Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի քննութեան ժամանակ՝ նախարար Սազօնօվ երկար ճառ մը արտասանեց արտաքին քաղաքականութեան մասին: Այդ, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներու թեր ու դէմ քննադատական ճառերը լսող կամ կարդացողները այն տպաւորութիւնը կ՚ունենան թէ՝ իրօք մարդ կը գտնուի իսկական փարլամէնթի մը առջեւ՝ ուր ժողովրդի ներկայացուցիչները իրաւունք ունին ընդունելու կամ մերժելու կառավարական ուղղութիւնը՝ արտաքին աշխարհավարութեան մէջ եւ կամ անոր պարտադիր նոր ուղղութիւն մը:

Սազօնօվ միակն եղաւ ռուս նախարարներուն մէջ՝ որ դիւանագիտութիւնն ունեցաւ իր այդ ընթացքով արտաքին աշխարհի վրայ այն տպաւորութիւնը թողուլ թէ՝ Տուման իսկական խորհրդարան մըն է, մինչեւ այն աստիճան որ ռուս ազատական մամուլի օրկաններէն մէկը յատկանշեց Սազօնօվի այդ ընթացքը հետեւեալ բառերով. «Վերջապէս մեր ազգայնամոլներու շարէին մէջ ալ կը գտնուին եղեր մարդիկ, որ ընդունակ են եւրոպականաձեւ խօսքի ու վերաբերմունքի»:

Դարձեալ նոյն օրկանը վերլուծելով Սազօնովի ճառը՝ սա՛ գաղափարը կը յայտնէր թէ՝ նախարարին մտքերը պէտք է ըմբռնել ու դատել ո՛չ թէ յստակ ու որոշ կերպով ըսուածներէն, այլ անոնցմէ՝ որ զօրութեամբ կը զգացուէին:

Նոյն ճառին մէջ պիտի շօշափուէր բնականաբար նաեւ ռուս—թուրքական յարաբերութեանց վիճակը: Եւ արդարեւ այդ մասին նախարարը խօսած է դիւանագիտութեան մէջ ընդունուած սովորական բանաձեւերով, գլխաւորաբար կանգ առնելով բարենորոգումներու, Թուրքիոյ խաղաղ զարգացման կարեւորութեան, երկու պետութեանց մէջ հաստատուած  բարւոք յարաբերութեանց եւ մասնաւորաբար վերջին արտակարգ պատուիրակութեան թողած լաւագոյն տպաւորութեան վրայ:

Ռուս նախարարը սա՛պէս սկսած է իր յայտարարութիւնը. «Պալքանեան տագնապի բարեհաճ կարգադրութիւնը անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց վրայ: Ասկէ ետք Թուրքիոյ առջեւ բնականաբար կանգնած են, իր մէջ ապրող ժողովուրդներու բարօրութեան համար, ներքին վերակազմութեան նոր պահանջներ: Այդ ուղղութեան մէջ, Սուլթանին կառավարութիւնը անկասկած պիտի հանդիպի Ռուսիոյ պատրաստակամութեանը՝ իր այն ջանքերուն մէջ, որոնց նպատակն է հասնիլ վերակազմութեան յաջող կերպով: Թուրքիոյ խաղաղ զարգացման մէջ է միայն որ կարելի է ապահովել ծովերու վրայ առեւտրական ազատ նաւարկութիւնը՝ որ օիտի համապատասխանէ ինչպէս Թուրքիոյ շահերուն, նոյնպէս եւ Ռուսիոյ կենսական պահանջներու»:

Այս նախաբանէն յետոյ՝ յիշելով որ խաղաղ բանակցութիւններով արդիւնքի մը հասած է բարենորոգմանց հարցը, ռուս նախարարը կը վերջացնէ այսպէս. «Իմ եզրակացութեան մէջ կ՚աւելացնեմ որ նորին կայսերական վեհափառութիւնը յանուն Սուլթանին ողջունելու համար Լիվատիա եկած Թուրքիոյ արտակարգ պատուիրակութեան անդամներուն հետ՝ որոնց մէջ կային թուրք կառավարութեան աչքի ընկնող անդամները, իմ ունեցած խօսակցութիւնս վրայ այն տպաւորութիւնը թողուց թէ՝ Թուրքիա լրջօրէն կը բաղձայ երկու երկիրներու շահերուն համապատասխան կերպով եւ քաղաքական նոր պայմաններէն բղխօղ յարաբերութիւն մը հաստատել Ռուսիոյ հետ»:

Այս հարցին վիճաբանութեան մասնակցած են բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչ պատգամաւորներ, որոնց մէջ առանձնապէս յիշատակութեան արժանի են ռուս ազգայնամոլական Մարքով, Մահմետականներու խմբակցութենէն Ճաֆարով, սոցիալ—տէմօկրատ Վրացիներէն Չխէնգէլի, եւ հայ պատգամաւոր Պապաջանեան:

Ռուս ազգայնամոլը վաղեմի երգը երգած է. «Հայերը, եւ ան ալ ո՛չ թէ հայ ժողովուրդը, այլ հայ պուրժուան ու հոգեւորականութիւնը(!) կը ձգտին անկախ Հայաստանի, իսկ Ռուսիա ո՛չ մէկ շահ չունի Թուրքիոն ներքին գործերուն միջամտելու, հայկական հարցին ուժ տալու…»:

Մահմետական ներկայացուցիչը աւելի բարեխղճօրէն մօտենալով խնդրին՝ արտայայտուած է այն մտքով թէ՝ Հայկական Բարենորոգումները զուտ Թուրքիոյ ներքին խնդիր ըլլալով, Հայերը իրենց բաղձանքին կրնան հասնիլ թուրք կառավարութեան հետ գործակցելով, անոր ջանքերը դիւրացնելով:

Պ. Պապաջանեան ռուս ազգայնամոլին արժանաւոր պատասխանը տոուած ըլլալով արդէն, մենք պէտք չունինք այդ կարգի ցնդաբանութեանց վրայ առանձնապէս անդրադառնալու. միայն, ինչ որ մեզի համար մասնաւոր կարեւորութիւն ունի, վրացի սօցիալ—տէմոկրատին վերաբերումն է: Ընկերվարական դիմակի տակ թագչած վրացի շօվէնները՝ երբ կարգը գայ իրենց բաղդակից ու բնակակից հայ ժողովրդի մարդկային տարրական իրաւունքներոն ու գոյութեան պահպանման հարցին, կը կորսնցնեն արդարութեան ու իտէալի բոլոր վարդապետութիւններն ու զգացումները, ու չեն քաշուիր իրենց բուն ներքինը իր բոլոր տգեղութեամբ երեւան դնելու: Դէպի Հայը անոնց տածած զգացումները գործնապէս ապացուցուած են արդէն մանաւանդ Կօվկասեան վանտալութեան, թուրք—հայկական ընդհարումներու ժամանակ՝ երբ մինչեւ անգամ նոյն մարդիկը դաւադիր կերպով գիշեանց տասն հազարի չափ խուժան մտցուցին Թիֆլիս, ընկճելու համար Հայոց դիմադրական ուժը:

Չխէնգելի այս անգամ ալ, Տումայի բեմէն կարծէք ուզած է ազդարարել մեզի որ չմոռնանք մեր իսկական բարեկամները:

«Ազատամարտ», 1914, 20 Մայիս - 2 Յունիս, թիւ 1516, էջ 2