Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Մարտեան քաղաքական փոթորիկները հազիւ թէ հանդարտած էին Սթամպոլի մէջ, ու մենք Հայերս, որ ամենէն աւելի պատճառներ ունենալու էին հրճուելու եւ ցնծագին ուրախութեամբ ողջունելու ազատական բանակին յաղթանակը, մենք Հայերս, խորապէս ցաւած էինք Կիլիկեան կոտորածով։ Անգամ մըն ալ ցեղին երակը բացուած էր, եւ անգամ մըն ալ մեր արիւնը՝ դեռ բաբախուն նորածագ Ազատութեան ուրախութիւնովը՝ թափուած էր մեր քրտինքով բեղմնաւորուած հողին վրայ։ Նոյնիսկ Եըլտըզի անկման օրը, նոյնիսկ տարիներէ ի վեր բաղձացուած 101 թնդանօթներու օրը՝ մեր ամենէն դժբախտ օրը եղաւ։ Այլ սակայն մեր արցունքոտ աչքերը գիտցան դարձեալ ժպտիլ ու երբ գերազանց երջանկութիւնը կը ծածանէր Օսմանեան աշխարհին վրայ, մեր սիրտերը ամենէն ուժով բաբախողները եղան, եւ, մեր կրակի պէս այրող վիշտը մարելու համար, կառչեցանք սա գաղափարին. «Մենք ալ մեր զոհերը տուինք, մեր արիւնը այս անգամ թափեցաւ մեր թուրք հայրենակիցներու հետ. ասիկա վերջինը պիտի ըլլայ»։

 

Բռնապետութեան գլուխը ջախջախուած էր՝ ու ազատական րէժիմը տէրն էր կացութեան։ Ո՛չ մէկ վարանում, ո՛չ մէկ կասկած մեր կողմէն, ու հասան մեզի կոտորածի աշխարհէն անհաւատալի լուրերը, սահմռկեցուցիչ յայտնութիւնները։ Կը բանտարկէին, կը հալածէին. անոնք որ չէին կոտորուած՝ յանցաւոր կը նկատուէին ապրելնուն համար. անոնք որ զէնք էին առած՝ իրենց տունը եւ իրենց յարձակումի ենթարկուած գիւղը պաշտպանելու, մահուան կամ երկարատեւ բերդարգելութիւններու կը դատապարտուէին։ Առաջին կախաղանները կը ցցուին ու հրէշային ոճրագործներու քով զոհերն ալ կը բարձրանան անարգութեան սիւնը։

 

Այդ միջոցներուն էր որ ինծի հարկ եղաւ մեկնիլ դէպի Ատանա՝ որբերու խնամարկութեան գործին օգնելու համար։ Այս այն միջոցին էր որ մեր հաւատքը խախտած, մեր սիրտը բեկուած, մեր յոյսերը լղրճուած, դիմացնիս ունէինք արիւնոտած ու հրդեհուած գաւառ մը, ու այրիներու եւ որբերու բանակ մըծանրացած մեր արդէն վատուժ բազուկներուն վրայ։ Դժբախտութիւնը անսահման էր, հետեւանքները անհաշուելի, եւ ո՛չ մէկ բարոյական ակնկալութիւն…

 

Բայց մեր բնազդին խորերէն, մեր ցեղին յաճախակի վիրաւորուած ժառանգականութեան խորերէն վերածնունդի անշէջ ու անբռնաբարելի բոցը կը ճաճանչէր անաղարտ պայծառութեամբ։ Եթէ սեւ ամպեր զայն աննշմարելի կը դարձնէին մեզի՝ անոր մշտավառ հրայրքը չէր պղտորուած, չէր նսեմացած ինքնին… ու ամէնքս ալ ներքնապէս, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, այդ բնազդով զօրացած էինք…։

 

Առաջին հայ պատուիրակութիւնները մեկնած էին։ Կարմիր Խաչի բժիշկները ու հիւանդապահուհիները, առաջին ժամերուն իսկ, հասած էին աղէտին վայրը, եւ գործակցութեամբ Պատրիարքական առաջին պատուիրակութեան՝ նիւթական եւ մանաւանդ բարոյական անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած։

 

Ուրիշ առիթի թողլով հայ մարմիններու բարոյական բարձր դերն հայ աղէտեալներու մէջ, կ՚ուզեմ հոս բացատրել այն հոգեկան դրութիւնը՝ որուն մէջ այս գիրքը գրուած է։ Կ՚ուզէմ որ ընթերցողը գիտնայ թէ, իմ կրած տպաւորութիւններս ո՛չ ամոքուած են որոշ քաղաքական ուղղութեամբ եւ ոչ ալ դառնացած են ազգայնական նախապաշարումներով, վրէժխնդրութեան աւանդական զգացումներով կամ ո՛եւէ ցեղային ատելութեան վերադարձով։

 

Երբ իմ մարդկային սիրտս ուժգնօրէն բաբախած է թշնամանքով, երբ ոճրագործներու տեսքը  ամօթ ու վհատութիւն ու զզուանք ներշնչած է ինծի, երբ հողի հաւասար եղած հայկական գիւղերու քով զգացած եմ անեղծ մնացած թուրք թաղերու ամբարտաւանութիւնը, երբ նշմարած եմ չպատժուած ոճրագործներու նայուածքին լրբութիւնը, հաւատարմօրէն արձանագրած եմ զանոնք առանց հոգ ունենալու այն պայմանադրական բանաձեւերու՝ որոնց ներքեւ եթէ աւելի երկար ատեն շարունակենք քօղարկել մեր ճշմարիտ զգացումները այլազգի հայրենակիցներու աչքին՝ վստահ եմ որ փոխադարձ անվստահութիւնը մշտնջենաւորած կ՚ըլլանք։

 

Որպէսզի ընթերցողը նոյնպէս չտարուէր նախապաշարումներէ եւ կանխակալ զգացումներէ, պիտի ուզէի նոյնիսկ որ հեղինակին ազգութիւնը մոռցուէր յիշելու համար որ, միմիայն մարդկային զգացումներէ դրդուած երբեմն ցաւը, երբեմն վրդովմունքը, երբեմն կսկիծը, երբեմն յուսահատութիւնը խօսած են այս էջերուն մէջ։

 

Ուրեմն իմ ջանքս պիտի ըլլայ բոլոր մեր ազգակիցները, ինչպէս նաեւ մեր բնազդներուն եւ մեր ցաւերուն օտար մնացած հայրենակիցները հաղորդակից ընել այն անսահման թշուառութեան որուն սեւ կեանքը ապրեցայ երեք ամիսներ։ Եթէ կրցայ պատկերացնել թէ ի՞նչ է արիւնի եւ հրդեհի արհաւիրքներէն խենթացած ժողովուրդ մը, որ յիմարական որոշումներու մատնուած, կը խուսափի հայրենի հողէն, եթէ կրցայ արտայայտել այն մղձաւանջները՝ որոնք նոյնիսկ հայրենի երկինքը մութ ու սգաւոր կը դարձնեն արցունքէ կուրացած աչքերուն, կլիման անագորոյն՝ իրենց անպատսպար ու վտիտ մարմիններուն ու իրենց հողը ցամքած եւ ամուլ՝ զրկուած մօր մը ստինքին պէս… եթէ նաեւ կրցայ անկեղծօրէն ըսել թէ այդ հալածանքի մտրակներուն տակ կորացած քամակները կամք ու զգացում ունին, եւ անոնց հոգիները լեցուն  են սրբազան հրայրքով, կը հաւատամ թէ ծառայութիւն կրցած եմ ընել ընդհանուր Հայրենիքին։ Որովհետեւ ոչ ոք այլեւս պիտի համարձակէր արհամարհանքով եւ ատելութեամբ մերձենալու այդ խոնարհներուն, որոնք անդրդուելի հաւատքով մը զինուած, հակառակ ընդվզեցուցիչ անիրաւութիւններուն, հակառակ դեռ մխացող աւերակներուն վրայ բարձրացող կախաղաններուն, կուրօրէն, բնազդօրէն իրենց արիւնոտած պատառատուն գոյութիւնը պիտի տրամադրէին բոլոր յառաջընթաց հոսանքներու՝ ծառանալու համար հայրենիքին սպառնացող ամենամեծ վտանգին, բռնապետութեան վերադարձին դէմ, ի՜նչ նոր ձեւով եւ ի՜նչ դիմակով որ ան ներկայանար։

 

Աս չէ՞ր արդէն մեզի վերագրուած գլխաւոր ոճիրը եւ  աս չէ՞ր որ կոչուած էր մեր ցեղային փառասիրութիւնը դառնալու։

 

Անհրաժեշտ է, կը կրկնեմ, որ ամէնքս ալ գիտնանք ճշմարիտ պատկերը մեր արիւնոտած երկրին, քաջութեամբ եւ շեշտակի կարենանք նայիլ անոր։ Ի՛նչ որ տեսայ եւ ի՛նչ որ լսեցի հանգամանքը ունէին ամբողջ պետութեան հիմունքը խախտելու։ Տեսականօրէն ո՛չ մէկը ասոր հակառակը կ՚ըսէ։ Այս զգացումը մեծապէս դրդեց զիս որ, իբր ազատ քաղաքացի, իբր երկրին մէկ հարազատ զաւակը, հաւասար իրաւունքներով օժտուած եւ հաւասար պարտաւորութիւններով բեռնաւորուած, առանց վերապահութեան գրեմ այս էջերը, որոնք հայ կնոջ մը դիւրազգածութեան արդիւնքը համարելէ աւելի, պէտք է նկատել ո՛եւէ մարդկային արարածի մը ինքնաբուխ եւ անկեղծ տպաւորութիւնները։

Զապէլ Եսայեան