Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ


Կառավարական նոյն դանդաղ, նոյն յուսահատական անիւը, որ կը ջանայ շարժիլ իր առանցքին վրայ, որ կը խոստանայ թաւալիլ, բայց մշտնջենապէս գամուած է իր տեղը, աւազի մէջ։

Ու սահմանադրական կառավարութիւնը Պօլիսն է՝ Կեդրոնը այս լայնատարած, այս աշխարհագրապէս ու ցեղագրապէս այնքան այլազան պետութեան որ կարող պիտի ըլլայ հերկուլեան բազուկներով ու գերբնական հանճարով մը ընթացք տալ երկրին վարչային, տնտեսական ու քաղաքակրթական բազմաձեւ ու դժուարակնճիռ գործերուն։

Տեսա՞ծ էք այն պատկերը՝ ուր մանուկ մը իր թեւերով երկրագունդը կը գրկէ։ Պօլիսը, այսինքն պաշտօնեաներու փոքրաթիւ քանակ մը, վերջապէս իրենց վրայ առաջնորդողի եւ ղեկավարողի դերը վերցնող անձնաւորութեանց խմբակ մը՝ այս մայրաքաղաքիս մէջ նստած պիտի ըմբռնէ բազմամիլիոն ժողովուրդի մը պահանջները, ցաւերը, ձգտումները, դրութիւնը եւ գոհացում տայ անոնց…։

Եւ սակայն այդ մարդիկը, ընդունելով վայրկեան մը օժտուա՛ծ եւ տաղանդաւոր, բարեացակմ ու անկախ, նիւթապէս ժամանակ չունին եւ չեն կրնար ունենալ, իրենց պաշտօնին պահանջած մեքենական ու առօրեայ յորդառատ աշխատութեանց, անմիջական ու մօտաւոր զբաղումներու բռնադատութեամբ իսկ աւելի հեռաւորին վրայ մտամփոփուիլ եւ աւելի հեռաւորին նուիրուիլ, ուրիշ խօսքով՝ հասնիլ պետութեան ծայրերուն անթիւ, անհամար պէտքերուն։

Բայց ժողովրդական ցաւերը լռեր չեն գիտեր եւ կեանքը աղաղակել կուտայ բերաններուն։

Բայց երկիրը կը հեծեծէ։

Դժգոհութեանց, բողոքի, արցունքի եւ յուսահատութեան գետերը կը վազեն պետութեան բոլոր կողմերէն դէպի կեդրոնը, դէպի այս դանդաղութեան, քաղաքական էնթիրքի, տիրելու, իշխելու, եւ սակայն միշտ քայքայելու պատմական ճակատագիրն ունեցող անապատային քաղաքը, ու կը խեղդուին, կը փճանան։

Այսպէս էր անցեալին մէջ՝ բիւզանդական կայսրութեան օրով, այսպէս եղաւ ժամանակակից շրջաններուն՝ բախտը այս քաղաքին, որ յանդգնութիւնն ունեցաւ, որ շարունակեց յամառիլ Եւրոպայի եւ Ասիայի վրայ տարածուած հսկայ պետութեան մը եւ այդ պետութեան մէջ ապրող ցեղերու լէգէոնի մը կեանքի սանձը միս մինակը իր ձեռքերուն մէջ բռնելու։

Կեդրոնացնել կառավարութեան դրութիւնը՝ որուն էութիւնը միշտ բռնապետական է, ինչ որ ըլլայ իր ձեւը, մահուամբ պատժեց անցեալին մէջ բիւզանդական կայսրութիւնը եւ կը սպառնայ այսօր Օսմանեան պետութեան։

Այդ կեդրոնացեալ դրութիւնն էր որ ժողովրդական ուժը տկարացուց եւ հաւաքական կամքը սպաննելով՝ իշխողներու եւ հարստահարողներու զօրութիւն մը ստեղծեց. այդ դրութիւնն էր որ ազատ դատողութեան ու քննադատութեան ոգին մեռցնելով հասարակութեան մէջ՝ տիրապետողներու եւ տէսպօթներու դասակարգ մը առաջ բերաւ, եւ, այդ դրութեան պատճառով էր որ ինքնագործունէութիւնը ջնջուեցաւ ժողովուրդին մէջ, անհատականութիւնը եւ իրաւունքի գաղափարը անհետացաւ ու մնաց աւազակներու եւ կեղեքողներու կատաղի վոհմակ մը՝ իբրեւ գերիշխան պետութիւն, իբրեւ ղեկավա՜ր ազգերու, որոնք կը չարչարուէին ու անօթի էին, որոնք կը չարչարուին ու թշուառ են այսօր։

Վարչային նոյն կեդրոնացեալ դրութեան, ըսէք նաեւ անոր սահմանադրական ալ՝ եթէ հաճելի է ձեզի, որ կուգան բաղխիլ գաւառական ազգաբնակութեանց տնտեսական ու քաղաքական պահանջները ու թերեւս նոյն ուժով ու աւելի վտանգաւոր թափով մը ետ կը դառնան ու կ՚իյնան նորէն բողոքարկուներուն, իրաւապահանջներուն գլխուն վրայ։

Կեդրոնը՝ ճանչնալու համար երկրին իսկական վիճակը, վերահասու ըլլալու համար գաւառներու մէջ որջացած բռնաւորներու եւ կեղեքողներու շահատակութեանց, ծանօթանալու համար երկրագործ եւ աշխատաւոր հսկայ բազմութեան մը տնտեսական տագնապալի կացութեանը, անսուաղութեանը՝ պէտք է որ քննիչ յանձնախումբեր խրկէ, պէտք է որ այդ քննիչ յանձնախումբերը՝ հաղորդակցութեան միջոցներէ զուրկ այս դժբախտ երկրին մէկ մասը աչքէ անցնեն առնուազն երեք չորս ամիսէն, եւ մանաւանդ պէտք է որ վերջապէս քննիչ յանձնախումբ մը ճամբայ ելլել ուզէ…։

Կեդրոնացեալ կառավարութեան Ֆիզիօնօմին է ասիկա, տխուր բայց իրական պատկերը։

Պետական չարիքները ո՛չ թէ անձերէ կը բղխին, այլ այդ սիսթէմէն, այն դրութենէն՝ որ կը տնօրինէ նոյն պետութեան մէջ ապրող ժողովուրդներուն կեանքն ու զարգացման գործը։ Եւ մեր կեանքի չարիքներուն մեծագոյն նախապատճառը՝ ամենագլխաւորը՝ կեդրոնացման դրութիւնն է, վարդական այս ձեւը՝ որ ամէնէն քիչ յարմարողն է այս երկրին ու այս երկրի ժողովուրդներուն։

Այդ դրութեան շնորհիւ հասարակութեան եւ կառավարութեան միջեւ բացուած է անդունդ, անվստահութեան, հակակրութեան ու նոյնիսկ ատելութեան անդունդ՝ զոր խելառ ու եղեռնագործ բռնակալութիւն մը կրցածը չի խնայեց աւելի խորունկցնելու, աւելի ընդլայնելու։

Ժողովուրդը յոգնած է Կեդրոնին նայելով ու Կեդրոնէն սպասելով ամէն բան, ամէն հաւատք կորսնցուցած է կեդրոնացեալ վարչութեան մը վրայ, ըլլայ անիկա բռնապետական թէ սահմանադրական, քանի որ իր ձայնը միշտ դժուար պիտի հասնի անոր եւ անոր ձեռքը նոյնպէս դժուար՝ իրեն, քանի որ հին մեքենան պիտի դառնայ դարձեալ իր հին անիւներուն ու իր հին առանցքին վրայ, քանի որ գաւառը դարձեալ պիտի շարունակէ օրերով հեռու մնալ Պօլիսէն եւ Պօլիսը Արաբիայէն, հայկական բարձրավանդակներէն ու Միջագետքի հովիտներէն։ Դարձեալ զեղծ ու կաշառակեր պաշտօնեաներ, դարձեալ ժողովուրդին վզին վրայ նստած հազարաւոր դահիճներ ու կողոպտիչներ, դարձեալ աղերսագիր, գանգատ, հեռագիր, թղթակցութիւն ու բողոք դէպի Պօլիս՝ որ պիտի որոշէ քննիչ յանձնախումբեր ճամբայ հանել եւ չպիտի հանէ։

Պատմութիւնն է ասիկա անցեալին, իրականութիւնը ներկային եւ պիտի ըլլայ նորէն պատմութիւնը՝ վաղուանն ալ։

Վիրան—Շէհիր անունով ամբողջ քաղաք մը քարուքանդ եղաւ պետութեան մէջ, անմեղ քաղաքացիներ սրախողխող եղան, 300էն աւելի գիւղեր հիմնայատակ կործանեցան ու կայքեր, ստացուածքներ թալանի ենթարկուեցան. ի՞նչ ըրաւ Կեդրոնը երկիրն անպատուող այս նողակալի ոճիրին դէմ. նախ հերքել ուզեց իրողութիւնները, ապա որոշեց Քննիչ Յանձնախումբ մը ճամբայ հանել։ Եւ ոչինչ, մինչդեռ մենք տեսանք թէ շատ իրաւացիօրէն Պէշիքթաշի մէջ գործուած համեմատաբար այնքան թեթեւ ոճիր մը՝ ի՜նչ ընդհանուր զայրոյթ, բողոք ու տագնապ առաջ բերաւ նոյն Կեդրոնին մէջ. ինչո՞ւ. պարզ անոր համար որ՝ աչքի առջեւ էր, մօտաւորութեան անմիջական ներգործութիւնն ունէր։

ՔՍԱՆ ՀԱԶԱՐԻ չափ սովահար ընտանիքներու զարհուրելի բանակ մը կայ այս պահուս Հայաստանի մէջ, որ անօթի է, որ սերմնացան չունի, որուն հողերը բռնութեամբ խլուած են պետութեան անօգուտ եւ արդիւնաբերող ժողովուրդին թշնամի կողոպտիչներու կողմէ, որուն յուսահատական դրութիւնը մահացու հարուած է երկրին տնտեսական, բարոյական ու քաղաքական կեանքին եւ սակայն Կեդրոնը քունքերը անգամ չի քերեր այս մեծ վտանգին առջեւ եւ այդ թշուառութեան մասին մտածելու երեւոյթն անգամ ցոյց չի տար։ Շատ շա՜տ, բարեհաճեցաւ Քննիչ Յանձնախումբ մըն ալ այս կողոպտուող, հարստահարուող, տանջուող ժողովուրդին համար խոստանալ եւ Քննիչ Յանձնախումբը դեռ ճամբա՜յ պիտի ելլէ։

Պիւրօկրատական անհոգ, անկարող եւ խաբեբաներու դրութիւնն է որ իր ուղղութիւնը կը շարունակէ, հեռո՜ւ ժողովուրդէն ու անոնց ցաւերէն, նախագրաւուած ինք իրմով ու ինքն իր հաշիւներով, փորելով անդադար անդունդը իր եւ դժբախտ հասարակութեան միջեւ եւ դառնալով միշտ անօգուտ ու վնասակար։

Եթէ պետական անձնաւորութիւնները անձնապէս քաջութիւնը չեն զգար իրենց մէջ՝ խոստովանելու թէ անկարող են պահելու պետական հսկայ բեռ մը եւ իրենց պարտականութիւնները անթերի կատարելու ժողովուրդին նկատմամբ, որուն քրտինքովը, որուն աշխատանքովն ու բարօրութեամբը միայն կրնայ կանգուն մնալ ու ապրիլ այս երկիրը, գոնէ աչքն ունենան տեսնելու ժողովրդական իրաւունքի կողմնակիցները, գոնէ պայծառ իմացականութիւնն ունենան պահելու երկրին պաշտպան անունով հրապարակ եկած անձերն ու կամայականութիւնները։

Եւ եթէ առաջինները շահ ունին լռելու եւ երկրորդները ոչ այն կարողութիւնն ու ընդունակութիւնը՝ իրենց վրայ դրուած յոյսերն արդարացնելու, թող գիտնայ ուրեմն Ժողովուրդը կանգնելու իր իրաւունքին վրայ եւ պաշտպանելու զայն՝ քաղաքացիի վայել արիութեամբ։

Թող ժողովուրդը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի՝ պահանջէ կեդրոնացեալ դրութեան հիմնական բարեփոխութիւնը։

Չարիքը պէտք է չորցնել իր աղբիւրին մէջ։

«Ժամանակ», 1908, թիւ 20, 6—19 Նոյեմբեր