Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՐԽԱՓԱՆՔԷՆ ԵՏՔ
Ա


Թանի վերջին թիւերէն մէկուն մեջ՝ Պօլիսէն քաշուած հեռագիր մը կը հաղորդէր թէ Կարնոյ ցուցարար իսլամ ժողովուրդը՝ հաւատարմութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ Սուլթանին որ կը խօստանար ներում շնորհել ցոյցի պարագլուխներուն եւ փակել միջադէպը քաղցրօրէն յարած է հետեւեալ խօսքերը. «մենք որոշած ենք ընդդիմանալ անձնական տուրքերու հաւաքման, տեղի չի տալով ո՛չ մէկ արգելքի ու խոչընդոտի առջեւ»:

Ապստամբական բողոքէ տարբեր էութիւն չի կրնար ունենալ այդ բառերուն իմաստը, քանի որ ժողովուրդ մը, ան ալ թուրքերու նման կրաւորական, անշարժ ու քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութենէն պէխապար ժողովուրդ մըն է որ կ՚արտայայտէ քսաներորդ դարու «Աստուծոյ պատուհասին», Սուլթան Համիտ անունով ճանչցուած:

Կարնոյ եւ Գասթէմունիի թրքական առաջին շարժումներուն իսկ, ինչպէս միշտ շատ մը մասնաւոր առիթներով ալ, մենք խօսելով թուրք յեղափոխականներու եւ անոնց գործունէութեան մասին, այն համոզումը պաշտպանած ենք թէ՝ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած, ժողովրդական պահանջներէ բղխած եւ միմիայն ժողովրդական շահերը իրեն ղեկավար ունեցող կենդանի շարժումները, յեղափոխական գործունէութիւնն են որ Թուրքիոյ ազատագրութիւնը պիտի դնեն շիտակ ճամփու վրայ եւ անոր նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը պիտի շեշտեն:

Մինչեւ այսօր արտասահմանեան թուրք յեղափոխականները ներկայացած են միշտ իբրեւ զօրապետներ՝ առանց բանակի, աւելի շատ՝ իբրեւ քաղաքական բախտախնդիրներ, որոնք ո՛չ մէկ կապ, մտաւորական, բարոյական ո՛չ մէկ հաղորդակցութիւն ունեցած են իրենց ժողովուրդին տառապող, ճնշուած ու կարօտ մասերուն հետ. գահին բոլորտիքը դարձող մէվլավիներ ու նորօրինակ մէկ culte ն է եղած իրենց հանրային ու յեղափոխական գործունեութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, մինչդեռ յեղափոխութեան միակ ու հզօրագոյն վառարանը բո՛ւն ժողովրդային խաւերը եւ Ազատագրութեան միակ ու ամէնահզօր գործիքը՝ ճնշուա՛ծ ժողովուրդը, մնացեր են անդին անտէր, անղեկավար, անառաջնորդ:

Տասը եւ աւելի տարիներէ ի վեր է որ Երիտասարդ Թուրքերը հրապարակի վրայ են, բայց ազատագրական ի՞նչ գործ, ի՞նչ շօշափելի փաստ՝ որ թուրք ժողովուրդը արտայայտած ըլլար իրենց թելադրութեամբ՝ երկրին մէջ: Քաղաքական շարժման մը պարագլուխները մէ՛կ պարտականութիւն եւ մէկ նպատակ պէտք է ունենան միայն, մտրակել ժողովուրդին թմրութիւնը, տալ անոր՝ իր իրաւունքներուն գիտակցութիւնը, ձեւակերպել այն պահանջները, որոնք իրականացնելու պիտի ձգտի անիկա զոհողութեամբ ու ամէն միջոցներով, եւ, այսպէս՝ նոյն այդ ժողովուրդին հետ քայլ առ քայլ, կռուելով, պայքարելով, վիրաւորուելով երթալ դէպի վախճանական հեռակէտը:

Տասը եւ աւելի տարիներու ընթացքի մը մէջ այսպէս չի գործեցին թուրք յեղափոխութեան ռահվիրաները, չի կրնալով ըմբռնել իրենց իսկական դերը, չի գիտնալով թէ ի՛նչ էր իրենց կոչումը եւ ընելիք գործը. վերջապէս արհամարհելով իրական, ճշմարիտ, գործօն Յեղափոխութիւնը, որ պիտի տապալէր բռնակալութեան պարիսպները եւ Թուրքիոյ համար պիտի բանար պատմութեան նոր թուական մը, նոր հորիզոն մը:

Ի՞նչ է արժէքը երկրի մը վարչական ձեւին այս կամ այն կերպ փոփոխութեան, ի՞նչ է անոր տալիք յարաբերական օգուտը, երբ այդ փոփոխութիւնը կուգայ ո՛չ թե ուղղակի ժողովուրդին ծոցէն, անոր մշակուած գիտակցութենէն, անոր մշակուած գիտակցութենէն, այլ վերէն, կայսերական բարեհաճ շնորհով մը կամ գթութեան, ողորմութեան ո՛եւէ ձրի առաքինութեամբ: Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը ու հետեւանքը Միտհատեան համբաւաւոր Սահմանադրութեան, որուն կորուստին համար Ժէօն Թուրքեր ը այսօր կուրծքերնին կը ծեծեն ու վրայ գլուխնին կը պատռտեն, եւ որուն երբեմնի գոյութեան եւ նշանակութեան մասին սակայն՝ թուրք հասարակ ժողովուրդը, մասսա՛ն ինչպէս կըսեն Ռուսահայերը բացարձակապէս տգէտ է: Բայց եւ այնպէս այդ Սահմանադրութիւնը ինչ ալ ըլլայ անոր արժէքը պատմական մեծագոյն եւ ամէնակարեւոր երեւոյթ մըն է՝ թուրքերուն համար, հետեւաբար անոր կարեւորութիւնը, անոր կորուստը պէտք է շահագրգռէին ժողովուրդին բոլոր դասակարգերը: Մօտաւորապէս 30 տարի անցած է քաղաքական այդ նշակելի դէպքէն ետք, դէպք՝ որուն հետ կապուած են պետութեան մը ճակատագիրը, ժողովուրդի մը կեցութեան, ապագայի ու կեանքի կենսական պայմանները, եւ այդ 30 երկար տարիները խաւա՜ր, խաւա՜ր անցեր են, որոնց միջոցին թուրք մտաւորականութիւնը, երիտասարդութիւնը, յառաջադիմական, ազատասէր մասը դրական բան մը ըրած չէ իր ժողովուրդին մօտենալու, լուսաւորելու, շարժելու, ցնցելու զայն եւ բարձրացնելու անոր բարոյական հասկացողութիւնը:

Աւելին կայ. երբ հրէշ ինքնակալ մը յարատեւաբար ու գիտական մէթոտով 30 տարի արիւնի պաշտամունք ը տարածեց, ընդհանրացուց եւ հիմնաւորեց միւսլիմ, տաճիկ ժողովուրդին մէջ, երբ ամբոխին սպաննութեան, կողոպուտի, գողութեան ամէնաստոր բնազդները սրեց եւ վայրենի ախորժակներ գրգռեց, վատթարացնելու ապրող սերունդները, նուաստացնելու եւ բարոյական բարձրագոյն իտէալներու անատակ դարձնելու համար զանոնք, ի՞նչ ըրաւ տաճիկ մտաւորականութիւնը, ազատական երիտասարդութիւնը՝ չեզոքացնելու համար թուրք ցեղին ազնուացմանը, բարձրացմանը, յառաջադիմութեանը զարնող այդ հարուածները: Բան մը չըրաւ, որովհետեւ ի՛նք իսկ գոյութիւն չունէր եւ ինչո՞ւ չէ, չունի տակաւին մինչեւ այսօր՝ ա՛յն իմաստով՝ որ պէտք է հասկնալ: Այդ մտաւորական, յառաջդիմական կոչուածները իրենք ալ ամբոխին մէկ մասը կը կազմէին, իրենք ալ արիւնի նոյն պաշտամունքովը յափշտակուած էին, իրենք ալ կը համբուրէին ոսկի մտրակը եւ կը ջանային հաճոյական երեւցնել իրենց մարմինը՝ հարուածող ձեռքին:

Թիւ 42, 1907, Մարտ 21