Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ


Երէկ «Ո՛չ միայն ցաւ, այլ եւ զայրոյթ» խորագրին տակ ներկայացուցինք միայն մէկ կողմը այն մեծ զրկանքին, որ առաջ եկաւ նահանգային կրթական տուրքին խլուելովը— թող ըլլայ առժամանակեայ կերպով պետական պիւտճէին կողմէ:

Մենք խնդրին վրայ նայած էինք նախ նահանգային ընդհանուր կրթութեան տեսակէտէտ: Բայց խնդիրը ունի եւ այլ կողմեր, ցաւի ու զայրոյթի աւելի խոր հիմքեր:

Նախարարութիւնը, աւելի ճիշտը՝ ելեւմտական նախարարը ամէնէն առաջ փոխառութեան պայմաններով, ապա Պատգամաւորական Ժողովին հետ՝ գլխաւոր հարուածն իջեցուց իր ժամանակաւոր օրէնքով՝ օրէնսդրական հեղինակութեան իրաւունքներէն մէկուն վրայ:

Խորհրդարանական կեանքին մէջ իբր սկզբունք ընդունած է որ երբ դեռ տուրք մը օրէնսդրական կարգով չի հասհատուած վերջնապէս, այդ տուրքը կրնայ հաստատուիլ իբրեւ տուրքի սկզբունք, պիւտճէական օրէնքով, ինչպէս տեղի ունեցաւ վերջերս Ֆրանսիայի մէջ՝ եկամտային առաջատուական տուրքի առթիւ, որ պիւտճէին մէջ մտցուելէ յետոյ միայն նոյն տուրքի օրէնքը քուէարկուեցաւ Ծերակոյտին կողմէ: Բայց բնաւ չէ տեսնուած որ տիրող օրէնքին դէմ առանց այդ օրէնքը ջնջած ըլլալու պիւտճէական տրամադրութիւններ կամ ժամանակաւոր օրէնքներ քուէարկուին:

Արդ, յայտնի է որ տասանորդի յաւելուածական բաժինները հաստատուած էին բացառապէս հանրային կրթութեան եւ հանրային շինութեանց համար, իսկ նահանգային օրէնքով՝ այս յաւելուածական տուրքերը թողուած էին նահանգային սովորական պիւտճէին:

Նահանգային պիւտճէներու կազմութիւնը ենթակայ է առանձին օրինական տրամադրութեանց՝ որոնք ճշտուած են Նահանգային Օրէնքով. եւ համաձայն այդ օրէնքին, ելեւմտական նախարարութիւնը կամ Խորհրդարանը ո՛չ մէկ իրաւունք չունին Նահանգներու յատուկ իրաւունքներուն մէջ մտնելու, անոնց եկամուտները պետական պիւտճէին տրամարելու: Եւ այդ օրէնքը, դեռ այսօր, նոյն իսկ ելեւմտական նախարարութեան պիւտճէին առժամեայ օրէնքը քուէարկուելէն ետքն ալ, կը պահէ իր ուժը:

Ո՞ր իրաւունքով ու ո՞ր սկզբունքով նախարարութիւն եւ Խորհրդարան, հակառակ օրէնքին, իրենց իրաւասութեան ենթակայ չեղած տուրք մը կը տրամադրեն պետական պիւտճէին, ու ալ փոխառութեան իբր երաշխաւորութիւն:

Քննադատութեանց դէմ՝ նախարարին եւ անոր աջակից խորհրդարանական Յանձնաժողովի նախագահ հայ պատգամաւոր Պ. Հալաճեանի միակ պաշտպանութեան հիմը այն էր որ՝ առանց այդ երաշխաւորական բաժնին, փոխառութիւնը պիտի չյաջողի՜ եղեր:

Պաշտպանութիւն մը որ արգահատելի է, որովհետեւ նախ թուանշաններ չկան մէջտեղ: Այնպիսի թուանշաններ՝ որոնք ապացուցանէին երաշխաւորութեան պակսած գումարին քանակն ու անհնարութիւնը թէ՝ բացի յաւելուածական ոտք տուրքէն, ուրիշ միջոցներով կարելի չէր այդ պակասը փոխարինել:

Մեզի անհնար է հաշտուիլ այդպիսի ենթադրութեան մը հետ, որովհետեւ միշտ անհասկնալի կը մնայ թէ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ որ միայն Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը կարող է միլիոններու փոխառութիւն ընել ու նեղ օրերու մէջ պետական գանձին օգնութեան հասնիլ, ինչպէ՛ս կ՚ըլլայ որ կրթական նախարարութիւնը բացի իր սովորական մուտքէն՝ կարող է դեռ 300 հազար ոսկիի փոխառութիւն ընել, եւ անգին, պետութեան համար՝ գաւառի կրթական բաժինը խլելէ զատ ուրիշ միջոց չի մնար իր փոխառութեան երաշխաւորութիւնը լրացնելու:

Այս անլոյծ թողուած հանգոյցի մէջ կայ ուրիշ պարագայ մը եւս: Կրթական նախարարութիւնը մէկ տարուայ մէջ բացած է մօտ 700-900 նոր վարժարաններ: Այդ վարժարանները անշուշտ ո՛չ թէ կեդրոնին, այլ նահանգներուն, գաւառներուն մէջ կը գտնուին: Կրթական նախարարութիւնը չափազանց գովելի նախանձախնդրութեամբ եւ իր կոչումին վայել բարձրութեամբ ուզելով շարունակել ազգային կրթութեան կազմակերպման գործը, ո՛չ միայն իր պիւտճէին մէջ յապաւումներ չըներ, ո՛չ միայն իր սկսած գործը փոխառութեան պատրուակներով չի կասեցներ, կէս ճամբան թողելով, այլ եւ 300 հազար ոսկիի փոխառութիւնով մը կը հետամտի իր ծրագրած գործերու յաջողութեանը:

Այս սփոփարար երեւոյթին հանդէպ՝ հանգոյցը հոն է որ գաւառներու մէջ հաստատուող վարժարանները՝ որոնք պետական կը համարուին, իրենց էութեան մէջ թուրք-ազգային են: Պետական-նախարարական պիւտճէով է որ այդ վարժարանները, հին թէ նոր, հոգացուած են եւ պիտի հոգացուին:

Բայց կը մնան արդին ո՛չ-պետական, այսինքն ո՛չ-թրքական վարժարանները: Պետութեան բաղադրիչ մասը կազմող մեր ազգային վարժարանները եւն., մեր նախակրթութիւնն է որ՝ թէեւ օրէնքով ճանչցուած, թէեւ պետական ընդհանուր բարգաւաճման համար անհրաժեշտ կ՚իրաւազրկուին եւ նիւթական անձկութեան մէջ կը մնան, մինչդեռ ո՛չ-թուրք ազգերը, եւ մասնաւորապէս հայ ժողովուրդն են որ պետական վարժարաններու պահպանութեան բեռին կարեւոր մասը կը կրեն իրենց ուսերուն վրայ:

Այս պարագաները շատ լաւ գիտէին դիւանագէտները, ելեւմտագէտները, փոխառու եւ փոխատու, ինչպէս եւ Խորհրդարանական Յանձնախմբի հայ նախագահն ու գաւառային բոլոր պատգամաւորները, եւ որոնք, սակայն, բոլոր միացած՝ իրաւազրկութեամբ հարուածեցին հայ ժողովուրդը, ջնջելով նաեւ Համաձայնագրին կարեւոր մէկ մասը:

«Ազատամարտ», 1914, 2/15 Յուլիս, թիւ 1550, էջ 2