Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԱՀԷՅԻ Ա. ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ



Հայկական գաղութներու ակնկալութիւնները. Դիմումներ Վեհաժողովին. Մինաս Չերազ պատուիրակ. Նախկին Պատրիարք Օրմանեանի հեռագիրը՝ Վեհաժողովին. Ընդհանուր զայրոյթ. Պատասխանատուները որո՞նք են։

Ինչպէս տեսանք մեր շաբաթ օրուան յօդուածով առաջ բերած տեղեկութիւններէն, հայ ժողովուրդին ահաւոր դրութեան լաւատեղեակ եւ անշահախնդիր բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւնները, բոլոր անկողմնակալ օտար թերթերը որքան ալ յոռետես կամ լաւատես ըլլային գումարուելիք վեհաժողովին արդիւնքներուն նկատմամբ, որքան ալ թերեւս հաւանական յոյսեր դրած չըլլային անոր վրայ, մէկ կէտի մէջ համակարծիք եւ համաձայն էին ամենքն ալ, բարձրաձայն եւ բոլոր ուժով աղաղակել Հայութեան սպառնացող վերահաս բնաջնջման վտանգը եւ այսպէս անգամ մըն ալ պատասխանատու Եւրոպային առջեւ դնել ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ՝ որը քնացնելու, որ ոչնչացնելու համար Ելըտըզի անկէ առաջ կանգ չէր առած ոչ մէկ միջոցի առջեւ։

Ոչ միայն եւրոպական, այլեւ ամերիկեան մամուլն անգամ բուռն յօդուածներով կը յուզէր հանրային կարծիքը եւ կը ջանար նպաստաւորել առիթը՝ ոգեւարող հայութեան համար։ Ամերիկեան Telegramme թերթը այնքան առաջ կ՚երթար իր արդար ցասումին եւ զայրոյթին մէջ՝ որ կը գրէր հետեւեալ շանթալից տողերը.

«Եթէ Հայերը Սուլթանի բռնապետական լուծը խաղաղօրէն ու լռութեամբ տանէին, ատիկա ցոյց պիտի տար միայն այն թէ անոնց չափ ստոր ոչ մէկ ազգ չի կայ աշխարհիս մէջ…»։

Հայկական գաղութներու այս միահամուռ դիմումներու րոպէին, եւրոպական ու ամերիկեան անկողմնակալ մամուլին այս հայանպաստ արշաւանքի եւ արդարակորով ցասման միջոցին, ռուս եւ թուրք սահմանագլխուն վրայ 40, 000 հայ հալածականներու զարհուրելի վիճակին առջեւ եւ քարերն անգամ լեզու հանող երկրի ժողովուրդին համր մահացումի պահուն, ի՞նչ դիրք բռնեց արդեօք Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը, իբրեւ վարիչ Թուրքիոյ հայութեան եւ ամէնէն աւելի պատասխանատու անոր ճակատագրին։

Ժամանակն է այս հարցումը ուղղել եւ տալ անոր պատասխանը, երբ այս պահուն Ազգային Ժողովը պաշտօնական քննութեան ենթարկած է արդէն Օրմանեան Պատրիարքը եւ իր վարչութիւններուն պաշտօնավարութիւնը։

Պատրիարք Օրմանեան ու իր 1899ի վարչութիւնը շատ աւելի ծանօթ էին հայկական գաւառներու մէջ կատարուող սարսափելի առամին քան ո եւ է եւրոպական թղթակից եւ քաղաքական անձնաւորութիւն, որովհետեւ օրը օրին երկրի բոլոր անկիւններէն արիւնախառն հոսանքով դէպի Պոլսոյ Պատրիարաքարանը կը վազէին ջարդուող, սպառող եւ հատնող հայութեան արցունքն ու կսկիծը։ Պատրիարք Օրմանեան եւ իր 1988ի վարչութիւնն պարտաւոր էին, իրենց ստանձնած պաշտօնին հարկադրութեամբը իսկ, եթէ ոչ հայ անհատն խղճմտանքովն ու հոգիովը, միմիայն արտայայտութիւնն ըլլալ ժողովուրդի իրական կացութեան եւ ցաւին։ Պատրիարք Օրմանեան եւ իր 1899ի վարչութիւնը եթէ բաւականաչափ անձնուիրութիւն չէին զգար իրենց մէջ՝ ծառանալու գէթ հեղ մը բռնակալութեան դիմաց եւ առնուազն մարդկային արժանապատուութեան բողոքի ցոյց մը ընելու վեհանձնօրէն, գոնէ սպասելի էր որ ինքնավար դիւանագիտութեան մը հաստատակամ որոշումովը լռութիւն պահէին Լահէյ տեղացող հայկական բողոքներուն նկատմամբ եւ այդ լռութեամբը հաստատէին իրենց համաձայնութիւնը կատարուած դիմումներուն համար։

1899ի Պատրիարքարանը ո՛չ միայն չի միացաւ արտասահմանեան հայ գաղութներու եւ համաշխարհային մամուլի բողոքին, ոչ միայն գիտակից լռութեամբ մը իր համաձայնութիւնը եւ նոյն իսկ իր չեզոքութիւնը ցոյց չի տուաւ, այլ դիմեց անարդարանալի, ստոր եւ տմարդի դաւաճանութեան մը։

Օրմանեան պատրիարք վատութիւնն ունեցաւ պատմութեան յանձնելու՝ Հայութեան այդ քրիթիքական շրջանին՝ հետեւեալ հեռագիրը, ուղղուած Լա Հէյի Ժողովին նախագահին.

ՕՐՄԱՆԵԱՆԻՆ ԼԱՀԷՅԻ ԺՈՂՈՎԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՀԵՌԱԳՐԻՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏՃԷՆԸ

«Հայոց Պատրիարքարանը Չերազի պատգամաւորութենէն լուր չունի։ Հայոց Պատրիարքը՝ իբրեւ հայ հասարակութեան քաղաքական պետ, կարելի չէր որ չի գիտնար ատանկ բան մը, մանաւանդ որ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՀՊԱՏԱԿՆԵՐՆ ԵՆ՝ ՈՐՈՆՔ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԵՂԱԾ Ո՛ ԵՒ Է ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ՑՈՅՑ՝ ԱՏԵԼԻ ԿԸ ԳՏՆԵՆ»։

Հայոց Պատրիարքարանը ո՛չ միայն Չերազի պատգամաւորութիւնը անվաւեր ու կեղծ կը հռչակէր, այլ կը յայտարարէր թէ հայկական հարստահարութեանց, բռնութեանց եւ հայ ժողովուրդի ստոյգ բնաջնջման համար եղած բոլոր գանգատները, բոլոր բողոքները ամէնքն ալ սուտ են, ամէնքն ալ անիրաւ տարաձայնութիւններ են, որովհետեւ «Սուլթանին հաւատարիմ հայ հպատակները՝ Օսմանեան կառավարութեան դէմ եղած ո՛ եւ է թշնամական ցոյց ատելի կը գտնեն»։

Հայոց քաղաքական պետը՝ Օրմանեան էր որ պաշտօնապէս կը հեռագրէր այսպէս, անշուշտ գիտակցութեամբն ու խորհուրովը այն հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն՝ որ այն ատեն, 1988ին, կը կազմէին վարչութեան կեդրոնական անդամները։

Հա՞րկ է աւելցնել թէ ի՛նչ անակնկալ ռումբի մը պէս պայթեցաւ այս հեռագիրը արտասահմանի մէջ եւ սրտմտութեան, ամօթի ու անէծքի ի՜նչ կատաղի ճիչ խլեց բոլոր հայ գաղթականներու սրտէն։

Պուլկարահայ բոլոր եկեղեցիները միակամ որոշեցին իսպառ չի յիշատակել պատարագի միջոցին Օրմանեանի անունը, այսպէս չի ճանաչելով զինքը ո՛չ կրօնական եւ ոչ ալ քաղաքական պետ ժողովուրդի մը՝ որուն հետ բարոյական ոչ մէկ կապ ունէր այլ եւս այդ անարժան պատրիարքը։

Երեւակայեցէք, միւս կողմէն, արգահատելի բայց ոչ նուազ յարգանքի արժանի դիրքը՝ որ վիճակուեցաւ Չերազի, Լա Հէի եւ հոլանտական երկրին մէջ։ Երեւակայեցէք հայասէր օտարներու կրած ապշահար վիճակը եւ քաղաքական անելանելի դրությոնը, որուն ենթարկուեցան այս պժգալի հեռագրին բովանդակութեամբը։ Անգլօհայկական Միութեան անգլիացի մեծանուն անձնաւորութիւնները անտարակոյս մնացին վտանգաւոր երկսայրաբանութեան մը մէջ, երբ գովելի մարդասիրութեամբ մը մէկ կողմէն Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով Լա Հէ գացող բրիտանական պատուիրակներուն կ՚ուղղէին առաջարկութիւն մը, միւս կողմէ Լոնտոնի ամերիկեան դեսպան Պ. Շօթի միջոցով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պ. Մաքքինլիի ուղղուած հեռագրով մը՝ կը խնդրէին ամերիկեան կառավարութեան աջակցութիւնը, հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար։

Օրմանեան եւ իր 1899ի վարչութիւնը անտարակոյս իրենց մտքէն չէին կրնար անցընել թէ միայն տասը տարի ետք, ճիշդ միեւնոյն ամիսներուն՝ երբ այդ արքայահաճոյ եւ հայուրաց հեռագիրը կը քաշէին Լա Հէ, այն դժբախտ, այն հալածական եւ կիսամեռ ժողովուրդը իրենց օձիքէն պիտի բռնէր՝ կենդանի ու յաղթական՝ իբրեւ դատախազ եւ իրաւապահանջ, համարատուութիւն ու հաշիւ պահանջելու նոյն պատմական դաւաճանութեան համար։

Ժողովուրդը չի մեռնիր։ Մեռնողները անոնք կ՚ըլլան միայն որ չեն հաւատար ժողովուրդին արցունքին եւ արիւնին մանաւանդ։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 127, Երկուշաբթի, 16—29 Մարտ