Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՕԹՔ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՍՈՎԵԼՈՑ ՀԱՄԱՐ

Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,

Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց

Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զէյթունցւոց

Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ, գութիդ արեւէն:

Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,

Անոնց՝ որ, Տէ՛ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,

Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին ճիւաղէն

Բազուկներն որ Բռնութիւնն յաղթահարեցին: