Հեքիաթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՍԹԱՆԹԻԳ ԿԱՄ ՀԱՐՑԱՔՆՆԻՉ ԴԱՏԱՒՈՐ

Մուսթանթիգին պարտականութիւնն է աչքէ անցնել՝ ոստիկանութեան կատարուած հարցաքննութիւնները եւ կասկածելիին յանցաւորութիւնը հաստատող բոլոր փաստաթղթերը, ապացոյցները, նշանները, եւն. ապա, իր կողմէն հարցաքննութեան ենթարկելով զայն՝ ստուգել նաոր յանցաւորութիւնը կամ անմեղութիւնը։

Ոստիկանութիւնը իր կողմէն ժամանակաւոր կամ անպայման բանտարկութեան որոշում չի կրնար տալ ո՛ եւ է կասկածելիի նկատմամբ. Մուսթանթիգն է միայն որ՝ համոզուելով յանցաւորութեանդ կամ ինքզինքը համոզուած ենթադրելով, բանտարկութեան թուղթ մը կուտայ ձեռքդ եւ կը խրկէ բանտ։ Այդ թղթին մէջ նշանակուած կ’ըլլայ արդէն քու յանցաւորութեանդ տեսակը։

Ի հարկէ Մուսթանթիգը մինչ՛ բանտարկութեան այդ որոշումը տալը՝ իր քննութիւնները կատարած եւ հարցաքննութիւնները աւարտած պէտք է ըլլայ։

Խնդիր է իմանալ թէ Մուսթանթիգի՞ն առջեւ ի՛նչ փորձութիւններ կան որ՝ կը սպառնան Յեղափոխականի մը։

Աւելորդ կը սեպենք կրկնութիւններ ընել. այն ամէն բռնադատութիւնները, տանջանքները, դաւերը, խարդախանքը՝ որ կրնայ կատարել ոստիկանութիւնը, նոյնութեամբ կարող են պատահիլ նաեւ Հարցաքննիչ դատաւորին տնօրինութեամբ։ Միայն, զանազանութիւնը հոն է որ Մուսթանթիգին առջեւ տուած հարցաքննութիւնները աւելի օրինական կը համարուին, հետեւաբար աւելի վաւերական են դատարանին առջեւ։

Օրինակի համար, ո՛ եւ է վկայ՝ ոստիկանատան մէջ տուած իր վկայութիւնը կրնայ փոխել՝ առանց պատիժի ենթարկուելու. մինչդեռ Մուսթանթիգին առջեւ տրուած վկայութիւն մը անփոփոխելի հանգամանք կը կրէ եւ եթէ ետքէն դատարանին առջեւ վկան հակասութեան մէջ իյնայ որովհետեւ Մուսթանթիգին վկայելու գացած ամէն մարդ պարտաւոր է դատարանին առջեւ ալ կրկնել իր ըսածները կամ իր նախորդ ըսածներուն հակառակը վկայէ՝ ծանր պատիժի կ’ենթարկուի իբր խաբեբայ կամ սուտ վկայ ։

Օրէնքը՝ Մուսթանթիգին քննութիւնները վաւերական ճանչցած ըլլալով, բնականաբար անկէ կը պահանջէ որ աւելի արդարասէր, աւելի ուղղամիտ եւ անաչառ ըլլայ։ Երբ անոր կողմէ յանցաւոր հռչակուած եւ դատարանի խրկուած անձ մը անպարտ արձակուի ու կարենայ հաստատել թէ Մուսթանթիգը անբաւական ապացոյցներով զինքը ամբաստանած է, այն ատեն կարող է վնասուող անձը դատ բանալ Մուսթանթիգին դէմ եւ պատիժի ենթարկել զայն։ Թէեւ, սիրելի ընկե՛ր, հասկնալի է թէ Հայ մը, եւ ան ալ Քաղաքական յանցանքով անգամ մը մեղադրուողը, համարձակութիւն չունենար այս տեսակ յանդգնութիւն մը փորձել։ Մենք միայն պարտաւոր ենք գիտնալ օրէնքին տրամադրութիւնները՝ որքան կարելի է մեր ինքնապաշտպանութեան ծառայեցնելու համար զանոնք։

Հարցաքննիչ դատաւորը՝ երբ տեսնէ թէ իր առջեւ ներկայացող կասկածելիին համար բաւական զօրաւոր ապ ցոյցներ չի կան՝ զայն անպարտ կ’արձակէ, առանց դատարանին յղելու։ Հետեւաբար, կարելի է դեռ դատարան չի գացած, օձիք ազատել ու դատաստանական երկար ու երկբայելի ատեաններուն երեսը չի տեսնել։ Մուսթանթիգները վճռական դեր կրնան խաղալ՝ եթէ ուզեն. եւ անոնք կընեն ամէն ծառայութիւն, բաւական է որ միջոցը գտնուի՝ անոնց տրամադրութիւնը կակուղցնելու։ Կաշառքը յաճախ վտանգաւոր եղած է, բայց շատ հեղ ալ փրկարար։

Քաղաքական յանցաւորներէն շատերը ճողոպրած են դատավարութենէ ու հաւանական դատապարտութենէ, օգտուելով Մուսթանթիգներու ընչաքաղցութենէն ու կաշառակերութենէն։

Ընդունինք պահ մը, ընկե՛ր, թէ դրամին ծառայութեան վրայ յոյս չես կրնար դնել եւ Հարցաքննիչ դատաւորդ կը մնայ անդրդուելի ու անկարեկիր։

Հարցաքննութիւններդ աւարտած են արդէն. Մուսթանթիգը այլեւս բաւական կը նկատէ իր հաւքած փաստերն ու օրինական ապացոյցները. ուստի, թուղթ մը տալով ձեռքդ՝ քեզ ժամանկ ւոր արգելարանէն հանել տալով կը խրկէ բանտ. ինչպէս ըսինք, այդ թղթիդ վրայ նշանակած ըլլալով արդէն յանցանքիդ տեսակը եւ բանտարկութեանդ թուականը՝ որմէ պիտի սկսիս հաշուել պատիժիդ տեւողութեան վախճանը։

Հիմա, Մուսթանթիգը պատրաստելով իր տեղեկագիրը՝ կը կցէ զայն հարցաքննութեանց թղթերուն ու քու մասիդ հաւաքուած բոլոր փաստաթղթերուն, եւ կը խրկէ Ամբաստանիչ Ատեանին ։