Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՄԻՇՏ ՈՒՇԸ ԿԸ ՄՆԱՆՔ


«Տոգորուած երկրին կենսունակութեան մասին իմ անդրդուելի հաւատքովս, —ըսաւ Ճավիտ պէյ՝ շաբաթ օր պիւտճէի առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ, պնդեցի իմ բոլոր դիմումներուս մէջ թե՝ Անատօլուի հարստութիւնները 5—6 անգամ աւելի բազմամարդ բնակչութիւն մը իսկ ապրեցնելու համար բաւական են եւ թէ այդ հարստութիւնները շահագործելու համար միջոցներն են որ կը պակսին: Այս բացատրութիւնները վերջ ի վերջոյ համոզեցին Ֆրանսան եւ հնարաւոր դարձաւ փոխառութեան կնքումը ու անոր հետ նաւ երկաթուղիի խնդիրներուն լուծումը»:

Ուրեմն դարձեա՞լ Անատօլուն էր որ օգնութեան հասաւ պետութեան մէկ ծանրագոյն ժամուն եւ փրկեց զայն, Անատօլուն, որ դարեր, շարունակ տուած է իր զաւակներուն քրտինքին ու արիւնը, առատօրէ՛ն, անխա՜յ, փրկելով միշտ պետութիւնը վտանգէ ու անկումներէ, եւ սակայն ոչինչ չէ ստացեր, ոչինչ չէ ունեցած իբրեւ փոխարինութիւն…

Չխօսինք անցեալին վրայ, որոն պատասխանատուները չի կան մէջտեղ: Բայց կրնա՞նք չխօսիլ նաեւ անցեալի մտայնութեան վրայ, որ մտայնութիւնն է այսօրուանն ալ՝ նոյնքան ստոյգ եւ նոյնքան ճշմարիտ:

Ահս իրականութիւ՛նը, սահմանադրական վեցեակ տարիներու տխուր իրականութիւնը:

Ի՞նչ ըրինք թագուհի Անատօլուին՝ որ նստած է մոխիներու վրա, մուրացկանի շապիկով: Երկաթուղին անհաս էր, գոնէ տո՞ւինք շիտակ խճուղի մը իրեն՝ որ քար ու քանդ եղած չըլլար, որ ունենար կանոնաւոր կամուրջներ եւ դիւրութիւն տար մարդոց՝ հանգիստ ճամբորդելու եւ ապրանքային փոխադրութիւնները կատարելու առանց տաժանքի:

Ի՞նչ ըրինք հարստութեանց շտեմարան եւ իր ունեցած բնակչութենէն դեռ «հինգ վեց անգամ աւելին իսկ ապրեցնելու կարող» երկրամասի մը, որպէս զի գոնէ կտոր մը հաց գտնէր կուշտ փորով ուտելու եւ իր աշխատանք կեր չըլլար յափշտակիչ ճանավարներու. գեղացիին աշարն ու աղնա՞մը թեթեւցուցինք, թէ՞ զինքը ապահովեցինք վաշխառուներու, տէրէպէյիներու եւ աղաներու կեղեքումին դէմ:

Ի՞նչ ըրինք հարկատու ԱՆատօլուին, զինուոր հայթայթող Անատօլուին, արդինաբեր Անատօլուին. նայեցէ՛ք կրթական մէկ քանի տարիներուն պիւտճէին վրայ եւ տեսէք թէ ի՜նչ ողորմելի, չքոտի, անասելի փշրանք է որ բաժին հանուած է անոր դպրոցական պէտքերուն:

Րումէլիի նահանգները ծծեցին, ծծեցին տարիներով Անատօլուի կենսունակութիւնը, որպէսզի երբ օր մը իրենց ձգեն հեռանան— ինչպէս որ եղաւ, մեզի կը մնայ միայն կուրծք ծեծել եւ անապատի մը առջեւ կանգնած հառաչել:

Ճավիտ պէյ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, բայց որքա՜ն ապաժաման…:

Գովքեր կան, որ կը յիշեցնեն սուգի տան մը մէջ մեռելին վրայ հիւսուած ողբերուն: Ուրիշ տպաւորութիւն չեն կրնան ընել երկրին վրայ՝ այն խօսքերը, որոնք ելեւմտական նախարարին են եւ ուղղուած Անատօլուի բնական կենսունակութեանց, բնական հարստութիւններուն:

Ճավիտ պէյ յայտարարած է Ֆրանսացիներուն որ՝ միջոցները կը պակսին միայն, երեւան բերելու, Անատօլուի այդ հարստութիւնները:

Բնականաբար: Բայց ո՞վ է պատասխանատուն այդ պակասին, օտա՞րը թէ մենք, միայն անցեա՞լը թէ ներկան ալ, միայն հի՞ն ռէժիմը թէ նորն ալ:

Ճշմարտոիթւնները չըսենք ապաժաման, այլ իրենց ատենին, եւ բարձրաձայն: Ըսենք, ո՛չ թէ իբրեւ փայլուն խօսք, այլ իբրեւ խթան՝ գործի եւ գործունէութեան համար:

«Ազատամարտ», 1914, 24 Յունիս-7 Յուլիս, թիւ 1546, էջ 2