Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍԱՏԱՆԱՆ»
Ե


Զ. Վարժարաններ ։ Է. Աղաներ ։ Ասկէ դեռ տասը տասնըհինգ տարի առաջ մեր ազգային վարժարաններու ամբողջ ճակատագիրը՝ Հայաստանի մէջ՝ տեղական ազդեցիկ կոչուած մարդոց, վաճառականներու ձեռքն էր. եւ որովհետեւ ասոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին վարժարանին նիւթականը եւ նիւթական մատակարարութեան միջոցները, կը հարկադրէին իրենց կամքը, իրենց քմահաճոյքները եւ իրենց աշխարհայեցողութիւնը՝ զուտ բարոյական կրթական խնդիրներուն մէջ, տալով դաստիարակութեան այսպէս կրաւորական, անարժան դեր մը, որ հեռու էր ծառայելէ իր կոչումին եւ օգտակար ըլլալէ ժողովուրդին։

Բարեբախտաբար այսօր համեմատական նոյն ուժեղ ներգործութիւնը զգալի չէ այլեւս, որովհետեւ ժողովրդային ուրիշ խաւերու յառաջխաղացութիւնը, յատկապէս միջին դասակարգին գիտակցական միջամտութիւնը հանրային գործունէութեան մէջ՝ կասեցուցած կամ որոշ չափով չեզոքացուցած է վերին դասակարգին ուժը։ Բայց այսքանը բաւական չէ։

Հայ վարժարանները մէկ կողմէն ճնշուած քաղաքականօրէն՝ տիրող բռնաւոր ու ատելի կառավարութեան բիրտ օրէնքներովն ու լրտեսական հսկողութեամբը, միւս կողմէն գտնուելով Պօլսոյ մտաւորականութեան, քաղաքացի դիւրակեաց դասերու վարչական խնամատարութեանը տակ՝ չեն կրցած իրագործել Կրթական Ծրագիր մը որ համապատասխան ըլլայ գիւղացի հասարակութեան եւ քաղաքաբնակ ընչազուրկ խաւերուն քաղաքացիական դաստիարակութեան ու տնտեսական շահերուն։

Գիւղացի տարրը որ Թուրքիոյ Հայութեան ամէնէն կորովի, միեւնոյն ատեն ամէնէն կարեւոր տոկոսը կը կազմէ՝ մնացեր է ինք իր բաղդին, անառաջնորդ, անխնամ ու շահագործութեան քանակ մը։

Շահագործութի՜ւն տիրող կառավարութենէն, շահագործութի՜ւն տիրող ցեղին տիրող դասակարգերէն, շահագործութի՜ւն քիւրտէն եւ շահագործութի՜ւն հայ քաղաքացիութենէն ու հայ Աղաներէն։

Ուսուցիչները որ հազուադէպօրէն կերթան աս ու ան գիւղական հասարակութեան մէջ պաշտօնավարելու՝ ո՛չ հարկաւոր գիտական նախապատրաստութիւնն ունին իրենց առաքելութեան, ո՛չ գիտակցութիւնն ունին տեղի պայմանները ըմբռնելու, տեղին պահանջները ուսումնասիրելու եւ անոնց համաձայն ձեւակերպելու իրենց գործունէութեան եղանակը։ Դուք չէք գտներ հայ վարժարաններու ծրագրին մէջ առարկայ մը, նիւթ մը՝ որ յատկապէս ներմուծուած ըլլայ ինպաստ գիւղական հասարակութեան. մինչ ընդհակառակը՝ լեզունե՜ր, լեզունե՜ր եւ ո՜րքան անօգուտ նիւթեր, որոնք կը դասախօսուին աւելի կամ պակաս խնամքով, բայց միշտ թերի, կիսաւարտ ու մակերեսային։

Քաղաքացի Աղան՝ եթէ հայ է՝ գիւղին վրայ իր որոշ հեղինակութիւնն ունի. եւ երբ տարին մէկ քանի անգամ իր հողերը այցելէ՝ բնականաբար չի մոռնար միջամտել նաեւ գիւղային հասարակական հարցերուն, տալով իր խորհուրդները, յայտնելով իր կամքը, որոնք ընթացք կուտան նոյն հարցերուն եւ անոնց բնութեան վրայ կը ներգործեն։ Իսկ եթէ նոյն Աղան օտարացեղ է, աւելի վատ գուցէ, քանի որ ճշմարիտ ու իսկական տէրն է արդէն գեղին, որուն բարոյական, ընկերական եւ տնտեսական բոլոր կեանքը իր տնօրինութենէն կախուած է բացարձակապէս։

Ու խե՜ղճ տգէտ գիւղացին, իրաւազո՜ւրկ եւ հարստահարուած, կ’աշխատի անդադար, կը կռուի հողին հետ դիւցազնօրէն, կը կռուի տարին տասներկու ամիս եւ կը մնայ սակայն՝ դարձեա՛լ գերի, դարձեալ անօթի, դարձեա՛լ տգէտ ու դարձեալ ծառայ։

Մինչեւ այսօր յեղափոխական կազմակերպութիւններուն եւ կառավարական տրակօնեան հալածանքներուն պրօպականտան լոկ քաղաքական բնաւորութիւն կրած է, մինչ անհրաժեշտ էր որ զուգահեռաբար նաեւ տնտեսական ազդակներու, անոնց կատարած դերին եւ անոնց կրելիք յեղաշրջման մասին ալ նոյնքան եռանդով ու նոյնքան գիտակցօրէն լուսաբանութիւն տրուէր յեղափոխութեան խարիսխը կազմող տարրերուն։

Աշխատաւոր բայց իր աշխատութեան արիդւնքէն զրկուած, իր քրտինքին հալալ վաստակը չի վայելող ժողովրդային զանգուածները անհրաժեշտ է որ ճանչնան իրենց մեծ ու փոքր թշնամիները, յայտնի ու անյայտ հակառակորդները, անհրաժեշտ է որ այդ զանգուածները խորտակեն «բոլոր Սատանաներուն տեսանելի եւ մոգական տիրապետութիւնը», որպէս զի կանգնին ազատագրութեան շիտակ ճամբուն վրայ եւ առաջ խաղան։

«Ամէն ինչ ժողովուրդին համար ու ժողովուրդին միջոցով», ա՛ս է գիտակից յեղափոխական բոլոր միւս այլացեղ բանակներուն նշանաբանը եւ ա՛ս պէտք է ըլլայ նաեւ մերինը։

Ընկերական բոլոր հաստատութիւնները, օրէնքները, կանոնները այս նշանաբանին դրոշմը պէտք է կրեն իրենց վրայ եւ անով առաջնորդուին. ինչ որ զուրկ է անկէ, ինչ որ համապատասխան չէ անոր՝ թշնամին է ժողովուրդին ու հակառա՛կ անոր շահերուն։

Եւ որպէս զի ժողովուրդը պաշտպանէ իր իրաւունքները, տէրը ըլլայ իր կեանքին, իր պատիւին ու իր վաստակին, որպէս զի ընկերական կեանքը ստեղծող ու վարող հաստատութիւններուն, օրէնքներուն, կանոններուն բոլոր ազդակները ժողովուրդէն բղխին ու ժողովրդական շահերուն ծառայեն միայն՝ կը մնայ նոյն Ժողովուրդին նախ գիտակցիլ իր իրաւունքներուն եւ ապա ձգտիլ զանոնք ձեռք բերել ամէն գնով։

Թրքահայ ժողովուրդը վաղուց արդէն բարձրացուցած քաղաքական յեղափոխութեան դրօշակը՝ տարած է զայն մինչեւ հիմա փառքով, աննման դիւցազնութեամբ ու գերմարդկային զոհաբերութիւններով. եւ ո՛չ մէկ տարակոյս թէ այդ Դրօշակը ասկէ ետքը պիտի ծածանի աւելի յաղթական ու պիտի դիմէ դէպի ազատութեան իր վերջնական հանգրուանը. ո՛չ մէկ տարակոյս, որովհետեւ հարստահարուած ժողովուրդը միշտ աւելի ու աւելի գիտակ իր բախտին, իր ճակատագրին, իր առաքելութեան ու դերին՝ պիտի նոր ուժեր ու նոր զօրութիւն գտնէ գոյութեան անխուսափելի կռիւին համար։ Որովհետեւ, Յեղափոխութիւնը կեանքի պայմանն է, հայ տառապեալ ժողովուրդին կենսական պահանջն է, առանց որուն անիկա չի կրնար ապրիլ, չի կրնար տեւել։

Քանի որ մեր երկրին մէջ կայ հարստահարող ու հարստահարուող, քանի որ կայ բռնաւոր ու հպատակ, քանի որ ժողովուրդը տէրը չէ իր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն, վերջապէս քանի որ «Սատանաները» գերիշխան են մեր ընկերական ու քաղաքական կեանքին մէջ, յեղափոխական կռիւը ո՛չ թէ դադար պիտի առնէ կամ զինադուլ կնքէ, այլ աւելի պիտի սրի, պիտի դառնայ աւելի անհաշտ, աւելի բուռն ու աւելի խիզախ։ Հայ իրաւազուրկ ժողովուրդը չի կրնար մնալ այլեւս իր կրաւորական վիճակին մէջ, ինչպէս որ բոլոր բաղդակից ժողովուրդները յաւիտենապէս չեն կրնար շահագործուած մնալ։

Եւ մենք ամէն անգամ նոր յաղթանակ մը տարած կըլլանք՝ երբ ժողովրդական գիտակցութեան վրայէն Սատանայի մը գերիշխանութիւնը կը տապալենք, եւ այդ գիտակցութեան զարթնումը կը զինենք թշնամի բանակին դէմ։

(Վերջ)


Թիւ 50, 1907, Մայիս 12