Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ


1910—1911 թատերական շրջանը խիստ բեղմնաւոր էր Իտալիոյ համար։ Միայն գլխաւորները յիշելով, մօտաւորապէս քառասուն նոր թատերախաղեր բեմ հանուեցան այս տարի, աշունէն մինչեւ գարուն, մինչ չորս տարի առաջ, Կապրիէլէ տ’Անունցիօի Նավէ էն զատ, հազիւ երեք—չորս նոր թատերախաղ կար ուշադրութեան արժանի։

Այս կենսունակ երեւոյթը ուշագրաւ է մէկէ աւելի տեսակէտով։ Նախ՝ կը ցուցնէ թէ ո՛րքան բազմաթիւ են այն իտալացի հեղինակները որոնք կը խանդավառուին թատերաբեմով. յետոյ, կ՚ապացուցանէ թէ մտաւորական կեանքի այս վերածնութիւնը երկրի միայն մէկ որոշ կէտին վրայ չէ որ կը նշմարուի, այլ միաժամանակ ամէ կողմ, հիւսիսէն հարաւ։ Այս տարուան միջոցին, 36 նոր թատերախաղեր ներկայացուցին Հռոմի, Նափօլիի, Ֆիրենցայի, Միլանի, Ճենովայի, Թուրինօի եւն. գլխաւոր թատրոններուն մէջ։ Եւ դեռ պէտք է նկատել որ շատ մը երկրորդական քաղաքներու թատերական կեանքը անծանօթ կը մնայ, Իտալիան ըլլալով գերազանցապէս ապակեդրոնացված երկիր մը։

Ի՞նչ են այս կերպարանափոխութեան, այս հրաշալի կենսունակութեան պատճառները։

Ամէն բանէ առաջ, մտաւորական այս գործունէութիւնը մէկ արտայայտութիւնն է այն ազգային ընդհանուր վերածնութեան զոր ունեցաւ Իտալիան կէս դարէ ի վեր։ Բայց թատերական կեանքին մէջ չի բաւեր միայն գործար արտադրել. հարկ է եւ՛ ներկայացնել զանոնք։ Արդ, քանի մը տարիէ ի վեր թատերական ներկայացման նիւթական միջոցները ճոխացած, լաւ կազմակերպուած եւ բարեփոխուած են։ Ո՞րն է եղած պատճառ եւ ո՞րը արդիւնք։ Թատերագիրներու յարաճուն թի՞ւն է որ պատճառ եղած է նոր եւ աւելի արդիական թատրոններու կառուցման։ Կամ, բարգաւաճ թատրոններու հաստատո՞ւմն է որ դէպի թատերական արուեստը քաշած է բանաստեղծները։ Պարապ հարցում։ Երկու պարագաները իրար կը լրացնեն. երկուքն ալ միաժամանակ եւ փոխադարձաբար պատճառ կը հանդիսանան իրարու։ Հռոմի մէջ հաստատուած ընկերութիւն մը յեղափոխութեան շրջան մը բացաւ Իտալիոյ գրական պատմութեան մէջ։ Այս ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր ամէն տարի անտիպ գործեր ներկայացնել իտալացի հեղինակներէ, ծնունդ տուաւ բոյլ մը նոր թատերագիրներու, որոնք թերեւս երբեք չփորձէին իրենց տաղանդը, եթէ այդքան հրապուրիչ պատեհութիւն մը չունենային։

Յաջորդաբար հիմնուեցան նմանօրինակ թատրոններ, ապահով եւ տեւական եկամուտով։ Այդ թատրոններէն մէկը, Հռոմի մէջ, ամէն օր կը ներկայացէ չորս—հինգ թատերախաղեր՝ մէկ եւ երբեմն բացառաբար երկու արարով։ Հանդիսատեսները շատ աննշան գումար մը կը վճարեն միայն մէկ արարի համար. իսկ եթէ մէկէ աւելի խաղեր լսել ուզեն, մասնաւոր գիներ կան։ Այս ձեռնակը ահագին յաջողութիւն ունեցաւ. եւ որովհետեւ միշտ անհրաժեշտ է փոխել խաղացանկը, իտալացի երիտասարդ թատերագիրներուն համար տեւական պատեհութիւն մը կայ իրենց տաղանդը արժեցնելու։

Յետոյ կան շրջուն ընկերութիւնները, որոնք շարունակ նոր խաղեր կը փնտռեն։

Թատերական վերածնութեան մէջ՝ ուժեղ դեր մը ունի եւ հանրութիւնը, Իտալիոյ վառվռուն ժողովուդը, որուն համար այլեւս օուան կենցաղի անհրաժեշտ մասը դարձած է թատրոնը։ Ան՝ օրը օրին կը հետեւի թատերական ներկայացումներուն, կը վիճի, կը կռուի հեղինակներ փառաբանելու կամ վարկաբեկելու համար. եւ այսպէս կը ստեղծէ տենդագին, յարատեւ կենդանութիւն մը։

Ու վերջապէս, կայ մամուլը, որ սիւնակներ կը նուիրէ առաջին ներկայացումներու։ Իտալիոյ մէջ մեծ նշանակութիւն ունին ներկայացումներու նկարագրութիւնները, հեղինակներու հետ տեսակցութիւնները, անխորհրդապահութիւններ նոր խաղերու մասին, հակաճառութիւնները եւն. ։ Օրեր կ՚ըլլան որ Թրիպունայ ի, Ճիօրնալէ տ’Իթալիայ ի կամ Վիթայ ի վեց էջերէն մէկը ամբողջովին թատրոնին կը նուիրուի։ Եւ իսկապէս գրական ճակատամարտեր է որ տեղի կ՚ունենան տարբեր հայեացքի քննադատներու միջեւ։ Շաբաթներով վիճաբանութիւններ տեղի կ՚ունենան արտադրութեան մը մասին, անոր յաջողութեան դէմ բողոքելու կամ անոր ձախողման դէմ ըմբոստանալու համար։ Եւ, ինչպէս որ թատերական արտադրութիւնը հրաշալի թռիչք մը ստացած է քանի մը տարիէ ի վեր, այնպէս ալ, գրական եւ գեղարուեստական քննադատութիւնը արտակարգ կարաւորութիւն եւ բարձրութիւն ստացած է։ Հուժկու վարպետներու ետեւէն հասած է սերունդ մը երիտասարդներու՝ խանդաբորբ, տաղանդալից, երբեմն բուռն, արբեմն անարդար, բայց միշտ անկեղծ, անշահախնդիր եւ վեհոգի, որոնք նոր կենդանութիւն մը ներարկած են իտալական գրականութեան։

Այլեւս տեղ չունի երբեմնի անփոյթ քննադատներու օրհնալիր հաճոյակատարութիւնը։ Այն գործը որ համապատասխան չէ ակնկալութեան, կը դատապարտուի անողորմաբար, հանրութեան աչքին առջեւ։

Այս քնադատութեան շնորհիւ, այսօր Իտալիոյ մէջ պատրաստուած է ընտիր հասարակութիւն մը՝ զգայուն թէ ազգային եւ թէ օտար արտադրութեանց գեղեցկութիւններուն հանդէպ։ Բոլոր այն գրետէտները որ իսկական տաղանդ ունին, կրնան ապահով ըլլալ թէ բեմական յաջողութիւն գտնեն։

«Ազատամարտ», Շաբաթաթերթ—Յաւելուած, Գրական, գեղարուեստական եւ գիտական, Բ. Տարի, 1911, Թիւ 4 (56), Օգոստոս 7/20։