Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ


Երէկ, մեր Խմբագրական տեսութեան մէջ, կեանքի բոլոր ասպարէզներուն՝ ազգային ու դասակարգային սպառնացող վտանգը ցոյց տալէ յետոյ, եզրակացուցեր էինք, որ վտանգը անխուսափելի պիտի ըլլայ՝ «եթէ միայն այդ վտանգը տեսնելով, տեղի տալու տրամադրութիւնը ցոյց չտանք, մրցման ասպարէզներէն ո՛չ թէ հեռանալու՝ այլ մանաանդ գերազանցօրէն յաղթանակելու միջոցները ձեռ չառնենք»: Եւ մեր խօսքը փակեցինք ըսելով. «Ծանր ու դժուարին է այս, բայց ո՛չ անհնարին»:

Ի՞նչ բանի մէջ պիտի կայանան այդ միջոցները:

Պատասխանը շատ անգամներ կրկներ ու շեշտեր ենք այս էջերուն մէջ.

1. Կազմակերպել, սիստէմի վերածել կրթական գործը:

2. Մասնագիտօրէն պատրաստուիլ տնտեսական բոլոր ասպարէզներու համար:

3. Տնտեսական բոլոր ասպարէզներու եւ բոլոր դասակարգերու մէջ, խոշոր դրամագլուխէն սկսած մինչեւ ամենապարզ բանուորութիւնը, տնտեսական գործ ստեղծել, տնտեսական մրցումը վարել համագործակցութեամբ, կազմակերպուած հաւաքականութեամբ:

Ըսեր ու շեշտեր ենք որ մեր դժբաղդութեանց է՛նչ մեծ ազդակը կը ներկայացնէ հաւաքական ուժի բացակայութիւն, համագործակցական նկարագրէ զուրկ ըլլալը, չափազանց անհատականութինը, իւրաքանչիւր անհատ իր կաշիի մասին մտածելը, անհատական կեանքը ազգային կեանքի պահանջներու հետ չպայմանաւորելը:

Բաբելոնը միայն մեր ներքին ինքնավարական հիմնարկութեանց, ազգային մարմիններու մէջ չէ՛, այլ ազգային նկարագրի, մենէ իւրաքանչիւրի անհատականութեան մէջ է: Եւ ազգային հիմնարկութեանց բաբելոնը պատկերն է մեր սեփական նկարագրի:

Մեր նորագոյն կեանքի մէջ ճիշտ է որ առաջ եկած են կազմակերպութիւններ, կամ կազմակերպուած հաւաքականութիւններ թէ՛ քաղաքական կեանքի եւ թէ՛ կրթական գործի համար: Անկասկած որ այդ մխիթարական երեւոյթ է, բայց եթէ խորը գիտենք, հենց նոյն հաւաքականութեանց վրայ ալ դրուած է մեր ազգային բացասական նկարագրի կնիքը, անոնց մէջ եւս կը գերիշխէ անհատականութիւն եւ ամէնքը մէկ կը ներկայացնեն բաբելոն:

Փաստացի պարզենք մեր միտքը:

Եթէ մեր կրթական գործը կախուած ըլլար միայն ազգային պաշտօնական մարմիներէ, եթէ մեր գործը մատակարարուած ըլլար միմիայն ազգային մարմիններու որոշած պիւտճէներով, անոնց ելեւմուտքով, շատ աւելի խիղճ, շա՛տ աւելի ողորմելի վիճակ պիտի ներկայացնէր քան ինչ որ է օրուայ ընդհանուր դրութիւնը:

Բարեբաղդաբար, բացի Միացեալէն, գաղթավայրերու մէջ ստեղծուած են բազմաթիւ կրթական, ուսումնասիրական միութիւններ՝ որոնք կը սատարեն իրենց հայրենի կրթական գործին, եւ եթէ հաշուենք այդ բոլորի առանձինն առանձինն հաւաքածներու ու մսխածներու գումարը, առանց տարակուսելու կրնանք վսահաբար հաստատել որ ընդհանուր գումարը կը կազմէ պետական պիւտճէի մը չափ կարեւոր, հսկայ, հարիւր հազար ոսկիներու չափ պատկառելի:

Բայց արդիւնքը: Արդիւնքը մսխուածին մէկ տասներորդը անգամ չի կրնար ըլլալ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բոլորը կը գործեն անջատ, անծրագիր, իւրաքանչիւրը իր հայեցողութեամբ: Ո՛չ միայն անոնք միացնող ընդհանուր գիծ մը չկայ, այլեւ յաճախ նոյն իսկ իւրքանչիւր միութեան մէջ ներդաշնակութիւն չկայ:

Միութիւնները կը կազմուին գաղթավայրերու մէջ, մեծ մասամբ կրթական գործէ անտեղեակ՝ բայց լաւագոյն ձգտումները ունեցող համագիւղացիներէ, համաքաղաքացիներէ: Անոնց ամբողջ դերը կը կայանայ փող հաւաքելու եւ հայրենիք ղրկելու մէջ, իսկ հայրենիքի մէջ ալ նոյնպէս ձեռնհաս ու բարեխիղճ տարրեր չգտնուելուն պատճառով՝ գումարները կը հալին, թայֆայականութեան կը զոհաբերուին, անձնական կրքերու եւ շահերու կը ծառայեցուին:

Կեդրոնին թէ գաւառին մէջ, թաղական խորհուրդներու, հոգաբարձութիւններու, գաւառական վարչութիւններու, բացառութիւնները մէկ կողմ առած, տգիտաբար կամ անբարեխղճութեամբ կամայականութիւնները ա՛յն աստիճանի անսանձ, ուսումնարականակ կեանքը ա՛յնքան յարափոփոխ, որ առաջ եկած է նոր երեւոյթ մը, ազգային մարմինները այլեւս անվստահ իրենք իրենց վրայ, խղճահարուած, իրենց յանցապարտ՝ բայց անուղղելի վերաբերմունքներէն, կ՚որոշեն եւ կը հետամտին յանձնել իրեն վարժարանները, իրենց ել ու մուտքովը միասին, Միացեալ Ընկերութեան։ Այս գոհացուցիչ երեւոյթը զարգանալով օր մը կը տեսնենք որ մեր ազգային մարմիններուն ընելիք գործ չէ մնացեր այլեւես, անոնց դռները պէտք է փակուին, անուանական գոյութիւնը պէտք է ջնջուի եւ անոնց փոխարինէ՝  Միացեալ Ընկերութիւնը կամ ուրիշ կազմակերպուած ոչ-պաշտօնական հիմնարկութիւն մը:

Եւ սակայն Միացեալ ալ ո՛չ միայն շատ հեռու է իտէալական ըլլալէ, այլեւ քննդատելի շատ կողմեր ունենալով հանդերձ՝ միակ առաւելութիւնը կը ներկայացնէ իր որոշ չափով տարբերուիլը ազգային շրջանակներու Բաբելոնէն:

Այսպէս է կրթականը:

Անցնինք տնտեսականին:

Յախաճ կը պատահինք անհատներու՝ որոնք ոեւէ կերպով միջոց ու հնարաւորութիւն գտեր են մասնագիտօրէն պատրաստուելու, այս կամ այն արհեստի կամ արուեստի, այս կամ այն ներածութեան կամ արտածութեան, սպառումի առեւտրական գործը ստեղծելու, բայց բոլորը անտահական, մեկուսի, ինք իր աշխարհով, իր կաշիով առանձնացած, ոչի՛նչ ընդհանուր, ոչի՛նչ հաւաքական:

Հարուստնե՞ր են պակաս, ո՛չ: Մասնագէտնե՞ր են պակաս, —ո՛չ: Գործ ստեղծելու, գործ վարելու ընդունակութի՞ւնն է պակաս, —ո՛չ: Ի՞նչ է պակաս ուրեմն որ ո՛չ միայն ոչ մէկ ասպարէզի մէջ հաստատ կռուան չունինք, ո՛չ մէկ ասպարէզի մէջ մեզ վիճակուելիք դիրքը չենք գրաւեր, այլեւ միշտ վտանգի տակ ենք գրաւածնիս, ունեցածնիս ալ վրայ տալու, տեղի տալու, զուրս քշուելու, կեանքի պայքարին մէջ ջախջախիչ պարտութիւնը կրելու:

Պակասը, նախաձեռնութիւնն է, համագործակցութեան բացակայութիւնն է, հաւաքականութեան համար բարոյական նկարագրէ զուրկ ըլլալնիս է, մէկզմէկու նկատմամբ անվստահ ու դաւադիր անբարոյականութիւննիս է:

Ըսեր ու բազմաթիւ անգամ կրկնելով ապացուցեր ենք որ Եւրոպայի, Ամերիկայի քաղաքակրթական, տնտեսական հսկայ առաջդիմութիւնը հրաշք է, ստեղծագործութիւնն է հաւաքական, ծրագրուած, սիսթէմաթիք աշխատանքի, ընկերակցութիւններու, մեծ ու փոքր ընկերութիւններու:

Եւ ատոր համար է որ մենք կ՚ըսենք. ի՞նչ տեսակ արգելքներ ալ ըլլան, մեզ շրջապատողներու գործ դրած մրցումը, կեանքի, գոյութեան պայքարը ի՛նչ տեսակ զէնքերով ալ ըլլայ, երբե՛ք, երբե՛ք մեզ չի յուսահատեցներ, ընդհակառակը՝ կռիւը մեզ աւելի եւս կ՚ոգեւորէ, աւելի եւս յաղթանակի հաւատքը կ՚ամրապնդէ՝ եթէ միայն կազմակերպուած, կեանքի բոլոր ասպարէզներու մէջ հաւաքական, համագործակցական ծրագրուած, մէթոտիկ աշխատանք գործ դնենք:

Դժուար է՝ բայց ո՛չ անհնարին, եւ արդէն գործի մեծութիւնը, վեհութիւնը, քաղցրութիւնը դժուարութեան մէջ իսկ է:

«Ազատամարտ», 1914, 5/18 Յուլիս, թիւ 1553, էջ 2