Առիւծին ժանիքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վկային դէմ

Ընկե՜ր, նախնական հարցաքննութեան տակ կամ ոստիկանատան մէջ գտնուած միջոցիդ, նկատողութեան արժանի եւ կարեւոր պարագաներէն մէկն ալ վկան է։

Վկան կրնայ շփոթեցնել քեզ՝ երբ անակնկալ կերպով հարցաքննութեանդ պահուն մէջտեղ կուգայ, կը կենայ դէմդ ու երես երեսի կը յայտնէ իրողութիւններ՝ որոնք գուցէ ճիշտ են, որոնց մասնակից եղած կամ տեղեակ գտնուած ես։

Վկային երեւումը իրաւցնէ շփոթեցուցիչ եւ ջլատող է. բնականաբար առաջին տպաւորութիւնդ կըլլայ՝ լքում, յուսահատութիւն եւ անկարողութիւն, ուստի կը կարծես թէ ա՛լ փախուստի ճամբայ չունիս, բանդ բուսած է։ Չէ՞ որ մարդը առջեւդ կեցած բոլոր եղած չեղածը մէջտեղ կը հանէ, գաղտնիքներդ կը մատնէ, քու ուրացումներդ կը ջրէ։ Հետեւաբար, կ’ընկճիս, կը յաղթահարուիս ուո կը մտադրես խօսիլ ամէն բան։

Բայց չէ. այդ բոլոր ենթադրութիւններդ, բոլոր յուսահատութիւնդ ու լքումդ անիրաւ ու աւելորդ են։

Վկան՝ կարծածիդ չափ արժէք չունի, ոչ ալ անոր յայտնած աս ու ան կարեւոր կամ անկարեւոր վկայութիւնը։

Վկան չի կրնար քեզի վնասել, բաւական է որ հաստատ մնաս քու հերքումներուդ եւ անսասան՝ ՈՒՐԱՑՈՒՄԻԴ մէջ։

Եթէ ամբողջ աշխարհ իսկ աննպաստ վկայութեան գայ ամբաստանեալին դէմ, անոր պարտաւորութիւնն է ժխտել ամէն վկայութիւն եւ ուրանալ, որովհետեւ վերջապէս կարելի է դիւրութիւն գտնել ամէնէն զօրաւոր վկային իսկ յայտնութիւնները բեկանելու, ջրելու, սակայն ամբաստանեալին խոստվանութիւնները կը մնան անբեկանելի եւ որոշ փաստ։

Բայց, նախվկաները դասաւորութեան մը ենթարկենք։

Անոնք կարող ենք երկու տեսակի վերածել՝

ա. ) Հեռաւոր վկաներ ։

բ. ) Ուղղակի վկաներ ։

Հեռաւոր վկաները անոնք են՝ որ քու գործերուդ, քու գաղտնիքներուդ, քու անձիդ հետ սերտ կապ մը չունին, բայց այլեւայլ հանգամանքներով իրազեկ կամ ականատես եղած են կարգ մը պարագաներու եւ կուգան հիմա վկայել քեզի դէմ։

Ուղղակի վկաները անոնք են՝ որ գործակից են եղած քեզի, տեղեակ շատ մը գործերու, ծանօթ այլեւայլ գաղտնիքներու, է՜հ, այո՛ ափսո՜ս, նոյնիսկ ընկերներ միեւնոյն նուիրական Նպատակին։

Բնականաբար, կարելի է ինքնին խորհիլ թէ աւելի հեշտ է Հեռաւոր վկան հերքելը՝ քան ուղղակի վկան. որովհետեւ, ինչ ալ ըլլայ, առաջինը չի կրնար այնքան ազդու եւ մօտաւոր վկայութիւններ, ապացոյցներ տալ՝ քան երկրորդը։

Ուղղակի վկան է որ քեզ կը շփոթեցնէ, վարանումի եւ դժուար դրութեան կը մատնէ։

Բայց, ո՛վ որ ալ ըլլայ քեզի դէմ, քու դատապարտութեանդ համար խօսողը՝ պէտք չէ որ անոր անձին կարեւորութիւնը նկատողութեան առնես. քու միակ ու գերագոյն ջանքդ պէտք է ըլլայ՝ մերժել անոր ըսածները, երբէք չի հաստատել զանոնք եւ անխախտ մնալով քու նախկին ուրացումներուդ վրայ՝ պարագաներ գտնել ու նոյնիսկ ստեղծել հերքելու եղած վկայութիւնը։

Վկայութիւն մը կարելի է հերքել՝ հակասութիւններ գտնելով անոր մէջ՝ տեղի, ժամանակի կամ ուրիշ պարագաներու տեսակէտով, որովհետեւ դատաստանական քննութեանց մէջ՝ տեղը, ժամանակը եւ պարագաները մեծ նշանակութիւն ունին։ Օրինակի համար՝ վկան կը յայտնէ որ այսինչ օրը, այսինչ ժամուն՝ քեզ այսինչ մարդուն հետ կամ այսինչ տեղը տեսած է. նոյն խնդիրին համար կանչուած երկրորդ վկայ մը՝ կը տեսնես որ նոյն օրուան, ժամուն, մարդուն կամ տեղին նկատմամբ շփոթութիւններ կ’ընէ եւ կէտ առ կէտ չի կրնար հաստատել առաջինին ըսածները։ Դուն ասոնցմէ օգտուելով՝ ցոյց կուտաս այդ շփոթութիւնը իբրեւ հակասութիւն եւ կը պնդես որ վկաները սուտ կը խօսին։ Սակայն, ամէն պարագայի տակ, անհրաժեշտ է որ նախ վկային բուն իսկ անձին դէմ առարկութիւններ գտնես, որովհետեւ անոր անձը մեծ դեր կը խաղայ վկայութեան պահուն։

Տեսականապէս անկարելի է մանրամասնօրէն հոս ըսել թէ՝ ի՛նչ առարկութիւններ կարող ես գտնել վկայի մը անձին դէմ, քանի որ նոյնինքն իրականութիւննէ միայն որ պիտի տայ անհրաժեշտ փաստերը։ Էականը այն է որ վկային անձը կասկածի տակ ձգես, այսինքն ցոյց տաս թէ անիկա դիտումնաւոր նպատակով, թշնամական տրամադրութեամբ եկած է քեզի դէմ վկայելու։ Շատ մը քաղաքական յանցաւորներ՝ երբ նման պարագաներու տակ նեղ մնացած են՝ անմիջապէս, առանց վարանելու՝ յայտարարած են թէ այսինչ վկան թշնամական անցեալ մը ունեցած է իրենց հետ, ուստի վրիժառութեան, ոխակալութեան դրդումներով եկած է վկայութիւն տալու։ Միակ միջոցն է ասիկա վկան թշնամի ցոյց տալ քեզի, հոգ չէ թէ անիկա բարեկամ կամ ազգական ըլլայ, հոգ չէ թէ անոր հետ երբէք խնդիր մը ունեցած չըլլաս կեանքիդ մէջ, հոգ չէ նոյնիսկ՝ եթէ երբէք ճանչցած ալ չըլլաս զայն։ Կարեւորը ա՛ն է որ յայտարարես թէ անիկա թշնամի մըն է քեզի։ Ետքէն, երբ դատաստանական ատեանին առջեւ այդ թշնամի մըն է քեզի։ Ետքէն, երբ դատաստանական ատեանին առջեւ այդ թշնամութիւնդ հաստատելու ժամանակը գայ՝ մինչեւ այն ատեն միջոց մը գտած կըլլաս։

Եւ արդէն դատավարական ատեանի առջեւ կանչուած վկաներու մասին՝ իր տեղը պիտի խօսինք կարեւորը։

ՀԻՆԳԵՐՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ Ընկերը՝ ընկերոջ դէմ ։ Ձերբակալութեան մը պահուն Յեղափոխականին դիրքը աւելի փափուկ ու դժուար է, երբ մինակ չէ եւ իր հետ ուրիշ գործակից ընկերներ ալ միաժամանակ ենթարկուած են հարցաքննութեան ու տանջանքներու։

Դժուար ու փափուկ է՝ անոր համար, սիրելի՛ ընկեր, որ դուն մինչեւ վերջ հաստատ կը մնաս քու ուրացումներուդ վրայ, կը հերքես ամէն ամբաստանութիւն, կուրծք կուտաս բոլոր բռնադատութեանց, բոլոր ներողութիւններուն, ոչ մէկ յայտնութիւն, ո՛չ մէկ խոստվանութիւն կ’ընես՝ բայց ահա ընկերդ անդին կը տկարանայ, կը լքի եւ կը սկսի ծայրը դնել յայտնութիւններուն։ Ենթադրենք թէ ընկերդ ալ անսասան մնայ, բայց չէ՞ որ դուն տեղեակ չես անոր տուած հարցաքննութիւններուն. ոստիկանութիւնը կամ հարցաքննիչներդ դիւրութեամբ կրնան քեզ մոլորեցնել ու խաբել, այնպէս կեղծելով քեզի թէ ընկերէդ ամէն գաղտնիք խլած են։

Անհրաժեշտօրէն պէտք է ընդունիս թէ՝ ընկերոջդ խոստվանութիւնները օրինական տեսակէտով շուքի մը չափ անգամ չեն կրնար քու անձիդ վնաս մը բերել՝ եթէ դուն խաբուելով չի հաստատես անոր ըսածները եւ չի սկսիս խոստվանութիւններու։ Ընկերդ թող խօսի ամէն խնդիրի վրայ, թող յայտնէ աս ու ան իրողութիւնները, թող քեզ գործակից, մասնակից ցոյց տայ իրեն ու իր յանցանքներուն, ասոնք ամէնքն ալ միայն ու միմիայն ԻՐԵՆ վնասելու բնոյթը ունին, ո՛չ թէ քեզի։ Թրքական Օրինագրքին տրամադրութիւնը բացայայտ է այս մասին.

«Միեւնոյն յանցանքով ամբաստանուած անձերը՝ իրարու նկատմամբ վկայ չեն կրնար ըլլար»։

Երբ մէկը կը գտնուի ամբաստանութեան մը տակ, բնական է որ իր յանցանքը թեթեւցնելու կամ օրէնքին տրամադրաց պատիժէն ինքզինքը ազատելու համար՝ իր յանցանքը ուրիշի մը վրայ ձգէ, որուն թուրքերէն օրինական լեզուն ադֆը ճիւրմ անունը կուտայ։

Հետեւաբար, միեւնոյն յանցանքով ամբաստանուած ընկերոջ մը վկայութիւնը երբ սկզբունքով օրինական ուժ մը չունենար, ա՛լ հարկ չիկայ խռովիլ անոր յայտնութիւններէն ու պաղարիւնութիւնը կորսնցնել։

Ոստիկանութիւնը՝ օգտուելով օրէնքի մասին քու տգիտութենէդ, մանաւանդ ուզելով քեզ յանկարծակիի բերել՝ դիտմամբ խոստվանող ընկերը դէմդ կը բերէ եւ կրկնել տալ կուտայ աս ու ան իրողութեանց յայտնութիւնը. իրողութիւններ՝ որոնց ճշմարտութեանը վրայ կասկած չունիս, քանի որ քու գիտցած բաներդ են։ Ոստիկանութեանդ նպատակն է քեզ յանկարծակիի բերել, քեզ զինաթափ անել ու սրտմտութիւնդ, զայրոյթդ գրգռել՝ ընկերոջդ դէմ, որպէսզի միամտութիւնն ունենաս ըսելու՝

Ո՛չ, էֆէնտի՛մ, ատոնք ի՛նք ըրաւ, ի՛նք էր որ այսինչ գործը կատարեց, այսինչ խնդիրին մասնակցեցաւ, եւն. եւն. ։

Ատոնք ինք ըրաւ, այսինչ գործը ինք կատարեց եւ այսինչ խնդիրին մասնակցեցաւ խօսքերը արդեն խոստվանութիւններ են. բռնուած ես. այլեւս իսկական յանցաւոր մըն ես, քանի որ այդ եղելութեանց դուն ալ տեղեակ ես ։

Ընդհակառա՛կը, դուն պահելով քու անայլայլ պաղարիւնութիւնդ եւ հաստատակամութիւնդ՝ պէտք էր ըսէիր ընկերոջդ երեսն իվեր.

Կը զարմանա՜մ, բաներ կը խօսի՝ որոնց մասին լուր չունիմ, որոնց երբէք տեղեակ չեմ, կը մերժեմ այս զրպարտութիւնները՝ բոլոր ուժովս…

Անկէ ետք անմիջապէս կը մնար քեզի կա՛մ թշնամական պարագաներ հնարելով՝ ընկերոջդ վարմունքը դիտաւորեալ ցոյց տալ, կամ պարզապէս ըսել որ անիկա մտքին հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած է ու իր այս ընթացքը անբացատրելի կը մնայ քեզի համար։

Միեւնոյն յանցանքով ամբաստանուած երկու անձերէն մէկը կրնայ խոստվանութիւններ ընել ընկերոջը նկատմամբ, ինքզինք անմեղ ցոյց տալու համար։ Բաւական է որ միւս ընկերը չի հաստատէ իր կողմէն՝ անոր ըսածները. միշտ յայտնութիւններ ընողն է որ կը դատապարտուի։ Օրինակ. ենթադրէ որ ձերբակալուած ես գործակից ընկերոջ մը հետ. երկուքդ ալ կը գտնուիք հարցաքննութեան տակ. դուն կը պահես հաստատակամ լռութիւն, մինչ ընկերդ կը սկսի քու մասիդ յայտնութիւններու, ինքզինք բոլորովին անմեղ ցոյց տալով. իր մասին բան մը չի խօսիր, իր յանցաւորութեանը համար բան մը յայտնած չէ։ Եթէ դուն մերժես անոր խոստվանութիւնները եւ չի հաստատես զանոնք, դուն ազատ պիտի արձակուիս, իսկ ընկերդ պիտի դատապարտուի, հակառակ անոր որ իր մասին բան մը խոստվանած չէր ինք։ Օրէնքը նկատողութեան կ’առնէ այն պարագան թէ՝ ինք տեղեակ ըլլալով գործուած յանցանքին եւ ատենին լուր տուած չըլլալով իշխանութեան, ըսել է թէ մասնակցութիւն մը կամ մեղսակցութիւն մը ունեցած է նոյն յանցանքին. եւ ասիկա բաւական է յանցաւոր հռչակելու զայն։

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ. Խաբէութիւն ։ Ոստիկանական հարցաքննութեանց մէջ խաբէութիւնը ու խարդախանքը սովորական դաւ մըն է՝ որ կը լարուի շատ անգամ քաղաքական յանցաւորին կամ Յեղափոխութեան զինուորին դէմ։ Եւ այս դաւը այն ատեն մանաւանդ շատ յաջող արդիւնք կուտայ՝ երբ ձերբակալուած ընկերները մէկէ աւելի են։

Երեւակայէ, ընկե՛ր, որ քանի մը հոգիով ձերբակալուած էք՝ ա՛յն տեսակ գործերու կասկածանքով, որոնց գաղտնիքը մեզմէ զատ ոչ ոք գիտէ. երեւակայէ թէ դուրսը դեռ ազատ մնացած ընկերներ ունիք՝ որոնց մասին ոստիկանութիւնը լուր չունի եւ դժուար թէ կասկածի անոնց վրայ, եթե ձեր մէջէն յայտնութիւններ չըլլան։

Արդ, դուն չորս պատի մէջ ես, ամէն յարաբերութենէ զրկուած, եւ անտեղեակ թէ ի՜նչ կանցնի կը դառնայ դուրսը, ի՜նչ հարցաքննութիւն կուտան քեզի հետ ձերբակալուած ընկերներդ, եւն. եւն. ։ Օր մըն ալ երբ հարցաքննութեան կը ներկայանաս՝ կը տեսնես յանկարծ թէ հարցաքննիչդ ա՛յն տեսակ անուններ կուտայ, այն տեսակ իրողութիւններու մասին ակնարկութիւններ կընէ, որոնք միայն դուն եւ գործին տեղեակ ընկերներդ գիտէիք։ Յանկարծակիի կուգաս, կը խռովիս, կը շփոթիս։ Ըսել է ամէն բան մատնուած է, ամէն գաղտնիք երեւան ելած՝ կը մտաբերես։ Հարցաքննիչը արդէն կը հետեւի դէմքիդ փոփոխութեան, կը լրտեսէ հոգեբանական վիճակդ եւ օգտուելով այլայլումէդ՝ կը խնդայ չարաշուք ծիծաղով.

Մենք ամէն բան գիտենք, օղլո՛ւմ, մենք ամէն բան հասկցած ենք, ծածկելդ արժէք չունի. այսինչ բանը այսպէս չեղա՞ւ, կը հարցնէ հարցաքննիչը՝ իբր թէ հաստատելու համար իր ըսածներուն ճշմարտութիւնը, բայց նպատակ ունենալով նաեւ որ անգամ մը «այո» ըսես կամ «ո՛չ, այդպէս չեղաւ, այլ այսպէս»։

Ո՛չ, ընկեր, դիւրախաբ ու միամիտ ըլլալու չես՝ երեւոյթներէ, մէկ քանի նշաններէ, անուններէ հետեւցնելու թէ գործը մատնուած է ամբողջովին կամ ամէն գաղտնիք պարզուած. ո՛չ, վտանգաւոր է պաղարիւնութիւն կորսնցնել ու դահիճին անձնատուր ըլլալ։ Յայտնի խաբէութեան մը զոհ է որ կ’երթաս։

Ոստիկանութիւնը կրնայ ասկէ անկէ հատուկոտոր տեղեկութիւններ առնել, անուններ, պարագաներ իմանալ՝ առանց իրողութեանց ամբողջովին հասու ըլլալու, առանց իսկական գաղտնիքներուն վրայ լիակատար ու ճշմարիտ տեղեկութիւններ ունենալու։ Եւ քեզի անուններ տալով, մասնաւոր պարագաներու եւ դէպքերու յիշատակութիւնն ընելով՝ ուրիշ նպատակ չունի, այլ միայն այն որ քեզմէ ստուգէ, քեզմէ իմանայ կատարեալ իրողութիւնը։

Փորձութիւններուն ամէնէն վտանգաւորն է այս կեղծիքը։ Հարիւրներով կը համրուին այն ընկերները՝ որ այսօր բանտին մէջ կը հեծեն գլխիկոր, շղթայակապ եւ դառնացած հոգիով՝ ոստիկանական այս խարդախանքին զոհ գացած ըլլալնուն համար։ Եւ երբ ընկեր մը մէկ անգամ գայթելով թակարդին մէջ կը բռնուի, արդէն սեւ աղէտի դուռ կը բանայ ո՛չ միայն իրեն, այլ իր հետ ձերբակալուած բոլոր ընկերներուն համար։ Կծիկին ծայրն է որ կուտայ ոստիկանութեան ձեռքը։ Քանի մը տեղեկութիւններ ինք տալով, մէկ երկու յայտնութիւն ինք ընելով՝ բացարձակապէս պատճառկը դառնայ որ մնացածներն ալ իր ընկերները խօսելով լրացնեն. որովհետեւ ոստիկանութիւնը՝ իր ամէն մէկ լսածը իբրեւ հատու զէնք կը գործածէ, որսալու այն յեղափոխական գաղտնիքները՝ որոնց տեղեկանալու համար ո՛չ մէկ զոհողութեան առջեւ կ’ընկրկի։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ. Լրտես բանտարկեալներ ։ Հարցաքննութեան տակ գտնուած միջոցիդ արթուն զգուշութեան պէտք ունիս՝ չի խաբուելու համար լրտես բանտարկեալներէ ։

Բանտին մէջ, սիրելի՛ ընկեր, հոգեկան պահանջ մըն է ամէն բանտարկեալի՝ մօտենալ բախտակից մարդոց, խօսիլ անոնց հետ, մտերմանալ, հոգ չէ թէ ի՛նչ ազգէ ալ ըլլան անոնք, թուրք, քուրդ, չէրքէզ կամ հայ։ Վիճակի նմանութիւնը եւ տառապանքի նոյնութիւնը կը քանդէ ցեղային ու ազգային խտրութեան ամէն պատնէշ, ամէն ամբարտակ ու բանտակից անձերը կը մօտեցնէ իրարու, կ’եղբայրացնէ զանոնք տեսակ մը անբացատրելի, անմեկնելի զգացումով։ Բանտը առանձին աշխարհ մըն է, ուր մարդիկ կ’ապրին սովորական կեանքէն, կեանքի սովորական ըմբռնումներէն բոլորովին տարբեր պայմաններով։ Իւրաքանչիւր բանտարկեալ ակամայ ներքին համակրութիւն մը, կարեկցութիւն մը կը զգայ իրեն հետ նոյն պարիսպներուն մէջ փակուած ընկերոջ նկատմամբ եւ բնական զգացում մը կը դրդէ զինքը՝ բաղձալու անոր ազատութիւնը։ Ասոր համար գրէթէ սովորութիւն մը դարձած է որ բանտարկեալները հետաքրքրուին փոխադարձաբար իրենց բանտարկութեան պատճառներով, խորհուրդներ տան իրարու եւ թելադրութիւններ ընեն. մանաւանդ նորեկ մը՝ միշտ աւելի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Եւ իրաւցնէ յաճախ այլեւայլ մութ գաղտնիքներ որոնց դատարանը ու դատաւորները չեն կրցած տեղեկանալ՝ բանտին բնակիչները գիտեն ամէնայետին մանրամասնութեամբ, եւ այս ա՛յն պատճառով որ բանտարկեալ մը միշտ վստահութիւն ունի իրեն վիճակակիցներուն վրայ եւ կը սիրէ անոնց յայտնել՝ ուրիշին յայտնել չուզածը։ Հետեւաբար, ոստիկանութիւնը կը փորձէ շատ հեղ կամ ուղղակի բանտարկեալ մը իբրեւ լրտես գործածել, եւ կամ լրտեսի մը բանտարկեալի երեւոյթ տալով՝ իմանալ իր ուզածները։

Կը տեսնես որ բանտարկեալ մը կայ քու սենեակիդ մէջ, երեւութապէս անիրաւուած, թշուառ ու դժգոհ։ Ոստիկաններն ու բանտապահները գէշ կը վրաուին հետը, կը նեղեն, կը հայհոյեն անոր, կը զարնեն կը ձգեն, ինչ որ քեզի ենթադրել կուտայ թէ իրաւցնէ անիկա ալ քեզի նման տանջուող մըն է բռնութեան խուցերուն մէջ։ Կ’արգահատիս վրան, կարեկցութեան զգացումը կը մղէ քեզ որ մօտենաս իրեն, կամ, ինք արդէն կուգայ քովդ, կը պատմէ իրեն եղած անիրաւութիւնները, կը քննադատէ կառավարութիւնը, յուզիչ խօսքեր կը գտնէ իր անձը աւելի վստահելի ցոյց տալու համար քեզի. եւ կամաց կամաց կը սկսի հետաքրքրուիլ քու կեանքովդ, քու բանտարկութեանդ դրդապատճառներովը։ Վերջապէս, կը խաղայ այն տեսակ վարպետ դեր մը, որ երբէք կասկած չի կրնար արթնցնել մէջդ թէ՝ ինքը լրտես մը կամ ոստիկանութեան մէկ գործակալն է։ Բաւական է որ միամտութիւնն ունենաս մօտէն կամ հեռուէն շօշափելի փաստեր տալ քու յանցաւորութեանդ ու գաղտնիքներուդ մասին. վստահ եղիր թէ նոյն օրը անմիջապէս արդէն քու բոլոր խօսքերդ ոստիկանութեան հասած են։ Պէտք է հաւատաս թէ յաճախ այդ բանտարկեալ լրտեսը՝ կրնայ նոյնիսկ դատական մէկ կարեւոր պաշտօնեան ըլլալ, որ կարող է խօսակցութեան մէկ ձեւին տակ՝ անզգալաբար քեզ ճշմարիտ հարցաքննութեան մը ենթարկել, եւ, օգտուելով քու անփոյթ տրամադրութենէդ՝ գողնալ քեզմէ խոստվանութիւններ։

Ուստի, այնքան պարզ է տեսնել թէ յեղափոխութեան զինուորի մը համար գաղտնապահութիւնը ի՜նչ էական, բացարձակ պայման կը կազմէ, քանի որ նոյնիսկ ոստիկանական խստութիւններէն, դատաստանական բռնադատիչ ու դժուար հարցաքննութիւններէն դուրս ալ էնթրիկներ, դաւեր կան անոր ոտքին առջեւ, որոնց մէջ կրնայ բռնուիլ՝ վտանգելով թէ՛ ինքզինքը, թէ այն գործը՝ որուն նուիրուած է։

Կոյր անձնուիրութիւնը, անհաշիւ նուիրումը բաւական չեն օգտակար ըլլալու Հայրենիքին։ Ամէն մէկ յեղափոխական՝ զինուոր մըն է, արդէն թշնամի բանակի մը դէմ կռուի բռնուած, հետեւաբար պէտք է որ ստոյգ ու ճշմարիտ ծանօթութիւնն ունենայ իր հակառակորդին ուժին, տակտիկին, հնարքներուն եւ զէնքերուն։ Յեղափոխութիւնը մինչեւ հիմա բան շահած եւ համեմատաբար քիչ կորուստ ունեցած պիտի ըլլար՝ եթէ մեր յեղափոխական այնքան անձնազոհ ընկերներէն շատերը գիտնային թրքական դատարաններուն եւ ոստիկանական, դատաստանական նենգութեանց ու օրէնքներուն կարեւորները։

Ահա՛, ընկե՛ր, ամփոփ կերպով հաւաքածոն այն անցքերուն ու փորձութիւններուն՝ որոնք կը կազմեն Նախնական հարցաքննութեան լրացուցիչ պարագաները։ Ինչպէս ըսինք, աւելորդ չենք նկատեր անգամ մըն ալ կրկնելու թէ՝ ոստիկանական հարցաքննութիւնը հիմն է ամբողջ դատաստանական ընթացքին. այն որ կրցած է իր անձը չի վտանգել նախնական քննութեանց միջոցին, այն որ կրցած է ամէն գնով ու ամէն զոհողութեամբ՝ փաստեր չի տալ ոստիկանութեան ձեռքը, անիկա արդէն վստահ կրնայ ըլլալ թէ իր բանտարկութիւնը ժամանակաւոր հանգամանք ունի միայն եւ իր ազատումը կասկածի ենթակայ չէ։

Իսկ, ընդհակառա՛կը, այն ընկերը որ դժբախտութիւնն ունեցած է այս կամ այն կերպով կասկածանքի, փաստերու, ապացոյցներու տեղի տալ՝ ոստիկանութեան կողմէ կը յանձնուի Մուսթանթիգին (Հարցաքննիչ Դատաւորին)։