Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՂԻՂ ՃԱՄԲՈՒ ՎՐԱՅ


Ուսումնական Խորհուրդը շատ նպատակասլաց եւ շատ օգտակար քայլ մը առած է, որոշելով նիւթական օժանդակութեան մը հասնիլ գաւառային կրթատարած Ընկերութեան մը, որպիսին է Խարբերդի Սմբատեան Ընկերութիւնը:

Մէկ երկու ամսի առաջ էր որ նոյն այս թերթին մէջ հրատարակեցինք ընդարձակ յօդուած մը՝ ուր պարզուէին այդ Ընկերութեան կէս դարու պատմական կեանքին ելեւէջները, անոր գործունեութեան զանազան երեսները եւ անոր այժմեան ճիգը:

Ուրախալի երեւոյթ մըն է ուրեմն որ կեդրոնի Ուսումնական Խորհուրդը կը գիտնայ քաջալերել, ո՛չ թէ խօսքով այլ եւ գործով, գաւառային կրթատարած հիմնարկութիւն մը:

Ուրախալի կոչեցինք երեւոյթը, որովհետեւ իրապէս հազուադէպ բան տեսնել որ Կեդրոնի Ուսումնական Խորհուրդը ուզած ըլլայ վկայական բաշխելու եւ վկայական հաստատելու իր հետեւակ պաշտօնէն դուրս՝ այլապէս անհրաժեշտ է արդիւնագործ դեր մը տալ իրեն: Աւելի հազուադէպ բան է տեսնել մանաւանդ որ անիկա շահագրգռուի Գաւառի ազգային մշակոյթով եւ ընդունակ ըլլայ զարկ տալ այդ մշակոյթին, կա՛մ նպաստաւորելով անոր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող զանազան ազդակները, կամ ինքն իսկ ստեղծելով նոյն ազդակները հոն՝ ուր չի կան:

Յիսուն ոսկին շատ չնչին նպաստ մըն է Խարբերդի Սմբատեանին համար, որ հազարումէկ դժուարութեանց մէջ՝ լսարան—ընթերցարան կը պահէ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ, թատերակա ներկայացումներ կուտայ, եւ աղջկանց վարժարան մը կը մատակարարէ՝ Խարբերդի պէս տեղը, ուր մէկ կողմէն Ամերիկեան Գոլէճը, միւս կողմէն Ֆրանսացի Քափուչիններու Վարժարանը՝ իրենց կը քաշեն ահագին թուով հայ աղջիկներ, ունենալով ամէն դիւրութիւն եւ նիւթական լիառատ պայմաններ:

Սմբատեանի մրցումը այդ բոլորին դէմ՝ գերազանց ճիգ մըն է, յամառ, յանդուգն եւ խանդաղատալի ինքնավստահութիւն մը, որ այնքան նման է մեր ժողովուրդի ընդհանուր ճիգին եւ անոր ազգային ինքնապաշտպանութեան բնազդին:

Աղջկանց միջնակարգ երկրեդական վարժարան մը վացարձակ անհրաժեշտութիւն է՝ ինչպէս Հայկական իւրաքանչիւր կեդրոնի, նոյնպէս եւ մանաւանդ Խարբերդի նման գաւառի մը մէջ, ուր, ինչպէս ըսինք՝ օտար կրթական հաստատութեանց մրցումը ազգային դաստիարակութեան դէմ, շատ խոշոր եւ շատ ուժեղ է:

Այս պատճառով՝ Եգիպտոսի Բարեգործական Ընկերութիւնը եթէ կ՚ուզէ մնայուն եւ տեւական արդիւնք մը ապահովել, իր օժանդակութեամբ, Խարբերդի կրթական աշխատանքին մէջ, պէտք է որ իրեն առաջարկուած այդ 50 ոսկիի գումարը 100ի բարձրացնէ, որոշելով միանգամայն ամէն տարի տրամադրել զայն կանոնաւորաբար:

Այսպիսի որոշում մը այն մեծ բարիքը առաջ բերէր, որ պատճառ պիտի դառնար խթանելու Ամերիկայի Խարբերդցի Հայերը կամ անոնց կրթասիրական Ընկերութիւնները՝ իրենք կարգին, իրենք եւս տարեկան որոշ նպաստներ բերելու Սմբատեանին: Եւ Սմբատեանի գործը կը դառնար ամուր, իր թափած քրտինքը կրկնապէս բեղմնաւոր եւ իրմէ սպասուած արդիւնք լիովին համապատասխան մեր բաղձանքներուն:

Անհրաժեշտը ա՛ն է որ մեր թափած բոլոր ջանքերը, դուրսէն կամ ներսէն, ըլլան այլեւս հիմնաւոր եւ ձգտին հաստատուն գործունէութիւններ տեւականացնել, ոչ թէ կրեն պատահական ու ժամանակաւոր բնոյթ:

Այս ընդհանուր ձգտումով պէտք է ղեկավարուի Բարեգործականը, Բարեգործականի հետ մեր ամէն մէկ զարգացողական հիմնարկութիւնը, ինչպէս եւ Կեդրոնի Ուսումնական Խորհուրդը:

Ուղիղի ճամբան ա՛ս է, որուն վրայ ոտք դրած ըլլայ կը թուի արդէն Ուսումնական Խորհուրդը: Կը մնայ իրեն շարունակել այդ գնացքով, աչքերը դարձուցած միշտ Գաւառին եւգաւառային կեանքի բարոյական ու իմացական հարստացման:

«Ազատամարտ», 1914, 25 Մայիս - 7 Յունիս, թիւ 1521, էջ 2