Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆ


Ոստիկանութիւնը այս օրերուն մէջ կատարեց այնպիսի հակասահմանադրական գործ մը, որուն դէմ հանրային կարծիքը պէտք չէ անտարբեր ու լուռ մնայ։

Հուգուզը Ումումիյ է ի խմբագրատան խուզարկութիւնը, ինչպէս նաեւ այս առիթով այլ եւ այլ բնակարաններու դէմ եղած ոտնձգությունները այնպիսի դէպքեր են, որոնց նշանակութիւնը կարծուածէն աւելի ծանրակշիռ է։

Մենք դիտաւորութիւն չունինք հոս քննութեան առարկայ ընելու թէ ո՛րքան հիմնաւոր ու ճշմարիտ են ոստիկանութեան կողմէ Ֆէտաքեարանը Միլլէթ կազմակերպութեան դէմ հրապարակած ամբաստանութիւնները, որոնք բնաւորութիւն ունին կասկածելի եւ հանրային ապահովութեան համար վնասակար ցոյց տալ նոյն կազմակերպութեան վարիչներն ու նպատակը։ Միտք չունինք նմանապէս փնտռելու թէ ի՛նչ թելադրութիւն եւ ի՛նչ դիտաւորութիւններ ծածուկ կեցած են ոստիկանութեան ետեւ եւ կ՚առաջնորդեն զայն։ Միայն սաչափը գիտենք սկիզբէն ի վեր թէ Ֆէտաքեարանը Միլլէթ կազմակերպութիւնը բացառապէս կը բաղկանայ նախկին քաղաքական դատապարտեալներէ, բանտարկեալներէ եւ աքսորականներէ՝ առանց ազգի ու կրօնի խտրութեան, գլխաւոր ու հիմնական նպատակ ունենալով պաշտպանել Սահմանադրութիւնն ու սահմանադրական ազատութիւնը, զուգահեռաբար պաշտպանելով ու ձեռք բերելով նաեւ այն անհատական իրաւունքները՝ զոր նախկին րէժիմին անիրաւ բռնութեանց ու հալածանքին հետեւանքով կորսնցուցին երկրին բոլոր ազատասէրները, բանտարկութեամբ կամ տարագրութեամբ։ Գիտենք նոյնպէս թէ Ֆէտաքեարանը Միլլէթը չուզեց ձուլուիլ առաջին օրէն իսկ ո՛չ մէկ կուսակցութեան մէջ, պահպանելով իր կազմակերպական անկախութիւնն ու անհատականութիւնը, եւ այդ իսկ պատճառով ալ թերեւս հաճելի չեղաւ ու սիրելի չիմնաց Միութեան եւ Յառաջդիմութեան Քօմիդէին՝ որ համայնակուլ բարի ախորժակով մը կը ձգտի ամէն քաղաքական ուժ, ամեն կուսակցութիւն ընկլուզել իր որովայնին մէջ, կլլել, մարսել։

Բայց ինչպէս ըսինք, առայժմ այս խնդիրները չեն մեզ զբաղեցնողը, թէպէտեւ հակառակ եղած ամբաստանութեանց՝ մենք համոզուած ըլլանք թէ Ֆէտաքեարանը Միլլէթ ը երբեք րէաքսիօնէրական գործերու ընդունակ չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ իր վարիչները ամէնքն ալ քաղաքականապէս տանջուած ու հարստահարուածներ, կը մնան ամրապէս կապուած սահմանադրական կարգերու եւ անձնուէր ազատութեան։

Այս բոլոր իրողութիւններէն եւ խնդիրներէն անկախաբար կայ սահմանադրական ամենահիմնական սկզբունքի մը, «բնակարանի անձեռնմխելութեան» բռնաբարութիւնը։

Սահմանադրական ազատութեան առաջին ու միակ պայմանը՝ անհատին կատարեալ ազատութիւնը, այսինքն բնակարանի բացարձակ ապահովութիւնն է։ Իւրաքանչիւր ընտանիք անառիկ բերդ մըն է, ինչպէս կ՚ըսեն անգլիացիք, ուրկէ ներս չի կրնար մտնել ոստիկանութիւնը կամայականօրէն, քմահաճ կերպով, երբ որ ուզէ կամ ինչպէս որ բաղձայ։ Երբ անհատը չի վայելեր օրէնքին այս պաշտպանութիւնը, ամէն ազատութիւն կը դառնայ անուանական, խաբուսիկ ու անհաստատ։

Սահմանադրական ո՛ եւ է երկրի մէջ մինչեւ որ ընդհանուր դատախազին յատուկ եւ պատճառաբանեալ որոշմնագիրը չըլլայ, ոստիկանութիւնը իրաւունք չունի ո՛չ մէկ քաղաքացիի բնակարանը մտնելու՝ խուզարկութեան կամ ձերբակալութեան համար։ Աւելին կայ. նոյն իսկ այս պարագային՝ առանց դատական մասնաւոր պաշտօնեաներու ընկերակցութեան եւ ներկայութեան ոստիկանութիւնը չի կրնար մէկ քայլ իսկ առնել ամբաստանեալ տան մը դռնէն ներս։ Դատաստանական իշխանութենէն դուրս չի կայ ո՛չ մէկ մարմին, ոչ մէկ հեղինակութիւն, ոչ մէկ իրաւասութիւն՝ որ տէրն ըլլայ այդ իրաւունքին. հետեւաբար ո՛վ որ կը յանդգնի ազատութեան այս տարրական օրէնքը բռնաբարել, կը կատարէ ամէնէն դատապարտելի բռնութիւններէն մէկը եւ պատասխանատու է դատարանին։

« Հուդուգը Ումումիյէ » ի խմբագրատան եւ անոր խմբագիրներուն ու վարիչներուն բնականութեանցը մէջ եղած խուզարկութիւնները ոստիկանութեան կարգադրութեամբ եւ տնօրինութեամբ՝ ահա այդ բռնութիւնը եւ անհատին ամենանուիրական իրաւունքներուն ոտնահարումը կը հաստատեն։

Ոստիկանութիւնը պատասխանատու է եւ պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի։

Մամուլը եւ հանրութիւնը պէտք է պահանջեն ասիկա՝ բոլորուժերով եւ բոլոր զայրոյթով։

Քեամիլ փաշան՝ Երեսփ. Ժողովին առջեւ իր ըրած համարատուութեան մէջ կը հաւաստէր թէ՝ «Մեր դատական գործոց մէջ հարկ տեսնուեցաւ ժամանակիս պէտքերուն համաձայն բարեփոխել ու սրբագրել մեր օրէնքները, որոնք լիովին երաշխաւորելու են անձնական իրաւանց պահպանումն ու ընդհանուրին գործերուն վստահելի կերպով յանձանձումը », մինչդեռ իրականութիւնն այն է որ՝ վարչապետին յայտարարութեանց նոյն օրուան գիշերն իսկ ոստիկանութիւնը հրապարակային կերպով ոտքի տակ կ՚առնէր «անձնական իրաւունքներու» ամէնէն էականը եւ կը խայտառակէր Սահմանադրութիւնը։

Այս երկրին մէջ՝ մինչեւ յուլիս 11, ոստիկանութենէն աւելի գարշելի ու ոճրապարար հեղինակութիւն չէ եղած. ոստիկանութենէն զատ չի կայ կառավարական ոչ մէկ պաշտօնէութիւն, որ այնքան ատելութիւն ներշնչած ըլլայ ժողովուրդին, որովհետեւ բռնութեան մարմնացումը ինքն իսկ այդ թշուառական ոստիկանութիւնն էր, իր անսահման իշխանութեամբ ու կամայականութեամբ, իր լայնքով ու խորութեամբը ապականած, ոճրաշաղախ, անբարոյական ու լիրբ։

Ժողովուրդը ազատութիւնն զգաց եւ անոր հաւատքը ընծայեց միայն այն ատեն՝ երբ համոզուեցաւ թէ ոստիկանութեան անպարագրելի իշխանութիւնը սահմանափակուած է եւ ապահովուած անձի ու բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը։

Եւ ահա այսօր դարձեալ ոստիկանութիւնը կամաց կամաց կը մտնէ իր նախկին դերին մէջ եւ դուրս կուգայ սահմնադրական օրէնքին կողմէ իրեն համար որոշադրուած իրաւասութեանց շրջանակէն։

Ոչ մէկ տարակոյս որ այս առաջին փորձին վաղը կը յաջորդեն ուրիշներ. երէկ «Հուգուգը Ումումիյէ»ի խմբագրատունն էր անիրաւութեան զոհ գացողը, վաղը կ՚ըլլայ ուրիշ մը, վաղը չէ միւս օր կ՚ըլլան ուրիշ քաղաքացիներ, ինչպէս որ պատահեցաւ անցեալին մէջ աստիճանաբար եւ սիսիդէմաթիքեղանակով մը։

Օրինակը վարակիչ ու թելադրական է միանգամայն, եթէ մայրաքաղաքին մէջ եւ Երեսփ. Ժողովի աչքին առջեւ կարելի է հիմնական ազատութեան այս բռնաբարումը, ի՜նչ զեղծումներ, ի՜նչ կամայականութիւն եւ անիրաւութիւն չեն կրնար կատարուիլ՝ այս ուղղութեամբ եւ ահա այս կարգի շեղումներով գաւառներու մէջ։

Առանց անհատական ազատութեան պահպանմանը, չի կայ հաւաքական ազատութիւն. եւ բնակարանի անձեռնմխելիութեան սկզբունքը՝ խարիսխն է, պատուանդանը բոլոր միւս ազատութիւններուն։

Ոստիկանութիւնը չի կրնար արդարանալ հանրային կարծիքը գրգռելու նպաստող տարաձայնութիւններ եւ ամբաստանութիւններ հրապարակ նետելով Ֆէտաքեարանը Միլլէթի դէմ, եթէ անիկա իրաւցնէ դատապարտելի նպատակներու հետամուտ եղած է, եթէ անիկա հանրային ապահովութեան վնասակար խորհուրդներ յղացած է, ինքը՝ ոստիկանութիւնը նոյնպէս եւ շատ աւելի յանցաւոր ու դատապարտելի է. բռնաբարած ըլլալով ազատութեան ամենահիմնական օրէնքը, բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը՝ կամայականօրէն, առանց օրինական իրաւասութեան։

Օրէնքի ու իրաւունքի զեղծման մէջ հասարակ քաղաքացի՞ն է աւելի դատապարտելի թէ այդ օրէնքին եւ իրաւունքներուն պահպանմանը հսկելու կոչուած պաշտօնէութիւնը. ո՞րն է այս պարագային մեծագոյն պատասխանատուն՝ Ֆէտաքեարանը Միլլէ՞թ ը, որ բաղկացած է պարզ քաղաքացիներէ, թէ՝ Ոստիկանութիւնը՝որ իբրեւ արդարութեան, իշխանութեան մմէկ մասը պարտաւոր է նախինք հպատակիլ երկրին օրէնքներու ու յարգել անհատին ազատութեան անբռնաբարելի իրաւունքը։

Քաղաքացիական պարտաւորութիւն է ձայն բարձրացնել ոստիկանական այս պաշըպօզուգութեան դէմ եւ հարկադրել ոստիկանական իշխանութիւնը իր սահմաններէն դուրս չի գալու։

Երեսփոխանական Ժողովին անմիջական գործերէն մէկը պէտք է ըլլայ շուտով բողոքել այս փաստին դէմ, որ ամէն ֆէտաքեարաններու իրական կամ ենթադրական վտանգէն աւելի սպառնական է հանրային ապահովութեան ու անհատական ազատութեան։

Յունուար 2

«Ժամանակ», 1909, թիւ 74, Երկուշաբթի, 12—25 Յունուար