Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄ[ԱՆԵԱՆ] ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


Համալսարանական եւ առհասարակ բարձրագոյն վարժարաններու ուսանողութիւնը ո՛ եւ է երկրի մեջ բարոյական այն մեծ ուժն է, որ կոչուած է տիրապետելու ապագային եւ ազդելու այդ ապագային վրայ։

Նոյն ուսանողութիւնն է որ ժամանակ մը ետք՝ կեանքի մէջ ունենալով իր գործնական դերը, ձեռք բերելով ընկերութեան մէջ յայտնի դիրք ու ներգործական աշխատանք, պիտի ազդէ ընկերութեան վրայ, համաձայն իր կարողութեան եւ աշխարհայեանցքին։

Մտաւորապէս եւ մշակման տեսակէտով յետամնաց երկիրներու մէջ, որպիսին է Թուրքիան կամ Օսմանեան Պետութիւնը, ուսանողութիւնը պէտք է դարնայ ընդհանուր ուշադրութեան եւ մեծագոյն ակնկալութիւններու առարկաներէ մէկը։

Եւրոպական խորհողութեան, արուեստին, նորագոյն ձգտումներուն, մտքին եւ մարդկայնական սկզբունքներուն կենդանի միջնորդները պիտի ըլլան մանաւանդ արտասահմանեան ուսանողները, որոնք վերադառնալով իրենց հայրենիքը, պիտի տարածեն զանոնք իրենց շուրջը հասարակական խաւերու մէջ։

Եւ որպէս զի ուսանողութեան վրայ դրուած այս յոյսն ու ակնկալութիւնները իրապէս արդարանան եւ ներդաշնակ արդիւնքի մը հասնին, պայման է որ ուսանողներու հաւաքական ամբողջութիւնը նախ ինք միութեան մը վերծուի եւ իբրեւ միութիւն՝ ընդհանուր նպատակի մը ձգտի։

Այդ միութիւնը եւ ձգտումի նոյնութիւնը մեր ուսանողութեան մէջ այնքան հարկադրական ու անհրաժեշտ է՝ որքան համերաշխութեան ոգին եւ իրերահասկացողութեան պէտքը ստիպողական՝ պետութեան այլատարր ցեղերուն միջեւ։

Նայեցէք ցեղային անհասկացողութիւններուն՝ որ շրջապատած են մեզ երկաթէ օղակով եւ որոնցմէ դուրս չենք կրնար գալ. նայեցէք մտքի, դատողութեան եւ ցեղային թռիչքներու անհաւասարութեան, որ մեր կեանքի ընթացքին կուտայ օձագալար ուղղութիւն եւ յուսահատական դանդաղութեան կ՚ենթարկէ վերածնութեան գործը. հաշուի առէք անիծեալ նախապաշարումները՝ որ բախտակից ու շահակից ժողովուրդները վայրի գազաններու պէս իրարու դէմ կը լարեն։

Օսմանեան Պետութիւնն է ասիկա, իր անցեալով ու ներկայով, իր բազմատարր ժողովուրդներու թանձր ու մռայլ հոգեբանութեամբը, ղեկավարներու ու վարիչներու իրարամերժ ու անհաւասար մտաւորականութեամբը։

Եթէ անկազմակերպ ու տարերային ամբոխներու մէջ չի կայ ներդաշնակութիւն, չի կայ հոգեկան հաղորդակցութիւն, հասկնալի է գուցէ, եթէ տգէտ, արհամարհելի եւ բռնակալութեան դպրոցին պատկանող պաշտօնէութեան մը հետ ազատ մտածողութեան դաշինք կնքելը անհնար է, նոյնպէս դիւրին է ըմբռնել. բայց յուսահատութիւնը հոն է որ նոյն իսկ առաջաւոր մտաւորականութեան, նոյն իսկ նոր սերունդին պատկանող Օսմանցիներուն մէջ չի կայ ո՛չ զգացման, ո՛չ ձգտումի, ո՛չ քաղաքական եւ ոչ ալ փիլիսոփայական համոզմանց նոյնութիւն, մօտաւորութիւն։

Ազգեր ու ժողովուրդներ՝ նոյն ճակատագրին լծուած եւ նոյն հողին իբրեւ զաւակ, ապրած են կողք կողքի կարծես մի միայն զիրար ատելու եւ իրաու թշուառութեամբը զուարճանալու, մտաւորական մշակներ՝ գրագէտ, լրագրող, ուսուցիչ եւ ուսանող, ծարաւի՜ արուեստի եւ գիտութեան միեւնոյն աղբիւրին, բազկատարա՜ծ դէպի նոյն լոյսի եւ ազատութեան հորիզոնները, կարծես չեն տեսած զիրար միեւնոյն Տաճարին մէջ, կարծես իրարու չեն հանդիպած երբեք կեանքի նոյն հասարակաց ճամբուն վրայ եւ նպատակի նոյն հետապնդութեան միջոցին։

Օսմանցի մտաւորականութիւնը չէ կատարած իր վրայ ծանրացող մեծագոյն պարտականութիւններէն մէկը բարոյական կապ եւ փոխադարձ հաղորդակցութիւն չէ պահպանած։

Եւ այս զանցառութիւնը, այս թերին անդրադարձած է ո՛չ միայն պետութեան մտաւոր եւ բարոյական, այլ եւ քաղաքական ու ընկերական կեանքին վրայ։

Մտքի, դատողութեան եւ խորհողութեան այս ազգային կղզիացման շնորհիւ է որ քաղաքական հակամարտութիւնը այնքան սուր է այսօր. աշխարհայեացքի այս անհաւասարութեան պատճառով է որ ամենակենսական հարցերու եւ իրաւունքի գաղափարին շուրջ տրամադրութիւններն ու հասկացողութիւնները այնքան իրարամերժ եւ հակոտնեայ դասաւորուած են. մտաւորական այս կացութիւնն է որ սնոտի երկիւղով, մտավախութեամբ, կասկածով ու անվստահութեամբ կը ծանրացնէ քաղաքական մթնոլորտը ու զա՛յն կը դարձնէ անհանդուրժելի։

Եւ ահա, այս տխուր իրականութեան մէջ, գեղեցիկ եւ հուսահատական լուրը՝ որ կըգայ դարձեալ ազատ Զուիցերիայէն։

Օսմանեան ուսանողութիւնը կ՚առնէ գիտակցական առաջին քայլը եւ կը համախմբուի, ստեղծելու համար իր մէջ մտածողութեան նոյնութիւն եւ մշակելու համար համագործակցութեան ոգին։

«Ռազմիկ»ի նոյմ. 5—ի թիւին մէջ Լոզանէն գրուած թղթակցութիւն մը կը հաղորդէ թէ Դաշնակցական ուսանողութեան մէկ քանի ընկերներու նախաձեռնութեամբ եւ Թուրք ուսանողներու գործակցութեամբ՝ Հոկտ. 31—ին . Ե. ) գումարած է Լոզանի մէջ առաջին ժողովը, որուն նպատակն է եղած Օսմ. ուսանողներու միութիւն առաջ բերել։ Ժողովին մասնակցած են Հայ, Թուրք, Պուլկար, Մակեդոնիացի, Հրեայ եւ Յոյն ուսանողներ եւ հիմը դրած են արդէն ուսանողական առաջին Միութեան։

Միութիւնը ուրեմն պիտի ըլլայ նախ բարոյական միջավայր մը, ուր նոյն երկրին պատկանող տարբեր տարբեր ցեղերու զաւակները զիրար պիտի ճանչնան, իրարու մտքի պիտի ծանօթանան, պիտի խօսին, վիճին եւ վերջապէս կանգ առնեն ընդհանուր սկզբունքներու վրայ, իւրացնելով զանոնք եւ ձգտելով անոնց գործնականացմանը. այսպէս պիտի ստեղծուի ձգտումներու եւ համոզումներու համանմանութիւն մը, ներդաշնակութիւն մը՝ որ մօտաւոր ապագայի մը մէջ պիտի գանյ հաղորդուելու ապրուած կեանքին եւ ներգործելու անոր վրայ։ Միութիւնը ապա չպիտի սահմանափակուի անտարակոյս տեսական զբաղումներով պիտի ընտրէ հարկաւ գործունէութեան այնպիտի միջոցներ՝ որոնք այժմէն իսկ դուրս գալով Միութեան համեմատաբար նեղ սահմաններէն՝ կարողանան ընդհանրացնել իրենց գաղափարներն ու նպատակները, դարձնելով հասարակութեան սեփականութիւն։ Ըսել կ՚ուզենք, պիտի ունենայ անկասկած իր հրատարակութիւնները՝ թերթ, գիրք, պրօշիւր, պիտի ունենայ իր քօնֆէրանսները եւ մասնաճիւղերը՝ ինչպէս եւրոպական այլեւայլ քաղաքներու մէջ ցրուած Օսմանեան ուսանողութեան, նոյնպէս եւ առաւելապէս մանաւանդ երկրի բոլոր կրթական բարձրագոյն հաստատութեանց մէջ։ Այսպէս, Պոլիսը, Պէյրութը, Խարբերդը, Այնթապը, Մարզուանը, Կարինը, Սելանիկը եւ Պաղեստինը՝ միացած արտասահմանեան Օսմանցի ուսանողութեան հետ, համախմբուած Միութեան մէջ՝ պիտի ջնջեն ցեղական ոգիին եսականութիւնը, ազգային վատ ախորժակներն ու բնազդները, պիտի մօտեցնեն գաղափարներն ու բարքերը իրարու եւ իրենց նոյնաթռիչ ձգտումներովը պիտի հաղորդեն ընդհանուր եւ հաւաքական կեանքին ուժգին ու թարմ հոսանք։

Օսմ[անեան] ուսանողական միութիւնը՝ սատարներէն առաջինը եւ ամենազօրեղը պիտի ըլլայ այս երկրին ազգային իրաւահաւասարութեանը եւ միջազգային գաղափարին հիմնաւորմանը։

Մեր բոլոր սրտով կը բաղձայինք որ Լոզանի Օսմանցի ուսանողներուն տուած ազդանշանը շուտով համակրական արձագանգ գտնէր Օսմանեան բոլոր ուսանողութեան մէջ եւ մղէր զանոնք ամէնքն ալ միեւնոյն նպատակին, կենդանի՜ գործի։

Օսմ[անեան] ուսանողական միութիւնը սովորական, պարզ եւ հասարակ կազմակերպութիւն մը չէ ամենեւին. միութիւն մըն է՝ որ ունի եւ կոչուած է ունենալու պատմական նշանակութիւն։

ԽՄԲ. Ռ. Զարդարեանի առջի օրուան Բիէռ Քիյեառի նուիրուած յօդուածին մէջ ոչ իբրեւ նորասէր այցելու բառը հայասէր եղած էր սխալմամբ։

«Ժամանակ», 1908, թիւ 32, 20 Նոյեմբեր—3 Դեկտեմբեր