Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊԻ ՍԷՐ


Աւելի շո՜ւտ, արտորանքով, խուճապով

Թող հեռանան, թող մեռնին

Տարփանքները ախտավարակ մեր հոգուն՝

Իբրեւ պայեր հալածական թիլիսայով վըհուկին.

Եւ անոնց տեղ ապահով

Յարութիւն սիրոյ վարդալից, վերածընունդ փողփողուն,

Նոր ծաղիկներ բազմաբուրեան

Բանան իրենց բիւր աչքերը մանկական

Նոր արեւի, արեւներու սուրբ լոյսին։

Եւ այն ատեն մըկըրտութեամբ հըրաշքի

Պիտի գտնենք պսակին մէջ

Մեր սիրոյ նուրբ թերթերուն

Նո՜ր յուզումներ, նոր ներշնչում ու ձըգտում

Եւ մեր ծաղկին նայուածքն անթարթ, թեւաբաց

Միշտ դառնալով պիտի յառի օդասլաց

Հուրիներու՝ դեռ անծանօթ մընացած

Գորովանքին, գըգուանքներուն հեռաւոր։

 

Արեւն ո՛ւր որ, դէպի ո՛ւր որ փողփողի՝

Մեր հոգուն ալ փաղձանքն՝ ըստրուկ

Ճառագայթին, արշալոյսի զերթ կընդրուկ,

Թող բարձրանայ ծառանալով ու ծածանի լայնարձակ

Հորիզոններ դէպի փարփառ՝

Մեր անձէն դուրս, մեր տունէն դուրս եւ տանի

Մեր պաշտամունքն անպայման, աղապատանքն ընտանի։

 

Ո՜հ. հասարակ, սովորական անուրջներէն,

Սըլացքներէն՝ մեր պիղծ սիրոյն աւիւնովը շաղախուած,

Կարելի յէ՞

Որ նորածագ, եթերային նշոյլներու օծման տակ

Տարբեր, չքնաղ մեծ տեեսիլներ բացուին պայծառ, համարձակ,

Զգայութեանց մեր դաշտերուն վըրայ խաւար ու տըխուր

Եւ եսասէր ու անհաղորդ, հանգոյցներէն ալ ընդհատ

Թոթվէ հոգին գերեզմանի իր փոշին,

Երթայ թառիլ բարձրադիր

Ժայռի գագաթ մ՚ուրկէ վար, ուրկէ անդին կը լայննայ

Հորիզոնին ծիրն անփակ, անհունութիւնն ինքիրեն։

 

Այդ տեսիլքին՝ իբր ափունք

Մի հիասքանչ աշխարհի

Ցընորական ու դիւթիչ, մըշտապայծառ, անփոփոխ՝

Թեւատարած սաւառնին լիք նաւակներ ըշտապող,

Կիրքով, խանդով բեռնաւոր,

Շատ պարմանի նաւակներ,

որոնց համար մեր եռանդոտ ու անյողդողդ նաւավար՝

Քաշէ թիակ զըլապինդ, հոսանքին դէմ քաջաբար։

 

Նաւակներէն այս խիզախ

Քաղցրահնչիւն մեղեդի, ծիծաղ, տաղեր, երգ ուրախ

Արձագանգեն, լեզո՛ւ տան կոհակներուն կատաղի,

Փըրփուրներուն իսկ աղի

Եւ մոգութիւնն համասփիւռ դաշնակութեան այդ ուրու

Լեցընէ օդն ու ջուրը

Ինչպէս հովը երկինքին սահմանները ինքիրմով,

Միշտ տիրական, միշտ հըզօր՝

Ինչպէս վաղը, շա՜տ վաղեր, ինչպէս երէկ ու այսօր։