներուն պէս։

Գիշերը կը ծռի ու լերան ոտքերը կը համբուրէ՝ ողոքիչ կնկան մը ծնրադրութեամբ, յետոյ կը կայնի կը շտկուի, յամրաբար բարձրանալով եթերային թեթեւութեամբ, եւ լուսնկան որ իր կուրծքին վրայ ճերմակ ստինքի մը պէս կը լողայ՝ Մաստառի շրթունքներուն կը մօտեցնէ։

Մտի՛կ ըրէք, հովուերգութիւնը կը սկսի։

Ճերմակ լայն թեւերով թիթեռնիկներ կ՚իջնեն կ՚ելնեն ճերմակ լոյսին քսուելով ու անկէ ծնելով, անծանօթ թռչունի անծանօթ ձայն մը իր բոյնէն եղանակել կը սկսի գիշերային մեղեդի մը որ թաւշային քնքշութեամբ կ՚օրօրի ու խաւարին հաղորդուելով՝ աւելի կը կակուղնայ, ապրշումի թելի մը պէս ծածանելով՝ ոստի մը կը փակի։ Յետոյ, խմբերգ մը, մէկ շունչով, մէկ ձայնով համերգ մը առուներու եզերքէն, թրջած թաց խոտերու փաթերէն՝ կրկնելով սիրուած ոտանաւորի մը վերջին տունը կարծես՝ անդադա՜ր ու անձանձրոյթ։ Հիմա, վերէն մեծ օրօրոց մը կ՚օրուի եւ գիշերը անոր կամարին [1] վրայ իբր թէ մանկական շխըրիկներ շարած ըլլար՝ համաչափ տատանումով արձագանգել տալու եւ քնացնել տալու զանոնք որ արթուն մնալու չէին։ Եւ քամին իր փոշին պաղ ակերու, ձիւնէ առուներու մէջ լոգցած՝ լեռն ի վեր շուլլուելով սաղարթի փսփսուկ մը ու դեռ կենդանի քանի մը աղուաբան կը տանի կը հասցնէ մինչեւ անտեսանելի արտեւանները եւ երբ վար կը թաւալի՝ անգամ մըն ալ վերի գիշերուան ու լերան սէրը կը բերէ կը ցանէ, բանաստեղծելով այն անուշ սիրերգը որ կը ներշնչէ դաշտեցի կտրիճը ու քունին մէջ երազել կու տայ շինականի աղջկան։

Դաշտե՜ր, խատուտիկ պարեգօտի մէջ փաթթուած դաշտեր՝ որ երեխայի անխռով քունը կը քաշեն, դաշտի աղաւնեսիրտ աղջիկներ ու նշանածներ որ արթուն են ու Մաստառի վզին պլլուած լուսնկային հոգեզմայլանքը կը գգուեն. արցունքը զոյգ կը թռի աչքերէն եւ հեծեծանքը չարագուշակ վայիւնով մը կ՚անցնի իրենց հոգիէն։ Մա՜յր ես դուն, քոյր ես դուն, ո՜վ Մաստառի սիրականը, ահա արթուն աղաչաւորներու վշտաչարչար տառապանքը քու լոյսիդ տակ կը թափառի անտուն ուրուականի մը պէս, ահա անիծապարտ տուներու երդիքը կը բացուի հողին, աւազին, կարծր խիճերուն վրայ երկնցող դժբաղդներու մերկութեան ամօթին մէջ։

Ի՜նչ եղաւ լերան, ի՜նչ եղաւ մարդուն։

Երկնքին մէջ ամառուան հովուերգութիւնը իր զուարթ, իր անայլայլ պարը կը դառնայ, երջանկութեան վարդեջուրը տարածելով հեռաւոր կապոյտ տափարակին անսահման անապատին երեսը, մինչդեռ վարը՝ խոտին, հունձքին ու բնակութեան դաշտը՝ կողին վրայ կը տքայ, կ՚ըսես գլխուն վրայ ապառաժ մը փլեր, զաւակը գարնան հեղեղն է առեր քշեր։

Հայր ես դուն, եղբայր ես դուն, ո՜վ Մաստառ, Արածանիի պահապան պահնորդը, բարձրութենէն՝ լոյս գետնէն խաւար ու եթէ կարենայի՜ր բաշդ ծռել ու հեղ մը կուրծքիդ վրայէն դէպի ծմակները, դէպի հողերն ու լքաւեր գիւղերն հայիլ։ Ժամանակը որքա՜ն փոփոխութիւն է բերեր հին բարի օրերուն տեղ, հին աղուոր մտածումներուն տեղ։ Այսօրուան խորհողը որ քու ստորոտդ կը գիշերէ՝ ո՛չ ճառագայթող ծիծաղի շաւիղ մը, ոչ խնդութեան չբացուած կոկոն մը ունի հոգիին մէջ։ Ուսերուդ վրայ ձգուած լուսնկային ճերմակ շապիկը, կողերուդ վրայ հանգչող քարայծներուն բոյնն ու ընտանիքը բան մը չեն ըսեր անոր, հրճուագին բանաստեղծութեան մը տուն չեն տար երբեք։

Խորհողը որ այսօր կրունկիդ վրայ՝ Ապտլմսեհի աւերակներուն մէջ կը գիշերէ՝ երազն երկայն դագաղ մը կը տեսնէ, մտածման սեւ շղարշովը պարուրուած՝ ուր կը պառկի այս դաշտերէն քաղուած պանդուխտ տան, լքուած տան երջանկութիւնն իբրեւ մեռել, ու տրտմութեան չորս աշտանակները շարելով անոր բոլորտիքը՝ ծունգի կու գայ ու կը հսկէ։

Հիմա, լուսաւորէ՛, ո՜վ լուսին, ո՛րքան որ կ՚ուզես, մեռելն ու մեռելատէրը. ցաթի՛ր Մաստառի գագաթէն մինչեւ ուր որ աչքդ կը հասնի, ցաթի՛ր ճերմակ լոյսեր՝ ճերմակին մէջ հազար անգամ աղուորցած, խորհողը սեւ գերեզմանին քով կը հսկէ։

Ս. Նշանի փլատակներուն մէջ՝ քարերը հողերուն վրայ ու հողերը գիրկ գրկի սրբատաշ հատաքարերու հետ. կիսակործան պատի մը վերեւը բադ մը կը հանգչի մտմտուքով մը վիզը կուրծքին վրայ ձգած։ Դժբա՜ղդ թռչուն, որուն վիճակուած է անկայուն յեղյեղուկ ալիքներէն դուրս՝ երկու ոտքերու համար աւերակներ բոյն ունենալ ու հին յիշատակներէն քանի մը հաստատուն ծղօտ գտնել ու նստիլ անբարբա՜ռ, հա՜մր, որովհետեւ երկինքը ուզած է որ տիրող համայնապատկերին պէս երգ չունենայ ինքն ալ, այլ՝ խռպոտ, խեղդրտուող աղաղակ մը, մահակռինչ վայիւն մը միայն։ Ու ի՞նչ, եթէ այս թռչունն ալ չըլլար, եթէ այդ թեւերն ալ օր մը կայծակնահար՝ ծովի ջուրերուն մէջ թափէին, ամայութեան արհաւիրքը որքա՜ն դժոխային, որքա՜ն դիւային պիտի ըլլար։

Ծովուն երեսը չքաւոր խրճիթ մը որ մոգական հրաշքով հնարաւորութիւն գտած ըլլար հաստատուելու, ինչպէս պարիկի առանձնացած դղեակ մը թափանցիկ ջուրերուն մէջ՝ ցոլացնելով եզերքներու երերուն պատկերը. ահա ալեւոր վանքը որ կը նստի իր տեղը ճգնաւորի անխլիրտ սպասումով՝ կորաքամակ, մենաւոր, անհաղորդ։

Բոյս, բուսեղէն չորցած ամէնը. հոս ու հոն ծերպի մը մէջէն ճռզած քարց խոտեր, հնդրուայ մը, որուն ճիւղերը մինչեւ ծունգերէն կը սկսին եւ կանանչ որթատունկ մը՝ աւելի կանանչ տերեւներով որ կը պլլուի, կը սողոսկի քարերն ի վեր ու արիշներուն ճամբայ բանալով՝ ամուլ տեղին վրայ երկու—երեք ողկոյզ կը կախէ։

Բնութիւնը հանդարտ է, այն անուշ խաղաղութեամբ որ կարծես բոլոր մեղրալի արշալոյսներն իրենց կուսական թարմութեամբը այդ մօրը ծոցէն կը ծնին, բոլոր գարնան սղոխները այդ աշխարհէն թեւ կ՚առնեն կը ծործորին, ու ջուրերուն ասմազուն բեհեզն որ կը վէտվէտի լայննալով, նեղնալով՝ շնորհալիական քերթուած մը կը դառնայ, արձա՜կ ու անյանգ՝ պաղպաջուն երեւակայութեամբ մը օծուած։ Կաթի ծո՜վ, մանուշակի՜ ծով, կարծես բոլոր լուսնկայ գիշերները հոս կու գան կը խեղդուին, երկնքի բոլոր ծաւի հեշտութիւնը կաթիլ—կաթիլ հոս կը քամուի ու այս ջուրերուն հետ կը խառնուի։

Ալիքներն ալ խելօք են, ու եթէ ատեն—ատեն սալաքարերուն վրայ ոստնելով՝ կը լզեն զանոնք ու կը ճողփան, աւելի մօրը ծիծերուն վազող գառնուկին միամտութիւնն ունին, որ գլուխնին երկու—երեք անգամ թափ կուտան կաթի տոպրակին, կը ծեծեն զայն, կը կենան ու այսպէս մինչեւ որ կշտանան։

Անյուզում օրերու խաղն է ատիկա, կործանող ուժին ու դիմադրող տեւականութեան. կը ցատքեն ջուրի ծուէնները արմատէն կտրուած լեզուներու պէս, կը մտնեն մողէզի գլխով՝ խառն ի խուռն լեցուած քարերու ճեղքերը, ու յետոյ սողալով հազիւ կը քաշուին չեն քաշուիր, ահա ալեակի նոր բաշ մը, ջուրի նոր շամամ մը նազելով, ճորալով կը հասնի հեւալէն, կը ճչէ ու կը տարտղնուի. սիրականի պաղատագին երգն է անիկա՝ մարմարէ անգութ աղջկան ուղղուած, օձի օղակ—օղակ սողոսկումն է որ մինչեւ անոր կրունկներուն քով կը հասնի ու հոն ինքզինքը կը գալարէ եւ երբեք չյուսահատելով այդ յաւիտենական մերժումէն, կը դառնայ նորէն կու գայ, կը մեռնի՝ սակայն նորէն կը վերածնի։

Բայց խաղն այդքան անմեղ ու մանկական չէ միշտ. գիշերները անժամանակ, յանկարծ մոլեգին զայրոյթ մը կ՚իջնէ ջուրին մէջ. ծովը կը կատղի, հայհոյել կը սկսի, վրէժխնդրութեան շունչ մը մինչեւ յատակները կը ցտէ. բիւրաւոր գլուխները լեզու կ՚ելլեն, վլվլուք մը կը սուրայ, կը թաւալի մէկ ափէն միւսը եւ ահաւոր կեղերջ մը կը լեցնէ դժնետեսիլ լեռներուն աւազանը։ Ճողփիւնը կը շառաչէ, հաջել կը սկսի եւ կիսակործան շէնքը կը սգաւորի, ան ալ սպառնական, վտանգաւոր երեւոյթ մը կ՚առնէ՝ եւ այն յուզումը, սարսուռը որ ծովէն կը փրթի՝ կը հաղորդուի նաեւ իրեն եւ բարկութեան դող մը կը դողացնէ զինքը։ Մինչեւ ե՞րբ այդ խելացնորութիւնը, այդ կոծումը, այդ տատանումը, մա՛րդ չի գիտեր. բայց երբ նոպան կ՚անցնի եւ հանգստութիւնը տակաւ կը յաջորդէ անոր, այս անգամ ալիքները հեկեկաձայն բացատրութեան մը կը սկսին, հանդարտելով, հանգչելով կամաց—կամաց եւ պառկելով իրենց անկողնին մէջ։

Քունն երա՜նի ամէն անոնց որ պահ—պահ իրենց սրտին յատակն իջնելով կրքի, զայրոյթի փոթորիկ մը կը գտնեն. կեանքն՝ արժանի ամէն անոնց որ իրարու կոյր մոլեգնութենէն չեն խորտակուիր եւ անդորրութեան օրերուն՝ համարձակ ձեռքով իրարու քով կը բերեն մրրիկէն, ծովերու ալեկոծութենէն մնացած զգացումները ու կապոյտ փրփուրները՝ որոնց վրայ կը տատանի տակաւին պայքարի այլափոխուած խորհրդապատկերը՝ եւ անոնցմով ինքնաբաւ գոհացման մը երանութիւնը կը շնչեն։

Այդ գոհունակութիւնը կը շնչէ ծովակը վերջալոյսի ծիրանիին մէջ թաւալելով, վէտվէտելով թեւատարած՝ երկնային երազի մը պէս որ վերէն կը թեւաբախէ ու վար կը հոսի, անապակ, մաքուր ու անբիծ. կը շնչէ Վանք կղզին՝ ծիրաներփնուած նոյնպէս արեգակնային յաւիտենական պայծառութեամբը որ իր բոլոր առանձնացած, անպաշտպան ու մարդազուրկ վիճակին մէջ, պաշարուած յարաժամ կործանարար ջուրերուն կործանարար վախովը՝ կը կենայ պատուանդանին վրայ արձանի մը պէս հպարտ ու խրոխտ։

Եւ սիրտը որ վաղուան անստուգութեամբը կը լեցուի՝ շնչասպառ կը թռի դէպի աչազուրկ անսահմանութիւնը, ծովէն, ցամաքէն դէպի երկնային թափուր միջոցը, հեղ մը հանգչելով ալիքներուն վրայ ու հեղ մը անոնց վրայ հաստատուած ափ մը քարերուն տեւականութեանը վրայ, ու կ՚ըսէ. Այս քարերուն ուժը ո՞րքան պիտի դիմակալէ տակաւին, տիեզերքի առաջին զօրութիւնը, փշրող, ընկլուզող մեծ կարողութիւնը կրնա՞յ հասնիլ արդեօք իր ծերութեան պարտասած շրջանին եւ այս յետնորդ շէնքին յետին յեռուածքն ալ մէկ մէկէ պիտի չբաժնուի՞ միթէ, ծովն ազատելով իր ցաւէն, որպէս զի անիկա՝ հաւասար համայնատարած՝ խաղայ ամայի ափերուն վրայ՝ հրէշային ջատուի մը պէս որ սիրելիին գերեզմանաքարին շուրջը կը կաքաւէ։



[1]        Օրօրոցին վրայ երկնցած կոր փայտը։