Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[բ]

Դեռ մեղմօրէն կ’անձրեւէ նոճիներուն մէջ. բոլոր ցաւերը արթնցած են յօրանջելով. հինաւուրց ահարկու ձանձրոյթ մը պատուհանս կը գունատէ: Վերը, նոճիներուն թախծալի երերքին ու աշխարհքին վերեւը միապաղաղ գորշութիւնը թախծութիւն կ’արտասուէ. անհուն թախծութիւն. վիշտերուն յամր ու լռին լացովը զոր կը հոսէ անշշուկ, վերի մեռելական գորշութիւնը կ’արցունքոտէ ամեն բան. իբրեւ յոռետեսին յղացած, յոռետեսին սպասած մահուան երանգը, որ աշխարհքին վրայ իջած ըլլայ մռայլամած ճշմարտութենէ մը. պակուցիչ, անխլիրտ տիրականութեան մը գոյնը, միակտուր ու վերջնական, ուր ամեն երազ կը խղդուի: Կ’անձրեւէ, կ’անձրեւէ մեղմօրէն, սեւ ծառերուն երերման, նոճիներուն մեծ սգերերքին մէջ մեղմօրէն կ’անձրեւէ: Եւ մանրամաղ անձրեւին իրականութիւնը անգայտ ծխայնութեամբ մը կը հիւլէհոսի, ու նոճիները կը պարուրէ, կ’ողողէ. անջրպետին անսահման մշշային սահմանողութեան մէջ նոճիներուն սլացառկախ անդրատենչութիւնը շլմորած կ’երերայ: Հովի ընդհատ, անզօր արծարծում մը ստուերներ կը խուսափէ նոճիներուն ներքեւ լճացած ջուրերու ցրտին անփայլութենէն. թրջած, սրսփուն ծղօտներու շուրջ անշարժ առուակներու շեղբային երեսէն. մինչդեռ հոծ նոճիները հովին տակ կը սարսռան, կը հիւսալուծուին, ու անծալ գորշին վրայ իրենց ճօճուն կմախներուն սարսափը կը սեւագծեն: Կռիչներ կ’արձակուին, պաղած բարձունքներէ, նոճիներուն թախծալի ծայրերէն, ու թռող սեւ որիները կարծես թէ պատառներ են որ կը փրթին անոնցմէ. իբրեւ թէ նոճիները որիներ հառաչէին: Եւ անձրեւը անընդհատ կուգայ, բարակ, մանրամաղ անձրեւը. գգուանքի մը պէս, ինքնազրաւման գաղափարի մը յամառ գգուանքով կը ցօղի՝ սոսկալի, անհաւատալի անձրեւը, վերի գորշութենէն, իբրեւ բոլոր յոռետեսութեանց ձոյլ սառչումէն, տարածութեան մէջ իր հալածանքը ամպած: Հոգւոյն մէջ յածող յետամնաց պզտի հրճուանքները կը մարին. երբ որ կայծի մը վրայ ջուր իյնայ՝ կայծը ֆը՛սս կ’ըսէ, կայծը վա՜խ կ’ըսէ՝ կը մարի. ահաւասիկ անձրեւէն մարած են բոլոր հրճուանքները, բոլոր կայծերը որ սրտիս ա՛լ սեւամաղձոտած տրտմութիւնը կը մխիթարէին. եւ ուղեղս մոխիրի ցեխ մ’է:

Կ’ուզէի, պիտի ուզէի, ի՛նչ ապուշ փափաք, պիտի ուզէի որ հոնկէ, հարաւին բարձրերէն՝ ամպը պատռէր քիչ մը, եւ արեւը երեւար. երկինքին կապոյտը, կապո՜յտ երկինքը քիչ մը տեսնուէր հոնկէ: Այն ատեն այսքան տխուր չէի ըլլար, ա՛յսքան անկարող, եթէ երկինքը ամպի մը բացուածքէն քիչ մը երեւա՛ր հիմա: Պէտք է որ գլուխս կախեմ աշխատիմ հիմա, ինծի գծել յանձնարարուած պզտիկ պատկերի մը ահարկու աշխատութիւնը սկսիմ, եւ աւարտե՛մ իսկ, զայն նոյն իսկ սկսի՛մ: Հիմա իմ թշուառութեանս վրայ կ’աւելնայ կը ծանրանայ կարելի լաւատեսութեամբ մը հնարաւոր կարողութիւններու զրկանքը: Ի՞նչ կրնամ ընել ես: Հիմա իմ թշուառութեանս վրայ կը ճնշէ անոր գիտակցութիւնը, եւ անվանելի ինքներկբայութիւն մը: Ամեն բան, ամեն բան իմ հիքութեանս, իմ ապիկարութեանս մեծութիւնը կ’ըսէ. նոճիները որ կը տատանին, խոտերը որ կը սարսռան, կռնչող թռչուններու սոսկալի զուարթութիւնը, սենեակիս ստուերին մէջ սուզուած անշարժ իրերը, ամեն բան, հովին ձայնը որ ֆհո՜ւ ֆհո՜ւ կ’ընէ, եւ բոլոր մտապատկերներս, յուշերս՝ որոց վրայ կը խղճամ, եւ զոր կ’արհամարհեմ, խաբուած խաբեբաներ., խիղճս, ատելի՛., հեռալուր դժնդակ աղաղակները, գորշ լռութիւնն ուր լսողութիւնս ապշութեամբ կը մխրճի, եւ ուր դեռ անգամ մ’ալ, մեղմօրէն, նոճիին կատարը կ’երերայ., նաեւ իմ չսիրած բաներս, մանաւանդ սիրածներս, ամենքն ալ կը շշնջեն, կը լռեն, կը պօռան իմ հիքութիւնս, եւ անշարժ, անկարող, կը կարծեմ թէ իմ յանցանքս կ’ըսեն ինծի անոնք:

Հոգիս լեցուն է ընկերային զգայութիւններով: Նողկալի խեղճութեամբ մը կը զգամ կոր որ կենսապայքարի, կենցաղի տեսակէտ մը հարկադրուած է գիտակցութեանս, փոխանակ կեանքին՝ անկարելի կեանքին տեսակէտին: Ինքզինքս կը տեսնեմ ըստ հանրային չափին, ըստ մարդերու ու կնիկներու իրերհայեցութեան: Ի՞նչ եմ ես, ծաղրելի ցնորակոծ մը որ կ’երեւակայէ թէ կրնայ զերծանիլ ընկերութենէն, եւ անոր ամենէն յիմար հանգամանքներէն., որ տակաւին կը յամառի կարծելու թէ կրնայ անզգած այսինքն գերիվեր մնալ ապրողներու, «յաջողող»ներու ործացնող երանութենէն. թէ կրնայ մեծ ըլլալ առանց կողոպտելու, եւ առանց գիրնալու. թէ կրնայ ընկերութեան հարկադրած պայմաններուն թշուառութենէն անաղարտ մնալ: Ա՛հ. եթէ աշխարհայնութեան նեխած տրամադրութիւններ չըլլային մէջս՝ կենցաղի մտածութիւններ չէին գոյանար, չէին յամեր հոն, աղբիւսներու քով յածող շուներու պէս:

Չկա՞յ բան մը որ զիս ազատէ պզտիկ բաներէն, յամառութեամբ ահագին, որ առակին ճանճէն խայթուող առիւծին կատաղութիւնը կուտան մարդուն: Ահաւասիկ կը գիտնամ թէ ոչինչ պզտիկ է ինչպէս բնութեան՝ նոյնպէս ընկերութեան մէջ. եւ թէ բոլոր պզտիկ բաներուն տիրապետութեան տակն են բոլոր մեծ բաները. մեծերուն տառապանքն են պզտիկները, եթէ ոչ միշտ զուարճալիքը. ապրողը պէտք է որ անջնջելի նշանաբան ընէ իրեն յարգել բոլոր սրտագին արհամարհելի բաները. խոստովանի, անընդհատ, անոնց անճզմելի, անսպառելի կենսականութեան մեծութիւնը: Ինքզինքը մեծ զգալէն աւելի տառապագին բան չկայ: Ա՛հ, եթէ համեստութիւնը տգիտութի՛ւն ըլլար:

Եւ սփոփիչ բա՛ն մը չկայ. տխուր, զարմանալի, անագորոյն պարապութիւն մը. աս օդին՝ թռչունները փախած են, անհետ են. ո՛վ գիտէ ո՛ւր են երգող թռչունները. բայց շուները փողոցն են. խխում, աղտեղի, յամառ, կը պտտին. վայրենի ընտանութեամբ մը քաղքին փողոցներն են, թափառական. անձրեւոտ հեռուէն մերթ անոնց հաջիւնը կը լսուի. կերկեր, կաղկանձոտ. մինչդեռ թռչունները չեմ գիտեր ո՛ւր են: Ո՛չ մէկ ցնորք, ոչ մէկ երգ: Եւ ինքզինքս զզուելի կերպով թշուառ կը զգամ. բոլոր աշխարհքին հետ զիս ալ աղտեղի. լեցուն եմ անորակելի, կարծես անառարկայ ատեցողութեամբ մը, որ կը նողկացնէ զիս. իբրեւ թէ հոգիէս անհատնում կոյառու մը անցնէր. եւ ա՛լ ոչ զոք կը սիրեմ:

Ո՞վ. Իռենա՞ն: Ո՜չ. ալ բան մը չըսեր ինծի իր ստուերային գեղեցկութիւնը. զարմանալի բան. ոչի՛նչ՝ իր էութեան անբարբառ լեզուն որու մտիկ կ’ընէի, մտիկ կ’ընէր մարմինս, հիացած, իր քովը, իրմէ հեռու: Աննիւթ բանը որ ինձմէ յիմարաբար կը սլանար իրեն, եւ իրմէ, խօլ, կուգար զիս թրթռացնելու՝ կ’երեւայ թէ նուաղեցաւ, օ՛հ, արդէն շատ աննիւթ չէ՞ր, ցամքեցաւ, չորցած աղբիւրներու անողոքելի չկամութեամբը. թերեւս՝ ա՛լ չորցած աղբիւրներու անպատում չքաւորութեամբը: Քնարերգութիւններն ալ կը լռեն, որքան ալ անմիտ եղած ըլլան: Ի՞նչ կայ վախնալու. աս չէ՞ր ըլլալիքը. եւ մի՞թէ չկար այս վախճանը տարփանքիս առաջին դողերուն մէջ, թէեւ չյիշեմ այդ սկիզբը…: Չէ՞ մի որ ամեն սկիզբ երազով այլակերպուած վախճան մ’է: Չէ, աղէկ է ասանկ. քանի որ ասանկ միայն ճիշդ է: Կենսապայքարն ամենուրեք է: Ներաշխարհին մէջ պէտքերը, զգացումները, գաղափարները կ’ընեն ինչ որ ամեն էակ կ’ընէ. կը մրցին. կամ մրցած կ’ըլլան. անհատականութիւնն աններող (intolռrant) է ամենուրեք. անցնի՛նք անգամ մը ամեն տեսակէտներէ, վիճակներէ, ներաշխարհը կազմող անհատականութիւնները կշռելու համար: Սրտիս մէջը խնկաման մը կար. որ անշուշտ աստիճանաբար կը պաղէր. որու շիջումը կ’սքօղուէր տարտամ զմայլման անօսրութեամբն իր դեռ տեւող բոյրին որ ահա ցնդեր է բոլորովին. ո՞ւր է խնկամանը, ո՛վ գիտէ ո՛ւր են անօգուտ բաները:   նկամանին տեղ հիմա բան մը կայ որ դատարկ դրամապանակի մը կը նմանի: Քսա՜կ մը ունիմ եղեր:

Ա՛հ, յանցանքը անո՞րն է միթէ: Կծկուած, ներամփոփ՝ ալ ո՛չ խանդաղատանքի, ոչ հիացման, ոչ անձնուիրութեան կարող կը զգամ ինքզինքս. ահա այս ներկան ճիշդ վիճակներուն ժամանակն է, ուստի ոչ ալ սիրային վերացումներու - օ՜հ. ցնորական բառեր. արծուաթեւիլ հաւտացող բադի զուարճալի թեւաբախումներն իրենց մարմիններէն անտեղեակ հոգիներու:

Եւ արդէն ո՞վ եմ ես որ սիրեմ…: Միայն, մայրս կ’ողբամ:

Ամենուրեք տեսածս է գձձութիւն. թշուառութիւն. ատելութեան փակ կզակները. իրական, զուտ, առանց երկինքի, ժպիտի անկարող, ժպիտը ուրացող փոս ու պիրկ այտերու ատելութիւնը. վասն զի երբ երկինքը կը ծածկուի՝ աշխարհքին աղտեղի սեւութիւնը երեւան կ’ելլէ: Հեռուէն աքաղաղի մը ձայնը կը լսուի. եւ աքաղաղին ձա՜յնն անգամ տխրալի աղաղակ մ’է որ կ’ուզէ երկարել, եւ խայտառակօրէն կը լմննայ: Ա՜խ. ի՛նչպէս վշտագին, զայրացնող է բան ծախողի սա հեռաւոր կոչը: Քաղաքին ժխորը խոնաւ, աղէտալի մռունչի մը պէս կը հասնի, կը թափանցէ ինծի, որ ոչինչ կրնամ ընել: Միթէ անջրպետէն ծորող դրապաշտ կենազրաւման մը գաղափարը տոգորած չէ՞ ապրողներուն ողորմուկ զեռումը. եւ իմ յուսահատ ջղայնացումս: Չէ՞ մի որ նողկալի, ահաբեկիչ մահկանացութիւն մը կը նայի անջրպետէն: Ահա մարդը նորէն կը պօռայ. ձայնը, տառապագին, սոսկալի տուայտանքով մը կ’երկննայ. հիմա պիտի մեռնի տարօրինապէս թշուառ մարդը:

Հովը կը փչէ. նոճիները կը ծռին. կը ճօճին, անբացատրելի թախծութեամբ. նոճիները կապոյտ երկինքը կը կանչեն. իսկ երկինքը մարած է: Պատուհանս գորշ լոյս մը ունի որ տխուր ու անճողոպրելի բաներու վրայ մտածել կուտայ: Այսօր յայտնի է բոլոր իրերուն անզօրութիւնը, հիքութիւնը, եւ իմ բոլոր ահագին խեղճութիւնս. ուրիշ բան չկայ. ամեն բանի ստութիւնը, ծանծաղութիւնը, աղտոտութիւնը կայ միայն. ընդհանուր վիշտ մը կը զգամ, ամեն բանի վիշտը:

Եւ ցաւերը կը խլրտին, կը զեռան. սրտիս, գլխուս մէջ անոնց մակաբոյծի սողը կը զգամ. եղտիւրներու ցեխին մէջ բնակող ճեւեղիկներու պզտիկ, կակուղ, անողորմ սողը որ զիս կ’ակօսէ: Եւ աչքերս յառած անձրեւին մոխրագոյն ստուերին որ կ’իջնէ, կ’իջնէ նոճիներուն խաւարին ծալքերուն մէջ՝ կ’ըսեմ ինքնիրենս թէ ա՛լ ոչ զոք կը սիրեմ. եւ թէ այս ա՛լ անիմաստ վիշտերէն, սա պատկերէն ալ ազատելու համար, իմ անձիս բոլոր տգեղութիւնը, բոլոր գարշելի խաբուածութիւնը, անջնջելի՝ յուսահատական պատրելութիւնը, իմ բոլոր անձիս տաղտուկը մէջտեղէն վերցնելու պաղ չքամոլութեամբ մ’ինքնիրենս մեղմօրէն կ’ըսեմ որ ա՜լ ահա այսօր մեռնելու է: Կեանքերը ճնշող, ծիւրող, կեանքերը սահմաներգեւող այս անհուն գորշութենէն՝ որ բոլոր զրկանքներն ու բոլոր յուսահատութիւնները կը մզէ, կը սրսկէ, բոլոր վայրենի վիշտերը կը ծորէ թշուառութեանս լռին ապշահար գիտակցութեանը վրայ., որ կարկող, խոնարհեցնող բացարձակութեամբ մը միջոցին մէջ յաւիտենական թշուառա՛խտը կը մանրամաղէ, թշուառախտին ծծմբաջրատային ժանարերքի (miasme) նուրբ, չարաշուք անօսրութիւնը՝ բոլոր կարողութիւնները կը կորսուին, բոլոր յոյսերը մէկիկ մէկիկ կը մղձկին, կ’ոգեվարին, եւ ինծի անանկ կուգայ որ ա՛լ ոչինչ կայ, ալ բա՜ն մը չկայ… թէ ա՛լ պէտք է մեռնիլ:

Տարօրինա՜կ բան. ճառագա՛յթ մը. աղօտ, գորշախառն ճառագայթ մը. տատամսոտ…:

Սենեակին խեղճ իրերը ճառագայթին կը նային. ցուրտ, երկչոտ հրճուանքով մը. պատուհանը երկբայող զուարթութեամբ մը կը մելամաղձոտի: Ոչ, չի կրնար տեւել. ո՛րքան պղտոր է երկինքէն իջնող ճառագայթը, հիմա պիտի նուաղի:   ենթ եմ. ո՛րչափ խեղճ եմ, միթէ կրնա՛յ տեւել:

Ահաւասիկ ամեն ինչ նսեմացաւ նորէն. ճառագայթը գնաց. ամեն ինչ նո՜յն է:

Եւ ես կը շարունակեմ իմ հիւանդագին անշարժութիւնս. անդիմադրելի կերպով, ախտային վիճակի մը պէս ներսս կը խորհուի կոր որ այն պզտիկ պատկերը անպատճառ պէտք է շինուի: Պզտիկ պատկերը շինուիլ կը պահանջէ ինձմէ. եւ ջլատ ապիկարութիւնս ի զուր կը ճգնի այն կողմը չնայիլ. անզգալի կերպով հեռանալ, ազատելու համար այդ պատկերին լլկումէն, պատկերին որուն չգոյութիւնը սպառնագին կը նայի հոգիիս, կարծես վիզէն բռնած, եւ անդին չե՛րթար. անդին չե՜րթար: Տէ՛ր Աստուած. միթէ ես կրնա՛մ գծել. ինչ անհաւատալի տխմարութիւն էր որ ըրի՝ հաւանելով այդ անհնարին բանը ընելու: Իսկ անիկա, պատկերը, ջղագարներու անձեւ ու խղդող խպըլիկին պէս մարմնոյս, հոգիիս վրայ նստած, կը նայի՜, այլանդակ, անհեթեթ պզտիկ պատկերը:

Աւա՜ղ, պատկերը զոր դատապարտուած եմ շինել, մինչեւ հիմա կը կորսուէր կ’երթար եթէ ներքին բան մը եղած չըլլար. եթէ ախտային վիճակի մը՝ թշուառախտի ցաւի մը յատակերպումն եղած չըլլար: Վասնզի որքա՛ն ներյատուկ է աղքատութիւնս՝ այնչափ անվտարելի է ան:

Միակ խայտառակ քաղցրութիւնը զոր կարելի ըլլայ յուսալ կենսաշահութեան անգթութենէն՝ իր նուազ ցաւագին ճնշումն է սիրտիս վրայ այն պահուն որ պզտիկ պատկերը նոյն իսկ գեղեցիկ շինած ըլլալու հիքութիւնս հաստատած ըլլամ, այն պահուն որ վճարուելու գձուձ երանաւէտութիւնը վայրկեան մը շփոթեմ մոռցուած ու անստանալի ու ճշմարիտ հաճոյքներու հետ. երբոր գացած ըլլամ փարա վաստկելու. ցուցնելու, հասկնալո՛ւ իսկ համար թէ կ’ապրիմ կոր այն բոլոր մարդերուն պէս որ քաղաքներուն ահաբեկ, նենգաւոր ու զեռացող բազմութիւնը կը կազմեն: Չէ՞ մի որ ապրելու բնազդը մարդոց եղունգներովը սրբագրուած ու փոխուած է փարա վաստկելու բնազդացա՜ծ պէտքին. ապրելու իրաւունքն ապրելու խնդրուածք մը չէ՞. ապրելու պաղատանքի մը պարտաւորութիւնը չէ՞: Քաղքին բզզուն ու հառաչալիր ժխորը չէ՞ մի որ մեղմացած՝ բարոյասքօղուած հռնդիւն մ’է որ արծաթին անհուն արժէքը կը պատմէ՝ կատաղի եղեռնական երգով մը որ մարդազոհերով փառաբանուող երբեմնի աստուածներու տօներուն կարծեցեալ ջնջմամբ մը մոռցուած աւիւնին դեռ գոյութիւնը կը յայտնէ՝ ապրելու պէտքին հետ շփոթած, ապրելու ոճրագործ մոլեռանդութեան մը վերածուած: Եւ ես ի՞նչ տխեղծ անջատմամբ իմ էութեանս բզզիւնին իրաւունք ունեցած ըլլամ վերագրել դրամին ձգտումէն գերիվեր կամ նոյն իսկ տարբեր ձգտում մը. ո՞չ ապաքէն ամեն բանէ առաջ աղքատ մ’եմ ես, տժգո՛հ իր աղքատութենէն, ի՛նչ տեսակէտով որ ըլլայ, եւ չէ՞ մի որ կը խորհիմ թէ, այս մութ՝ արտասուող, կենազրաւող օդին՝ պէտք է որ գտնեմ հարկաւոր զօրութիւնն անխուսափելի գործ մը կատարելու, իմ ինքներկբայո՛ղ մարդու անկարողութեամբս, եւ ո՞չ ապաքէն վաղն առտու՝ պզտիկ պատկերը աւարտած՝ իրա՞ւ, աւարտա՜ծ դուրս պիտի ելլեմ սենեակէն, տունէն, վտիտ ու մտամոլոր՝ կենսապայքարին անընդունակ օտարական որ սակայն անոր հարկը խոստովանելու պիտի երթամ կատարեալ համոզմամբ, կատարեալ աղքատութեամբ: Չէ՞ մի որ վար, մայրաքաղաքը պիտի իջնեմ այն զառիվայրէն ուրկէ անցած եմ այնչափ անգամ, թէեւ ամեն մարդ ինձմէ շատ աւելի յաճախ, որովհետեւ միշտ անցած է անկէ, իմ տարաբաղդութեանս իջամռայլ ճամբայէն, այն քայլով որով այնչափ անգամ իջած եմ այդ անկումը՝ դէպի ներշնչազուրկ գործերու կենսաշահական ճարպիկութեան վարձատրութիւնը. Իռենա՛, որ չես տեսներ այդ էջքը, ու չես արտասուեր պատուհանէդ՝ չտեսնելով թէ որքան անկում մ’է անիկա, դէպ ի մարդոց անմիտ թիւէն քաջալերուած մրցման անասնականութիւնը, առընչական կեանքի ստորնացումներէ խուսափմամբ՝ խղճի խորագոյն ստորնացումը, քաղաքացի անհատականութիւն մը գնելու համար դէպի լեռնավայրի ինքնութեան վաճառումը:

Պիտի ելլեմ երթամ շոգենաւին հասնելու, այն խեղճ մարդուն պէս որ ինձմէ առաջ կ’երթայ, ինձմէ առաջ մեկնած, նաեւ այն միւս մարդուն պէս որուն ոտնաձայնը պիտի լսեմ ետեւէս, իբրեւ մէկը բոլոր այն մարդոցմէն որ կ’իջնեն անկէ, եւ ուրիշ ճամբաներէ՝ մեծ մռայլ մայրաքաղաքին մէջ կորսուած նպատակներով որոնց տարտամօրէն ոռնացող ձայնը քաղքին գորշութեան մէջ կը բարձրանայ՝ մինչդեռ էջքիս ֆիզիքական խոնջէնքն ու արգահատելի մէկն ըլլալուս գիտակցութիւնը զիրար պիտի սաստկացնեն՝ զիրար արտադրելով: Յամրաքայլ իջնել սկսած՝ հետզհետէ պիտի երագեմ քայլս, ու ցաւագին, գրեթէ պիտի վազեմ զառիվայրէն ուր կքուն հասակս կը հակի աւելի, ա՛լ ատելութեամբ լեցուն նկատմամբ շահին որու վրայ պիտի երկբայիմ, ինչպէս արդէն հիմա, աղքատ ըլլալուս համար: Ա՛հ, տաժանելի էջք, որու աստիճանական երագումն իր ստորնացնող նպատակին անհրաժեշտ ձգողութիւնն է կարծես, մինչդեռ ոտնաձայնիս խօլ դոփիւնին մէջ պիտի կարծեմ զգալ պարանոցիս վրայ՝ շահուն հետեւող կամ առաջնորդ այն ընկերային ու ներքին նուաստացումներուն հարուածը՝ որուն կոպիտ իրականութենէն պիտի փախչիմ կարծես, եւ որ պիտի սաստկանայ, ու հալածէ պիտի զիս, որ պիտի վարէ զիս իբրեւ թէ Եսս ըլլար: Եւ իրօք, իմ ընկերային Եսիս, իմ անխուսափելի ու ողորմուկ քաղաքայնութեանս գիտակցութիւնը չէ՞, իր ինքնութեան լրջութեանը վրայ տարակուսող՝ իր ա՛լ կեղակարծ թուող ինքնութենէն ամօթահար Եսի մը տրոփը չէ՞ զառիվայրէն իջնող ոտնաձայնս:

Մարդերու թի՛ւ, որ մարդկային անասնականութեան ծաւալն ես, որ արդէն անանուանելի անկաշկանդութիւնը նուազելով թշուառութիւնը կ’աւելցնես, գիտե՞ս ինչպէս կը սիրեմ ծուլութիւնը. գիտե՞ս ինչպէս կ’ատեմ կենսաշահութիւնը. քու եղերազաւեշտ «յառաջդիմութեանդ» այդ նշանին անբարոյական ճակատագրականութիւնը գիտե՞ս ի՛նչպէս կ’արհամարհեմ:

Դարձեալ ճառագայթը. օ՛ն, օ՛ն, աւելի՛ շատ. աւելի՛ պայծառ: Իրերը ի՛նչպէս կը լուսաւորուին, ինչ խեղճուկ երանութեամբ. մարգերը ի՛նչպէս կը կանաչնան: Ո՛րքան պիտի զուարթանամ, ուրա՜խ պիտի ըլլամ հիմա, եթէ նորէն չկորսուի աս լոյսը:

Ի՛նչ պարզմտութիւն. ահաւասիկ ճառագայթը կը խաւարի. կը խուսափի. անհուն անգթութեան կը թողու զիս նորէն: Աստուա՛ծ իմ, պիտի տեւէ՞ այս ամպամածութիւնը: Աշխարհքին արտաշնչութեան այս մոխրային, այս տղմային թանձրացումը պիտի շարունակէ՞ լուսապայծառ երկինքին տեղը բռնել. ա՛հ, ինչպէս աշխարհքը արժանի է իր ստեղծած այս մռայլ երկինքին:

Լմնցաւ, խաւարեցաւ ամեն բան. ամեն բան իր թշուառութեանը վերադարձաւ:

Եւ աշխատի՜լ պէտք է. վա՜յ ինծի. աշխատիլ այն իմաստով որով աշխարհք կը հասկնայ աշխատութիւնը. կուզի կամ լուսանի նենգաւոր կամ խիզախ կենսաշահութիւնն ստուերին մէջ: Որովհետեւ խաբէութեամբ կամ բռնութեամբ շինուած կռիւն է միայն ինչ որ աշխատութիւն բառով կը հասկնան եւ անոր սրբութեամբն ու խաղաղութեամբը սքօղած կը պարտադրեն: Ամենուրեք հակասականութիւն, ստութիւն: Մարդկութիւն բառին մէջ պահուած քաղցր իմաստներն անընդհատ կը ժխտուին, կ’ուրացուին կենսապայքարին անհրաժեշտ նկատուող տգեղ պայմաններէն, ու կենսապայքարէն իսկ, քանի որ այս անդուլ կռիւը փոխանակ բնութեան ու մարդուն միջեւ սահմանափակուելու՝ կը զինուի մարդկային անհատներու, խումբերու միջեւ, որք սակայն տեսապէս ցուցունեն, ցուցադրեն իրարու սիրոյ գաղափարներու տիրացում մը տիեզերական Օրինաց ճանաչմամբ:

Թողլով որ մարդկային Օրէնքը, անհետեւելի մեծամասնութեանց սովորոյթները ներկայացնող, անհատներու բաղդատմամբ շատ դանդաղ կը յառաջդիմէ, եւ իմացական ու բարոյական անցեալի մը պատկերն է միայն, փոխանակ իմացական ու բարոյական իտէալ մը, մատչելի, ճակատագրական ապագայ մը ներկայացնելու, ահա մարդասիրութեան, հաւասարութեան, անկաշկանդութեան, եւ դեռ չեմ գիտեր ի՛նչ այսօրինակ գաղափարներու կը յենու, առանց դիտել ուզելու, դիտել կարենալու թէ այս կերպ մտապատկերները կը ժխտեն զիրար յաճախ, այնքան որ ոչ միայն Օրէնքին յաւակնութեան եւ իր գոյութեան պայմաններուն միջեւ է հակառակութիւնը, այլ նաեւ իր տրամադրութեանց իսկ մէջտեղ: Անհատականութեան ամենամեծ գործնականացումն է մրցումը. եւ ասիկա չի՞ բաւեր հաւասարութիւն ըսուածը բոլորովին բառնալու, եթէ երբեք այդ ցնորքը կարելի էր: Ժողովուրդները մրցման կաշկանդիչ սահմանափակումէ մը զերծ պահելով, եւ մրցման անկարողներու հարկաւոր միջոցները չընծայելով՝ մարդկութիւնը չի՞ յանձներ զմարդիկ մեծագոյն ճնշման մը, որ մարդոց բնական անհաւասարութիւնն է: Եւ ի՞նչպէս կրնայ մարդասիրութիւն պահուիլ տակաւին մրցման ազատութեան մէջ, որ կենսապայքարի տխուր օրէնքին հաստատումն է. միթէ կենսապայքարին բռնութեան մէջ կրնա՛յ բողբոջիլ ու չոսնիլ մարդասիրութեան ու հաւասարութեան այսինքն եղբայրութեան խաղաղասէր զգացումը, որու երկնային ներփթթումն է միջոցն ու խորհրդանշանն ապառնի երանութեանց աւետարանական ու ներկրօնային (ռsotռrique) յոյսին, կամ նոյն իսկ երկրային կեանքի մը զմայլելի իրականութեան: Ինչ որ է անտարակոյս անհատին յօժարութեանց վերեւ անհատական բարոյականը, նոյնն է մարդկութեան ձգտումներուն վերեւ հաւաքական բարոյականը, որմէ՛ միայն մարդկութիւնը պարտէր բղխեցնել իր կանոնները, եւ ո՛չ նախապատմական՝ նախամարդկային սովորոյթներէ: Ահաւասիկ մարդկութիւնը կը թողու որ կռուին մարդիկ, թէեւ կեանքին իրաւունքը կը պաշտպանէ, կը հռչակէ, եւ անուղղակի՝ վերածելով կենցաղն աղէտալի, անհասկնալի տաժանքի մը՝ մահն է որ կը քաջալերէ, մահը, զոր կը ներարկէ կեանքին, զոր մարդկային կքուն ու զեռացող կոյտերու ապրիլ կուտայ: Մարդ՝ մարդկութեան մէջ ունի ա՛յն վիճակը զոր նախամարդը, լեռնական՝ ունէր բնութեան զօրութիւններուն մէջ: Ա՛հ, արտաքին բնութիւնը նուաճած՝ մարդը դեռ չի կրնար ընկճել ինչ որ ստացած է անկէ վայրի, տարերային: Ներքին բնութիւնը դեռ աննուաճ, նախնական, կ’ապրի դեռ մարդկութեան մէջ իբրեւ քարանձաւի մը մէջ: Քաղաքակրթութեան արդի տեսիլներն անհունօրէն աւելի աննման են լճաբնակներու քաղաքակրթութեան՝ քան արդի գերեզմաններուն կմախքներն ու գանկերը՝ անձաւներու բրածոյ ոսկերոտիներուն: Կենսապայքարը հազիւ առած է յառաջդիմական քայլ մը, իբրեւ անսահմանօրէն վաղնջական սովորոյթ մը, իր յափշտակիչ ոգւոյն մերկութիւնը կորսնցնելով, եւ անոր փոխակայելով նենգութեան, խաբեբայութեան քաղաքավարութիւնը: Քաղաքակրթութիւնը պարտէր բթացնել, նախնամնաց գործարանի (organisme rudimentaire) վերածել ինչ որ մարդոց մէջ շանակռայ, ժահանօթ է հանդէպ իրարու. եւ անհատական բարեկեցութեան մը ճշդաբաւ շրջանակին՝ բազմութեան եւ սանձարձակ անհատականութեանց մէջ սեղմուիլն ու նախանձոտ արտաշնչութեամբ մը թունաւորուիլն արգիլել: Շոբէնհաուէրի կարծեօք՝ ոչ ոք պիտի ուզէր աներկբայելի թշուառութեան մը լքել իր սերունդը՝ եթէ հայրութիւնը բնազդի գործ չըլլալով՝ խորհրդածութեան արդիւնք ըլլար: Անտարակոյս ինքնապահութիւնն ալ ոչ զոք պիտի մղէր կեանքը շարունակել եթէ բնազդական չըլլար, այլ խորհրդածութեան ու կամքի գործ: Ի՞նչ բան արդեօք աւելի պիտի վայլէր քաղաքակրթութեան՝ քան իբր հզօր ու բարի մտածում մը՝ ինքնապահութեան հաւաքական մեծ բնզդի մը պէս՝ չթոյլատրե՜լն անհատական ինքնապահութեան չարաչար կաշկանդումն ու հրէշօրէն սանձարձակումը: Քաղաքակրթութիւնը մի՜թէ խիղճը չէ՞ Մարդկութեան:

Չէ՞ր կրնար ըլլալ որ, քանի որ կենսապայքարը մարդկութեան մեծագոյն չարիքն ու ամօթն է, զայն սահմանափակելու համար միայն Մարդուն եւ Տիեզերքին կոյր երեւոյթներուն միջեւ, ու դադրեցնելու համար զայն ըլլալէ մարդոց մէկ աններողութիւնն ու չարակամութիւնը հանդէպ իրարու, Քաղաքակրթութիւնը պարտաւորիչ ընէր իւրաքանչիւր անհատի՝ անդամակցիլ անհուն գործաւորութեան մը, իր տաղանդին եւ ո՛չ յաւակնութեանց համեմատ աշխատելու համար հանրութեան պիտոյքներուն հայթայթման, եւ միա՛յն քանի մը տարիներ, ու այս պայմանով իւրաքանչիւրին ապահովէր ցմահ անպայքար կեանք մը որու կատարեալ իրաւունքը շահած ըլլար իւրաքանչիւր մարդ իր ժամանակաւոր ծառայութեամբ: Ի՜նչ երանութիւն կամ մանաւանդ խաղաղութիւն պիտի ըլլար այնուհետեւ կեանքը, երբ իւրաքանչիւրն առ հանրութիւնն իր պարտքին հատուցումէն դարձին՝ ինքզինքը տար իր սիրական աշխատութեանց. կենսապայքարի քրտինքներով չդառնացող, ու կենսապայքարի դժնդակութիւններէ անարգել ու անվհատ, եւ մանաւանդ անոնցմով չանբարոյացո՜ղ ու չզառածող մտաւորականութեան մը, բոլոր այն այլազան ուղղութեանց մէջ որոնցմով մարդկային հանճարը կը ձգտի ճշմարտութեան ելլել: Ի՜նչ գեղեցիկ բան. ի՜նչ արդարութիւն: Ո՞վ չէր ուզեր այն ատեն երթա՜լ աշխատելու. իր տաղանդը սրտագին ու լիովին ընծայելու մարդկութեան. ցկեանս անդորրի մը, ցկեանս նոյնինքնութեան մը յոյսը, ստուգութիւնը զո՞վ չպիտի մղէր եռանդագին պարտահատուցման, եւ աշխատութիւնը սիրելու, աշխատութիւնը նկատելու արդար ու քաղցր գործունէութիւն մը, գիտական ու բարոյական վիճակ մը, գերազանցապէս անզանցառելի հրահանգ մը (pratiques) այն զմայլելի բարոյակրօնութեան մէջ զոր այսպիսի մարդկային կազմակերպութիւն մը պիտի ենթադրէր: Այն ատեն, այնպէս չէ՞, ամենէն աւատամիտներն ամենէն ծառայականներուն գործակից, պարտակից ըլլալէ չպիտի խորշէին. այն ատեն, գռեհիկ կենսապայքարին անընդունակ՝ երազող բնաւորութիւններն իրենց վերացմանց անհրաժեշտ հիմնապայմանը պիտի նկատէին իրենց ինքնութիւնը չուրացող ու զայն ապահովող այս գործունէութիւնը: Այն ատեն, այնպէս չէ՞, Թոլսթոյը հո՛ն կ’երթար հագնիլ իր երկրագործի պլուզը. Սուիֆթ գրագիր կ’ըլլար հոն. Սէռվանդէս, ծառայ. Ռուսօ զգեստի լարե՜ր (lacet) կը շինէր, ուրախութեա՜մբ այս անգամ. Մոնթէսքիէօ հովիւ կ’ըլլար. իսկ Պըրնս մշակ, ու Ռպուլ հացագործ. Սվետէնպօրկ իբր հանագէտ կ’երթար հոն. Տիկին տը Մէնդնոն տեսչուհի կ’ըլլար. Հանս Սաքս կօշիկ կը կարէր…:

Ա՛հ. ի՛նչ հիքութեամբ կը փարիմ ստուերալի ճառագայթներուն, որոնց տկար լոյսը կ’իջնէ, վարանոտ, ու կը խուսափի, կը խաւարի. ինչպէս բարոյականին, բարոյացման գաղափարին, յոռետեսութեամբ պղտոր, որ չեմ գիտեր ինչպէս կ’ապրի ու կ’արթննայ ներսիդիս:

Նորէ՜ն. վերջի՞նն է արդեօք: Ի՞նչ է ճառագայթին այս խաղը՝ հոգիներու, համոզումներու հետ. ինչո՞ւ կուգայ անգթօրէն երկինքը յիշեցնելու: Ա՛հ, բայց ի՛նչ աղէկ է ասանկ: Որչա՛փ վճիտ է ճառագայթը, այլեւս իրապէ՛ս երկնային՝ փեռեկտուած, ցրուո՜ղ ամպերուն մէջէն: Երկի՜նքը ահաւասիկ, կապոյտ, կապոյտ. ո՛րչափ գեղեցիկ է, ո՛րչափ գեղեցիկ է. Օ՛հ, ոչ, ա՛լ չի կրնար ծածկուիլ: Ինչպէ՜ս պէտք ունէի այս լոյսի՜ն. կանանչներուն. ո՛րչափ այս երփներփումին անուշութեանը կարօտ էի. եւ ինչպէ՛ս յաւէտ ծարաւ եմ երկինքին: Նոճիները կը թաւշափայլին, շշնջալիր. արեւուն լոյսն անոնց խորքը կը սուզի, խանդավառ ու հանդարտ բարութիւն մը կը զեղու անոնց գիրկը: Մարգերուն վրայ երանութեամբ երկարող անոնց մեծ շուքերուն մէջերէն հրեղէն կանանչներ կը փռուին: Սենեակս եղկանուշ լոյսով մը կը լեցուի, խեղճ սենեակս: Ճլուըլիւննե՜ր, արդէն, կը հնչեն նոճիներէն. ա՛հ, գեղեցիկ օդերու ճլուըլիւնները. թռչնիկները հոն են եղեր. նոճիներուն մէջ ապաստանած, թաքուն ինչպէս թեւաւոր զգացումնե՛րը, անմեռ, կը թաքչին տրտում մտածութեանց խորը. ահա վերսկսեր են երգել իրենց աղուոր օրերու զուարթութեամբը: Ըսէք, կանչեցէք ճառագայթին, թռչնիկներ, որ չփախչի, չլքէ՜ երկրի դժբաղդները: Ա՛լ չամպոտէ՛ր. վասնզի այն ատեն գործս լմնցած է: Շատ գէշ բան մը կ’ըլլար ատիկա. ա՛լ անհաւատալի անգթութիւն մը կ’ըլլար, եթէ երկինքը, ա՜յս երկինքը ծածկուէր այն գորշութեամբը: Ի՛նչ աղուոր է հիմա, ի՛նչ կենսաւէտ, սիրալիր՝ բոլոր այս անուշութիւնը: Քայքայուած, վտարուող ամպերուն հուսկ ստուերները յամրօրէն կը սահին կ’անցնին դալարիներուն, նոճիներուն վրայէն: Ա՛հ. չար, զարհուրելի տրտմութեամբ մը պիտի տառապիմ եթէ երկինքը կորսուի նորէն: Եթէ՜ ճառագայթը գիտնար թէ որչա՛փ խեղճեր կան, որոց յոյսն ու զօրութի՜ւնն է ինք, որոց երկնային մխիթարութիւնն է:

Սակայն ճլուըլիւնները կը շատնան. պայծառ ու քաղցր: Միթէ չե՞ն գիտեր, միթէ կը սխալի՞ն անոնք. կը սաստկանան, կ’ընդխառնին նոճեխումբերու սեպ ու մթին կոներուն մէջերը, որոց դժնէ կողերն ի վար լոյսը մարգային խաժութիւններ կը փթթեցնէ, ու կը դայլայլեն, կը դդըչեն, հրճուալի, թրթռոլոր, երկարաձիգ, ընդհատուած՝ վճիտ լռութիւններով ուր նոր ճռուողիւններ կը ժայթքեն, կը խուժեն հեռուէն, փափուկ անդորրութիւններէ ուր նոճիներու խստութիւնը կ’եղկանայ, հեռաւոր կանաչութիւններու, ծաղիկներու շնչակերպ անօսրութիւններէ վեր բարձրացած, լամիոններու մեղմ երանգներու սփիւռներուն մէջէն, ծիրանի՛ լամիոններուն որ լուսողող դալարիները կը տոգորեն, ու ճերմակ ծխային քօղերուն մէջէն ծտապաշարներու բազմութեան, որ կը մշշոտեն նոճեաց կանաչ մարգագետինն՝ իր այտումներուն ու կքումներուն վրայ ճկող մեծ շուքերու գօտիներով ստուերարկուած, երազուն ջուրերու պատառներով արծթերիզուած, որոց եզրը ճոխ, երջանիկ ելուզումներ, մերթ պզտի ծաղիկներով, պզտի վաղենիկներով ոսկեխայտ, ոսկեհուռ, կը ձգտին արեւին., մինչդեռ գոյները, կենդանացած կը վառին, ու նամէտ ստուերները, լուսոտ, կը տաքնան, մինչդեռ ամեն ինչ արդէն խաղաղ է, հիացած՝ գորովագին լոյսին մէջ որ կը պարուրէ, կը թափանցէ, կը կենսաւէտէ իրերը, խեղճուկ արցունքոտ խոտերէն, երկրի բոլոր հէք, սիրելի կենդանութիւններէն մինչեւ անջրպետին վերին սարսուռներն, ուր թեթեւ ամպերը, հեռանգայտ, զուարթ գռուզներ՝ (cirre) ճերմակ հոյլերով կ’ընկրկին անհուն շափիւղային երկինքին մէջ, որ կը ծաւալի, ջինջ, լուսապայծառ, եւ անպղտորելի երանութեամբ մը խորին, եւ դէպի ո՜ւր ծանրաշարժ, հեռաղու հեւքերով սօսափող նոճեաց ծայրերը կը վերանան, հեշտօրօր: Ինչպէ՜ս ամեն բան գեղեցիկ է, տառապանքէն ետքը: Ի՛նչպէս երջանկութիւն կ’արտացոլայ բոլոր այս վերարծարծ առուգութենէն. եւ ո՛րչափ այս լոյսն է ամենուն երազը, սփոփանքը, ամենուն երկնային պայմանը: Թռչնիկները կը ճռուողեն. կը ճլուըլան զմայլած վստահութեամբ. սռիչներու շիթերով, դողդոջուն հնչիւններու հրճիւով կը թրթռան նոճիներուն լոյստուերոտ խորութիւնները. ծաղիկներով խռնուած, ծաղիկներու հեւերփնումներով շղարշուած կանաչութիւնները կը խաղան, կը սարսռան երանութեամբ, թռանցնող գարնաբոյր շունչերէ: Հեռուներէն աքաղաղի երգ մը կը ցայտէ, կ’երկննայ ճռուողիւններուն մէջէն. ո՛հ, ոչ, առաջուան աքաղաղը չէ անիկա:

Տաք, զմայլած կենդանութեամբ մը կը լեցուիմ, ծագող լոյսը խմելով. բարութեան հեշտալի երանգներով զեղուն անապական լոյսը. չե՞մ գիտեր միթէ, երբեմնակի հիւանդագնութիւնս չի՞ գիտեր թէ անիկա կենարար վերանորոգիչն է յոգնաբեկ հոգիներուն, բոլոր վշտալի կեանքերուն ողորմած սփոփանքը. վհատ՝ հառաչալիր ճիգերը երգախառնող յոյսն է: Ամեն ինչ զմայլմամբ եթերին կը նայի, ու անեզրութիւնը կը շնչէ ազատօրէն, էութեանը խորէն կը զգայ թէ անոր կը վերաբերի: Ամեն ինչ գեղեցիկ է, որովհետեւ երջանիկ. ամեն ինչ իմաստալից, ու կարող՝ հոգւոյն մէջ թափանցանց նրբազդումներ հոսելու. արծարծելու, խռովելու համար հոն կեանքի տիեզերական ու զուտ ուրախութիւնը, որ հրճուանքներու իմացական, ըղձակերտ, տառապագին զարտուղմանց ետեւ անհետ՝ ահա կը յառնէ տրոփելու մեղմօրէն իր հին օրերու երգը: Գարունը որ կը զեղու դուրսը եւ հոգւոյն մէջ կը խռովի՝ կեանքին գաղափարը կը ներշնչէ, կեանքին արհամարհուած՝ իսկանուշ գաղափարը կը շաղէ կը նշուլհոսէ մտքին մէջ, ու մեղմ, հինաւուրց եղանակներ կը զգամ ներսերէս, արտաշխարհի դաշնակութեանց իտէացող արձագանգը, եւ գարնային քաղցրութեանց զուգակից բերկրանքներու ճխալը կը զգամ իմ սրտիս ալ մէջ, ինչպէս անբաւ հանրէութեան հոգւոյն մէջ. ու թռչուններու պայծառ ճռուողիւններէն թափանցուած, եւ զեփիւռէն որու թռչտուն կենսաւէտութիւնը կ’ընդխառնուի ներածուփ մանկական շունչերու խօլութեան, կը դադրիմ տառապելէ յիշատակը քաղաքին՝ որ անշուշտ լոյսերու մէջ կ’ընկղմի հիմա, եւ բնութեան գարունին հեշտութեան մէջ անկաշկանդ բնէացում մ’ապրելու կը ձգտիմ, տարակոյսին, երգիծանքին ներքնակից ցաւէն հանգչելու, կենսապայքարի ցաւերն ու ամօթը մոռնալու եւ մոռնալը ո՛րքան հեշտին ուրացում մը կամ արդարացում մ’է., թաքուն ու անկեղծագոյն հնէութեանս բնական, անդրեսական պատշաճեցմամբը տիեզերական մեծ հայրենի վիճակին՝ ընդխառնուելով տարտամօրէն Անհունին առջեւ հոծուած, կապուած ա՜յն նախկին յաւերժական եղբայրութեան զոր եթերին, հեռուներու լեռներուն սարսուռներէն հոսող ծաղկաբոյր երանութիւնը կը փսփսայ սիրտին: Ի՜նչ մեղմ է անուշահոտ ու նշուլող օդը. բնութեան սննդականութեամբը հոծ, ուր ոչինչ կը ծփայ անհետացած չարաշուք թշուառութենէն: Միամիտ վստահութիւն մը, ինչպէս ամեն վստահութիւն, կը լեցնէ զուարթացած հոգին որ երկինքը տեսնելով կարծես սիրեցեալ բարեկամ մը կը գտնէ եւ յանկարծ ա՛լ վիշտ չունի: Իրօ՞ք կը տառապէի կոր ես. իրօք աշխարհը լեցնող ու ճնշող թշուառութի՞ւն մը կար ուր մղձկիլ կը զգայի կոր: Հեռալուր ձայները որ երազուն, եղկօրէն շփոթ աւաչներով հեռուները կ’ոգեւորեն, իրօք հեծիւննե՞ր էին: Ի՜նչպէս կը ցնդին տառապանքները. ի՛նչպէս կը հալածին: Երկինքին կապոյտը հեռածուփ ամպերուն վերեւէն կ’երեւայ, անեզր ու գեղեցիկ, եւ, ճնշումէ ազատ՝ վարի հոգիները հեւալով կը ծաւալին, կը բարձրանան: Երանութիւն կայ դուրսը. նոճիներուն յամրօրէն քթթող բացուածքներէն խորունկ երկինքը կը դողդղայ. թռչունները թեւաւոր նայուածքներով կը նային անոր. խօլ ճնճղուկները, որ կը ճվճվան, կը ճռուողեն, վճիտ, վստահ, երկնային ճիչերով. ստուերներէն թեւաբախումներ կը թռին, լուսողող թափանցկութեանց մէջ բարձրանալով. մեծ շուքերուն հովանւոյն մէջ բոյսերը կը զգան հեռաւոր երկինքը. ճառագայթներուն տակ վայրի ծաղիկները կը բանան անոր իրենց փափուկ գիտակցութիւնը. շշնջիւնները մեղմածուփ կը սահին. բուրումներու լեռնական անպատում սիւքեր յամր ու յորդ ալիքներով կ’անցնին անորակելի բաղձանքներով լեցուն. կարծես իրագործելի բաղձանքներ, անցեալ իրագործուած տենչերու աղօտ յուշաւորութեանց պէս, օդին անհուն անուշութեանը մէջ կը խռովին եւ ամենուն ալ խայտանքը կը ձգտի հեշտաւէտ իւրացմանն անջրպետին կապոյտին մէջ էացած իտէացած կենսականութեան մը, որ էակներուն կենդանութեան երանութիւնն է: Բնէական կենցաղի մը մանկական վստահութիւնը, երջանկութեան նոր, կարծես անծանօթ ու անճառ հնարաւորութիւն մը կը թրթռացնէ սիրտս…: Իռե՜նա…:

Չէ՛, չէ՛, կը սիրեմ դեռ քեզի որովհետեւ միշտ կը սիրեմ քեզի, Իռենա. ա՜հ, զքեզ վերստին կը գտնեմ պայծառութիւններուն մէջ. քաղցր վերացականութի՛ւն զոր կորսնցուցեր էի, սիրուած յիշատակներու, տենչերու, մեղմ զգացումներու հետ ահա կը գտնեմ զքեզ իմացականութեանս, մարմոյս մէջ իջած: Ի՛նչպէս կը հաւատամ գեղեցկութեանդ, հաւատալով լոյսին, երկինքին, բայց մանաւանդ այն խուլ կարօտին զոր անծանօթ ներէութիւնս դատապարտուած է զգալու քեզի համար, շքեղ ու մութ աղջիկ, գարնային ստուերներու պէս տարփագին, ու խռովիչ: Ա՛լ ահա կը յանկչիմ (s’orienter) լուսաշաւիղներու մէջ, ու կը գտնեմ իտէական ինքզինքս որ Անեզրութիւնը կը տեսնէ, եւ ամեն բանի անդրագոյն իմաստը, արդարացումը, ներումը կը բնազգայ: Ամեն ինչ ճիշդ է, մի միայն ճիշդ…:

Մեղմօրէն կը ժպտիմ, նայելով. եւ ժպիտն, անգայտ զրվարդ (ռglantine) որ կը ծաղկի կերպարանքիս քաղքենի ու կարծես մշտական յոռետեսութեանը մէջ՝ կը զգամ թէ իր արմատն ունի անխեղաթիւրելի խորքին մէջ, նախնի, լեռնաբոյր բնազդականութեանցը մէջ եսին, հոգւոյն լաւատես ալքը, եւ թէ ծաղիկներուն անբացատրելի վստահութեամբը կը փթթի ան: Կենդանութեան անցքին տակ որ կը շրջի մէջս՝ կը զգամ թէ որքան բարի բան մ’է ժպիտ մը. եւ լաւատեսութիւնը որքան ժպիտ մ’է, ժպիտի մը խորհելու կե՛րպը: Ա՜հ, եթէ մարդ ուրիշ բան չուզեր բայց եթէ ժպտիլ, եթէ մարդ ինքնին լաւատես է, գոնէ տեսապէս բարի չէ՞ արդեօք մարդ: Վասնզի ո՞վ իրապէս, այսինքն ներքնապէս, յոռետես է: Օ՛հ, կեանքին, կեանքերուն անհուն ժամանակներուն մէջ պզտիկ, դոյզն բաժի՛նը մարդկային յոռետեսութեանց, բաղդատմամբ լաւատեսութեան որ տիեզերքը կը լեցնէ, կեանքերն արտադրելով: Վասնզի իբր կեանքի հայեցակէտ՝ լաւատեսութիւնն է որ տիեզերական է միայն, քանի որ իբր կեանքի պայմա՛ն տիեզերական է արդէն, փիլիսոփայութիւն ըլլալէ առաջ կեանքին ուժն իսկ, ու գոհունակութիւնը, գոհաբանութիւնն ըլլալով, զգացում՝ որ կը լեցնէ նոյն իսկ յոռետեսօրէն փիլիսոփայելու բերումը, գործը: Լաւատեսութիւնը հանրէական, կենսական է, մինչ յոռետեսութիւնն անհատական: Գաղափարներու պահպանման ու ծաւալման քաղաքակրթական միջոցներուն՝ անբնական կամ ոչ տիեզերապէս եւ ոչ արդարեւ մարդկօրէն բնական գաղափարներուն ընծայած ընդհանրացումն ու տեւողութիւնը՝ կրնա՞ն դիմադրուիլ իրապէս հանրէական ու յաւիտենական զգացումներու: Վարակումները կրնա՞ն փոխարինել բնաստաց վիճակները, եւ որքա՞ն կրնան կեղծել, ձեւացնել զանոնք:

Ինչպէս ամեն մոլութիւն որ առաքինութեան մ’այլասերումը կամ նուազութիւնն է՝ յոռետեսութիւնը քաղաքակրթութեան ցաւերու տակ մթագնած, պղտորած լաւատեսութիւն մ’է ուրկէ բացակայ է բարութեան ուրախութիւնը: Կենսական ուժին նուազումը, անձնիշխանութեան, ներգործութեան, կամքի ու գործի նուազումն է այն: Մեծ զրկա՜նք մ’է անիկա: Նուազած, տկարացած ուժին հառաչանքը, չարակամութեամբ լեցուն: Մեռելի մտածո՜ւմ: Աւա՛ղ, կը հաւտամ որ մտածումներու աղբիւրը սիրտն է, ուր կը տրոփէ կեանքը. եւ խորապէս կը զգամ հանճարին կախումը բարոյականէն: Եթէ հանճարը թաքուն կապերու տեսողութիւնն է, եւ տեսական (thռorique) միացուցչութիւն մը՝ բարոյականը իրական, ներկայ, թանձրացած կապ մ’է տիեզերքին մէջ, որովհետեւ սէր է: Եւ հանճարը բարոյականին մէջ կ’անհետի: Ոչ մէկ «հանճարեղ» յոռետեսութիւն կրնայ գերակայիլ լաւատեսութեան հանճարին, որ բարոյականն է: Ամեն «ուխտեալ» յոռետեսի մէջ ատեցողութիւն կայ ամեն բանէ առաջ, զեղման, ճառագայթման աղքատութիւն, վիրաւորուած՝ հակառակուած անձնականութեան մ’ատելութիւնն, անկրօն ու վհատ հոգւոց ատեցողութիւնը. անձնիշխանութեան՝ այսինքն ճշմարիտ կեանքին հարկաւոր զօրութեան՝ տատամսման ու շիջման ատեցողութիւնը կեանքին դէմ, քաղաքակրթութեան դէմ՝ որ հոյակապ յայտակերպումն է կեանքին խանդավառութեան, ապրելու հաւաքական ու անգիտակից խանդավառութեանց գործը: Եւ ձանձրախտը որ անհանճար յոռետեսութեան մը ռամկութիւնն է, քայքայուած իմացականութիւններ, ցրտացած սիրտեր կը ծածկէ, մոլախինդին պէս որ այնքա՜ն գեղագիտական մռայլութեամբ մը կ’առկախի աւերակներուն վրայ ուր կ’աճի: Օ՛հ, այո, տրտմութիւնն երբ բաւական գործօն է՝ ուրիշ բան չէ այլ ատելութիւն. ինչպէս ատելութիւնը մելամաղձութիւն է միայն երբ անգործ, անշարժ է: Եւ իմաստասիրութիւնները, երբ չեն բխիր նորանշան, անհուն, տիեզերական Եսի մը գաղտնիքէն, ինչպէս Յիսուսի էութեան խորհուրդէն որով Անեզրութեան մէկ լիալիր ավադառը կը թուի ան, իմաստասիրութիւնները, որքա՛ն տիեզերքի դրութեան անաչառ, առարկայական ցոլացումն ըլլալ յաւակնին, կամ դրապաշտութեան պէս՝ լոկ զգայարանապէս ենթակայական՝ բայց, բնախօսաբար ու բարոյապէս ենթակայական են միշտ, քանի որ իմաստասէրն անհատ մ’է: Ըսուած է ոմանց համար թէ իրենց փիլիսոփայութեան համեմատ կեանք մ’ունեցած են: Ասով չուզուիր չմտածել թէ իրենց կեանքին համեմատ փիլիսոփայութիւն մը հիմնած են անոնք: Որովհետեւ միթէ ստոյիկեաններու կեանքի յղացքը ջնջե՞ց յանկարծ այն տրամադրութիւնները զոր ունեցած ըլլային ընդդէմ այդ յղացքին: Եպիկուրի առաքինի փիլիսոփայութիւնը յանկարծ քաւո՞ւմը դարձաւ ոչ ազնիւ կեանքի մը զոր ապրած ըլլար: Չէ՞ մի որ իր առաքինականութենէն կը բղխին իր վարդապետութիւնն ու անոր գործադրումը: Ամեն փիլիսոփայութիւն զայն մտածող Եսին տեսակ մը բանաձեւումն է, եւ հաստատութիւնը, ուստի արդարացումը: Վարդապետութիւնը կը վարուի, կը ձեւանայ խորին Եսէն, եւ որքան ներքին ըլլայ իր աղբիւրը՝ այնքան հաւանական, բնական է որ ընդհանուր ըլլայ եւ հետեւուի, ու փիլիսոփային ուրիշ բան չի մնար ընել բայց եթէ ապրիլ զայն համարձակ: Սակայն Շոբէնհաուէր իր դրութիւնը չա՛պրիր այնքան հաւատարմօրէն որքան Եպիկուրոս, որքան Զենոն, այլ այնպէս ինչպէս իր ինքնապահութեան փափկօրէն ու բծախնդրօրէն մոլի գռեհիկ կենցաղասէր մը: Երբ մարդ գիտակցական գործ մը կը կատարէ, եւ համոզուած է թէ կը գործէ, ի զուր յոռետեսօրէն կը տարակուսի: Սնանող, գործող, մտածող, երգող մարդը ի զուր կը կարծէ դեռ յոռետես եղած ըլլալ, եւ ի զուր Լէոբա՜ռտի է: Աշխարհայեցութեան այդ եղանակը մակերեւութային ցրտութիւն մ’է որ շատ ներքին կը թուի եւ որ չի կրնար թափանցել Եսին մինչեւ անյիշատակ, տիեզերական խորքը որ կը մղէ մարդը սնանելու, գործելու, սիրելու, մտածելու, Շոբէնհաուէրի պէս ապրելու, այսինքն կենսական գործերուն ամենապարզ, մեծ ու ճշմարիտ երանութեան: Տխուր փիլիսոփային վարդապետութեան ու կենցաղին միջեւ տեսնուող տարբերութիւնը յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան տարբերութիւնն է, այսինքն խորհրդածութեան եւ գործին, մտածողութեան եւ բնազդին տարբերութիւնը. վասնզի յոռետեսութիւնը բնազդական չէ. իսկ երբ ապրելի, գործադրելի է՝ ա՛լ անունը պէտք է փոխէ, քանի որ իր իսկութիւնը կը փոխէ, այսինքն քանի որ գործը կ’ենթադրէ ոչ միայն նպատակի մը, արդիւնքի մը հաճոյքին յոյսը, եւ յարում կեանքին՝ այլ մանաւանդ շարժում, գործունէութիւն, ոյժ, ուրախութիւն: Վասնզի միակ գործը որ վայել նկատուէր յոռետեսին, անձնասպանութիւնը՝ նոյն իսկ շատ բուռն լաւատեսութիւն մ’է նկատմամբ մահուան անդորրին, բայց մանաւանդ նկատմամբ այդ գործը կատարող կամքին, հետեւաբար Կեանքին:

Հէ՜ք զրկեալներ, յոռետեսնե՛րը: Մի՜թէ պիտի կրնային հրաժարիլ կեանքէն, եթէ իրենց միջավայրն ունեցա՜ծ ըլլար յաւէտ անամպ երկինք մը:

Այնպէս չէ՞, ամպերու խաղաղածուփ սպիտակութիւններէն անդին հեռացած կապոյտ խորութիւններ, զմայլման անդունդնե՜ր, անդրագոյն անջրպետներու մէջ ծովացած տակաւին, միապաղաղ ու սուրբ՝ ինչպէս անտարասեռ միութիւնը՝ տիեզերքին ցնորական այլազանութեան օրէնքէն վեր՝ ինչպէս Եղբայրութիւնը ընդդիմակութեանց անհուն քաոսականութեան վերեւ լայնալիճ կամարագրուած: Երկնակապոյտ լոյսը որ վերին անջրպետներէն կը հոսի ու կ’ողողէ ու կը նորաստեղծէ հոգիները, բարութիւնը չէ՞ զոր նիւթականացած հոգին հազիւ կրնայ ցոլացնել ինչպէս խաւարին թանձրանիւթերն որ չեն կրնար շողալ թափանցիկ բիւրեղին, ադամանդին պէս, ու կը ծծեն, կ’անյայտացնեն լոյսը որու անփայլ մէկ յուշքը միայն կ’արտացոլայ անոնցմէ, եւ զո՛ր Յիսուսի աննիւթացած մարմնաւորութիւնը կը ճառագայթէր, իբրեւ թէ վառուած՝ արփիացած ըլլար անիկա: Էապէս անդրատենչ, աննիւթաբաղձ հոգին երկինքին ծարաւ է, յանկչելու համար, թրթռալու, ապրելու, իր թեւերը բանալով, զգալով թէ իրական է, նուագին պէս որ առանց օդի կը նուաղէր, կը մեռնէր. հոգին, երկնապատում մեղեդի՝ իրականանալու համար երկինքին կապոյտ սփիւռներուն հայեցողութեանը կարօտ է, եւ երբ երկինքը չկայ՝ հոգին կը տառապի, կը մթագնի, կը ճնշուի ծաւալական հոգին: Յոռետես, զրկուած՝ շափիւղայ տեսակէտէն որ աշխարհքի լեղին քաղցրախառնէր՝ կը յուսահատի, աստուածային մերժումով մը լքուած, եւ խորապէս՝ խիղճէն, Աստուծմէ մերժուած, երկնային թելադրութիւններու քաղցրութենէն, երանաւէտութենէն անժառանգուած: Որքա՛ն մաքուր, կենսալի պիտի ըլլար սիրտը եթէ իր վերեւն անսքօղ ըլլար երկինքին լեղակապոյտ անապակութիւնը. վասն զի երկինքը սրբութեան անհուն աւազանն է ուր հոգին՝ միշտ միանգամայն հեթանոս, մովսիսական, միւսիւլման, քրիստոնեայ՝ կը մխրճի, սարսռագին, լուացուելու: Կենցաղի դառնութիւններէն, ատելութիւններէն մաղձոտ, ապականած հոգին անոր տեսիլին մէջ կը զգայ թէ կը թեթեւնայ իր աղտեղութիւններէն, եւ կը շնչէ, կը ժպտի. երկինքին լոյսին մի՛ բարութիւնը կը շնչէ, զտուած գոհարի մը պէս, եւ համակրութեան, գութի, ներման, սքանչացման բազմապատիկ երանգներով կը ցոլացնէ զայն: Միթէ երկինքն առաքինութեան անեղծանելի գեղեցկութիւնը չէ՞. կապո՜յտ երկինք, որ նիւթին աչքերուն անյայտ ծովաշաւիղներ ունիս դէպ ի Աստուծոյ գաղափարին անվախճան շլացումները կորսուած, միթէ ներալքերու մէջ աստղափայլող խիղճը քու խորին ցոլքդ չէ՞, ներկայ, լուսաւոր՝ երբ վարի ամպերը չեն սքօղեր սրբութեանդ անո՜ւրջը, խաղաղութեան ովկէաններուդ իտէական անհունութիւնը:

Եւ միջոցին մէջէն, ուր հալած քաղցրութիւններ կ’ընդխառնուին, ուր վճիտ ժպիտներու գորովագին զգայութիւններ կը խաղան, ուր գարնային իսկութիւններ կ’այերանան հոգեւին, կը նայի՜մ անեզր երկինքին, ուր կեանքերը կը ձգտին ու կ’եզրակացուին յաւիտեան:

Ով որ երկինքին կը նայի, եւ անոր նայելով կը մտմտայ այն անորոշ բաները որ գուցէ անցեալ, անհունօրէն անցեալ եւ ապագայ կեանքի մը յաւիտենութեանց կը վերաբերին՝ չի կրնար յոռետես ըլլալ: Հոգւոյն մէջ ուր երկինքը կը ցոլայ՝ երկինքին հայեցողութենէն անպատում, մանիշակային բան մը կը մնայ որուն արտացոլումը խանդաղատանք է: Ապաքինման դողդոջուն կորովը կ’ոգեւորէ կեանքս, տենչալի ապաքինմանց երկբայանուշ բարիքը, բարոյացուցչութիւնը: Սիրալիր բաներու խռովքներ կը զգամ. անուշ անձեւ տենչանքներ, շնորհալի ցայտքեր անփութութեանց, գրեթէ ներումներու որոնց տեղ զզուանքներ կը գալարէին: Սառած զգացումներ կը լկին, կ’եղկանան, կը շոգին սրտիս մէջ. անծանօթ բարութիւններ կը ժպտին, կուլան հոն, խոտերուն ցօղին աննշմարելի արցունքներովը, որոնց միահաղոյն նշոյլին քաղցրութիւնը կը պսպղայ, եւ բոլոր ներածուփ այս թրթռումներուն մէջէն ինծի այնպէս կը թուի թէ գարունը արտացոլում մը, արտայարում մ’է հոգեկան գարնան մը որ կը ներէ ու կը սիրէ: Բնութիւնը ամենուրեք կը հաստատէ թէ նոյն է ամենուրեք, բոյրերու փթթումին, թռիչներու սլացքին, ճախրին մէջ, հնչիւններու, դաշնակութեանց ժայթքերուն մէջ, ինչպէս հոգւոյն սփռական, խանդաղատական յօժարութեանցը մէջ, որք կը զեղուն, ա՛լ անյիշաչար՝ ճռուողուն ու կապոյտ օրուան մէջ: Իրօք ատա՞ծ եմ ես. ի՞նչպէս կրցած եմ արհամարհած ըլլալ կարծել այն հոգիները որք կ’անցնին զուարթացած յիշողութենէս: Թերեւս հրճուանքը որ կ’ողողէ զիս՝ յայտնատեսութիւնն իսկ է. առաքինութեան մաքրափայլիւն մը: Կը թողո՜ւմ այն դէմքերուն ունենալ, կրել, ապրիլ իրենց ինքնութիւնները, որոնց իւրաքանչիւրն կը զգայ հիմա պատշաճիլ ըմբոստ անձնականութիւնս: Երկինքին կապոյտը, ջինջ ու խորին յատակ աշխարհքին, որու բազմազանութեան միանգամա՛յն կը պատշաճի իբրեւ հուսկ տիեզերական նպատակ, իբրեւ հանրէական սկզբունք, բարութեան անջրպետի մը պէս կը թափանցէ սիրտը, ուր ապրող ու անցնող տեսիլներուն այլազանութեան կը ներդաշնակի, անոնց իւրաքանչիւրին գոյութեան իրաւունքը կը կազմէ: Ա՛հ, կը յիշեմ ինքզինքս, եւ կը դադրիմ անպարտ ուրիշներն ատելէ:

Իռե՛նա…: Քաղցր յուշքերն ա՛լ իրենց լքուած իմաստը կը վերզգենուն, զարմանալի հմայականութեամբ մը, ինչպէս աշնահար ոստերը կը վերափթթին մշտանոյն ծաղիկներով: Ա՛հ, անհիւթ ոստերուն, անծաղիկ ոստերուն տարաբաղդութի՛ւնը:

Բոլոր այս պայծառութեանց, շքեղ վերժայթքերուն մէջ, այո, զքեզ կը գտնեմ վերստին, ո՜վ իմ զմայլելի բարիքս: Կեանքին հետ, արիւնին հետ կը վերադառնա՜ս ինծի, ներաշխարհին ծաղիկներուն նամէտ մելանուշ կակաչումներուն մէջ կ’իջնես քաղցրութեանդ անհուն ներողութեամբը:

Եւ նախկի՛ն կորովովը, նախկին առաքինութեամբը կը խայտամ ստուերային ներկայութեանդ զգայութենէն. քեզմով լեցուած, քու գոյութեամբդ խնկաւէտուած քաղցրախառնուած ըլլալու հիացումէս կը ժպտիմ, երազուն:

Ամեն ինչ ըղձանք, ամեն ինչ սլացք է, սառչուն, խոյանշարժ. բոլոր կենդանութեանց երազն է յաւերժակենսութեան երկինք մը. բոլոր այս այրումներուն նպատակն է լուսավառ անեզրութիւնը: Տեւելու, շարունակուելու, անմահութեան տենչ մը կը ժայթքէ հողէն. եւ անհուն է երկինքը որ վերը կը տարածուի, երկրին գաղջ այտնումին վերեւը, բոլոր այս հայեցողութիւններէն վեր կամարուած, լեցուն ու դողդոջուն անոնց ամենուն նոյնութեամբը որ երկինքին մի, անըմբռնելի՜ երջանկութիւնն է: Ամեն բան ընծայում մը կ’երեւայ. հանրէական տեառնագրում մը կը նշուլէ չորս դին. ամեն բան տոգորուն է երկինքով. ա՛հ, գարունը յաւերժաբաղձութիւն է, որովհետեւ Սէրն է: Ծաղիկները, բեղմնաւորութեան հրճուանքներ, ինքնահմայիչ ներշնչումներ են, լուռ, քաղցր, ու վայրագ՝ ջերին արգասաւորումն ապահովելու, եւ բոլոր այս ծաղկումներն, այս փափուկ շափրակները կը վերացնեն, կը ձգտեցնեն բոյսերն անվախճան կենդանութեան, որուն լուսաթեւ անուրջները, որուն հաւատքներն են: Թռչունները, թօշ ու վճիտ հունչերով՝ սօսափիւններուն հառաչները, ծաղիկներուն ըղձապիշ երազանքը կ’արցունքոտեն, անջրպետին խնկաբոյր սրբութեան մէջ յաւիտենութեան սքանչացումը կը դողդոջեցնեն, ճռուողիւններու պաղպաջուն քայռումներով յաւիտենութեան հեշտութիւնը կը նշուլոտեն, կը միւռոնշիթեն, նոճիներուն ամբարձական անվախճան անդրհայեցութեանը մէջ: Ծննդագործութենէն առաջ՝ Անհունին արբշիռ պաշտամունքն է, Սէրը: Բոլոր այս երփներանգ, դաշնաւոր, հեւիհեւ հմայակենսութիւնը, ստուերներու մէջ դողդոջ թեւաբախումները, թռող, թաքչող սռիչներուն յոյզը, լուսաթռիչը զոր միջատները կ’ելեւէջեն, կը թրթռան, ծաղիկներուն փթթումն ու գունագեղութիւնն, ու գաղջ խռովքը որով էութիւնս կը զեղու՝ սէրն են. յաւիտենական պաշտամունք, հանրէական համակրօնութեամբ մը անհուն կրօնապարի տրոփիւն, որուն արձագանգը, խիղճին մէջ, էակին անհունութիւնը կը հծծէ, մահկանացու կեանքերուն յաւերժականութիւնը կը հրաշավիպէ հոն:

Ինչպէ՜ս սէրը յաւիտենութեան զգայութիւն մ’է: Կեանքի ուժը որ կ’աճի, կը զեղու էակին մէջ, ու զայն վսեմ, մերթ ահաւո՜ր կ’ընէ՝ ներշնչեալներու բեռնաւորմամբը, լցմա՜մբն անհունութեամբ՝ տեսլային մէկ զգացումն է այն Յաւերժակենսութեան որու մէկ տրոփն է էակը: Բոլոր կենսալի զգայութեանց, բոլոր հանրէութեան հո՜յզը կը թուի սիրելի կոյսը: Եսը, որուն միակ տարակոյսը, հոգը, իր պահպանումն է կարճ կենցաղի մը հորիզոնէն սահմանաւորուած, Եսը՝ աղօտակի, կարծես շլանալով կը զգայ թէ յաւերժութիւն մ’է, երբ իրեն խորապէս, անիմացապէս ներդաշնակ ա՜յն հոգւոյն խառնուելով՝ ամբողջ, անհուն Ես մը, անեսութի՜ւն մը կը զգայ ըլլալ, ամբողջութեանց մեծութեամբը, կատարելութեամբը: Ա՛հ, Հա՜լքին…: Սիրային արբշռութիւնը, կենդանութեան անցեալի մը, ու կենդանութեան ապագայի մը մէջ անընդմիջաբար ծաւալած ըլլալու աղօտ ու երանաւէտ դէմյանդիմանութիւն մ’է. երկնային խոստում մը, հաստատութիւն մ’է էակին մշտնջենաւորութեան. ասո՞ր համար արդեօք, Շէլլի, կ’ըսես թէ բանաստեղծին սնունդը սէրն է ու փառքը. անմահութեան տեսիլնե՛ր, հեռազգայութիւններ որոց երբեք ցանկայ անդրատենչ հոգին: Մի՜թէ փառքին ընծայած երկարակեցութեան գիտակցութիւնը կրնա՛յ նմանիլ անհունութեան հաւատքին զոր սիրոյ յափշտակութիւնը կը ներշնչէ: Սէրը մասնաւորութեան մահ մ’է տիեզերացման դիւթութեան մը մէջ. ոգեվարի տագնապ մը՝ ցնորագեղ կեանքի մը մուտքին վրայ. մահուան ու կեանքի զգայութեանց՝ յոյզի մը, արբեցութեան մը մէջ խտացումն է, այսինքն յաւիտենութեան բնազգացումը:

Հա՜լքին…:

Մեղմ, մշտաձայն շշնջիւնին, մեծ կոնաբերներու անբացատրելի շշնջիւնին մէջ զոր անօսր հովը նոճիներէն կը հոսեցնէ միջոցին մէջ, զոր սրտէս կ’անցունէ վեհաշուք սրբութեան մ’անցքովը, Իռենա՛, կղզիին յիշատակը անեղծ, կը յառնէ էութիւնս լեցնելու, ինչպէս արցունքի շիթ մը կ’ելլէ բիբը կ’ողողէ:

Եւ ի՜նչ տարօրինակ դիւրութեամբ կը յիշեմ ամեն բան, ամեն բան…:

Շոճիներուն անտառը… գօս շիւղերով լպրծուն, անելանելի սեպութիւնները, որոցմէ վեր ելանք ձեռք ձեռքի. մտախոհ, խռով: Հետզհետէ աւելի վեր, շոճիներուն տակէն, ծիրանեմոյգ, պորփիւրային բուներով. մինչեւ վերի շոճիներուն վայրենի տեղուանքը. յետոյ մինչեւ ալ աւելի վերի շոճիները, որոց խիստ կոճղերուն կը կառչէի, անոր օգնելու համար: Մինա՜կ, շշնջող ամայի անտառին մէջ. անկոխ թաւուտներու խօլ յոյսովը վարերէն հեռու, հեռո՛ւ. կորսուելու երկչոտ բաղձանքներով: Յետոյ այն տեղը զոր ընտրեցինք նստելու համար, այնքան ընտրութիւններէ ու լքումներէ վերջը. երկո՞ւ, երե՞ք շոճիներու ներքեւ. միշտ շիւղերով լեցուն, միշտ կունտուլիկ ու ժայռաքոսոտ քարերով խառն. անհաստատ, վտանգաւոր քարեր, որոց կարելի չէր վստահիլ, եւ որոց ձայնը կարծես կը լսեմ. կոխուելով, խառնշտկուելով հանած խժլտուքնին. հակիրճ ու կշռալի. մերթ խուլ կերպով երկարաձգուած, զառիվայրէն վար թաւալմամբ մը, ու մացառի մը ցնցումով վերջացած: Ի՛նչպէս հետզհետէ կը գեղեցկանար մենութիւնը. ամայի ռետնաբոյր թաւուտքը զոր Ծովուն հովը կը սարսռացնէր անհատնում շշնջիւններով, իբրեւ թէ երկինքին կապոյտին մէջ առագաստաւորուէ՛ր ծփծփուն սաւառնաթեւ կղզին: Վարերէն հետզհետէ աւելի հեռու, ո՛րչափ աստիճանաբար աւելի սրտատրոփող եղեր էր առանձնութիւնը, վասնզի մէկը չկար հոն մենէ զատ երանութեան կղզւոյն անտառին մէջ. անտառին ալեգոյն ներբարձունքը. տարօրինա՛կ բան, ինձմէ ու անկէ զատ ո՛չ մէկը: Հոն, անուշաբոյր հովանիներուն տակը երբ ա՛լ դադրեցայ անոր խօսելէ, անորոշ, անհասկնալի ատեն մը լուռ մնացինք իրարու զմայլման մէջ կորսուած, ե՜ս, անոր հայեցողութեանը մէջ կորսնցուցած ամեն աշխարհայնութիւն, անմռունչ. մինչդեռ շոճիներու լուսաշող անտառը կը սօսափէր: Ուրեմն իրօ՛ք այն անրջակերպ ժամերը ներելի, կարելի եղեր էին ինծի: Ընդերկար սրտատրոփ ու լռիկ մնացի ապշած, սքանչացած. այնքա՜ն զրկանքներ կրեր էի: Ծառերը կը շշնջէին. անհամար սարսուռներ մեր բոլորտիքը կը խլրտէին շոճերէն ինկած գօս շիւղերուն մէջ, պզտի բոյսերու ցանուցիր կանանչներուն մէջ. ու շոճերուն թուխ ճիւղերուն մէջէն անտառը կը շշնջէր յամրօրէն, կղզիին զառիվերներուն վրայ առկախ, վերի անհետ խորութիւններէն մինչեւ վարը դիզուող թաւուտները, կը շշնջէր անվերջ, անծանօթ մեղեդիներով:

Ճառագայթ մը, կարծես անաշխարհային, անոր ճերմակ շղարշը կ’ողողէր ետեւէն, վերէն, կողմնակի. իր ուսին վրայ կը խաղար, իր կուրծքին վրայ կը մարմրէր, ու իմ ճակտիս վրայ, արտեւանունքիս եզերքը կը նշուլէր, տեսողութիւնս լուսաղօտելով. անոր կերպարանին թափանցիկ ստուերը կ’ընդխառնուէր լոյսին հետ որ անոր վերեւէն կ’իջնէր, եւ կարծես իր այերային, նեմփային ստուգութենէն հոսող կենդանութիւն մը, քաղցրութիւններու հոյզ մ’էր զոր կը շնչէի, անձայն. իր ծունկերուն առջեւ կիսով պառկած. իրեն սեւեռուն, հիացմամբ, երանութեամբ. անցեալ, ա՛լ անցեալ թշուառութեանց ջնջումէն, անիրացումէն շնչասպառ. ի տես անոր, անտառին ամայութեանը մէջ, զինքը մտմտալով, զինքը գիտնալով անվերջօրէն, չկրնալով ժպտիլ. զգացածիս անհունութենէն անշարժ, արցունքով լեցուն: Մինչդեռ իր ժպիտին տխրանուշ փթթումը կ’ընդնշմարէի իր կերպարանին ստուերային, անհպելի՜, անշօշափելի հալքին մէջ, իր անպատում գոյութիւնը կը խնկանար. այն լոյսն ըլլալու համար, ճառագայթին բոյրեղէն կերպաւորումը դառնալու համար: Եւ դեռ կը նայէի՜ անընդհատ անոր. իր անձէն ինծի իջնող ստուերալի լոյսին երանաւէտութեան մէջ յառած, սուզուած, խաղաղութեան անորակելի զգայութենէ մը արտասուագին, յուսահատ: Ո՛րչափ անուշ էր, ո՛րչափ ինքն էր, ի՛նչ անասելի երանութեամբ Իռենան էր անիկա. ա՜հ, ի՛նչպէս կա՜ր անիկա: Աչքերուս մէջ արցունք մը կ’ելլէր, մեղմիւ. երկինքին ճառագայթը կը դողդոջէր եւ անշրջագիծ, տեսլային էութիւն մը կը թուէր իմ թերահաւատ ու տառապած հոգւոյս ծարաւին:   ենթի, հաշշակերի աչուըներով ու մերթ արցունքոտ, ցաւագին երկարաձգուող ժպիտով մը յիմարացած՝ տարօրինապէս կը նայէի իրեն, իր տեսլեանը խորհուրդին. իր առջեւը գալարուած, պրկուած., դէմքս իր քաղցր, իր արբեցնող ճշմարտութեանը բարձրացուցած, իր բոյրին, լոյսին սրտատրոփող գաղջութեանը կարօտ., նշմարելով կեանքիս կախումը, Եսիս վերաստեղծումը, հոն, անոր անձէն., անոր հեշտութենէն, անոր կեանքին լռին մեղեդիէն էջքն իմ տրոփիւններուս՝ անծանօթ նեկտարի մը կաթիլներով., անշարժ առկախուած իր մթնշաղ աննիւթականութեան ճառագայթման մէջ, անշարժ ու արտասուագին կը նայէի՜ իրեն, կոյսին հայեացքին անպատում գիշերին…:

Ի՞նչպէս եղաւ որ, անզգալաբար մօտեցած անոր, կորսուա՛ծ շլացուցիչ անուշութեանց հեւքի մը մէջ որ իրմէն կը բխէր ու կը պարուրէր, կը ցնորեցնէր զիս, անդամներս խուլ կերպով դողդոջուն, ու կորովի, ռունգերս, շունչս սարսռագին՝ միսդիք ու զառանցող արբշռութեան մը յամր ու եղերական խոյացքին մէջ տարուած՝ ի՞նչպէս եղաւ որ շրթունքս հպեցի իր շրթունքին, իր բերանին նեկտարիոնէն իր անուշաբոյր հոգին ծծեցի. ընդհատաբար, ծանրախո՜հ, անյագ. իր անծանօթ մարմնոյն, այտերուն, պարանոցին ջերմութենէն, բուրումէն, իր շուրթերուն հաղորդութենէն մոլեգնօրէն վերացած, իր իսկութեանը հեշտութեան մէջ ընկղմած, թեւաւորուած իբրեւ անդրաշխարհի վայրկենի մը մէջ. իր կնութեան կուսութիւնէն դողդղալով, փաւոնի մը պէս վայրագ, իքոնա՜ մը պագնող տղեկի մը, ճգնաւորի մը պէս սուրբ: Մատներս, մեղմիւ, վախով, իր այտերուն ստուերայնութեանը կը հպէին. կիսաբաց շրթունքով կը շնչէի զինքը. իր անհատնում քաղցրութիւնը կը ներհառաչէի. ու կը ծծէի, սարսռագին, դանդաչոտ, անոր անբացատրելի գաղափարը, զինքը, երազային համբոյրներու մէջ. ու մեր միատարրուող հոգիներուն առաջին սոսկալի ընդխառնմամբը կը դղրդէի. եւ ներսէս ծիծաղներ կը խուժէին, ներքին հեծեծիւններու ծիծաղկումներ, զառանցանքի տխուր, անանուն հրճիւներ. եւ ջղաձգօրէն այն ծիծաղներս կը ժպտէի, անոր գոյութեանը, անոր աննիւթակերպ մարմնոյն յուսահատականութեան մէջ մոլորած. երանութենէս՝ իբրեւ բանդագուշանքէ մը ցնորակոծուած, իբրեւ առասպելական կախարդանքի մը նենգութենէն յուսահատ երջանկութեամբ մը տարուած. յանկարծ կորսուելու մօտ, կարծես մեռնելու մօ՛տ. այն ծիծաղներս հեծեծելով մեռնելու, բայց կը ժպտէի, կը շնչէի, հրեշտակի փոխուող դեւի մը պէս հրճուագին կը ժպտէի դողդոջուն արցունքներուս մէջէն, անվախճան կենդանութեան մը խաղաղութեամբը երազմայլ, իբրեւ հզօր ու այերային էակ մը. եւ վայրկեանը յաւիտենական կը թուէր: Շոճիները կը հեւային. մեծ սօսափիւնը կ’անցնէր. լոյսը կ’իջնէր միշտ, լռելեայն, իր կուրծքին վրայ, իր սրտին վրայ, իմացականութեանս վերեւ շողալու. անճառ շնորհ ուր իր ստուերը կ’արփանար, ուր առաջին գրկախառնումը կը վերանար. երկնային օրէնքէ մը իջած՝ լուսեղէն յօդումով մը շքեղ անմարդաձայն անտառին ճառագայթը մեզի յաւերժապէս կ’էախառնէր իրարու, ու մեր տարփանքը լոյսով կ’օծէր, իբրեւ Անեզրութեան ժպիտովը, ներկայ, խաժ, շշնջալիր Անեզրութեան զգայութեամբը: Արբշռութեամբ կը դիտէի երկնային ճառագայթէն ինծի ընծայուող էակին բարի՛ կենդանութեանն ուրուանուշային ձեւը, անպատմելի բովանդակը (ensemble): Ո՛չ զգայարանքներ այլեւս, ոչ մտածումներ ունէի, այլ զանոնք յօրինող կենսաւէտութիւնը. ճշմարիտ դէմյանդիմանութիւնը որով կ’ըմբռնէի, կը ճաշակէի իր բոլոր եթերեղէն իսկութիւնն ուր Անհունը կը հոծուէր. առանց զայն զգայարանացնելու, գիտնալու՝, անապական ստուգութեամբ մը, գերագոյն ճանաչման լուսարբեցութեամբը կը ճանչնայի զինքը: Ճշմարտութեամբ օծում, սրբացում էր ան: Եւ սակայն դեռ աչուըներս կը լեցուէին… երանութենէս ահաբեկ ու տառապագին մարդկայնութիւնս խուլ կերպով կուլար: Եւ խնկաբոյր անտառը կը մրմնջէր, ծովաձայն անվախճան սօսաւիւնով: Յաւիտենութեան շքեղութիւնը կը զգայի. վայրենասուրբ Անհունին փառքը: Եւ միշտ լուռ էինք. վերջնական երանութեանց լռութեամբը, մահուան, անդրաշխարհի, Աստուծոյ լռութեամբ ուր բոլոր մեղեդիներն անդրիտէական դաշնակութեան մը մէջ անձա՜յն են:

Ամեն օրերու պէս անցաւ, թէեւ ներկայ է յաւերժութեան մէջ, ամեն բանի՜ պէս անցաւ այն օրը. իբրեւ թէ կարելի կատարելութեանց հոծ հնարաւորութիւնը, երանաւէտ նախագաղափարն եղած չըլլար: Եւ անցա՜ւ այնպէս եղած ըլլալուն համար: Տարփանքին ա՛յն նախամբողջ լիութիւնը խաղաղաւէտ անմարմնացման մը տօնը եղաւ իմ չարչրկուած մարդկային կեանքիս մէջ. ուստի անցաւ այն օրը. այն ճառագայթը վերադարձաւ երկինք:

Ահ, կապոյտներ, երկնային կապոյտներ, մտածումներէս վեր պարզուեցէք ա՛լ աւելի խորունկ. միշտ աւելի բարի որքան աւելի անմատոյց. եւ տակաւին անցէք հոգիէս, շշնջիւններ, անբաւ սրբութիւններէն իջնող այն ճառագայթը երգելով: