Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԹՆՇԱՂԻ ՏԱՐՏԱՄՈՒԹԻՒՆ

Առ

Կ’ուզեմ որ մարմրին ցոլքերն իրիկուան

Մութ խորքերուն մէջ մեծ նոճիներուն,

Ու, խուցիս մէջ ուր շուքերը շատնան

Քու վրադ մըտմըտամ տըխուր ու սարսռուն:

Մութ խորքերուն մէջ մեծ նոճիներուն

Հուսկ ցոլքերուն տեղ աչքերըս ծըփան.

Քու վրադ մըտմըտամ տըխուր ու սարսռուն

Մինչեւ որ մութը պատէ ամեն բան…

Հուսկ ցոլքերուն տեղ աչքերըս ծըփան

Իբրեւ հոգւոյս մէջ՝ խորը ծառերուն…

Մինչեւ որ մութը պատէ ամեն բան՝

Ու ստուերէ թըմբիր մը՝ միտքս երազուն…

Իբրեւ հոգւոյս մէջ խորը ծառերուն

  աղաղութիւնը պատէ գիշերուան…

Ու ստուերէ թըմբիր մը միտքս երազուն

Մինչ հուսկ շըշուկներ դեռ հեռուն թըրթռան…

Խաղաղութիւնը պատէ գիշերուան

Տըխուր այս սըրտին տրոփիւնը խոհուն…

Մինչ հուսկ շըշուկներ դեռ հեռուն թըրթռան

Տարակոյսներուն հեգնութեամբն անհուն…

Տըխուր այս սըրտին տրոփիւնը խոհուն

Լըքուի՛ պէտքերէն որ ապրիլ կուտան…

Տարակոյսներուն հեգնութեամբն անհուն

Կեանքի ձայներն ալ հեռուն դեռ խընդան…

Լըքուի՛ պէտքերէն որ ապրիլ կուտան

Այս սիրտն ուր շրջի՛ արիւն մը նիրհուն…

Կեանքի ձայներն ալ դեռ հեռուն խընդա՛ն

Մարող բաներու ժըպտովն անանուն…

Այս սիրտն ուր շրջի՛ արիւն մը նիրհուն

Ըզգալով քեզի խառն իր իսկութեան՝

Մարող բաներու ժըպտովն անանուն

Դեռ ժըպտի՜ քեզի, Ստուե՛ր իրիկուան…

 

1897