Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՄՈԶՈՒՄԻ ՊԱԿԱՍԸ


Ծերակոյտը իր երկուշաբթի օրուան նիստին մէջ ընդունեց Սահմանադրութեան 7րդ, 35րդ, 43րդ եւ 73րդ յօդուածներու փոփոխութիւնները՝ որոնց առաջարկը կուգար, այս երկրորդ անգամն ըլլալով, Երեսփոխանական ժողովէն:

Եւ Ծերակոյտը քուէարկեց այդ փոփոխութիւնները՝ 50 քուէարկողներու 48ին կամքովը: Եւ սակայն, յարգելի ծերակուտականներու այդ նոյն մեծամասնութիւնն էր որ, ասկէ մօտ երկու տարի առաջ, յայտնապէս հակառակ էր այդ յօդուածներուն փոփոխութեանց…

Ինչո՞վ բացատրել ուրեմն այս նոր փոփոխութեանց փոփոխութիւնը ծերակուտականներու տրամադրութեան ու քուէներուն մէջ:

Եթէ ըսենք որ՝ մարդ էին եւ ժամանակը… հասունցուց իրենց մտքերը, սխալ փիլիսոփայութիւն մը ըրած պիտի ըլլանք, որովհետեւ, ժամանակը թերեւս կրնայ հասունացնել երիտասարդ մտքերը, բայց դժուար թէ բարերար ազդեցութիւն գործէ արդէն իսկ հասունցած ըղեղներուն վրայ:

Գուցէ սխալած էին մարդկօրէն, եւ հիմա կը սրբագրեն այդ սխալը: Այո՛, ինչո՞ւ չէ. Հաւանակութիւն մըն է դարձեալ՝ որ անհնարութեանց կարգէն չէ: Բայց, քիչ մը դժուար գտնելով հանդերձ որ ժողով մը իր ստուար մեծամասնութեամբ կարող է գահավիժօրէն մոլորիլ այնքան բացահայտ սկզբունքներու շուրջ, անհրաժեշտ էր որ գոնէ օսմանեան պատուական ծերակուտականները հրապարակով բացատրէին իրենց այժմեան նահանջին պատճառները: Ասով, առնուազն «ռազմագիտական նահանջ» մը ըրած կ՚ըլլային եւ գէթ կը փրկէին ինչ որ կարելի էր փրկել իրենց փրէսթիժէն…

Թուրքիոյ փարլամէնթին իմաստունները աս ալ չեն ըրած: Ըրած են միայն այն՝ ինչ որ կը կարծէինք թէ մինչեւ հիմա Երեսփոխանական ժողովի մեծամասնութեան հաճելի սովորութիւնն էր. «Գապո՜ւլ, գապո՜ւլ»ով օրէնսդրել եւ բարակին չնայիլ:

Բայց, թողունք ենթադրութիւնները, որ վերջը վերջը կրնան կատակի հասնիլ:

Ծերակոյտը՝ իր երկուշաբթի օրուան նիստով չափազանց տխուր գաղափար մը կազմել տուաւ, իր բարոյական յատկութեանց վրայ:

Որովհետեւ, չենք հասկնար օրէնսդիրի հանգամանքով հաւաքուած մարդիկ՝ որ այսքան անհաստատ երեւնան իրենց համոզումներուն մէջ, երբ մանաւանդ այդ համոզումները կը վերաբերին երկրին խորհրդարանակն դրութեան հիմունքին հետ իսկ կապ ունեցող սկզբունքներու հետ:

Չենք հասկնար մարդիկ ՝ որ քաջութիւն չունենա անյողդողդ մնալու իրենց համոզումներուն մէջ, քանի որ օրէնսդրական աթոռի վրայ նստող անձին համար արժանապատուութեան ու պատուի միակ պայման մը կայ, համոզման շիտակութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ամրութիւնը:

Արեւելքը եթէ խարխափած է անդադար լոյսի ու խաւարի մէջ. եթէ չէ բարձրացած ընկերւոյին ու պետական լաւագոյն կազմակերպութեան մը. եթէ շարունակ հետեւակ, յետամնաց ու յետնորդն եղած է յառաջդիմութեան բոլոր շաւիղներուն մէջ, պատճառն ա՛յն է որ՝ իր վարիչները համոզումներ չեն ունեցած. պատճառն ա՛յն է որ՝ համոզումի պաշտամունքը տեղ չէ ունեցած այս երկիրներուն մէջ:

Մեծերը, անոնք որ գտնուած են պետական կամ միապետական սանդուղներու վերի աստիճաններուն վրայ, իմաստութեանց իմաստութիւնը համարուած են՝ միշտ սակարկել իրենց խղճին հետ, միշտ սակարկել իրենց մտածումներուն հետ, միշտ սակարկել պայմաններուն հետ:

Արեւելքի պազարները չեն միայն ուր սակարկութիւնը համբաւաւոր սովորութիւն մըն է: Սակարկութիւնը յարգի կանոն է նաւ բարոյական Արեւելքի մէջ: Գիտակցութիւնը եւ գաղափար նոյնքան վաճառքի նիւթ են հոս ժամանակին ու պարագաներուն համեմատ, որքան շուկայի ո՛ եւ է ապրանք:

Ի զո՜ւր չէր որ թուրք հրապարակագիր մը կը սիրէր կրկնել, նման երեւոյթներու առջեւ, վա՜խ գաֆամ…։
 

  «Ազատամարտ», 1914, 14/27 Մայիս, թիւ 1511, էջ 2