Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒԱԳԻՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ


Դժբաղդ է այն երկիրը՝ ուր ժողովուրդ եւ կառավարութիւն իրարու հակադիր ըարբեր կը նկատուին, որ պետական ըմբռնումներով կառավարութիւնը կը ստանայ տարբեր դիրք՝ քան ժողովրդկան կամքի գործադրիչն ըլլալու հանգամանքը, որովհետեւ սահմանադրական ռէժիմին մէջ գործադիր իշխանութիւնը այլ իմաստով չըմբռնուիր:

Թուրքիան այդ դժբաղդ երկիրներէն մէկնէ. քանի որ մայրաքաղաքին մէջ դեռ կը շարունակէ տիրել պաշարման դրութիւնը: Այդ դրութիւնը հաստատուած է՝ որովհետեւ երկիրը բռնապետական շրջանէն դէպի Սահմանադրութիւն փոխանցման շրջանին մէջն էր տակաւին. որովհետեւ Սահմանադրութեան հաստատութիւնը իր հետ բերաւ մարտի  31ներ, երեւան բերաւ Սահմանադրութեան դէմ յետադէմ տարրեր. որով եւ հաստատուեցան ռէժիմը պաշտպանելու համար բացառիկ միջոցներ:

Բայց չէ որ սահմանադրական ռէժիմը, սահմանադրական կառավարութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ, ոչ ալ պաշտպանուիլ՝ եթէ երկրին մէջ սահմանադրական տարր գոյութիւն չունենայ: Եթէ կայ սահմանադրական կառավարութիւն մը, ապա ուրեմն կայ սահմանադրական ժողովուրդ մը՝ որմէ պէտք է բղխած ըլլայ եւ որուն վրայ յենուած սահմանադրական կառավարութիւնը:

Եթէ սահմանադրական կառավարութիւնը՝ ի մեծ դժբախտութիւն ընդհանուր շահերու, ստիպուած ըլլայ զգուշաւոր դառնայ եւ կասկածանքով վերաբերուիլ հակասահմանադրական, յետադէմ տարրերու հանդէպ, նոյն պայմաններուն եւ պարտաւորութեան մէջ առաւելապէս եւ բնականաբար պիտի գտնուի ժողովուրդի սահմանադրական տարրը՝ ու իր հսկողութիւնը գործ դնել պարտաւոր է նոյն իսկ իշխանութեան վրայ:

Այս տարրական դատողութենէն պարզ է ու ակներեւ որ սահմանադրական ռէժիմի բացառիկ նախազգուշական միջոցները, ինչպէս պաշարման վիճակ, զինուորական ատեաններ, ուղղուած կրնան ըլլալ միայն եւ միմիայն հակասահմանադրականներու, յետադիմականներու դէմ: Եթէ նոյն միջոցները սկսին գործադրուիլ անխտիր բոլոր տարրերուն համար ալ, այդ պարագային՝ կը նշանակէ որ, մի՛ արասցէ, երկիրը զրկուեր է սահմանադրական յենարանէ: Ահա այդ ատեն է որ սահմանադրական ռէժիմը իսկապէս վտանգի մէջ կ՚ըլլայ, որովհետեւ առանց ժողովրդկան յենարանի՝ ռէժիմ չի կրնար պաշտպանուիլ: Սահմանադրական կարգերու պաշտպանութիւնը ոստիկանութիւնով կամ ոստիկանական հայեցողութեամբ կարելի չէ իրագործել:

Թուրքիոյ մէջ շա՛տ որոշ ու յայտնի են կասկածելի, հակասահմանադրական տարրերը՝ ինչպէս եւ սահմանադրականները: Հայերը առաջին տեղը կը գրաւեն այս սահմանադրականութեան եւ անոր պաշտպանութեանն համար: Իբրեւ այդպիսին՝ բնականաբար իշխանութիւնն ալ իր փոխյարաբերութիւնները նոյն գծին վրայ պէտք է դնէ: Կարող ենք ըլլալ ընդդիմադիր, քննադատող եւ խիստ քննադատող, եւ ասիկա նոյնինքն սահմանադրականութեան իրաւունքն է, բայց ո՛չ թշնամի: Մեր ընդդիմադրութեան մէջ կան մանաւանդ եւ այն բացառիկ առաւելութիւնը՝ որ իշխանութեան ո՛չ հեռամուտ ենք, ո՛չ ալ մրցակից, սահմանադրական ենք եւ այն առաւելութեամբ ալ դարձեալ որ մրցակիցներու յատուկ հաշիւներ ալ չունինք:

Բայց ահա՛ տես որ լուրեր կը հասնին թէ Աղթամարի վանքը խուզարկման ենթարկուած է: Առջի օր ալ, մայրաքաղաքին մէջ, Ասպարեզ ակումը խուզարկուեցաւ. եւ դեռ այլ դէպքեր ու երեւոյթներ՝ որոնք սիստեմի կերպարանք կը ստանան եւ որոնք յատուկ են կասկածելի, հակասահմանադրական տարրերու դէմ գործ դրուող միջոցներու:

Կը սկսին ծայր տալ հնաւանդ իխպարները. կը սկսին չքանալ բնակարանի եւ անձի օրինական անձեռնմխելիութեան ապահովութիւնները, զորս կարծէք պիտի փոխարինեն ոստիկական բարեհայեցողութիւննները եւ որոնց չի կրնար հանդուրժել ո՛չ մէկ սահմանադրական քաղաքացի:

Ահա այս երեւոյթներն են որ կը ներկայացնենք կեդրանական կառավարութեան, ներքին գործերու նախարարութեան լուրջ ուշադրութեանը, եւ ակամայ կը հարցնենք որ, եթէ Հայերն ալ կը դառնան կասկածելի, ուրեմն ո՞վ է եւ ո՞վ պէտք է մնայ այս երկրին մէջ սահմանադրականութեան իբրեւ յենարան:

Պետական ու սահմանադրական ո՛չ մէկ սկզբունք, ո՛չ մէկ ըմբռնում, ո՛չ մէկ շահ չի կրնար արդարացնել այս նոր երեւոյթները, երեւոյթներ, ընդհակառակն, որ չարաչար կը խախտեն վստահութիւնը սահմանադրական ռէժիմին ու փրէսթիժին, դուռ բանալով մեծ անտեղութեանց:

Այս երկիրը շատ ու շատ կրեց սխալ ուղղութեանց դառնութիւնները: Այժմ մեծապէս պէտք ունի անիկա վստահութեան, գործակցութեան, հանգստութեան ու ստեղծագործ աշխատանքի:

Կարո՞ղ ենք արդեօք յուսալ որ վերջապէս կը լսուի մեր ձայնը:

«Ազատամարտ», 1914, 16/29 Մայիս, թիւ 1513, էջ 2