Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈԳԵԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՔ (*)

Կրնանք այժմ, եթէ արդէն ուշ չէ, գաղափար մըն ալ Ոգեկան Երեւոյթներուն (Phénomène spirites) մասին տալ, վասնզի անոնք Հայտսվիլի աղմուկներուն ու կահերու տեղափոխմանց եւ հարուածաբանական հաղորդակցութիւններու մէջ չեն սահմանափակուիր, ինչպէս արդէն զգալի եղաւ:

Ընդհանուր կերպով մը, եւ սահմանում մըն ալ փորձած ըլլալու համար կրնանք ըսել թէ, մինչդեռ հոգեբնախօսական (psycho-physiologique) երեւոյթներուն մէջ հոգին մեր գործարանաւորութեան մէջ պահուած մե՛ր իսկ ոգենիւթին միջոցաւ յառաջ կը բերէ մեր անդամներուն ու գործարաններուն գործունէութիւնը, ոգեկան երեւոյթներուն մէջ՝ մերթ ինքն է դարձեալ մեր հոգին որ կ’ազդէ մեր վրայ կամ մենէ դուրս, մեր ոգենիւթին միջոցաւ, մերթ ինքն է նորէն որ կ’ազդէ մենէ դուրս՝ շնորհիւ այլոց ոգենիւթին (ինչպէս հիբնոսականութեան մէջ որ ոչ այլ ինչ է քան ոգեկան երեւոյթ մը), եւ մերթ, վերջապէս, մարմնազերծեալ հոգի մըն է որ մեր ոգենիւթին ազդելով կը ներգործէ մեզ կամ մենէ դուրս, պայմանաւ որ այս բոլոր պարագաներուն մէջ ոգենիւթը գէթ մասամբ արձակուած ըլլայ մարմինէն: Ուստի ոգեկան երեւոյթք անոնք են որ տեղի կ’ունենան ոգիին՝ մարմինէն ամբողջական կամ մասնակի զերծմանը շնորհիւ, ազդեցութեամբ սեփական հոգւոյն կամ ուրիշ հոգիի մը: Մետիոմ են անոնք որոց ոգենիւթը համեմատաբար դիւրաւ կրնայ արձակուիլ իրենց մարմինէն դուրս, եւ ենթակայ ըլլալ իրենց սեփական հոգւոյն կամ օտար հոգիներու ազդեցութեան՝ իրաց ու մարդոց ներգործելու համար: Ոգենիւթին այս արձակման, այս արտաթորման կամ ճառագայթման կարողութիւնն ամեն մարդու մէջ կարելի է՝ բայց ոչ միեւնոյն աստիճանաւ. մետիոմք զգալապէս ունին այդ կարողութիւնն եւ կան մետիոմներ, մասնաւորապէս «օժտեալ» որ բարձրագոյն աստիճանաւ ունին զայն: Է. Ճ. Տէյվիս, Ֆօքս օրիորդները, մանաւանդ Քէյդ Ֆօքս, Սլէյտ, Հոմ, Տիկ. Եւսաբիա Բալատինօ, Քառանչինի, Տիկ. տ’Էսբէրանս, Տիկ. Բայբըր, Օր. Ֆլօրանս Քուք որ եղած է Քրուքսի նշանաւոր փորձերուն մետիոմը, եւ վերջերս՝ ի Քոսդա-Ռիքա՝ Օր. Օֆելիա Քոռռալէս, եւ ուրիշներ՝ Ոգեկանութեան պատմութեան մէջ հռչակաւոր են իբրեւ տարօրինապէս կարող մետիոմներ, որոց ընդունակութիւնն իրենց ոգենիւթն իրենցմէ դուրս արձակելու, եղած է այն թանկագին միջոցը որով անդրաշխարհի կեանք մը իր էական հանգամանքներով յայտնուած ու հաստատուած է դրական գիտութեան առջեւ: Ոգեկան երեւոյթք ալ, ի հարկէ, մետիոմին կարողութեան համեմատ՝ կ’ընծայեն սաստկութեան այլեւայլ աստիճաններ:

Խոնարհագոյն աստիճանի երեւոյթներ են զոր օրինակ՝ սեղանի մը ոտքին դոփիւնները, հոս հոն զարնուած հարուածները, կահերու շարժումները, դէմյանդիմանական տեղեկութեանց մեքենաբար գրուիլը մետիոմին ձեռքով, եւ լոկ մետիոմին զգալի տեսողական, լսողական եւ այլ տպաւորութիւններ:

Շատերուն ծանօթ է որ սեղան մը կրնայ շարժումներ ընել, ոտքերէն մէկովը հարուածներ տալ գետնին, եւ այդ միջոցաւ պատասխաններ տառել մեր հարցումներուն, եթէ քանի մը հոգի սեղանին եզրին վրայ դնեն իրենց ձեռքերը եւ անոնցմով անընդհատ շղթայ մը ձեւացնեն: Կա՛մ այն է որ խումբին մէջ անյայտ մետիոմ մը կայ, կամ ներկաներուն մետիոմական տրամադրութիւններով ձեւացեր է հոն աւելի կամ նուազ արդիւնաւոր հաւաքական կարողութիւն մը, եւ այս պարագան սովորականն է: Հա՞րկ է արդեօք ըսել թէ պէտք չէ սեղանին հարուածաբանական պատասխաններն անսխալ համարել, վասնզի մերթ մեր իսկ հոգին, մե՛ր իսկ կամքն է որ մեր ոգենիւթին շնորհիւ կը շարժէ սեղանը, եւ մերթ, ստուգիւ, ոգի մըն է՝ որ սակայն խիստ յաճախ հասարակ իմացականութեամբ ու բարոյականով մէկն է զոր իր մահն անշուշտ ամենագէտ չէ ըրած, ոչ ալ բարոյապէս կատարելագործած: Տասնեւհինգ տարի առաջ, ի Պաֆրա, այն կողմերն Աստուածատուր Պատուելի անուամբ հանրածանօթ յոյժ մտացի բարեկամի մը տունը՝ գիշեր մը մասնակցեցայ սեղանի փորձի մը. 7–8 հոգի կայինք. ոտքի վրայ կեցած՝ ձեռքերու շղթան կազմեցինք եւ 15–20 վայրկենէն հաստատեցինք թէ սեղանը կը շարժէր. «Դարձի՛ր» գոչեց մէկը. եւ եռոտանի կարասին սկսաւ իբրեւ առանցքի մը վրայ դառնալ, հետզհետէ այնքան արագ՝ որ մեր ձեռքերը սեղանէն չբաժնելու համար երբ անոր հետ կը դառնայինք, ստիպուեցանք գրեթէ վազել: Մեր գլխաւոր մտահոգութեան համեմատ՝ հարցուցինք թէ ջարդ պիտի ըլլա՞ր Պաֆրայի մէջ. (1895ի ձմեռն էր, եւ մենէ ոչ շատ հեռու տեղուանք կոտորած տեղի ունեցած էր արդէն): Սեղանը զարկաւ պայմանադրուած երկու հարուածները որ «Այո՛» կը նշանակէին: «Ե՞րբ» ըսինք. «զարկ քաներորդ օրը որ տեղի պիտի ունենայ»: Ութ օր ետքի երեքշաբթին նշանակուեցաւ: Վերջապէս մեր զանազան հարցմանց պատասխանելով սեղանն ըսաւ տակաւին թէ ոչ թէ թաղին՝ այլ շուկային մէջ պիտի կատարուէր ջարդը, թէ մեր մէջէն ոչ ոք պիտի սպաննուէր, - ընդհակառակը, թէ այսքան ժամանակ պիտի տեւէր, ու սաչափ վնաս պիտի պատճառէր, եւն.: Արդ, կոտորած տեղի չունեցաւ ի Պաֆրա: Բայց նաեւ սեղանով նշանաւոր յայտնութիւններ եղած են. ստոյգ գուշակութիւններ՝ որ ներկաներէն ոչ մէկուն մտքին արդիւնք կրնան եղած ըլլալ, կամ տեղեկատուութիւններ՝ փորձարկուներէն ոչ միոյն կողմէն կարելի: Սեղանի փորձերուն գեղեցկագոյններէն են զոր օր. անոնք որ տեղի ունեցած են Տիկին տը Ժիռառտէնի միջոցաւ եւ Վիքդոր Հիւկոյի ու Օկ. Վագռիի ներկայութեան՝ ի Ժերսէ, 1865ին: Բայց ես չեմ ուզեր ոգեկան այսօրինակ երեւոյթներու վրայ ծանրանալ, վասն զի կ’ուզեմ խօսիլ նուազ ծանօթ եւ շատ աւելի կարեւոր իրողութեանց վրայ:

Ատոնցմէ է օրինակի համար ուղղակի գրութիւնը (ռcriture directe): Մետիոմին ներկայութեան, որու ոգին (այսինքն ոգենիւթով պարուրուած հոգին) մարմինէն այնքան արձակուած չէ որպէսզի ինքը քնոյ եւ անզգայութեան մէջ իյնար, մէջտեղը կը դնեն զոյգ մը քարետախտակներ, իրենց փայտէ շրջանակներով իրարու հետ պտուտակուած կամ ուրիշ ո եւ է կերպով ամրապէս միացած, եւ երկու հերձաքարերուն միջեւ մնացող պարապին մէջ քարեգրիչի կտոր մը կրող: Եւ ահա ճռնչիւն մը կը լսուի հոնկէ. քարետախտակի վրայ գրութեան ծանօթ ճռնչիւնը, ուր կէտադրութեանց հարուածները, թեւ մը ունեցող կամ երկար տառերուն զօրեղ գծումները կը լսուին: Յետոյ լռութիւն: Կը բանան քարետախտակներն եւ կը տեսնեն որ բան մը գրուած եւ ստորագրուած է հոն: Տքթ. Բ. Ժիպիէի՝ Սլէյտ մետիոմին հետ կատարած փորձերուն մէջ բազմաթիւ այսպիսի գրութիւններ ստացուած են, այլ եւ այլ լեզուներով: Անգամ մը սա անգլիերէն խօսքը երեւցած է. «Իր առաջին այցելութենէն իսկ այսպիսի փորձ մը դժուար գործ է ոգիի մը համար. - Ու. Քլարք»: Ուրիշ ոգի մը՝ Լ. տը Մօն, սա տողը գրած է, ֆրանսերէն. «Il n’est pas permis de concevoir le moindre doute»: Սդ. Մոզիս, իր «Հոգեգրութիւն» («Psychography») գործին մէջ պատմած է ուղղակի գրութեան կամ հոգեգրութեան այն բազմաթիւ դէպքերը զոր տեսած է իր փորձերուն մէջ՝ տասը տարուան միջոցին, եւ որոց համար վկայած են կարեւոր անձնաւորութիւններ, պետական, գիտական մարդիկ: Աւելորդ իսկ է ըսել թէ մետիոմը կրնայ ամենեւին չգիտնալ այն լեզուն որով հոգեգրութիւնը տեղի կ’ունենայ. անգլիացի մետիոմներու ներկայութեան գրուած են հին ու նոր յունարէն, սպաներէն, գերմաներէն, արաբերէն, չինարէն խօսքեր, ինչպէս անգամ մըն ալ՝ եբրայերէն տառերով գերմաներէն պատասխան մը գրուած է նոյնպիսի տոմսի մը՝ զոր րաբունի մը ուղղելով իր մեռած հօրը՝ դրեր է ամերիկացի մետիոմի մը քարետախտակներուն միջեւ, ի Շիքակօ: Երբոր մարմնազերծեալը որ այս եղանակաւ կը յայտնուի, եղած է ծանօթ անձնաւորութիւն մը՝ հոգեգրուած խօսքը ճշդիւ անոր գիրըկը ներկայացնէ: Ասոնք այնպիսի երեւոյթներ են որ հնարաւորութիւն չկայ բացարձակապէս՝ զանոնք ոգեկանէն տարբեր մեկնութեամբ բացատրելու:

Նոյնքան սաստկապէս համոզիչ են ներանձնացման (incorporation) երեւոյթներն, յորս մետիոմին ոգին ամենամեծ մասամբ բաժնուելով մարմինէն՝ տեղի կուտայ ուրիշ ոգիի մը՝ յաճախ մարմնազերծեալի մը, որ կուգայ անոր առժամապէս լքեալ ջղային դրութեան պահ մը տիրել. եւ խօսիլ ու գրել մետիոմին միջոցաւ: Որպիսի՜ փոփոխութիւն յանկարծ, երբ այս ոգեկան փոխանակումը տեղի է ունեցեր՝, ծանօթ մետիոմին ձայնին, խօսուածքին, ոճին, գրութեան, եւ իմացականութեան մէջ: Ո՞ւրկէ առաւ այդ օտար շեշտերը, երբեմն այնքան վերին ու հանդիսաւոր, այդ հմտութիւնը գերաշխարհիկ իրաց կամ հեռաւոր անծանօթ իրողութեանց մասին, եւ ինչէ՞ն է որ կրնայ հիմա անդրդուելի համոզմամբ հաստատել այնպիսի ճշմարտութիւններ որոց նկատմամբ պահ մը առաջ կը խօսէր տարակոյսով կամ կատարեալ սկեպտութեամբ: Ինչո՞ւ, հիմա զարմանալի դերասանի մը պէս կը նմանցնէ երբեմն ապրած անձնաւորութիւն մը որմէ տեղեկութիւն չունէր, կը ձեւացնէ անոր գիրն եւ ստորագրութիւնն առանց կեանքին մէջ անոնցմէ նմոյշ մը տեսած ըլլալու, եւ կը պատմէ մանրամասնութիւններ անո՛ր կեանքէն, որք յետոյ կը ստուգուին եւ զորս ոչ ոք գիտէր ներկաներէն եւ ի՛նքը մանաւանդ կ’անգիտանար: Ձեւացում չկայ. նոյն ինքն մեռեալն է որ կը խօսի եւ կը գրէ մետիոմին միջոցաւ որ յետոյ ոչինչ պիտի յիշէ երբ վերստին ընդունի ի՛ր ոգին իր մէջ: Շատեր, ինչպէս Բրոֆէսոր Ռիշէ՝ ի զո՛ւր կրկին անձնաւորութեան (double personnalitռ) վարկածը յղացան այս երեւոյթը բացատրելու համար: Համարեցին ու հաւատացին թէ մարդ կրնայ քանի մը Եսեր միանգամայն կրել… իւրաքանչիւրն ուրոյն կերպով զարգացած, առանց իրարմէ տեղեկութիւն ունենալու…: Գիտնոց կողմէն այսպիսի տխմարութիւններ բաւական պիտի ըլլային իրենց ո՛ եւ է մէկ հաւաստումը կասկածելի դարձնելու, եթէ, բարեբախտաբար, իրողութիւնք, բացայայտ ու համոզիչ՝ գիտնոց կարծիքներէն անհամեմատ աւելի մեծարժէք չըլլային:   եղճ Ռիշէ, շատերուն պէս, ստիպուեցաւ իր հանգստաւէտ «կրկին անձնաւորութիւն»ները թողուլ որ քայքային կորնչին այն ոչնչութեան մէջ ուրկէ ելեր էին, երբ անուրանալի կերպով տեսաւ օտար ոգեաց ուրոյն անձնաւորութիւնը մետիոմին մէջ ի գործունէութեան: Պիտի բաւէր արդէն ի նկատ առնել զոր օրինակ մետիոմի մը խօսիլն այն լեզուներով որոցմէ բառ մը չէր գիտեր ներանձնացման վայրկենէն առաջ. միայն այս պարագան՝ Ռիշէի եւ այլոց վարկածն անհնար պիտի դարձնէր արդէն. թո՛ղ այն իրողութիւնը թէ՝ մետիոմին մարմինը կը տիրակալուի յաջորդաբար չէ՛ թէ երկու երեք՝ այլ հինգ վեց եւ աւելի անձնաւորութիւններէ, բոլորն ալ ուրոյն եւ լաւ յատկանշուած, որոց թիւն ալ աւելի մեծ է միեւնոյն մետիոմին համար, երբ ի նկատ առնուին անոր բոլոր մետիոմական կեանքին մէջ զինքը տոգորող ամեն ոգիները:

Ներանձնացման դէպքերն այնքան շատ են որ չեմ գիտեր ո՛րը առնել՝ իրենց վաւերականութեան մասին գաղափար մը տալու համար:

1893էն 1901, Թուռի (Ֆրանսա) հոգեկան ուսումնասիրութեանց խումբի մը մէջ կը պատմէ Լ. Տընի որ անոր անդամ էր, տեղի ունեցած են ներանձնացման սքանչելի դէպքեր շնորհիւ երեք կին մետիոմներու, եւ նիստերուն սղագրեալ տեղեկատուութիւնները որ հատորներ կը կազմեն, թոյլ կուտան դիտել ու հաստատել 7 տարուան տեւողութեան մը մէջ յաճախակի յայտնուող մարմնազերծեալներու որոշ նկարագրին ու պարզած տեսութեանց հաւատարիմ նոյնութիւնը: «Ընդհանրապէս, կ’ըսէ Տընի՝ «Անտեսանելւոյն մէջ»ին («Dans l’Invisible») եւ նմանօրինակ գործերու հեղինակը, առաջնորդող ոգիներն (esprit-guide) են նախ որ կը յայտակերպին՝ խորհուրդներ տալով եւ տրամաբանութեամբ ու մեծութեամբ լի ուսուցումներ ընելով կենաց ու ճակատագրի խնդիրներուն վրայ: Յետոյ կուգան տեսակցութիւններ նուազ բարձր ոգիներու հետ, որոցմէ շատերն ապրած են մեր մէջ եւ մեր աշխատութեանց մասնակցած: Սրտաշարժ տեսարաններ յառաջ կուգան: Հայր մը, մայր մըն է որ կուգան յորդորել իրենց զաւակները որ հաւաքոյթին ներկայ են: Անդրշիրմի բարեկամներ են որ մեր միտքը կը ձգեն մանկութեան յիշատակներ, մատուցուած ծառայութիւնները, գործուած յանցանքները: Կը պարզեն անջրպետին մէջ իրենց ապրելու կերպը, կը խօսին բարոյական բերկրութեանց ու տառապանքներուն վրայ զորս յետ մահուան կը զգայ մարդ իբրեւ անխուսափելի հետեւանքներն երկրային կենցաղին: Շարժմամբ ու գունագեղութեամբ լի կենդանի իրագիտական դասերու պէս, այդ զեղումներն, այդ խոստովանութիւնները զմեզ խորապէս կը յուզէին: …Երկու ոգիներ ստանձնած են աւելի մասնաւոր կերպով մը, խումբին վարչութիւնն ու կը յայտակերպին իւրաքանչիւր նիստի: «Կապոյտ» Ոգին եւ Երոնիմոսն են անոնք: Կապոյտ Ոգին (այսպէս կոչուած վասնզի մետիոմք զայն կը տեսնեն միշտ կապոյտ քօղով մը պարուրուած), կնոջական էութիւն (entitռ) մըն է՝ յոյժ բարձր կարգի: Երբոր կ’ոգեւորէ գործարանաւորութիւնը մետիոմին որ երկչոտ անհամարձակ անձ մըն է, համեստ զարգացումով, դիմագիծերը կը ստանան սրովբէական արտայայտութիւն մը, ձայնը կ’անուշնայ, քաղցրանուագ ձայն մը կ’ըլլայ. խօսուածքը կը զգենու բանաստեղծական ու յոյժ մաքուր ձեւ մը: Ներկաներէն իւրաքանչիւրին՝ Ոգին կ’ուղղէ կարգաւ խրատներ, ազդարարութիւններ, անոնց առանձին (privռe) կենաց վերաբերեալ, եւ որք՝ առաջին տեսակցութեան անգամ՝ կը վկայեն թէ Ոգին կատարելապէս ծանօթ է նկարագրին եւ իւրային (intime) կեանքին անոնց որոց կ’ուղղուին ատոնք:   իստ յաճախ, առաջին անգամ ըլլալով մեր հաւաքոյթներուն եկող եւ մետիոմին անծանօթ անձինք խորհուրդներ, խրախոյսներ կամ յանդիմանութիւններ կ’ընդունէին՝ իրենց բարոյական վիճակին եւ ամենագաղտնի մտածումներուն յարմար: Այդ խրատները, միւս ունկնդիրներուն համար մութ, միշտ յստակ ու ճշդորոշ էին ենթականերուն համար: Եւ այս յայտակերպութեանց նուազագոյն հրապոյրներէն մին չէ որ կը կազմէր Կապոյտ Ոգիին այս արուեստը՝ ներքին ու ծածուկ իրերու վրայ խօսելու ամենուն առջեւ, ա՛յնպէս՝ որ նկատուած անձին համար կատարելապէս պայծառ մնալով հանդերձ խուսափէր ո եւ է անգաղտնապահութենէ: Կապոյտ Ոգիին հոգածութիւնն ու պաշտպանութիւնը կը տարածուէին խումբին բոլոր անդամներուն վրայ, եւ շատ անգամներ յայտնուած են ատոնք իրողութեանց սեփավայրին (domaine) մէջ: Մենէ շատեր, լուրջ դժուարութիւններու մատնուած, կրցան յաղթել անոնց, շնորհիւ նախախնամական ազդեցութեան այս ոգիին որ ամենափափուկ պարագայից մէջ եւ պատեհագոյն վայրկենին՝ գիտէր օգնութիւն մը երեւան բերել, անյուսալի միջամտութիւն մը դրդել: Իր ուսուցումներն ընդհանրապէս կապ ունին ընտանիքին ու տղոց դաստիարակութեան հետ: 1900 Մարտի «Հոգեկան բեմ» թերթը («Tribune psychologique») հրատարակեց այդ տեղեկատուութիւններէն մին որ բարձր բացատրութիւններով մեր առաջնորդին մեթոտը կ’ամփոփէ: Կապոյտ Ոգին՝ տղոց եւ երիտասարդաց դաստիարակութեան մէկ խորունկ բարենորոգման մէջ կը տեսնէ ճշմարիտ դարմանը ներկային յոռութեանց՝ եւ արդի ընկերութեան սպառնացող վտանգներուն: Ժեռօմ կը հաղորդակցի նոյն մետիոմին միջոցաւ. բայց երկու ոգիներուն միջեւ հակադրութիւնն ազդու է: Ժեռօմ (*) որ առաքեալ մը եւ մարտիրոս մը եղաւ, մնացած է բեմբասաց մը եւ պայքարող մը. իր խօսքը թրթռուն է, շարժուձեւը լայն ու տիրական: Ինքզինքը կ’արտայայտէ երկարատեւ պարբերութիւններով, ընտրեալ ասացուածներով: Իր կորովն այնպիսի է որ ընդփոյթ կը սպառէ ենթակային միջոցներն եւ չի կրնար միշտ իր ճառն աւարտել՝ ծորանական ոյժին պակասման հետեւանքով: Խումբին փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններն է որ կը վարէ մասնաւորապէս: Բազմաթիւ կեանքեր [ե՛ս կը շեղագրեմ, վասնզի յետոյ պէտք պիտի ունենամ Տընիի այս խօսքին որ ոգեկան վարդապետութեան կը վերաբերի] արգելավանքերու լռութեան ու մատենադարաններու փոշւոյն մէջ ապրուած, կուտակեր են իր մէջը ծանօթութեանց գանձեր եւ աւելի զօրութիւն տուեր են իր մտածութեան: Դարերը զայն տեսած են հետազօտութեան, ուսման, խորհրդածութեան մէջ ի սոյզ: Յստակագոյն տեսութիւնք, անջրպետի կեանքին տպաւորութիւններն եկած են իր արդէն այնքան լայնածաւալ գիտութիւնն ամբողջացնելու: Ուստի՝ ի՜նչ ընդարձակութիւն իր դատաստաններուն մէջ, ի՛նչ ճարտարութիւն՝ հակառակախօսութիւնները ցրելու, ժուժկալ ու վճիտ գծումներով ամփոփելու տիեզերքի եւ կենաց բարձրագոյն օրէնքները: Եւ այս ամենը՝ անհամարձակ ձեւերով ու տարրական ուսում մ’առած հէք կնո՜ջ մը բերնով»: Լ. Տընի քիչ հեռուն կը շարունակէ. «Մեր խումբին մէջ՝ առաջնորդող ոգիները մեզ կը հաղորդակցէին ամենէն համեստ մետիոմին միջոցաւ: Ուրիշ տիկին մը՝ վայելուչ ձեւերով, կը ներանձնացնէր մանաւանդ ստորին կարգի ոգիներ: Բանջարավաճառ կնկան մը՝ անոր բերնով խօսիլը կը լսուէր այնպիսի տեղւոյ մը գեղջաբարբառով ուր մետիոմը չէ գացած բնաւ: Պառաւ աղջիկ մը երկայն բարակ դատարկաբանութեանց կուտար ինքզինքը կամ զուարճալի մանրադէպեր կը պատմէր. որմէ յետոյ լուսարար մը կուգար, երկարաքարշ խօսուածքով, կամ վաղեմի գործակալ մը (proc. ) որ հատու ձայնով մը եւ կնոջը բերնով՝ անոր էրկանը կ’ըսէր դժնդակ ճշմարտութիւններ: Այս ոգեաց եւ ուրիշ շատերու (տեսնել Թուռի խումբին աշխատութեանց տեղեկագիրը 1900ի «Ոգեկան Համաժողովին Տեղեկատուութեան» մէջ) իւրաքանչիւրին նկարագիրը պահպանուած է, եւ անոր ինքնուրոյնութիւնն հաստատաբանուած (affirmé)՝ յարատեւ կերպով, եօթը տարուան ժամանակամիջոցի մ’ընդմէջէն: Մեր բոլոր ատենագրութիւնք ատիկա ցոյց կուտան: Միեւնոյն ատեն կրցած ենք հետեւիլ այդ ոգիներէն միոյն՝ Սօֆիին բանջարավաճառ կնկան աստիճանական յառաջդիմութեանց. իր բարիկամեցողութեան եւ մեր առաջնորդներուն պաշտպանութեան շնորհիւ կրցաւ հրահանգուիլ եւ ուղղութեան գալ, մինչեւ որ վերմարմնացման ժամը եկաւ իրեն համար: Իր դարձն երկրային կենաց՝ ծանուցուեցաւ կանխաւ, եւ կրցանք հետեւիլ անոր ցաւագին փուլերուն: Երբ այդ գործողութիւնը կատարուեցաւ, ա՛լ մեր նիստերուն չվերերեւցաւ Սօֆին»: (Léon Denis: Dans l’Invisible, P. -G. Leymarie, Paris):

Ժամանակ է արդէն, եւ վաղուց, ոգեկան երեւոյթներու այլապէս եւ աւելի տպաւորիչ տեսակներու անցնելու:
---------------------------

(*) Մեր մէջ խիստ քիչ են անոնք որ զբաղած են այս երեւոյթներով. գիտեմ, ի մէջ այլոց, բարձրաստիճան եկեղեցական մը, եւ մանաւանդ Յովհ. Գազանճեանը որ միակ հայ գրողն է այս երեւոյթներուն վրայ: «Գաղտնիք եւ Արուեստ Մոգութեան»էն յետոյ, զոր երկասիրեր էր աշխատակցութեամբ երկրորդ անձի մը, անցեալ տարի հրատարակեց «Մագնիսականութիւն եւ Ոգեհարցութիւն»ը, Կ. Պոլիս, Տպ. Օ. Արզուման, 1909: Մեծապէս յանձնարարելի գիրք մըն է, մանաւանդ անոնց որ օտար լեզու չեն գիտեր ուղղակի աղբիւրներուն դիմելու համար: Գրքին վերջին գլուխը նուիրուած է Ոգեկան Երեւոյթներուն. «Ոգեհարցութիւն եւ Մետիոմութիւն» խորագրով: Գազանճեան ոչ միայն կը ներկայացնէ հոն իրողութեանց գլխաւոր տեսակներն, այլ եւ կ’ուսուցանէ զանոնք յառաջ բերելու կերպերը: Ես՝ ներկայ յօդուածով՝ այդ կերպերուն վրայ խօսելու նպատակ չունիմ. հետաքրքիրները կրնան դիմել հայ ոգեկանին աշխատասիրութեան: Կ’ուզեմ այս առթիւ ըսել թէ անիկա յաջողապէս կերտած է այս ուսման յատուկ բառերուն մէկ մասին հայերէնները. եթէ չեմ սխալիր՝ իրն են օրինակի համար ոգեյաճախութիւն (hantise), ոգեյաճախեալ (hante), երկուրեքութիւն (bilocation) բառերը. իրն է դարձեալ ոգի (esprit) բառին կանոնաւոր գործածութիւնն իր գրքին մէջ՝ նշանակելու համար մարմինէն անջատուող եթերային էակը որ կը բաղկանայ հոսանիւթային, ծորան տարրէ մը եւ հոգիէն: Բայց, թէեւ անգամ մը «Բիւզանդիոն»ի մէջ ըսած եմ, կը կրկնեմ թէ Spiritismeին հայերէնն աւելի յարմար է ընդունիլ Ոգեկանութիւն քան Ոգեհարցութիւն. այս վերջինը հին է՝ բայց գաղափարին չի պատշաճիր, քանզի միշտ հարցումներ չէ որ կ’ըլլուին ոգիներուն: Գազանճեան արդէն վերջնական ընտրութիւն մը ըրած ըլլալ չի թուիր, քանի որ ոգեհարց, ոգեհարցուկ, ոգեդաւան բառերը փոփոխակի գործածեր է՝ ոգեկանութեամբ զբաղողները կամ նոյն իսկ զայն գիտապէս ուսումնասիրողները նշանակելու համար. լաւագոյն է գործածել ոգեկան բառը. իբրեւ spirite, քանի որ կարելի է զայն թէ իբր ածական՝ թէ իբր գոյական կիրարկել ֆրանսերէնին պէս, եւ քանի որ աւելի կարճ եւ վերջապէս աւելի ճիշդ է: Յարգելի բարեկամս գործածեր է նաեւ մարմնանալ (s’incarner) եւ շիներ է մարմնազրկուիլ (se dռsincarner) բառերը: Առաջինը թէեւ ճշդիւ չ’արտայայտեր ֆրանսերէնին իմաստը (որովհետեւ սեփական մարմնոյ մը մէջ մտնել, կամ ծանօթ ֆիզիքական մարմինն ունենալ պարտէր նշանակել, մինչդեռ կրնայ մեր միտքը տանիլ ոգեաց առժամեայ նիւթականացմանց ալ) բայց գործածելի է, վասն զի կարելի է անով կազմել վերմարմնանալ (se réincarner): Երկրորդը՝ մարմնազրկուիլ՝ ոգեկան վարդապետութեանց հետ շատ հաշտ չէ. յանուն անոնց՝ հաւանութիւն պիտի գտնէր ինձմէ՝ եթէ ըլլար մարմնազերծիլ: Պիտի կրնայինք այսպէս՝ ըսել զոր օրինակ. Մարմնազերծեալք (les désincarnés) այսինքն մեռեալք. Մարմնացեալք (les incarnés), այսինքն անոնք որ եկած են մարմին առնելով ապրելու, որ կ’ապրին: Սակայն Գազանճեան ունի Ներմարմնացում բառն իբրեւ Incorporation, այսինքն ոգիի մը ժամանակաւոր մուտքն ու գործունէութիւնը մետիոմի մը մէջ՝ իբրեւ նոր անձնաւորութիւն մը: Այդ բառն անշուշտ ճիշդ է. բայց ֆրանսերէնին իմաստը լաւ եւս պիտի ցայտէր Ներանձնացում բառէն, որ հին է եւ ինքնամփոփում իմաստով գործածուած, բայց ըստ այդմ գործածելի չէ այլ եւս, քանի որ իր նշանակութեան երկու երանգները կ’արտայայտուին այսօր ներհայեցութիւն եւ ինքնամփոփում բառերով: Ներանձնացումն ուրեմն իր լաւագոյն կիրարկումն ունեցած պիտի ըլլար իբրեւ համապատասխան՝ Incorporationին՝ յորում մետիոմին մէջ անձնաւորութեան մը կազմուելուն գաղափարը կայ: Այս կերպով պիտի ունենայինք ներանձնիլ, ներանձնանալ (s’incorporer): Կը մնայ պարոգի (périsprit) բառը որ կը նշանակէ հոգին պատող ծորանական նիւթը: Ըստ երեւոյթին ճիշդ այս թարգմանութիւնը, զոր կարծեմ ես ալ գործածած եմ անգամ մը, պէտք էր որ ըլլար պարհոգի, քանի որ ոգին չէ զոր կը պարուրէ այլ հոգին: Այս վերջին ձեւէն լաւագոյն ու ճշդագոյն բառ մը երեւակայել դժուար է արդարեւ, բայց աւելի գոհ պիտի ըլլայի եթէ սա պարին կայթողութիւնը չըլլար, թէեւ բուն պարին հետ բնաւ առընչութիւն չունենայ: Կարելի չէ՞ արդեօք այդ թեթեւ, այերային նիւթը որ հոգին կը պարուրէ, որ փարած է ? անոր՝ կոչել փարհոգի՜. կամ, եթէ կ’ուզէք որ բառը նուազ ապօրէն կազմ ունենայ՝ առհոգի՞. եւ կամ վերջապէս, իբրեւ լեզուի թէ իմաստի (եթէ ոչ թարգմանութեան) տեսակէտով գոհացուցիչ, կարելի չէ՞ գործածել ոգենիւթ:

(*) Երոնիմոս, 1415ին Քոնսդանցայի Ժողովին կողմէ դատապարտուեցաւ՝ Ուիքլէֆի գործոց եւ Յովհ. Հուսի գաղափարակից ու հետեւորդ՝ եւ Հռովմի ու Կաթոլիկներուն դէմ բուռն սպառնալիքներ ըրած ըլլալուն համար: Յետ առաջին հարցաքննութեան մը, յորում քաջաբար պաշտպաներ էր իր վարդապետութեան անարատութիւնը, բանտարկուեցաւ ու խոշտանգուեցաւ: Հուսի՝ Լութերի այս յառաջընթացին չարչարանքն ու մահը զինքը պահ մը վհատեցուցին, եւ երկրորդ հարցաքննութեան ատեն իր գաղափարներն յետս կոչեց: Բայց ի վերջոյ, խորհրդաւոր կերպով մը զօրացած՝ ուժգնապէս պնդեց իր առաջին յայտարարութեանց վրայ, Կալիլէոսէն աւելի կորովի եւ իրական կերպով մը, եւ Ժողովը դատապարտեց զայն մահուան: Այրուեցաւ այն հրապարակին վրայ ուր իր վարդապետն եւ ընկերը Հուս նոյն մահուամբ պատժուեր էր նախորդ տարին: Հա՞րկ է ըսել թէ այս մարդոց գաղափարք յաղթանակեցին սակայն ընդհուպ, նոյն իսկ երբոր Լութեր ալ ծնած չէր տակաւին: Տ. ՉՐ.