Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՑԱՒ ԱՅԼ ԵՒ ԶԱՅՐՈՅԹ


Երեւմտական նախարարին փայլուն ճառէն ու փայլուն խօսքերէն ետք՝ դուրս կուգայ որ պետական պիւտճէն այս տարի գալիքին ալ Աստուած ողորմա՜ծ է կը խլէ աշարի կրթական տուրքը Նահանգներու ժողովուրդէն եւ անոնց ոչինչ կուտայ փոխարէն:

Փարլամէնթի անցեալ չորեքշաբթի օրուան նիստին մէջ՝ Ճավիտ պէյ եւ Պ. Հալաճեանի կարելի ճարտարութիւնները չխնայեցին, յաջողութեամբ գլուխ բերելու համար զրկանքի այս տխուր գործը:

Նահանգային Օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն՝ աշարի կրթական բաժինը ձգուած էր տեղական վարժարաններուն եւ պիտի չմտնէր պետական պիւտճէին մէջ: Բայց ահա առժամեայ օրէնք մը կուգայ մէջտեղ եւ կը խլէ այդ հասոյթը երկրի ժողովուրդին ձեռքէն, կը խլէ անիրաւաբար, առանց համապատասխան գումար մը յատկացնելու նոյն նպատակին:

Եւ Ազգին ներկայացուցիչները, որոնք հաւաքուած են Սալը-Փազարի պալատին մէջ՝ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար, չենք գիտեր թէ՝ կրնայի՞ն աւելի ծանրակշիռ խնդիրի մը առջեւ գտնուիլ, լրջօրէն վտանգի տակ տեսնելով իրենց ներկայացուցչական եւ միանգամայն խղճի պատասխանատուութիւնը, քան այն՝ որուն առջեւ գտնուեցան անցեալ չորեքշաբթի օր:

Երկրի ժողովուրդին ձեռքէն յափշտակել այն քանի մը հազար խղճուկ ոսկիները, որոնցմով իր կրթական անհուն կարօտութեանց գոնէ մէկ չնչին մասին պիտի կրնար մանանեխի դարման մը տանի, ընդունինք որ առնուազն անխիղճութիւն է:

Ի՞նչ են վերջապէս այս միլիոններու փոխառութիւնները, այս տուրքերը, այս ծանր բեռերը՝ որ կը դրուին աղքատ ժողովուրդին մէջքին վրայ, եթէ գաւառները յանուն կրթութեան տուած իրենց դրամին անգամ պիտի չկրնան տէրն ըլլալ եւ պիտի հարկադրուին փակել այն դպրոցները՝ որ բացած էին, վստահելով օրէնքին:

Ի՞նչ բանի համար են միլիոններու այս փոխառութիւնները, եթէ հանրային կրթութիւնը պիտի չօգտուի անոնցմէ, եթէ գաւառները դարձեալ պիտի մնան այն թշուառ տգիտութեան մէջ՝ որ տկարութեան մայր աղբիւրն է օսմանեան հայրենիքին, թէ՛ քաղաքականապէս, թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ բարոյապէս:

Մենք չենք գիտեր նպատակ մը՝ որ աւելի գերակշիռ եւ աւելի անյետաձգելի ըլլար, քան նահանգներու ժողովուրդին կրթական գործը:

Ի՜նչ դիւրին մոռցուեցան պալքանեան պատերազմի ձախորդ օրերը, ուր մամուլ եւ քաղաքացի, պաշտօնական թէ անպաշտօն բերաններ՝ ամէնքն ալ միաձայն վա՜յ կը կարդային մեր յետամնացութեան, գլխաւոր պատճառն համարելով զայն մեր ռազմական ձախորդութեանց:

Ի՜նչքան շուտ մտքէ ելան այն օրերը, ուր թշնամին երբ իր թնդանօթներով կը ծեծեր Պոլսոյ դռները, ամենքս ալ իր այդ յաջողութիւնը կը վերագրէին ոչ այնքան իր ռազմական ուժին, որքան իր բարոյական ու մտաւոր գերակշռութեան:

Այսօր աhա անցուկը մոռցուկ: Այսօր պետութիւնը Նահանգներու ժողովուրդին ո՛չ միայն մեծ չափերով օգնութեան չի հասնիր կրթապէս, նորանոր գումարներ տրամադրելով անոր ինչ որ կառավարութեան պարտքն էր եւ երկրին  իրաւունքը, այլ, դեռ, ինչպէս ըսինք, աշարի նման կրթական տուրքն ալ բացէ ի բաց կը յափշտակէ Գաւառէն, շատ լլաւ գիտնալով թէ՝ երեսփոխան էֆէնտիները պատրաստ են վաւերացնելու ամէն ինչ որ իրենց հաւանութեան կը ներկայացուի վերէն:

Այս ճամվով է որ երկիրը կենսունակութիւն պիտի ստանայ: Ժողովուրդը կրթական միջոցներէ զրկելո՞վ է որ երկրին իմացական ու բարոյական մակարդակը պիտի բարձրանայ:

Ցաւ չէ որ միայն կը զգանք այս կացութեան հանդէպ, այլ եւ զայրոյթ:

«Ազատամարտ», 1914, 1/14 Յուլիս, թիւ 1549, էջ 2