Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (1851–1907)

Պէրպէրեան ծնած է Խասգիւղ, Կ. Պոլիս: Ներսէսեան վարժարանի աշակերտ. պատանեկութենէն սկսեալ ուսուցիչ. հիմնադիր 1876–78՝ Պէրպէրեան վարժարանին, ուր միշտ դասախօսած է հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները, հայ եւ օտար մատենագրութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:

Իր գործը կը բաղկանայ թարգմանութիւններէ եւ հեղինակութիւններէ: Թարգմանութիւններն են՝ «Մահ Սոկրատայ» (Լամարթին), «Հերման եւ Դորոտէա» (Կէօթէ), «Բանք Հաւատացելոց» (Լամընէ) եւն., նաեւ վերջերը՝ գերման բանաստեղծներէն բազմաթիւ քերթուածներ: Հեղինակութիւններն են՝ Քերթուածներ, երեք խումբ. 1. «Առաջին Տերեւք», 2. «Խոհք եւ Յուշք», 3. ինչ քերթուածներ որ հրատարակած է այլեւայլ հատորներով՝ «Մարդիկ եւ Իրք», «Գեղեցիկն ու Գեղարուեստ», «Թշուառութիւն եւ գութ», «Պտոյտ մը գաղափարաց աշխարհին մէջ», «Դաստիարակի մը խօսքերը», «Դպրոց եւ դպրութիւն», «Դրամ» եւն., նաեւ նամակներ: Ունի նաեւ համառօտ քաղաք. տնտեսութիւն մը եւ տղոց համար ֆրանսերէնի սկզբնաւորութեան դասագիրք մը: Ցրուած կը մնան պարբերականներու մէջ՝ քանի մը յոյժ կարեւոր յօդուածներ եւ ընտանեկան հատորը կը մնայ անտիպ:

Քերթուածները. «Առաջին Տերեւքը» երիտասարդական գործ մըն է, «  ոհք եւ Յուշք» հասուն տարիքի երկ մը. այս վերջինս իր այդ հանգամանքով, մանաւանդ լուրջ սուգի մը արդիւնք ըլլալուն համար անհամեմատ աւելի գեղեցիկ է: Այսպէս են նաեւ դպրոցական երգերը, որք մեծամեծ բարոյական գաղափարներու նուիրուած տաղեր են:

Իր քերթուածներուն մէջ, մտածումն է որ կը տիրէ եւ ոչ թէ երեւակայութիւնը: Մտածումը՝ իբրեւ նիւթ եւ իբրեւ միջոց, վասնզի տեսիլներէ աւելի գաղափարներ կը պատմէ եւ իր ողջմտութիւնը կը հսկէ իր գործին եւ սանձարձակ ոչինչ կը թողու, ոչինչ կը ճապաղէ, ոչինչ կը թելադրէ՝ մթին: «Խոհք եւ Յուշք»ին, սակայն, երեւակայութեան պակասը զգալի չէ, վասնզի յիշողութիւնը կը բռնէ անոր տեղը, կսկծալի իրականութիւնը՝ ողջմիտ քերթողին համար եղած է հոս այն՝ ինչ որ սովորական տեսլահար բանաստեղծին համար է ցնորքը: Յայտնի իրականութիւնը, յստակ գաղափարն, որոնց զգացումը կը նախընտրէ միշտ ցնորականէն, տարտամէն, եւ ասոր համար իր քերթուածները չունին այն ազատ ու երկնային բանը, զոր բանաստեղծութիւնը ունի ընդհանրապէս եւ կը ներկայացնեն յաճախ այն բնաւորութիւնն ու կենսունակութիւնը, որոնք յատուկ են արձակին:

Ինչ որ անհաշտ է իր ողջմտութեան հետ, քերթուածներուն լեզուն է, որ հեռու է արձակի Պէրպէրեանինը ըլլալէ: Ըստ կամս գործածութիւններ բառերու կամ ձեւերու, անմաքրութիւններ, հակաքերականական ձեւեր, դիւրութեան տեղ ճարտարութիւններ, մերթ կարծր հոծութիւններ միակ տող մը լեցնող բառերու, ներդաշնակութեան պակաս, Պէրպէրեանի քերթուածներու լեզուին անախորժ հանգամանք մը կ’ընծայեն: Կը թուի թէ՝ անգամ մը որ քերթուածագրելու ոչ շատ բանաւոր արարքը թոյլ կուտայ իրեն, թոյլ կուտայ նաեւ ոչ բանաւոր այդ երեւոյթներն իր լեզուին մէջ:

Ձեւի, գոյնի, թերեւս նաեւ ձայնի զգայարանական բաներու ճաշակը կատարեալ չէ Պէրպէրեանի մէջ: Ոտանաւորին հարկադրած գեղարուեստական սեղմումներուն մէջ իսկ իր գաղափարապաշտ բնութիւնը հանգիստ չէ:

Արձակը. Բայց ինչ որ Պէրպէրեանի գրական փառքը կը կազմէ, իր արձակն է: Հոն տիրող ոճը դասական տիպար մըն է ոճի, վասնզի բոլոր յատկութիւնները, զոր ոճ մը պարտի ունենալ, հոն են իրենց լրութեան մէջ եւ իրենց վերեւ կը գերագահէ Պէրպէրեանի իմացականութեան էական յատկութիւնը՝ յստակութիւնը, յայտարար բանականութեան: Այսպէս իր ոճը՝ յստակ, մաքուր, ազնուական, բնական (թէեւ աշխարհի վրայ այնքան կատարելութիւններ բնական չթուին), ճիշդ ու պատշաճ, զանազանեալ, ներդաշնակ եւ մի, մեր գրականութեան մէկ անգերազանցելի հարստութիւնն է: Միայն իր արձակին ներդաշնակութիւնը՝ հնչիւններու ներդաշնակութիւն մը ըլլալէ աւելի (ինչ որ կարելի է գտնել Թէրզեանի եւ Տէմիրճիպաշեանի քով), չափերու ներդաշնակութիւն մըն է:

Պէրպէրեան ներդաշնակ ֆրազներու եւ պարբերութիւններու գաղտնիքն ունի: Հայերէնի մէջ այս գեղեցկութիւնը ուրիշ ոչ մէկ հայ երկի մէջ կ’երեւայ: Պէրպէրեան փոխանակ խօսքերու տեւողութիւնն իրենց բախտին ձգելու, գիտէ զանոնք հաշտարար իմն զանազանել, երկարներն յաջորդեցնելով կարճերուն, ընդհատներուն, խօսքի խումբերու միջեւ համեմատութիւն, զուգակշռութիւն դնելով, չթոյլատրելով ինչ որ կը կոչուի կաղ ֆրազ եւ միշտ երկար (յապաղեալ շեշտով) հատուածով մը կամ բառով մը պարբերութիւնը վերջացնելով: Իսկ հնչիւններու քաղցրութեան շատ հոգ տարած չէ, ոչ միայն վասնզի հոդ զգայարանական իրաց ճաշակ մը պէտք է եւ զգալի չափի խնդիր չկայ, այլ վասնզի ձայնական քաղցրութեան տեսակէտով բառերու ընտրութիւն մը՝ պիտի վնասէր թերեւս իր ոճին միւս յատկութիւններուն՝ ճշդութեան, յստակութեան եւն.:

Արդարեւ, այն հեղինակները, որոնք հնչիւններու ներդաշնակութեան հոգածու եղած են՝ նոյնքան հոգածու չեն եղած այն գերազանց յատկութիւններուն, որոնք Պէրպէրեանի ոճը կը յատկանշեն: Իր աշխարհաբարը նախապէս եղած է լի գրաբար ձեւերով, ի վերջոյ, Պէրպէրեան ստիպուած է բաւական զիջիլ այդ ձեւերէն եւ հասած է, իր վերջին ժամանակներու գրութիւններուն մէջ, հրապարակի վրայ գործածութեան մէջ եղող լեզուին մօտագոյն վիճակի մը: Բայց միշտ իր լեզուն կ’որոշուի դիւրաւ այն գրաբարի յատուկ ձեւերով, որ կը մնան իր աշխարհաբարին մէջ՝ թէ անշուշտ իբր արդիւնք հին սովորութեան թէ իբրեւ զանազանման, ներդաշնակութեան, սեղմութեան գրական եւ իմաստասիրական պէտքերը գոհացնող միջոցներ, թէ իբր այն տարբերութեն նշաններէն մին որ անհրաժեշտաբար ու բնական կերպով կայ գրական ու հասարակական լեզուներուն միջեւ:

Իր գործը. Պէրպէրեան ինչպէս իր կեանքին, նոյնպէս գրականութեան մէջ եղած է յատկապէս պայծառախոհ առաջնորդ մը, թէ՛ երբ «Մարդիկ եւ Իրք»ին մէջ կամ ուրիշ տեղ քննած ու դատած է հանրային երեւոյթներն ու անձնաւորութիւնները, երբ երգիծած ու դատապարտած կամ ներբողած է զանոնք, թէ՛ իբր պերճաբարբառ ատենաբան կամ գրագէտ կատարեալ՝ երբ իր ճառերուն մէջ յառաջդիմութեան հաւատացեալ քարոզիչն է հանդիսացած, եւ իր աշակերտներուն ուղղեալ «Հուսկ Բանք»երով (ճառեր, զոր գրեթէ ուրոյն գրական սեռի մը աստիճանին բարձրացուցած է Պէրպէրեան) պարզած է այն բարձր սկզբունքները, որոնց պարտին հետեւիլ, թէ՛ երբ իր դամբանականներուն մէջ բացատրած է մեկնիչին (մեռնողին) դերն ու արժանիքը եւ անոր օրինակը ընծայած է իբրեւ գրգիռ հանրօգուտ յատկութեանց, եւ թէ՛ երբ գրած է հոյակապ էջերը, որ նիւթ ունին բարոյականը, դաստիարակութիւնը, դպրոցը, բարքերը, լեզուն, գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւն., Պէրպէրեան եղած է անսխալ դատող մը եւ տեսլականով խանդավառ անվրէպ ուղեցոյց, որու պէտք ունէինք: Իր գրականութիւնը ուրիշ բան չէ, այլ բարիք մը, ինչպէս յաճախ մանաւանդ վերջի հրատարակութիւններուն մէջ, գլուխ գործոց մը ոճի, ողջմտութեան, եւ տեսլապաշտութեան:

Իր գրական եւ ուսուցչական յոբելեանը տօնուեցաւ 1901-ին եւ արժանաւոր մեծարանքն եղաւ մեծ մարդուն, որ իր վարժարանով, իր անգերազանցելի գրականութեամբ եւ իր վարած հանրային պաշտօններով քաղաքակրթեալ դեր մը կատարեց իր ազգին մէջ, որուն մեծագոյն փառքերէն մին եղաւ: Յոբելեանին առթիւն էր որ Խրիմեան Կաթողիկոս զինքը պատուեց «Ուսուցչապետ» տիտղոսով: Ամբողջ կեանքը ուսուցչութեամբ անցուց եւ կրցաւ իրմով պատուաւոր դարձնել ուսուցչութիւնը, ուր բարձրագոյն հեղինակութիւն էր: