Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ



Խորհրդարանին մէջ Վարչապետ Հիլմի փաշայի յայտարարութիւնը կը պարունակէր նաեւ հետեւեալ քիչ մը աւելի լուսաբանութեան եւ լուրջ խորհրդածութեան արժանի տողերը. «Հանրային օգտին այս միեւնոյն մտածումին հետեւանքով մեր բոլոր զօրութեամբ պիտի մարտնչինք այն ամէն մասնական ձգտումներուն դէմ՝ որոնք կրնան վնասել մի եւ անբաժանելի հայրենիքի մը մեծ գաղափարին եւ կրնան խանգարել այդ հայրենիքը կազմող բոլոր տարրերուն սերտ շփումը»։

Հիլմի փաշայի դահլիճը իր բոլոր զօրութեամբ պիտի կռուի մասնական ձգտումներուն դէմ։ Բայց չըսուիր որոշակի թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ մասնական ձգտում այս տարտամ բացատրութեամբ եւ որո՞նց կողմէ այդ մասնակի ձգտումը։

Թերեւս սա տրամաբանական եզրակացութիւնը կարելի է հանել նոյն պարբերութենէն որ Հիլմի փաշայի դահլիճը որոշ կասկածներ ունի պետութեան մէկ կամ միւս ժողովուրդներուն վրայ, իբրեւ մասնակի ձգտումներ սնուցանող կամ ուրիշ խօսքով՝ անջատողական գաղափարներու տէր տարրեր։

Այդ կասկածը ներշնչող տարրը չի կրնար թուրք ժողովուրդը ըլլալ բնականաբար, որովհետեւ անիկա ինքզինք արդէն տիրապետող տարր, երկրին ու պետութեան միակ իրաւատէրը կը ճանչնայ ու կը դաւանի։

Կը մնան ոչ—թուրք ժողովուրդները, հայ, յոյն, պուլկար, արաբ, արնաւուտ եւն. եւն. ։

Ակնարկութիւնը, եթէ կ՚ուզէք ամբաստանութիւնը ուղղուած է ուրեմն այս ազգութեանց պատկանող հասարակութիւններուն, որոնց՝ որ սկիզբէն ի վեր նկատուած են իբրեւ երկրին խորթ զաւակները, քաղաքականապէս մշտնջենական ծառաներ, անոնց՝ որոնց արդարացի պահանջը, իւրաքանչիւր իրաւացի բողոքը մեկնաբանուած է հակառակ եզրէն, մեկնաբանուած է «անհաւատարմութեամբ», պետական դաւադրութեամբ եւ այլ այս կարգի թշնամանքներով։

Անտարակոյս այս անգամ Հիլմի փաշա այդ մասնական ձգտում ին չուզեր քաղաքական իմաստ մը տալ. այլապէս տեղի պիտի ըլլար հետեւցնելու թէ դաւադիր ժողովուրդներ կան սահմանադրական այս երկրին մէջ, որոնք խուլ կերպով պետութեան ամբողջութեանը դէմ դաւաճանական ծրագիրներ կը սնուցանեն եւ այդ ծրագիրներուն գործադրութեանը կ՚աշխատին գաղտնապէս։ Քաղաքական իմաստով գործածուած չեն, կ՚ըսենք, Հիլմի փաշայի այդ երկու բառերը, որովհետեւ այդքան ծանրակշիռ իրողութեան մը վրայէն այդքան հարեւանցիօրէն անցնիլ ներելի չէր եւ չպիտի ըլլար Վարչապետի մը համար, որ թերեւս հարկադրուած ըլլայ վաղը կամ միւս օր դիմելու խիստ միջոցներու եւ խստագոյն կարգադրութեանց։ Երկիրը՝ նման փափուկ եւ պատասխանատուութեամբ ծանրացած փաստի մը գոյութեան համար իրաւունք ունի աւելի յստակ եւ աւելի բացորոշ յայտարարութիւններ լսել Վարչապետէ մը։

Ո՛րքան կարելի է մակաբերել ուրեմն նոյն բացատրութիւններէն՝ կը թուի թէ մասնակի ձգտում բառերը այս անգամ կը շօշափեն ազգային իրաւահաւասարութեան եւ առհասարակ ազգային ինքնորոշմանց կենսական հարցերը։

Սահմանադրութեանց հատարակումէն ի վեր Օսմանցիութեան վարդապետութիւնը բիւր անգամ կրկնուած ու յեղյեղուած խնդիր մը դարձած է այլ եւս, որուն էական նպատակին ու ձգտումներուն վրայ ծանրանալ աւելորդ է այլ եւս, Օսմանցիութեան խարազանին տակ մտադրուած է բացարձակապէս չքացնել ամէն լեզու, ամէն զգացում, ամէն աւանդութիւն, ամէն յատկանիշ եւ թողուլ միայն թուրք լեզուն, թուրք աւանդութիւնները, թուրք մտածողութիւնը եւ թուրք յատկանիշերը։

Հին քացախը՝ նոր տիկի մէջ։ Ա՜խ այն քաղաքական տխմարութեան ճախինը՝ ուրկէ դուրս չի կրնար ելլել ոչ բռնապետական Թուրքիան եւ ոչ ալ Երիտասարդ Թուրքիոյ մէկ մասը։

Ազգերը բռնի ուժով եւ քաղաքական էնթրիկներով չեն մեռնիր եւ չեն կարող մեռնիլ. ասիկա պէտք է որ ըմբռնեն այս պետութեան ղեկը ձեռք առնողները՝ որոնք իրենց դէմ միշտ պիտի գտնեն՝ Յոյներն իրենց փառաւոր անցեալին հպարտութեամբը գինով, Հայերն իրենց անողոք իրաւախնդրութեամբը անտեղիտալի, Արաբներն իրենց լեզուովն ու գրականութեամբը անյաղթելի, Պուլկարներն իրենց ազատութեան պայքարովն անխոնջ եւ որոնք ամէնքը ուրիշ բան չեն պահանջեր, այլ միայն թող տալ որ ազատօրէն զարգանան, իրենց լեզուովը, քաղաքացիական ու ազգային իրաւունքներովը, հաւասար գծի վրայ կանգնին Թուրքին հետ եւ այսպէս հաւաքաբար, միասնական կերպով բաժնեն իրկրին թէ՛ ցաւերը, թէ՛ ուրախութիւնները։ Որովհետեւ այս ուղեգրով միայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ աւելի շուտ յառաջդիմել եւ նաստել պետութեան զարգացմանն ու քաղաքակրթութեանը, որովհետեւ ի՛նչ բան որ արգելք կը հանդիսանայ բարեշրջութեան այդ անցքին եւ կը խափանէ զայն, վնասակար եւ վտանգաւոր է միանգամայն թէ՛ պետութեան, թէ՛ ընդհանուր հայրենիքին։

Հիլմի փաշա ի զո՜ւր կը կարծէ մէկ գտակ կարել բոլոր ցեղերուն եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ազատ ու անարգել զարգացումը վտանգ ենթադրել «սի եւ անբաժանելի» հայրենիքի մը մեծ գաղափարին։

Հայրենիքը կը մնայ մի եւ անբաժանելի այն ատեն՝ երբ երկրին մէջ ազգային հաւասարութիւնը կ՚իրագործուի վերջնապէս եւ կառավարութիւնն ու իր խօսքերը կը դադրին հակասութիւն ըլլալէ։ Ո՞րն է այն յիմար ազգը՝ որ իր լեզուին, իր գրականութեան, իր ազային ու մարդկային իրաւունքներուն ապահովութեանը կատարելապէս տիրանալէ ետք՝ պիտի ուզէ այլ տեղ փնտռել ուրիշ առաւելութիւններ, ուրիշ անգոյ ազատութիւններ. ո՞րն է այն ժողովուրդը՝ որ իր աշխատանքին տէր դառնալէ ու բարօրութեան հասնելէ ետք՝ գլուխը քարին պիտի զարնէ ու երթայ այլ տեղ փնտռել այն՝ ինչ որ ունի արդէն։

Բաւական է միայն որ Հիլմի փաշա եւ ուրիշ վարչապետցուներ՝ հասկնան այս ճշմարտութիւնը եւ այդ ճշմարտութեան մէջ փնտռեն մի եւ անբաժանելի Հայրենիքին գոյութեան գրաւականը։

Բաւական է վերջապէս որ անցեալի սխալ ու հակաբնական քաղաքականութիւնը փոփոխութիւն կրէ։

Փետ. 11/24

«Ժամանակ», 1909, թիւ 103, Երկուշաբթի, Փետրուար 16—1 Մարտ