Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՒ ՇՈՒՆՉ ԱՐԴԻ ՌՈՒՍ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


Յոռետեսութիւնը դարձեալ տիրապետող շունչն է արդի ռուս գրականութեան մէջ։ Նոր ինչպէս հին արտադրութիւնները, այնքան գեղեցիկ եւ այնքան հարուստ, մտքերու ընդհանուր վիճակն է որ կը պատկերացնեն։ Այսպէս է նորագոյն հրատարակութիւն մը, Պունինի Գիւղը, ամէն կերպով նշանակելի գիրք մը, կենենի՝ սուր եւ խորաթափանց դիտողութեամբ մը։ Գրագէտը երկարօրէն կանգ կ՚առնէ ռուս ժողովուրդին գոյութեան պայմաններուն վրայ, բոլորովին սեւ պատկեր մը գծելով։ Իր եզրակացութիւնները կ՚ընդգրկեն բովանդակ ազգը. գրքին երկու հերոսները, երկու եղբայրներ, մուժիկի շրջանակէն շատ անդին, անո՛ր իսկ միջոցաւ, ռուս ընկերութեան բոլոր շրջանակները կը տեսնեն։

Եթէ ճիշդ է որ, օրինակի համար, իրերու վիճակին պատասխանատուութիւնը արտաքին պարագաներու վրայ ձգելու սովորութիւնը տաժանելի հետեւանքներ ունեցաւ ազգին համար, պէտք չէ մոռանալ նաեւ թէ ո՛րքան խիտ եղած են շարքերը անոնց որոնք, ամէնէն աննպաստ պայմաններուն մէջ իսկ գերագոյն պայքարներ մղեցին, հոգիները խաւարի տիրապետութենէն ազատելու համար։

Այս երեւոյթը կը յիշեցնէ ուրիշ նոր հրատարակութիւն մը, Ա. Զօլօթարէֆի գիրքը, Օտար ափերու վրայ, որ կարծես պատասխան մըն է Պունինի մռայլ խորհրդածութիւններուն եւ ուր արտայայտութեան կախարդիչ հմայքին կը միանայ մտածումի բարձրութիւն մը։

Կը գտնուինք Սիպերիոյ մէջ ուր Զօլօթարէֆի հերոսը աքսորուած է Մոսկուայի ապստամբութենէն յետոյ։ Եւ ահա թէ ի՜նչ կը լսէ լեհ դատին վաղեմի ռազմիկներէն ծերունիի մը բերնէն, երբ անոր կը յայտնէ իր կասկածներն ու երկիւղները Ռուսիոյ ապագային մասին.

«Ընդունի՜նք նոյն իսկ թէ մեռածներու երկիրն է այդ, ինչպէս որ դուք, անոր զաւակները, ներկայացուցած էք զայն, ձեր մայրը, բովանդակ աշխարհի առջեւ։ Ընդունի՛նք, համաձայն եմ։ Եւ սակայն ան կ՚ապրի, զաւա՛կս։ Եւ ան կեանքի կը կոչէ ձեզ եւ ոչ թէ մահուան։ Հնազանդէ՛ ուրեմն անոր ձայնին եւ փախիր ասկէ. այս կորսուած քաղաքէն փախիր դէպի յաւիտենական Քաղաքները։ Դուն այնտեղ ուրի՜շ բաներ պիտի գտնես քան թէ գերեզմաններ եւ մեծ հաւատաքննիչներ։ Պրոմէթէոսի շունչը այնտեղ կ՚ապրի միշտ եւ երբեք չպիտի մարի։ Եւ ան միշտ մեծ մարտիրոսներու եւ մեծ շինողներու երկիրթ պիտի ըլլայ»։

Խօսքե՜ր որոնք կրնան խորհրդածել տալ շատ մը վհատածներու։

Դարձեալ Սիպերիան եւ բանտն է որ կը ներկայացնէ, իր Պատմուածք ներուն մէջ, Օսիփովիչ։ Ինչպէս ուրիշ բազմաթիւ ռուս հեղինակներ, Օսիփովիչ ալ կրած է աքսորի երկար եւ տաժանելի դառնութիւնները եւ կրցած է իր կալանաւորի խցիկին պատերուն մէջէն ու աքսորավայրին վրայ, կիրարկել իր դիտելու սուր ընդունակութիւնները, զորս աւելի կ՚ուժեղացնէ իր զգայուն բանաստեղծի խառնուածքը։ Իր Պատմուածք ները ուշագրաւ են արուաստով եւ հոգեբանական զննութիւններով։

* * *

Երիտասարդ ժողովուրդ մը միշտ բան մը կը սպասէ եւ մեծ ակնկալութիւններ կ՚ունենայ իր բնութեան տարօրինակ ուժերուն վրայ։

Մարդ մը կարելի չէ զատել իր սխալումներէն, այլ՝ իր գործած աղէկութիւններէն։ Ոչ թէ իր ճշմարտութեան եւ լաւութեան գաղափարներէն, այլ՝ հաստատակամ փափաքէն զոր ունի այդ երկուքի մասին։

Պեօրնսըն

  Կեանքը ճամբորդութին մըն է, հոգիի մէկ կատարելագործութիւնը, որ կ՚ընթանայ միշտ։ մօտենալով երջանկութեան։

«Ազատամարտ», Շաբաթաթերթ—Յաւելուած, Գրական, գեղարուեստական եւ գիտական, 1911, Թիւ 52, Յուլիս 10/23։