Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՍԿԱԾՍ


Գանգուրներուդ, սեւ մազերուդ հողմավար

Քունքերէդ վեր, այտերէդ վար ցիրուցան՝

Եղա՞ւ մէկն որ ինձմէ առաջ սիրահար՝

Ծըծեց անոնց հեշտանքը թարմ կուսութեան։

 

Եղա՞ւ մէկը, ըսէ շիտակ, ա՜հ, եղա՞ւ,

Որ համարձակ, բիրտ թեւերով մեղապարտ

Փաթթըւէր սեղմ՝ փափուկ վըզիդ, ու անբաւ

Հըծծէր քեզի տենչանքն, իղձերն անհանդարտ։

 

Ծովուն պղտոր կոհակներուն չափ մըռայլ,

Գիշերուան պէս թախիծն ինչպէս կը պատէ,

Երբ կը տեսնեմ ծիծաղդ անհոգ, անայլայլ,

 

Որով ժպտիս անգիտակից, եւ գուցէ

Տեղեակ վշտիս, հոգւոյս սուգին, ցաւին ալ

Չըգիտնալով թէ կասկածոտ եմ քեզմէ։