Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԳԱՀԱՃԱՌԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ


Մամուլը հրատարակեց այն պատասխանը՝ որ Երեսփոխանական Ժողովը այսօր դեկտեմբեր 15, ինչպէս կ՚իմանանք, քուէարկած է արդէն բառական հազիւ արժէք ունեցող փոփոխութիւններով։

Գահաճառին պատասխանը բնականաբար պէտք է ներկայացնէր երկրին դատողութեան, մտածումներուն եւ բաղձանքներուն հանդիսաւոր արտայայտութիւնը, որ ընդգրկէր իր մէջ անցեալին քննադատութիւնը եւ ապագային առաջադրութիւնները։

Անցեալին քննադատութիւնը՝ մեղմ բացատրութիւն մըն է միայն եւ եթէ կը բաւականանանք այս բառերով, պատճառն այն է որ մեր աչքին առջեւ ունինք Խորհրդարանին մանուածապատ, գալարիմաստ եւ արեւելեան դանդաղ ոճին պատկերը։

Ազգին ներկայացուցիչները կը սկսին Սուլթան Մէճիտի Կիւլհանէի Խաթթին պատմութենէն՝ չափազանց քաղաքավար լեզուով մը յառաջաբանելու համար պարզապէս թէ կեանքի պահանջներ շատոնց հասունցած էին այս պետութեան մէջ եւ սահմանադրական կառավարութիւն մը անհարժեշտութիւն դարձած էր երեսուն երկու տարի առաջ։ Այդ անհրաժեշտութիւնը իր ատենին ընդունուած էր այս երկրորդ գահաճառը կարդացող նոյն Սուլթանէն եւ գործադրութեան դրուած։ Իսկ եթէ յետոյ խլուած էր անիկա, կատարուածը ուրիշ բան չէր ուրեմն այլ բացէ ի բաց հարստահարութիւն մը, յափշտակութիւն մը, «բռնակալութեան մէկ առժամեայ յաղթանակը՝ իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ»։

Այո՛, եթէ արեւելեան ծեքծեքուն, տակաւին ազատութեան մարզանքին կարօտ եւ տարապայման ճկուն ոճէն դատենք նախաբանին մէջ փոշեձեւ ցանուած մտքերը՝ կը գտնենք զանոնք ժողովուրդի մտածումներուն եւ պատմական ճշմարտութեանց բաւական համապատասխան արտայայտութիւն։

Գնհնճնռը կ՚ըսէր որ դողովուրդը մտաւորապէս ու իմացապէս հասունցած չըլլալով, հարը դատուած էր տապալել Սահմանադրութիւնը եւ դպրոցներ բանալով կրթութեան հոգ տանիլ, մինչեւ որ հասուննայ։ Եւ ահա այդ հասունութեան շրջանը, ահա դարձեալ Սահմանադրութիւնն ալ իր կարգին։

Իսկ Խորհրդարանը կուգայ պատասխանել Սուլթանին.

«Դուք գիտէիք որ Սահմանադրութիւնը ազգին այն ատենի վիճակին ու ընդունակութեանը կը համապատասխանէր, ինչ որ ձեր Խաթթը Հիւմայունին մէջ ալ յայտնած էիք…»

Ազգին ազատութիւնը խլողները «ամէն գձուձ եւ անարգ ջանքերով աշխատեցան երկրին մէջ կրթութիւնը տարածելու պաշտօն ունեցողները ահաբեկել եւ անոնց աչքերը կուրցնել», ո՛չ թէ ժողովրդական կրթութեանը զարկ տալ։

«Անցեալին մէջ ալ եթէ Դուք վստահութիւն ըսելով, վատ դիտումներու չանսայիք, երեսուն երկու տարուան մէջ հայրենիքին շուրջը պարզուող աւերակներուն տեղ շէն ու բարգաւաճ երկիրները եւ յետադիմութեան տեղ յառաջդիմութիւն եւ զարգացում պիտի տեսնէինք. բռնակալութեան երեսէն անձնապէս օգտուող փոքր խմբակի մը շահերուն դէմ Ազգին սրտին վրայ այս խոր վէրքերը պիտի չբացուէին, ու ասոնց փոխարէն հայրենիքը ամէն կողմէ բարեկեցութիւն պիտի ստանար եւ Օսմանեան տէրութիւնը պետութեանց շարքին մէջ իրեն վայել քաղաքական դիրքը շատոնց ի վեր ստացած պիտի ըլլար»։

Այս խօսքերէն դուրս՝ կը կարծենք որ նախաբանին բոլոր միւս տողերը աւելորդ զարդարանքներ, եթէ ոչ արուեստական, բայց թոյլ ու ապարդիւն մեկնաբանութիւններ են, էականը ճշմարտութիւնն է եւ ճշմարտութիւնը իր գոնէ երեք չորրորդովը ըսուած է արդէն վերի բացատրութեանց մէջ՝ իբրեւ պատմական քննադատութիւն սեւ ու արատաւոր անցեալին։

Արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ Խորհրդարանի պատասխանը լուրջ եւ շրջահայեաց խոհականութեան մը դրոշմը կը կրէ։ երեսփոխանական Ժողովը՝ Դահլիճին կը թողու Պուլկարիոյ եւ Աւստրիոյ խնդիրները, «որոնք երկարատեւ անցեալի մը չարաշահ գործունէութեան ժառանգն են»։

Ինչպէս յայտնի է, Գահաճառը վարպետ դարձուածքով մը պուլկարական եւ աւստրիական խնդիրներու պատասխանատուութիւնը կը փաթթէր յեղափոխական շրջանին եւ սահմանադրութեան վզին, գրգռելով միաժամանակ Խորհրդարանը եւ անուղղակի կերպով լարելով ընդդէմ Պուլկարիոյ եւ Աւստրիոյ։ Խորհրդարանը ահա կուտայ յարմար պատասխանը, աւելցնելով թէ ախտաւորութիւնը ո՛չ թէ արդիւնքն է վերանորոգութեան եւ վերաշինութեան, այլ «ժառանգը երկարատեւ անցեալի մը չարաշահ գործունէութեան»։ Եւ օգտուելով այս առիթէն, Խորհրդարանը կանգ կ՚առնէ նաեւ ուրիշ նոյնքան մեծ եւ էական սկզբունքի մը՝ Ազգային ժողովին առջեւ, Դահլիճին պատասխանատուութեան վրայ։ Դահլիճը պատասխանատու է միմիայն երկրին, հետեւաբար անոր ներկայացուցիչներուն. ամէն անգամ որ գործադիր իշխանութեան գլուխը գտնուող նախարարները իրենց ընթացքով եւ գործունէութեամբ համապատասխան չեն գտնուիր երկրին կամքին եւ բաղձանքներուն, Խորհրդարանը անմիջապէս իր անվստահութեան քուէովը կ՚առնէ իշխանութիւնը իրենց ձեռքէն եւ կը յանձնէ ուրիշներու։ Ազգային Ժողովն է միակ բարձրագոյն մարմինը եւ գերագոյն հեղինակութիւնը երկրին մէջ, որուն ստորադրուած են բոլոր միւս մարմինները, հաստատութիւնները եւ օրէնքները՝ որոնք կը բղխին անոր կամքէն։ Ճշմարիտ ժողովրդապետութեան սկզբունքն է ասիկա, բացարձակ ու անփոփոխելի որը շեշտել ուզած է Խորհրդարանը իր պատասխանին մէջ, անշուշտ առաջին օրէն իսկ իր իրաւունքներու սահմանը շատ որոշ կերպով գծած եւ ապագայ ոտնձգութիւններէ մի անգամ ընդ միշտ ապահոված ըլլալու համար։

Գալով այն տողերուն՝ որ կը պարզեն Խորհրդարանին առաջադրութիւնները, յատկանշելով անոր գործունէութեան ուղղութիւնն ու եղանակը, կը գտնենք անգոհացուցիչ եւ բաւական թերի։

Օսմանեան երեսփոխանները կը խօսին ելեւմտական բարենորոգութեանց վրայ՝ ընդհանուր, վերացական բացատրութիւններով եւ չեն պարզեր ո՛չ մէկ շօշափելի ուղեգիծ։ Անկարելի էր ելեւմտական կանոնաւորութեան եւ հաւասարակշռութեան մասին խօսուած պահուն չանդրադառնալ հարկային դրութեան փոփոխութեան, որ հիմն է ժողովուրդին տնտեսական վիճակի բարձրացման ու իրական կարօտութեան։ Եւ Խորհրդարանը բառ մը անգամ չէ գրած, որ առնչութիւն ունենար հարկային նոր բարեփոխութեանց եւ աշխատաւոր ժողովուրդի տնտեսական բարգաւաճմանը հետ։ Բաւական չէ ըսել թէ «Խորհրդարանը մասնաւորապէս երկրագործութեան զարգացմանը հոգ պիտի տանի», «Այլ եւ այլ դասակարգերու երջանկութեանը ու ապահովութեանը պիտի աշխատի». ասոնք վերացական խօսքեր են միայն՝ որոնք շատ բան կը հասկցնեն, բայց իրական բան մըն ալ չեն խոստանար։ Հարկա՛ւ Խորհրդարանը պիտի աշխատի այդ բոլորին, ատոր տարակոյս ունենալ չեն ուզեր ամէնքն ալ. խնդիրը ատ չէ. խնդիրը այդ բոլորին գործադրութեան եղանակին ու միջոցներուն վրայ է. ահա կենսական ու անմիջական կարեւորութիւն ունեցողը։ Այդ եղանակը ու միջոցները որոշապէս գիտնալէ ետքն է որ կարելի պիտի ըլլայ հաւատալ թէ իրօք Խորհրդարանին գործունէութիւնը եւ ձգտումները պիտի համապատասխանե՞ն երկրին ամէնէն աւելի ճնշուած խաւերուն «երջանկութեանը» եւ «իրաւունքներուն»։

Հարկային դրութեան բարեփոխումն եւ արմատական կանոնաւորութիւնը երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող հարց մը չէ, որուն վրայէն լռութեամբ անցնիլը բաւական ըլլար միայն։ Երկրագործ, արհեստաւոր, ընդհանրապէս աշխատաւոր դասակարգերը, որոնք պետութեան բնակչութեան 95% մասը կը կազմեն, ծանրապէս կը տքան հարկերու անարդար բաշխման երեսէն. քայքայուած, փճացած են տնտեսապէս, որովհետեւ հարկերու ամբողջ բեռը ինկած է իրենց մէջքին վրայ, որովհետեւ ուղղակի հարկերը կը կեղեքեն, կը սպառեն եւ բացարձակ թշուառութեան կը մղեն զիրենք։

Խորհրդարանին հրամայողական պարտականութիւնն էր իր պատասխանին մէջ յատկապէս եւ որոշակի մատնանիշ ընելու ժողովուրդին տնտեսական ազատագրութեան եւս պահանջը՝ քաղաքականին հետ։

Ազգային իրաւահաւասարութեան եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու նկատմամբ եւս ո՛չ մէկ խօսք, ոչ մէկ բառ։ Միայն մէկտեղ գործածուած է տարր բառը՝ իբերւ հոմանիշ ազգութեան գաղափարին։ Ո՛չ միայն այս։ Մէկ քանի տեղ ընդհակառակը գործածուած Օսմանեան ազգ բացատրութիւնը, ասով արդէն յայտնապէս շեշտելու թէ փոքրամասնութիւնները՝ քաղաքական իրաւասութեան տեսակէտով՝ գոյութիւն չունին։

Օսմանեան ազգ չի կայ, սակայն, կան միայն Օսմանեան ազգեր, որոնց քաղաքական իրաւահաւասարութիւնը անտեսել, որոնց համեմատական իրաւունքներու տեսակէտը զանցառութեան տալ, կը նշանակէ հետեւիլ ներքին ամենավտանգաւոր քաղաքականութեան մը։ Ներքին միութիւնը կախում ունի յայտնապէս իրաւահաւասարութեան նոյն սկզբունքին արդար ըմբռնումէն ու գործադրութենէն։ Եթէ խորհրդարանական ոգին այն պիտի ըլլայ որ ձգտի՝ թուրք տիրապետութեան թէզը պաշտպանել, փոքրամասնութիւնները կաշկանդել եւ անոնց իրաւունքները ոտնահարել, այն ատեն թող հաւատայ Խորհրդարանը թէ մօտաւոր ապագան զինքը կը կանչէ ծանր պատասխանատուութեան։ Մէկ պայման միայն կայ պետութեան խաղաղութիւնն ապահովելու, եւ ատիկա այլազան ազգութեանց գոհունակութեան պայմանն է։ Այս երկրին տէրը եղող ազգերը պէտք չէ դժգոհ ըլլան՝ տեսնելով որ իրենց իրաւունքները կը յափշտակուին այս կամ այն եղանակով ու իրենց ձայները կը խեղդուին բռնաւոր մեծամասնութեան մը անիրաւ ուժովը։

Խորհրդարանը թող չի մոռնայ այս դժգոհութիւնը՝ որ օսմանեան քաղաքական պատմութեան ամբողջ բացատրութիւնը կը պարունակէ իր մէջ։ Եթէ մոռնալու տայ զայն, թող հաւատայ որ կրակի հետ խաղցած կ՚ըլլայ միայն։ Երբ համագերմանական եւ համառուսական ձգտումները հռչակուեցան ցնորք ու յիմարութիւն, կը թողունք իմաստուն Թուրքերուն խորհիլ թէ՝ համաթուրքական գաղափարը քանի՞ ղրուշ պիտի արժէ։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 60, 23 Դեկտեմբեր—5 Յունուար