Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՔՈՒԷՆ


Ծերակոյտին մէջ Սահմանադրութեան փոփոխուած յօդուածներուն քուէարկման առթիւ մեր չորեքշաբթի օրուան համարով «Համոզումի պակասը» խորագրին տակ հրատարակուած խմբագրականը, որ կ՚ընդունինք— նօթ տիսքօրտանթ մը կը կազմէր ամէն կողմէ բարձրացող գնահատական խօսքերուն եւ ներբողներուն մէջ, չէ անցած առանց ազդեցութիւն թողելու: Թանին, իր երէկուան առաջնորդողը յատկացուցած է պատասխանելու մեր խմբագրականին մէջ յայտնուած միտքերէն մէկ քանիին:

Մեր պաշտօնակիցը նախ կը գտնէ որ Ծերակոյտին համոզումի պակաս վերադրելով՝ մասնաւորապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն առթիւ, կասկածներ հրաւիրած կ՚ըլլանք ո՛չ միայն այդ Ժողովին այլ եւ կատարուած փոփոխութիւններուն նկատմամաբ. Այս պատճառով, կ՚ըսէ, չուզեր լռութեամբ անցնիլ մեր յայտարարութիւններուն վրայէն՝ զորս չի կրնար անուշադրութեան վերագրել: Թանին ապա կուտայ մեր խմբագրականին մէկ ամփոփումը, խեղաթիւրուած ամփոփում մը՝ ուր մեր բերանը կը դնէ խօսքեր զորս չենք ըսած երբեք. այսպէս ըսել կուտայ մեզի թէ «Ծերակոյտը ասկէ երկու տարի առաջ նոյնքան ստուար մեծամասնութեամբ մը մերժած էր խնդրոյ առարկայ փոփոխութիւնները»: Ու կը պատասխանէ.

«Մեր նպատակը չէ Ծերակոյտը պաշտպանել: Միայն, եթէ օրէնսդիր ժողով մը երբեմն նոր դէպքերու եւ պատճառներու առջեւ պէտք տեսնէ շուտ մը փոխելու իր համոզումը, այդ բանը ըրած ըլլալուն համար պէտք է ո՛չ թէ իբր անհետեւողական մեղադրել զայն, այլ՝ գնահատել զինքը իր ճշմարտասիրութեան համար: Այս բանը յայտնելէ ետք պիտի ըսեննք մեր Ազատամարտ պաշտօնակցին թէ անցեալ երեքշաբթի օր Ծերակոյտին մէջ ընդունուած յօդուածները ասկէ երկու տարի առաջ չէին մերժուած: Մեր քննութեան համաձայն, այն ատեն Վիէննայի դեսպան Հիւսէյին Հիլմի փաշայի նախագահութեան տակ գտնուող Սահմանադրութեան ծերակուտական յանձնաժողովը այդ փոփոխութիւնները ընդունած էր գրեթէ ներկայ ձեւով բայց ընդհանուր ժողովին բերելու ատեն չէր ունեցած: Ազատամարտի խմբագիրը, որ չենք գիտեր թէ ո՛ր կողմի դրդումով կը շարժի, փոխանակ Ծերակոյտին ընթացքին մէջ անկանոնութիւն փնտռելու, եթէ իր տեղեկութիւնները ամբողջացուցած ըլլար, աւելի լաւ կ՚ընէր»:

Ըսինք արդէն թէ մեր խմբագրականին մէջ չենք ըսած բնաւ թէ անցեալ երկուշաբթի օր ընդունուած փոփոխութիւնները ասկէ երկու տարի առաջ մերժուած են Ծերակոյտին կողմէ: Ահահ մեր խօսքերը բառ առ բառ. «Եւ սակայն յարգելի ծերակուտականներու այդ նոյն մեծամասնութիւնն էր որ, ասկէ մօտ երկու տարի առաջ, յայտնապէս հակառակ էր այ յօդուածներուն փոփոխութեանց…»: Թանինի սրբագրութիւնը եւ իր կողմէ մեզի ուղղուած յորդորը ուրիշ բանի չեն ծառայեր ուրեմն բայց եթէ երեւան հանելու մեր խմբագրականէն իր ըրած քաղուածներուն մէջ կատարուած խեղաթիւրումները:

Մենք կը կրկնենք այսօր ալ որ ծերակուտականներու մեծամասնութիւնը 1912 ին հակառակ էր 35րդ եւ միւս յօդուածներուն փոփոխման. հակառակ էին մասնաւորապէս այն ծերակուտականները Ղազի Ահմէտ Մուխթար փաշա, Հիւսէյին Հիլմի փաշա եւ Նորատունկեան էֆ[էնտի] որոնք Քեամիլ փաշայի հետ կը կազմէին Իթթիհատի անկումէն ետք իշխանութեան գլուխ եկող դահլիճի չորս գլխաւոր սիւները:

Թանինի խմբագիրը պէտք է յիշէ որ երբ ահդ դահլիճը առաջին անգամ ըլլալով կը զգացնէր երկրորդ Երեսփոխանական ժողովը ցրուելու իր կամէութիւնները, Իթթիհատը միաձայն սա պահանջը դրաւ իրեն. «Եթէ անպատճառ որոշած էք ցրուել Երեսփոխանական Ժողովը լուծումը կատարեցէք Ծերակոյտին վաւերացնել տալով 35—րդ յօդուածին մասին մեր քուէարկած փոփոխութիւնը եւ հիմնուելով այդ յօդուածով տրուած խրաւասութեան վրայ»: Մուխթար փաշայի դահլիճը չընդունեց այս պահանջը, Ծերակոյտէն հանել չտուաւ փոփոխուած յօդուածները եւ նախընտրեց դիմել սոփեստական եւ ծիծաղելի մեկնաբանութիւններու որոնց գործիք դարձաւ այն ատեն Ծերակոյտը: Եւ երբ Իթթիհատի լիտըրը Երեսփոխանական Ժողովի մէջ դիտել կուտար որ, նոյն իսկ Սահմանադրութեան նախկին 35րդ յօդուածին վերջին հատուածին համաձայն, կառավարութիւնը պարտաւոր է ընդունիլ լուծումէ մը ետք ընտրուած Երեսփոխանական Ժողովի մը տուած որոշումը՝ երբ ան կը պնդէ նախորդ Ժողովին որոշմանն վրայ. Հիսէյին Հիլմի փաշա պատասխանեց. «Նախորդ Ժողովին լուծումը ո՛ր դահլիճին ձեռքով որ կատարուեցաւ, այն դահլիճը միայն պարտաւոր է ընդունիլ նոր Ժողովին կողմէ տրուած որոշումը»:

Կը հարցնենք Թանինի խմբագրին. այսպէ՛ս պէտք է պատասխաներ նախարար մը եթէ, ինչպէս կը հաւաստէ ինքը, իբր Սահմանադրութեան յանձնաժողովին նախագահ՝ ընդունած ըլլար առաջարկուած փոփոխութիւնները: Կը հարցնենք. երեսփոխանական Ժողովը ցրուելու Ծերակոյտին հռչակաւոր մեկնաբանութեան դիմելու պէտք կ՚ունենար դահլիճ մը, եթէ անոր գլխաւոր անդամները որոնք միեւնոյն ատեն ծերակուտական էլ էին— համակարծիք ըլլային 35—րդ յօդուածին փոփոխութեան:

Եթէ Ղազի Մուխթար փաշա, Հիլմի փաշա, Նորատունկեան Էֆ[էնտի] համամիտ էին այդ փոփոխութեան— կը հարցնենք մենք ալ ինչո՞ւ, զայն վաւերացնել չտուին Ծերակոյտին եւ անոր հիման վրայ չկատարեցին լոուծումը: Եւ վերջապէս թող ըսէ մեզի Թանինի խմբագիրը, թէ այս երեք ծերակուտականները 1912ին արտայայտութիւն չէի՞ն Ծերակոյտին մէջ տիրող հոսանքին, որ, աւելորդ չէ յիշել, բարեկամ չէր իթթիհատական կառավարութեան:

Թանին մէկ քանի տող վար կը պատասխանէ արդէն այս հարցումներուն իր սա յայտարարութիւններով.

«Մենք այն կարծիքը ունինք թէ այս երկրին խորհող, զգացող բոլոր զաւակներուն, անցեալէն դէպի ապագան դառնալու առաքինութիւնը ունեցող բոլոր մտածող անձերուն նման, ծերակուտականներն ալ գնահատած են անբնական, անբանաւոր եւ վնասակար դիրքի մը շուտով վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, են. »:

Ուրեմն մեր պաշտօնակիցը ինք է յայտարարողը որ Ծերակոյտը ցարդ «անբնական, անբանաւոր եւ վնասակար» ընթացք մը բռնած էր եւ սակայն պէտք տեսած է վերջ տալու անոր, ուրիշ խօսքով՝ նախապպէս դէմ էր առաջարկուած փոփոխութիւններուն, բայց այս անգամ պէտք տեսաւ ընդունելու զանոնք, վերջին տարիներու դէպքերէն դաս առնելով:

Այս ակամայ խոստովանութենէն ետք, Թանին մամուլի առաջնորդի գերին հետ անհամապատասխան կը գտնէ մեր ընթացքը երբ «միտքերու մէջ մտատանջութեան որոմ կը սերմանենք» քննադատելով Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն քւէարկումը:

Ցաւ կը յայտնենք որ այս տեսակ տողեր լոյս կը տեսնեն Թանինի նման թերթի մը մէջ զոր վարժուած էինք աւելի լուրջ տեսնելու քան թուքր մամուլի միւս օրկանները: Թաննի համար անըմբռնելի բան է թէ կարելի է համակարծիք չըլլալ Սահմանադրութեան մէջ մտցուած փոփոխութիւններուն, եւ թէ կարելի է այդ բանը գրել մամուլի էջերուն մէջ, համոզումի պաշտամունքը, ինչպէս կ՚երեւայ, ա՛յնքան օտար բան է Թանինի խմբագրին համար որ երբ թերթ մը, որպիսին է Ազատամարտ, հիմնուելով տարիներէ ի վեր իր պաշտպանած սկզբունքներուն վրայ, կ՚արտայայտուի իրեն համար անհաճոյ եղող ուղղութեամբ մը, անմիջապէս կ՚ամբաստանէ զայն թէ ուրիշներու դրդումով կը շարժի:

Թանին իր խմբագրականին վերջին տողերուն մէջ կը կրկնէ իր այս ամբաստանութիւնը, յայտարարելով. «Ազատամարտի խմբագրատան մէջ ուրեմն բաւարարա փաստաթուղթեր ունին երկու տարի առաջ Ծերակոյտի դռնփակ նիստին մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութիւններուն մասին: Եթէ այսպէս է, ուրմեն Ազատամարտի խմբագրին գրիչը ուրիշ ձեռքի մը կողմէ կը կառավարուի: Այս պարագային կը հրաւիրենք այս գաղտնի խմբագիրը որ աւելի բաց խօսի: »:

Թանին կը կարծէ ուրեմն որ Ազատամարտի խմբագրականը գրող խմբագրութենէն դուրս անձ մըն է, թերեւս ծերակուտական մը, որ 1912ի դռնփակ նիստին նկատմամբ ալ տեղեկութիւններ հաղորդեր է մեզի…

Թանինի համար պարզ պէտք է ըլլայ սա կէտը թէ մենք Ծերակոյտին մէջ բարեկամներ չունինք ու չենք ալ կրնար ունենալ, այն գերազանց պատճառով որ դէմ ենք Ծերակոյտին գոյութեան իսկ, ինչպէս դէմ ենք ժողովրդապետութիւնը կաշկանդող բոլոր հաստատութիւններուն ու բոլոր կարգադրութիւններուն, որոնց կարգին՝ նաեւ Սահմանադրութեան վերջին փոփոխութիւններուն:

Ասիկա յայտարարած ենք ամէն առիթով ու կը կրկնենք այսօր, ո՛չ թէ թելադրութիւններու վրայ, այլ մեր սեփական համոզումով ու համաձայն մեր փայփայած սկզբունքներուն, որոնց հաւատարիմ պիտի մնանք միշտ, հպարտ մեր այս հետեւողականութեամբ:

«Ազատամարտ», 1914, 17/30 Մայիս, թիւ 1514, էջ 2