Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱԺԵՇՏ


Մ՚իյնար, ո՜վ սիւգ, մ՚իյնար անոր

Մազերուն հետ, մի՛ խաղար,

Անցիր գընա, անտառն ալ նոր

Չըգըտնէ մի սիրահար։

 

Ըսէք ինծի, հովե՜ր, ալի՛ք,

Սահող գետե՛ր, ամպեր հէ՜ք,

Դուք ալ երբեք հեշտ խաղալիք

Սիրողի մը եղե՞ր էք։

Երթամ ա՛լ ես գետերուն մէջ

Որ ալիքներ զիս տանին,

Ըսէ՛, եղնի՛կ, գընդակէն վերջ

Հոգիս արդեօք տա՞մ փոսին,

Ոչ ոք տեսնէ իմ այս խոցեր

Միայն հողը թըշնամի,

Երկնի ցոլքերն, ո՜հ այն գիշեր

Յուղարկաւոր ըլլա՞ն մի։

 

Ըսէ՛ք ինծի լեռնե՜ր, ձորե՜ր,

Դուք ո՜վ ժայռեր անմարդի,

Ձեր մէջ մի օր հէք տըխրաւեր

Սեւ անգղի մը տըմարդԿամ արծուի մը սիրահառաչ

Տըխուր երգը չէ՞ք լըսեր.

Դո՛ւք ալ, դուք ալ չունի՞ք թառաջ.

Չէ՞ք գիտեր թէ ինչ է սէր։

Ըսէ՛ք թուփե՜ր, դո՛ւք, վարդենի՛ք,

Սոխակ մ՚ինքզինք չըկախե՞ց

Երբ առտու մը ձեզմէ մենիկ

Հովը թերթիկ մը քաղեց։

Մ՚իյնար. ո՜վ սիւգ մ՚իյնար, անոր

Մազէն հեռու դու գընա՛,

Բաժնուեցանք իրարմէ նոր,

Ան իմս չէ ա՛լ հիմա։