Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Է


«Ըլլան թող մեզ ձեր ականջներն այդ ունընդիր,

Ո՜վ անողոք զօրութիւններ աստուածային.

Մեր գեղերը արծուի աչքով ձեզ կը նային

Այս բըռնութեան անտէր երկրէն վըրէժխնդիր։

Եւ եթէ մեր ձայներն հըզօր, իղձն անկատար

Անէծքի պէս պիտի մաղուին մեր սեւ գըլխուն՝

Որոշած ենք մոռնալ ամէն վատ հըլութիւն.

Հարթ դաշտերէն մինչեւ Սեպուհ, ամէն կատար՝

Պիտի հընչէ որոտագին գոյժը մահուան

Ձեր մեհեանին, տաճարներուն եւ արձանին

Ըստընդեաններ, մեր մեռելներն իսկ ձեռքերնին

Բարձրացուցած ձեր դէմ պիտի վըրէժ գոռան՝

Լեզու ելած օրօրոցէն, գետնէն, հողէն.

Արաքսի ու Եփրատի յորդ ջուրերն անհաշտ

Թաւալելով մերաշխարհին ձորերն ու դաշտ՝

Ձեր աճիւններն աւազի տակ պիտի թաղեն։

Ա՛լ ո՛չ կընդրուկ, ո՛չ ծաղիկներ, ո՛չ ողջակէզ,

Միայն սարսափ քինախընդիր, միայն աւեր,

Քանի կ՚ողբայ երկիրը մեր դեռ իր ցաւեր…

Լուռ աստուածնե՛ր, լըսեցէ՛ք մեզ, լըսեցէ՛ք մեզ…»։