Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ ՄԸ


Բ[արձարգոյն] Դուռը երէկ պետութեանց ուղղելով այն ծանուցագիրը, որով կը յայտարարէ Քափիթիւլասիօններու ջնջումը, իրօք որ օսմանեան պատմութեան համար թուագրած եղաւ խիստ կարեւոր դարաշրջան մը՝ որքան արտաքին քաղաքանութեան նոյնքան ներքին կեանքի ազատութեան տեսակէտէն:

Հասկնալու համար այս պատմական քայլին նշանակութիւնը, պէտք է երթալ դարեր դէպ ի հետ, 1535 թուականը, ուր, առաջին անգամն ըլլալով, կնքուեցաւ Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա. թագաւորին եւ Սուլթան Սիւէյմանի միջեւ այն գլխաւոր դաշնագիրը, որով կարգ մը առանձնաշնորհումներ կը տրուէին Ֆրանսայի եւ որ յետոյ կազմեց գալիք այլ դաշնագրերու եւ եւրոպական միւս պետութեանց տրուած նման առանձնաշնորհումներու նախամայրը:

1535ին կնքուած այդ դաշնագիրը տասներկու անգամ վերանորոգուեցաւ մինչեւ 1740 թուականը՝ առանց էական փոփոխութիւններ կրելու: 1740ին Լուի ԺԵ. ի եւ Սուլթան Մահմուտի միջեւ կնքուեցաւ դաշնագիր մը, որ իր խոշոր գծերով, գործադրութեան մէջ է մինչեւ այսօր եւ որ պիտի դադրի յառաջիկայ հոկտեմբեր 1ին:

Յայտնի է թէ Քափիթիւլտսիօնի օրէնքով օտարահպատակները օսմանեան պետութեան մէջ կը վայելէին բացառիկ իրաւունքներ՝ դատական, տուրքի, առեւտրական եւ այլ տեսակէտներով: Օսմ[անեան] կառավարութիւնը  նոյն իսկ իրաւունք չունէր իր ուզած մաքսը գնելու այն ապրանքներուն վրայ, որոնք կը ներածուէին եւրոպական երկիրներէ:

Խրիմի պատերազմէն ետք է որ Պապը Ալին առաջին ճիգը գործ դրաւ, թէեւ անյաջող կերպով, ընդդիմանալու օտարներու վայելած այդ բացառիկ իրաւունքներուն: Օտար պետութիւնները մնացին անդրդուելի իրենց այն առարկութեան վրայ թէ՝ քանի Թուրքիան չէ բարենորոգուած արմատապէս, իրենք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց վայելած իրաւասութիւններէն: Այսպէս, 1861ին եւ 1862ին նոր դաշնագրերու միջոցով Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Ռուսիա, Աւստրիա, Միացեալ-Նահանգները, Փրուսիա, եւալյն, անգամ մը եւս ամրապնդեցին իրենց բացառիկ իրաւունքները:

Ինչ որ ուրեմն չէր կրցած վիճակուիլ նախորդ Սուլթաններուն, ահա կ՚իրագործէ Նոր-Թուրքիան, որ, պետութեան ղեկն ստանձնած օրէն իսկ, ինչպէս յայտնի է, չէր դադրած յամառ յարատեւութեամբ հետապնդել նոյն նպատակը:

Երէկուան ծանուցագրով, որ որոշում մըն է ինքնին, սահմանադրական Թուրքիան կը գտնէ այն քաղաքական ազատութիւնը, զոր Եւրոպան ցարդ զլացաւ իրեն, եւ իր իսկ երկրին մէջ գործելու այն ազատութիւնը՝ զոր կորսնցուցած էր դաշնագրութեանց կապանքներով եւ որուն պէտք ունէր, իրապէս եւ կատարելապէս տէրը դառնալու իր տանը:

Բայց, ինչպէս ծանուցագիրը ինքն ալ չանգիտանար, այժմ աւելի քան երբեք ծանր պարտականութիւն մը կը ճնշէ Թուրքիոյ ուսերուն, ընդլայնելու բարենորոգմանց գործը աւելի եւս եւ դարձնելու զայն ազդու ու անվկանդ:

Միմիայն բարոյական պատասխանատուութենէ՞ մը չի բղխիր այս պարտադրութիւնը, որով Եւրոպան պիտի կարողանայ տեսնել թէ տանտէրը գիտէ բարեկարգ ու վստահելի պահել իր ընտանեկան յարկը. անիկա կը բղխի մանաւանդ եւ ամէն նկատումէ առաջ, այս երկրին իրական շահերէն:

Այդ շահերուն լուրջ ու հեռատես գիտակցութիւնը յոյս ունինք թէ թէ պիտի արդիւնաւորեն այն քայլը, որ, կրկնենք հեղ մըն ալ, կոչուած է բանալու պատմական շատ խոշոր դարաշրջան մը այս երկրին արտաքին ու ներքին կեանքին համար:

«Ազատամարտ», 1914, 28 Օգոստոս, թիւ 1601, էջ 1