Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ՀԵՌԱՒՈՐ ՇՈԳԵՆԱՒՆ

Ծովուն անհո՜ւն կապուտակին վերայ նա՜ւ,

Ո՜ւր կը սահիս դէպ հորիզոնն անդ հեռի՜ն,

Ուր չերեւի՜ր մի հըրուանդան իսկ բընաւ…

Եւ ուր ծփան մի քանի ամպք յեթերին…:

Ո՞ւր կը սահիս, ո՜ նաւ, առանց դադարման

Անհունութեանց միջեւ երկու կէ՜տ չնչին…

Նա՜ւ… առանձի՜ն խաղաղ ուղւոյդ վըրա՛ն սահման,

Զոր փոթորիկք այերց խռովել երկընչին…

Ջի՜նջ է երկին. խաղա՜ղ կապո՜յտ եւ անհուն.

Անծայրածի՜ր՝ ծովն ալ… ո՜ նաւ դու յանդուգն.

Չերկընչի՞ս դու… չմըտածե՞ս այդ պահուն

Ամբո՜ւռքն ահեղ, յոգնակոհա՜կ ջուրց այլ թուքն…:

Չերկընչի՞ս դու, ո՜ շոգենա՜ւ հեռաւոր…

Կէ՜տդ աննըշան անհունութեան մէջ այդ լուռ,

Ջուրց կապուտա՜կ տարածութեան վերայ, որ

Տա՛յ ծնունդ գուցէ գիշերն ալեա՜ց միահամուռ…

Այո՜, գիշե՜րն… խաւարչըտի՜ն, մռայլամա՜ծ…

Որ պիտ հասնի, յորժամ շըքե՜ղն վերջալոյս

Նուաղի՜ տակաւ, ո՜ շոգենաւ, քու դիմաց,

Ւ’արեգն ի ջուրս ընկղմելով երբ տայ խոյս:

Պիտի քայլե՞ս դու շարունա՜կ, երկնի տակ,

Ջուրց այդ անե՜զր տարածութեան վերայ, նա՜ւ,

Թողլով քո յետս մի ծիր նրբի՜ն, ըսպիտա՜կ,

Որ պիտ’ տակաւ անհետ ջուրց տակ լինի ընդ բնաւ…

Ո՞ւր կը դիմես, ո՞ւր կը սահիս ընդ երկար

Այդ անարա՜տ կապուտին վրայ այս պահուն՝

Բի՜ծ մի թխգոյն, ծովագնաց նա՜ւ, դու եղար,

Ա՜յնքան փոքրիկ, որքան ծովն է մե՜ծ, անհո՜ւն…

Ի հորիզոնն սպիտակ ամպք երկնաչու,

Յամպախաղաց այերս տակաւ կը ծըփան…

Նոցա՜ մենիկ տենչաս հասնիլ, եւ ինչո՞ւ…

Այլ գունդն ամպոց կը շարունակէ՜ իւր ճամբան…:

Յո՞ կը դիմես… հորիզոնին վերայ ա՜նդ,

Հեռի՜ն, չըկա՜յ մըշուշապատ կղզի մ’ հոն

Չերեւի՜ր բնաւ գըլուխ մի կամ սարաւանդ,

Այլ լոկ անհո՜ւնն, այլ անծանօ՜թն հորիզոն…:

Յո՞ կը դիմես… հորիզոնին ա՛նդ վերայ

Չէ՜ եզերեալ ծովն հեռաւո՜ր լեռներէ…

Լո՜կ ամպոց գունդն սպիտակ անդ երերայ

Եւ հորիզոնն, անշա՜րժ, տարտամ կը նիրհէ…:

Ծուխդ թեթեւ իմն կը տարածուի յօդս անդ փոյթ,

Կը տատանի կ’երթայ’նհետիլ անդ յերկին.

Եւ ըսպիտա՜կ հետքդ այլ, ո՜ նաւ, օձապտոյտ,

Ի ջուրս կորչի՜, մինչ յար սուրա՜ս դու հեռին…

Գոգցես հոգի՛ն ես, շոգենա՜ւդ հեռակայ,

Անշունչ դիոյն՝ որ ի ծովափն անդ ննջէ…

Եւ զոր կոհակն մեղմի՜ւ թանալ սուրայ գայ,

Ի տխրագի՜ն եւ խո՜ւլ շաչիւն որ հնչէ…:

Գոգցես հոգի՜ն ես դու անշա՜րժ դիակին…

Որ անջատուած կը խուսափի՜ս, հեռանա՜ս,

Թռչիլ անհո՜ւնն դէպ յանծանօ՜թն, դէպ յերկի՜ն,

Դիոյն հոգի՜ն… որ պիտ’ ընդհուպ վերանաս…: -

Ի՜նչ է, թռչո՜ւն ծովային, քո նպատակ.

Զի՜նչ’նել սուրաս այժմիկ վերայ ջուրց համակ…

Ծովահինի՞ց նաւ մ’ես դու, ա՜հ, ասպատակ,

Թ’երկրախոյզ՝ որ, գտնել փութաս նո՜ր ցամաք…:

Ծովահէն նա՜ւ դու որ գո՜ւցէ առանձին

Կ’երթաս ընկնիլ առագաստի մ’վրայ հարուստ…

Եւ առնո՜ւլ զայն, որպէս հաւի մ’վերան ցին՝

Զայն հափափել սրանայ զերթ շա՜նթ ի վերուստ…:

Երկրախո՞յզ մ’ես…, վաճառական…– չը գիտե՜մ,

Զինչ եւ լինիս, յո՛ եւ դիմես, շա՜տ հեռի՝

Չէ՜ փոյթ… սակայն, չերկընչի՞ս դու երկնի դէմ,

Շանթէն՝ որ մռայլ յամպս յեղակա՛րծ կը վառի…:

Նա՜ւ… գուցէ ծովն ոտիցըդ տակ փըրփըրի՜,

Եւ շառաչող կոհակներ քե՜զ դէմ թափէ…

Եւ տատանի՜ս, ցամաքներէն, ա՜հ հեռի՜,

Մինա՜կ՝ մէգին մէջ, կոհակաց դէ՜մ, բա՛բէ,

Եւ թանձր ամպոց տակէն, դժբա՜ղդ, յայնժամ մերթ,

Տխրա՜ծ լուսնին, ա՜հ, խուսափո՜ւկ դէմքն ալ վառ,

Դիտէ տըխո՜ւր երերակո՜ծ հէգ կայմերդ,

Անօգնական՝… եւ գոգ գոչէ քեզ. «թշուառ…»

Գուցէ ալիք յոգնածուփ, յոլովախուռն

Յիւրեանց անդունդըս խաւարչուտ տան քեզ կուլ…

Գուցէ կորչիս իսպառ, հասած վըհին դուռն,

Մեծաշառաչ յալիս՝ յանդունդ խոր զանխուլ…

Անհուն ուղիդ հանդարտ՝ լինի՜, նա՜ւ, գուցէ,

Մշտնջենի՜ քո գերեզման…– ա՜հ, աւա՜ղ

Եւ կոյտն ալեաց մարմինդ իսպա՜ռ այլ գոցէ՝

Եւ կորչի՜ս դու, կ’ըսեմ, նա՜ւ, հետախախաղ…:

Եւ կամ գուցէ կապոյտ երկինն այդ անամբ

Մըռայլամած ամպո՜վք ծածկի…– չե՞ս կարծեր…:

Եւ յանկարծուստ նոքա պատռին որոտմամբ.

Եւ դո՛ւրս սլանան ահեղ շանթին բո՜ց, կայծե՜ր…

Եւ երկնքէն ուղղորդ վերայ քո ընկնին,

Հրդեհելով յոչի՛նչ մատնել, նա՜ւ, ըզքեզ…

Մինչ հրացայտ ծուխն բարձրանայ վե՜ր, դէպ յերկի՜ն,

Իբր հուսկ անէ՞ծք առ շանթ, մարմնէ՛դ բոցակէզ…

Կամ հոսանուտ փրփրոտ կոհակք այլ համուռ,

Մըղե՛ն, զքեզ մի ժեռուտ, մըթի՜ն հրուանդան,

Ոյր ապառաժ սեպ կողին դէմ ամրակուռ՝

Լինիս ուժգին ջարդակոտո՜ր ի մըթան…

Եւ երբ այգուն ծագի արեւն անդ, հեռի՜ն

Բա՜բէ… աստ անդ… լո՜ւռ ծովափի մ’վր’ամայի,

Չարաշըշուկ բեկո՜րք հինգ վեց ծփան լըռի՜ն…

Մինչ անգո՜ւթ ծովն նիրհէ՜ լուռ յե՜րգ մի ճայի…

* * *

Ա՜հ, սոսկալի՜ մըտածումներ, …ա՜լ հերի՛ք…

Նա՜ւ հեռաւոր, նա՜ւ անվեհեր, նա՜ւ յանդուգն,

Որ առ ոչի՜նչ կը գրես կայծակն եւ մրրիկ.

Զայրո՜յթ ծովուն յոգնակոհակ, հո՜ղմն եւ բուքն…

Սահէ՜ ուրեմն… ո՜ շոգենա՜ւ դու անահ…

Թո՜ղ վերջալոյս քեզ չլինի՜ աղիտաբեր…

Երկինն անամպ, լո՜ւռ ծովը քեզ ժպտի՜ն, ա՜հ,

Արեւն, լուսին՝ քեզ ուղեցոյց զո՜յգ լապտեր…

Վերջալուսոյն յետին շողեր շառագոյն,

Թո՜ղ քո կայմեր եւ կողդ ներկե՜ն կարմիր, հեղ մ’…

Եւ գիշերաց մելամաղձի՜կ թագուհւոյն՝

Լուսնին՝ արծաթ ցո՜լք թող գըգուե՜ն ըզքեզ մեղմ…:

Եւ դու սահի՜ս դէպ հորիզո՜նն անդ, հեռի՜ն…

Ուր չերեւի՜ր մի հըրուանդան իսկ բընաւ…

Որպէս ամպիկն այն երկնաչու, յեթերին՝

Դո՜ւ ալ՝ ծովո՜ւն կապուտակին վերայ… նա՜ւ…: