Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

1915թ. մարտի 15-ին, ժամը երեկոյեան 7-ին . թ. ) երեք ձիաւոր ոստիկաններ եկան զարկին մեր դուռը [i]. ես տանը չէի եւ լուր ստացայ. եկայ եւ հրաւիրեցի զիրենք, որ տուն մտնան։ Անմիջապէս որ տեղաւորուեցան, ինծի ներկայացուցին թուղթ մը, որ ստորագրուած էր թէ վալիին եւ թէ Ալայ պէյին կողմէն եւ հետեւեալ բովանդակութիւնը ունէր. «Նամակնիս ստանալնուդ պէս եկէք, քանի մը կարեւոր գործերու մասին խորհրդակցելու համար»։ Անմիջապէս զգացի դաւադրութիւնը, բայց հանդարտ երեւոյթս պահելով, սկսայ զբաղեցնել ոստիկանները։ Հրամայեցի, որ ճաշի պատրաստութիւն տեսնեն, բայց ոստիկանները կը շտապէին. իմ դիտաւորութիւնս էր մինչեւ ուշ գիշեր յետաձգել եւ կը ջանայի զիրենք զբաղեցնել՝ հետերնին խօսելով եւ միեւնոյն ատեն սպասցնելով ճաշի։ Ոստիկաններէն մէկը, որ Ալայ պէյին եավէրն (թիկնապահ) էր, հսկայ հասակով, մեծ պեխերով եւ խիստ դէմքով մարդ մըն էր. երկրորդը՝ ոճրագործի դէմքով, բարձրահասակ, չոր, թուխ. իսկ երրորդը՝ խորհրդաւոր եւ մռայլ դէմքով մարդ մըն էր, մազերը կիսով ճերմկած եւ որ ոչ մէկ կերպով չէր կարելի զբաղեցնել։

Այդ միջոցին տնեցիք տունը կը դատարկէին. բոլորը սուգի մէջ էին եւ կը զգային, թէ ծանր դէպքերու սկզբնաւորութիւնն էր ասիկա։ Այդ պահուն հասաւ նաեւ 16 տարեկան հայ տղայ մը, որ վազնի-վազ կու գար քաղաքէն (Սեբաստիա) եւ բովանդակութիւնը կը բերէր այն նամակին, որ հասած էր Կեդրոնէն։ Հրահանգը հետեւեալն էր. «Դրութիւնը սոսկալի է, զգաստ եւ զգոյշ եղէք... »։

Առանց մեր տանը եղող ոստիկաններուն կասկածը հրաւիրելու, յաջողեցայ երկու ձիաւոր տղաք ճամբայ հանել դէպի Սեբաստիա՝ իմ դրութիւնը իմացնելու, որոնց յանձնեցի նաեւ կուսակալին նամակը։ Բայց անոնք հազիւ թէ հասեր էին գիւղին սահմանը, ձերբակալուեր էին, որովհետեւ գիւղը շրջապատուած էր արդէն։ Երբ այս լուրը լսեցի, հասկցայ, որ այլեւս անկարելի էր այդ երեք ոստիկանները պահել. մօտերնին եկայ ու ըսի։

Դուք այլեւս կրնաք երթալ, ես կէս ժամ ետքը կու գամ. չեմ ուզեր գիւղէն ոստիկաններով մեկնիլ։

Մեզի համար պատիւ է ձեզի հետ քաղաք մտնիլը, պատասխանեցին։

Կեցայ իրենց դէմ ու վճռական կերպով ըսի.

Գացէ՛ք, ես ձեզ հետ չի պիտի գամ։

Ոստիկանները յուսահատած տեղի տուին եւ ձիերը նստեցան։ Ես իմ ձիս եւ հրացանս պատրաստ ունէի արդէն, կը շտապէի մեկնելու, երբ անոնք, որ պահուըտած էին եւ իմ շարժումներս կը դիտէին, յանկարծ իմ դէմս եկան։

Ես ձեզի հետ գալու միտք չունիմ, ըսի, ուր որ կ՚ուզէք գացէք։

Լռեցին ու հեռացան։

Ես խումբ մը ընկերներով հեռացայ Կովտունէն։ Այդ միջոցին իմ ընկերներս էին՝ եղբայրս, եղբօրս որդին, քաջ որսորդ, եւ անոնցմէ զատ Եղօն ու Նշանը։

Հասանք Խորսանա գիւղը, որ կը գտնուի Կովտունի հարաւային կողմը, գետին միւս կողմը, մէկ ժամ հեռաւորութեամբ։ Հոն գտանք շատ լաւ ընդունելութիւն. մեզի համար նախապէս պատրաստած էին զէնք, ձի, թամբ, հեռադիտակ, թիւրք ոստիկան զինուորներու հագուստներ եւ ամէն անհրաժեշտ բաները. մեծ յարգանքով կը վերաբերուէին եւ գիտնալով, թէ թշնամիին ձեռքէն կը փախչէինք, կ՚աջակցէին մեծ ուրախութեամբ։ Ամբողջ գիւղը ոտքի ելաւ եւ գլխաւորապէս մեզ շրջապատեցին Ն. Դանիէլեան 37 տարեկան անձ մը, որուն անցեալը շատ մաքուր չէր, բայց անկեղծ զղջումի եկած էր եւ ամէն ինչ կ՚ընէր մոռցնել տալու համար իր գործած սխալները, Յարութիւնն՝ 42 տարեկան անձ մը, որ իր գործերը երեսի վրայ թողած, հանրութեանը գործերովը կը զբաղէր Նշան Ճանիկեան, 44 տարեկան, Հնչակեան, որ խանդավառ անձնուրացութիւն ցոյց կու տար եւ Արտաշէս անունով երիտասարդ մը, զուարթ դէմքով եւ ուրախ տրամադրութիւններով, որ իր Ամերիկայի մէջ դժուարաւ շահած բոլոր դրամը կը տրամադրեր հասարակաց գործին անվերապահօրէն։ Խորհրդակցեցանք, կարգադրութիւններ ըրինք եւ գլխաւորապէս որոշեցինք զգոյշ մնալ, բայց զէնք չի յանձնել։

Երեք-չորս ժամ Խորսանա մնալէն ետքը մեկնեցանք Սենեքերիմ թագաւորին շինած Հրեշտակապետ վանքը, որ նոյնանուն լեռան վրայ շինուած էր։ Բարձրադիր գեղեցիկ տեսարանը մեզ յուզեց. մտածեցինք, որ թերեւս վերջին անգամը կը տեսնէինք այդ վայրերը։ Ալիսը կ՚երկարէր մեր ստորոտը, եւ մինչեւ հեռուները կը տարածուէին դաշտերը ու գիւղերը, որոնք կարծես տխրած էին սոսկալի սպառնալիքներու ներքեւ։

Ծերունի վանահայրը մեզ ընդունեց ուրախութեամբ։ Ազգասէր ու բարի մարդ էր։ Իր 19-20 տարեկան եղած ժամանակը չարչարած էին զինքը. կախած էին գլխիվայր խոստովանութիւններ ընել տալու համար, բայց անիկա ամէն տեսակ չարչարանքներու տոկալով, գաղտնապահ մնացած էր. անցեալին մէջ կառավարութեան պաշտօնեայ եղած ըլլալով, ծանօթ էր թիւրքերուն հոգեբանութեան։ Մեզ առաջնորդեց իր համեստ սենեակը, որ կը գտնուէր երկրորդ յարկին վրայ եւ որուն միակ զարդերն էին աղօթագիրքերը եւ պատմութեան գիրքերը։

Անմիջապէս մարդ ղրկեցին Տուզասար եւ կանչեցին Գալուստ աղան եւ Աբգար Մհեանը, երկու քէհեաները։ Անոնք հասան երկու ժամէն եւ սկսանք խորհրդակցիլ մեր բռնելիք դիրքի մասին։ Որոշեցինք, նկատի ունենալով մեր աշխարհագրական դիրքը, մեր ուժերը, ձմեռը, չի մեծցնել խումբը, ցրուել տղաքը մօտակայ գիւղերը եւ լուռ ու մունջ մնալ։

Աչքի կ՚իյնար Գալուստ աղան, որ նախկին յեղափոխական մըն էր եւ մեծ եռանդով յոյս կը ներշնչէր մեզի։

Ամէն ինչ նախատեսուած է, կ՚ըսէր, պէտք չէ յուսահատիլ. բոլորդ կը մնաք մեր գիւղը. ձեզի համար ամէն ինչ պատրաստ է. ե՛ս պատասխան կու տամ կառավարութեան, եթէ բան մը հարցնեն. մինչեւ որ ես չի մեռնիմ, ձեզի համար մահ չի կայ։

Խորասանի մէջ նոր ընկերներ միացան մեզի եւ մեր խումբը եղաւ ընդամէնը 10 հոգի։

Մեզ տարին Տուզասար. գիւղը ձորի մը մէջ է եւ կռուի համար շատ յարմար, որովհետեւ հիւսիսէն եւ հարաւէն միայն ճանապարհ ունի։ Ժողովուրդը տգէտ է, բայց ուսումնասէր եւ ազգասէր։ Նոր կառուցեր էին դպրոցը 800 ոսկիով եւ երկու ջաղացք յատկացուցեր էին դպրոցին ի նպաստ։ 1895-ի կոտորածին գիւղը ունեցած էր 400 սպանուած եւ 200 վիրաւոր. այնպէս որ հազիւ թէ քանի մը տարիքաւոր մարդիկ կային այդ սերունդէն. ես այդ գիւղը կը կոչէի «Մարտիրոս» գիւղ։ Նոր սերունդը քաջ էր, լաւ զինուած եւ հաստատակամ։ Ամէն օր մեզ համար մէկ երկու ոչխար կը մորթէին եւ կը մերժէին ոեւէ փոխարինութիւն։

Այս ունեցածնիս ալ մեզի չի պիտի մնայ, կերածնիդ ալ հէլալ է, խմածնիդ ալ, կ՚ըսէին։

Ինչքան ալ որ յարգանքով եւ սիրով կը վարուէին մեզ հետ, մենք մտածեցինք, թէ վտանգաւոր է մէկ գիւղի մէջ մնալ, որովհետեւ դիմադրութեան պարագային վտանգ կրնար գալ գիւղին գլխուն եւ բարձրացանք Տուզասարի արեւելեան կողմի լեռը։

Հոն գտանք զինուորական փախստականներ, որոնք հողի ներքեւ խրճիթներ շինած էին։ Մեզի յատկացուցին բնակութեան տեղեր եւ երեք-չորս օր մնացինք հոն. անձրեւ կը տեղար եւ ցուրտ էր ու տեղերնիս խոնաւ։ Խումբը բաժնուած էր երկու խրճիթի մէջ, որպէսզի վտանգի պարագային ամբողջ խումբը չվնասուի. դիրքերնիս լաւ էր եւ տղաքը պահապանութիւն կ՚ընէին. դրան բացուածքներէն կը դիտէին շուրջ բոլորը բացի թիկունքէն։

Զատիկը անցուցինք այդտեղ։ Մեր ամենուս տրամադրութիւնը շատ լաւ էր։

Հայ գիւղացիները իբր խաշնարած կու գային մեզ մօտ եւ հաց կը բերէին. բերին մատաղ եւ նշխարներ։ Զատիկի ընթրիքը սարքեցինք գետինը, շուրջ բոլորը նստեցանք եւ ես հաղորդեցի նշխարներով բոլոր ընկերները։ Ուրախ էին, որ ես թիւրքերուն ճանկը չինկայ, բայց ես գիտէի, որ ատիկա թեթեւ չպիտի ըլլայ ժողովուրդին համար։

Լսեր էինք, որ կառավարութիւնը խիստ հրամաններ եւ ոստիկաններ արձակած էր ամէն կողմ. գիւղերը պաշարուած էին եւ լեռան ճամբաները բռնուած։ Կառավարութիւնը յայտարարած էր, որտեղ որ զիս եւ իմ խումբս գտնային, գիւղը ոչնչացնելէ ետքը, խոտերը անգամ պիտի հրդեհէին։

Զատիկի երրորդ օրը տեսանք, որ քանի մը ոստիկաններ եկան Տուզասար։ Այդ տեսնելով, նոյն գիւղի դաշտին մէջ աննշան տեղ մը փոս մը իջանք։

Հոն երդում ըրինք եւ ուխտեցինք ոեւէ պարագայի անձնատուր չլլալ եւ որոշեցինք, որ մինչեւ մեր խումբին վերջին անդամը կռուելով մեռնինք եւ ոեւէ պարագայի եւ ոեւէ պատճառով ողջ չանցնինք թշնամիին ձեռքը։

Կէս օրին ժամանակները հեռադիտակով տեսանք, որ կին մը կու գայ. բարձրահասակ էր, նիհար եւ նման էր քրդուհիի. լրտես կարծեցինք: Մեզ հաց բերող տուզասարցիները, բահերնին ուսերնուն վրայ, բանուորի ձեւով մօտեցան անոր եւ հարցուփորձեցին եւ մեզի լուր բերին, թէ կասկածելի է։ Ընկերները ըսին. «Պէտք է սպանել»։ Ես թոյլ չի տուի. «Գուցէ մէզի պէս ցաւոտ մէկն է», ըսի։ Կինը գնաց դէպի հիւսիս Ալիս գետին ափն ի վեր։

Իրիկունը կնոջ անցած ճամբով գացինք Ուշգնամ (ուխտատեղի), ուր հնութիւններ կան եւ հարիւրաւոր քարայրներ։ Ցուրտը անտանելի էր, մանաւանդ երբ անշարժ նստած էինք։ Միայն Եղօն չէր մսեր. իր հետ ունէր 12 օխանոց թիթեղէ ամանով օղի. անդադար կը խմէր ու կը խօսէր. կ՚ըսէր առակներ, կատակներ կ՚ընէր եւ իր ուրախութիւնով կը վարակէր մեզ։

Գիշերուան ժամը 2-ին գետին միւս կողմէն տեսանք որոշուած նշանը. կրակ վառելով մեզ պիտի իմացնէին, թէ երբ կրնանք գիւղ երթալ։ Տուզասարցիք, որ Հնչակեան էին, լուր տուած էին Կառվայ գիւղի ամբողջ Հնչակեաններուն եւ խմբերով եկած էին մեզ դիմաւորելու։ Մենք մեր կարգին տրուած նշանին վրայ մօտեցանք գետափին. բայց գետը այնքան կատղած ու փրփրած էր, որ անկարելի էր անցնիլ։ Մէկ ափունքէն միւսը հազիւ իրարու ձայն կը լսէինք։ Հասկցանք, որ իրենց հետ էին տէրտէրը, որ իմ հին ուսուցիչս էր, Տէր Ուսրոս քահանան, հին յեղափոխական եւ սքանչելի մարդ մը, հաճի Սարգիսը, հարուստ եւ համեստ անձ մը, Նազարը եւ մեր գիւղացի ուստա Գալուստը։

Իրենց վերջին խօսքը այն եղաւ, որ այլեւս այսօր ժամանակը անցած է, թէ հետեւեալ օրը գոմէշի սայլերը կը բերեն եւ մեզի կ՚անցունեն։

Իմացեր էինք, որ գիւղը թշուառ վիճակի մէջ է, շատերը տիֆէ վարակուած են եւ ամէն տուն հիւանդ կայ ու ամէնքը սնանկացած են, բայց իրենց ցաւին ու հոգին մէջ մեծ եռանդով օգնութեան կու գային մեզի եւ իրենց աջակցութիւնը չէր կարելի մերժել։

Գիւղացին սովորութիւն ունի իր ջուրը գետէն կրելու, այնպէս որ, թէեւ գիւղը լիքն էր ոստիկաններով, անոնք առանց կասկած ներշնչելու երկրորդ օրը բերին սայլերը եւ անցան մեր ափունքը. գետը վարարած էր եւ գոմէշներուն հազիւ գլուխները կ՚երեւային. այս պայմաններուն մէջ մեզ անցուցին եւ գացինք գիւղը։ Մեզ այնպիսի ընդունելութիւն ըրին, որպիսին չէինք կարող նոյնիսկ երեւակայել. յուզմունքէ եւ ուրախութենէ կ՚արտասուէին եւ եղբայրական զգացումը այնքան մեզ սերտօրէն կը կապէր, որ վտանգ ու մահը թեթեւ կը զգայինք։

Մեզ համար մեծ երջանկութիւն է ձեզ հիւրընկալել, ձեզ կը պահպանենք ամէն գնով, կ՚ըսէին:

Նստեցանք ու խօսեցանք եւ իմացանք նոր եւ տխուր լուրեր։

Նոյն օրը կուսակալը յայտներ էր Հաֆըքի հազարապետ Րիզա պէյին, թէ ինծի ոեւէ բան չի սպառնար, եթէ երթամ յանձնուիմ. հազարապետը իմ բարեկամս էր, այդ պատճառով կուսակալը յանձնարարեր էր իրեն, որ զիս վստահեցնէ եւ համոզէ։ Միւս կողմանէ կառաւարութիւնը ղրկած էր Գրիգոր Տէրտէրեանը, որ իմ սանահայրս է, մօրս քով, որպէսզի զայն համոզէ եւ դրդէ, որ մայրս զիս գտնելով ղրկէ կառավարութեան։ Մայրս փորձուած եւ քաջ կին էր. մեր փոքր հասակէն իր զգուշաւորութեամբ եւ անվախութեամբ քանի՜ անգամներ մեզ ազատեր էր վտանգէ։

Մայրս կը պատասխանէ.

Ես ոեւէ տեղեկութիւն չունիմ. կառավարութեան թեւը երկար է, կրնայ տղաս ձերբակալել, երբ որ ուզէ։

Գրիգորը վերադարձին հանդիպեցաւ Կառվայ գիւղը եւ մեր գիւղէն տեղեկութիւններ բերաւ։

Այն իրիկունը, որ ես Կովտունէն փախայ, զիս ձերբակալելու եկող ոստիկանները կը հեռագրեն. «Մենք բռնեցինք Մուրատը, բայց Կովտունի գիւղացիք հարիւրաւոր հոգիներով յարձակուեցան մեր վրայ եւ ազատեցին զինքը»։ Արդէն Կովտունի մէջ կային 40 ժանտարմաներ. ասոնց կու գայ կը միանայ Բրգնիկ գիւղի թապուրը եւ ակին գլուխէն, բարձրէն կը սկսեն հրացան արձակել, վախնալով, որ գիւղը պիտի դիմադրէ իրենց։ Յետոյ մեծ բազմութեամբ կու գան կը մտնեն մեր տունը, մայրս կը չարչարեն. եղբայրներուս կիները կը փախին, բայց մեծ եղբօրս կինը կը ձերբակալեն ու կը տանին. տունը կը խուզարկեն, կը գոցեն դռները, կը կնքեն ու կը հեռանան։ Մեր տնեցիները իրենց երեխաներով կը մնան թափառական. ամէն անգամ որ տուն մը իր դուռները կը բանայ հիւրընկալելու համար զանոնք, ոստիկանները կը յարձակին, մարդիկը կը ծեծեն եւ ոչ ոքի թոյլ կուտան որ ոեւէ ծառայութիւն ընէ իմ ընտանիքիս անդամներուն։

Այս բաները լսելով, ծանր տխրութեան տակ ճնշուած մէկ կողմ նստած կը խորհէի եւ չէի կարող խօսիլ. ամէնքն ալ լուռ էին եւ երբեմն կը հառաչէին օ՜ֆ, օ՜ֆ... ։ Ուշ ատեն լուր բերին, թէ Բրգնիկի հայ կաթոլիկ Մկրտիչ Ղարիպեանը, որ մասնակցած էր սուլթանին դէմ սարքուած մահափորձին, եկած է եւ կ՚ուզէ մեզ Տուզասար տանիլ։

Ուղղուեցանք գետին ափը. սայլը լծեցին. ցուրտը սոսկալի էր եւ գետը կատաղած. անցանք գետէն մինչեւ կուրծքերնիս սառած ջուրերու մէջ. միւս ափունքը հասնելէ ետքը ցեխերու մէջ թաթխուելով հասանք Տուզասար գիշերուան ժամը 8-ին եւ իջանք Ղազար աղայի տունը։ Մկրտիչ իրեն հետ բերած էր հինգ ռումբ, քսան ձեռք զգեստ, ուտելիքներ եւ այլն։ Պատմեց հետեւեալը.

Իմ փախած օրիս երկրորդ օրը ձերբակալուած  են 12 հոգիներ, որոնց իւրաքանչիւրին օրական 120 գաւազանի հարուածներ կու տային։ Այդ սոսկալի դրութենէն գրգռուած տոքթէոռ Հայրանեան կը դիմէ կուսակալին եւ կ՚ըսէ.

Եթէ Մուրատին եւ այդ ձերբակալուածներուն յանցանքը Դաշնակցական ըլլալն է միայն, ես ինքս ալ Դաշնակցական եմ։

Կուսակալը կը պատասխանէ.

Հապա ինչպէս, Մուրատը լեռ կը հանէք իր եղբայրներուն հետ. բայց իր կինը ո՞ւր պիտի ազատի իմ ձեռքէս։ Ձեզի հետ քաղցր քաղցր կը խօսէինք եւ դուք ալ ինքզինքնիդ բան մը կարծեցի՞ք. դուք հիմա կը տեսնէք։

Ի հարկէ կարող էք շատ բան ընել, բայց մարդկային զգացումները... կ՚ըսէ տոքթէոռը եւ կը հեռանայ։

Մկրտիչ կնոջմէս [ii] նամակ մը բերած էր։ «Կ՚երեւի գիտէիր պատահելիքները, կը գրէր կինս, երբ ինծի խօսեցար տասը օր առաջ եւ պատուէրներ տուիր։ Իմ մասիս երբէք մի մտածիր, ե՛ս ինքզինքս կը սպաննեմ։ Խնդրեմ գրէ դեղագործին, որ ինծի քիչ մը թոյն տայ»։ Պատուիրեցի Մկրտիչին, որ կնոջս խնդիրքը կատարէ եւ թոյն տայ իրեն. յետոյ իմացայ, որ դեղագործները մերժեր էին։

Այս կարգադրութիւնները ընելէ ետքը բաժանուեցայ ընկերներէս եւ Նշանին հետ գացի Վարդան քէհեային, որ 55-60 տարեկան մարդ մըն էր, բայց միշտ կորովի, միշտ յանդուգն եւ ազգասէր։ 1893 թուականին թիւրքերը զինքը չարչարած էին, շատ տառապանք կրած էր, բայց երբէք չէր յուսահատած։

Լուսաբացին արթնցայ եւ զգացի, որ հիւանդ եմ. սարսուռներ անվերջ կը ցնցէին զիս, եւ գլուխս ցանրացած էր։ Տեղս անհանգիստ էի, բայց երկու օր մնացի եւ ընկերներէս խնդրեցի, որ զիս լեռը փոխադրեն. հիւանդ վիճակս զիս մտահոգ կ՚ընէր. կը վախնայի, որ անկարող կ՚ըլլամ ոտքի կանգնելու, ինքզինքս պաշտպանելու եւ անպատուաբեր կերպով մը կը մեռնիմ. բայց ընկերներս, անկարելի համարելով լեռ տանել զիս այդ վիճակին մէջ, փոխադրեցին ինձ Հայկ Պասմաճեանի տունը, ուր մաքուր եւ առանձին սենեակի մը մէջ պառկեցայ։ Անկէ ետքը ինկա՜յ ինքնակորոյս վիճակի մը մէջ. հինգերորդ օրը սթափեցայ եւ տեսայ, որ ամէնքն ալ շուրջս բոլորած կու լան։ Զիրենք մխիթարեցի։

Այս ցաւը ինծի չի մեռցներ, ըսի, միայն թէ չի պաշարուինք:

Եղբայրս զիս կը խրախուսէր։

Մի վախնար, ինչ որ ալ ըլլայ, քեզ կը փրկենք։

Այս վիճակին եւ այս հոգերուն մէջ կ՚անցնէին երկայն ու ծանր օրերը:

Ութերորդ օրը զգացի, որ աչքերս լաւ չեն տեսներ ու ականջներս լաւ չեն լսեր։ Եղբայրս մարդ ուղարկեց քաղաք բժիշկ մը հասցնելու համար։ Մարդը կէս օրէն ետքը վերադարձաւ բերելով քոնեակ եւ հականեխական դեղեր եւ նամակ մը տոքթեոռ Հայրանեանէն, որով բժշկական պատուէրներ կու տար։

Գիշերուան ժամը ութին կ՚այրուէի։ Հայկին մայրը զիս կը խնամէր գուրգուրանքով եւ սրտի դպչող ձայնով կ՚ըսէր։

Քէօռնամ, օղո՜ւլ, այդ ալ պիտի տեսնէիր։

Կը հեծեծէի ցաւէս ու ջերմէ եւ լոգանք խնդրեցի։ Պաղատեցայ Եղօին «ջո՜ւր, պաղ ջո՜ւր», բայց անիկա մերժեց. վերջապէս Նշանը տեղի տուաւ խնդիրքիս։

Հետեւեալ օրը լուր եկաւ, թէ Խորսանան պաշարուած է 250-300 հետեւակ եւ ձիաւոր զինուորներով։ Պէտք էր մեկնիլ: Ինձ համար պատգարակ պատրաստեցին. մերժեցի. ձիու վրայ դրին զիս եւ տարին լեռը. հազիւ գլուխս կրնայի բռնել եւ ամէն րոպէ կը կարծէի, որ պիտի նուաղիմ ու իյնամ։ Վտանգը, թշնամիին ձեռքը իյնալու վախը զիս կանգուն պահեցին եւ հասայ լեռը, ուր պէտք էր ապաստանէինք ստորերկրեայ ցած այրի մը մէջ։ Դագաղի նման անձուկ տեղ մըն էր եւ չէր կարելի ոտքի վրայ կենալ. սողալով երկնցայ ու պառկեցայ, մինչեւ եղբայրս քովս կըզկտած ՝ զիս կը խնամէր։ Երկու օր մնացինք հոն, երրորդ օրը իմացուցին, թէ զիս պիտի տանին Կառվայ գիւղը։ Եղօն կը հակառակէր եղբօրս եւ եղբօրորդիիս ինծի ընկերանալուն. երկար վիճեցանք, բայց իմ տկարութենէս ընկճուած տեղի տուի եւ եղբայրներս ղրկեցի Տուզասար։ Նշան Մուրատեան եւ Վարդանը զիս հեծուցին ձիուս [iii] վրայ եւ տաժանելի կերպով հասանք գետին ափը. ջուրերը բարձրացած էին եւ ջերմէ չարչարուած մարմինս կը սոսկար պաղ ջուրէն։ Բայց ինքզինքս զսպեցի։ «Պէ՜քաս, քեզ ղուրպան» գոչեցի, եւ Պէքասը թռաւ ջուրերուն վրայէն։

Եղօն մնաց Տուզասար զէնքերուն վրայ հսկելու համար. իմ երկու ընկերներս զիս այնքան լաւ կը խնամէին, որ կարծես արեգակէն եւ հովէն իսկ կ՚ուզէին զիս պաշտպանել. իրենց կեանքի գինովը կ՚ուզէին զիս փրկել։

Հասանք Կառվայ եւ իջանք տէրտէրին տունը։ Չորս հոգի տիֆով բռնուած էին եւ պառկած էին. քահանան մէկ մեր քով կը վազէր, մէկ հիւանդներուն քով։ Մինչեւ երեկոյ մնացինք հոն, բայց ես ինքս հիւանդ ըլլալով շատ կը նեղուէի միւս հիւանդներէն. երեկոյին երեքնիս երկու ձիով բարձրացանք Սախարի գիւղը. չէի կրնար կենալ ձիու վրայ եւ ամէն վայրկեան կը կարծէի, որ պիտի իյնամ. կը շտապէինք հասնելու, բայց դժբախտաբար ճամբան կորսնցուցինք եւ մոլորեցանք մացառներու մէջ։ Մութը տարածուած էր ամէն կողմ, շունչս կը բռնուէր, աչքերս արցունքէ կը կուրնային եւ այսպէս տեւեց մինչեւ լուսաբացը։ Երբ մութը փարատեցաւ, գտանք մեր ճամբան, բայց այնքան ուժասպառ էի, որ ստիպուեցայ ձիէն իջնել։ Ընկերներս գետինը հարթեցին, եաբունջին փռեցին եւ, հակառակ որ վերին աստիճանի վտանգաւոր բան էր, մացառներէ կրակ վառեցին։ Ես կը սարսռայի անդադար, տղաքը ոտքերս ծոցերնուն մէջ առած կը ջանային ի զուր զիս տաքցնել:

Վարդանը գնաց Կառվայ գիւղի գոմերը կաթ ու հաց բերելու եւ հովիւ ուղարկեց հարկ եղածը բերել տալու: Գիշերը մնացինք լեռը. ձիւն էր ամէն կողմ, ցուրտ եւ բուք։ Ձիերը անօթի էին եւ անդադար կը խրխնջային:

Յաջորդ օրը գացինք Խանձուրցոց գոմերը: Հովիւները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ. ձիերուն կեր տուին եւ մեզի՝ կաթ։ Քիչ մը կազդուրուելէ ետքը իրենցմէ մէկը գիւղ ղրկեցինք, որպէս զի մեզի ծանօթ մարդիկը գան։ Մեր տեղը ճամբու վրայ էր, թիւրքեր կրնային անցնիլ ու մեզ տեսնել. ես հիւանդ պառկած էի եւ ձայնս այնպէս մը կտրուած էր, որ, երբ ուզէի խօսիլ, վանկ մը չէր լսուեր:

Եղօն եկաւ Տուզասարէն եւ իմացուց, թէ այն գիւղը պաշարուած է. անդադար հրացանաձգութիւն կ՚ընեն գիւղին վրայ եւ Տուզասարցիները կ՚ենթարկուին սոսկալի չարչարանքներու. ով որ կարողացած է, լեռը ապաստանած է իրենց հետ:

Կէսօրն անցած մեր ղրկած հովիւներուն տուած տեղեկութեան վրայ Կառվայ գիւղէն եկան Համբարը, Զատիկը եւ տէրտիրոջ տղան: Ասոնք յայտնեցին, թե որոշած են մեզ պահել, եթէ նոյն իսկ գիւղը զոհ երթայ: Մեզի համար դժուար էր այդ պայմաններու մէջ իրենց հիւրընկալութիւնը ընդունիլ, բայց պահուելու տեղ չունէինք, հիւանդ էի եւ անկարող գրեթէ շարժուելու. ընդունեցայ իրենց առաջարկը: Ձիերը արձակեցինք եւ վերջին անգամ ըլլալով համբուրեցի Պէքասին աչքերը: Զիս շատ անգամներ թշնամիին հետապդնումէն ազատած էր, ծանր էր հրաժեշտ տալ իրեն, բայց անկարելի էր այլեւս ձիերը պահել: Համբուրուեցանք նաեւ այն ընկերներուն հետ, որոնք գոհ չէին փախստականի կեանքէն եւ կ՚ուզէին գիւղերը վերադառնալ, եւ այսպիսով բաժնուեցանք իրարմէ:

Երեկոյին էշ մը բերին եւ վրան նստեցուցին զիս. երկու քովերէս կը քալէին Հայկը եւ Բալուկը, որ 18 եւ 17 տարեկան պատանիներ էին. կէս ժամուայ ճամբան գնացինք հինգ ժամէն եւ հասանք Չաթալ Ուլախի քարայրը: Ներս մտան նայեցան, որ թաց է. ցրթենիներ վառեցին, որ չորնայ եւ ամէն ինչ պատրաստելէ ետքը զիս մտցուցին քարայրը եւ պառկեցուցին. ինչ որ ունէին, ծածկեցին վրաս, կրակ վառեցին, եւ հանգստացանք. պահակ կեցած էր հիւսիսային կողմը քարին վրայ: Դժուար էր քարայրը մտնել ելնելը. եթէ սայթաքէին, կրնային թաւալ գլոր իյնալ եւ կոտրտուիլ:

Երկրորդ օրը եկան Մկրտիչը եւ եղբայրս. քաղաքէն բերեր էին իրենց հետ սննդարար ուտելիքներ, դեղեր եւ դրամ: Մկրտիչին ըսածներուն նայելով՝ կառավարութիւնը համոզում գոյացուցեր էր, որ մենք մեկնած ենք Սվազի վիլայէթէն եւ հետապնդումը դադրած էր:

Այս լուրը մեզ բաւական հանգստացուց, սակայն Եղօն կրկին վէճի բռնուեցաւ ինծի հետ եւ պնդեց, որ եղբայրս հեռացնեմ ինծմէ: Երկպառակութիւն յառաջ չի բերելու համար՝ եղբայրս եւ եղբօրս տղան ինքնաբերաբար Մկրտիչին հետ մեկնեցան եւ գացին Կառվայ: Գիւղը ոստիկաններով պաշարուած էր. եղբայրս եւ եղբօրորդիս կը փախին կ՚երթան Կովտունի մօտերը: Անօթութիւնը զիրենք կը ստիպէ դուրս ելնել իրենց թագստոցէն. հաց ուզելու համար մարդ կը ղրկեն գիւղ, կը մատնուին եւ կը ձերբակալուին:

Հետեւեալ օրը տեսանք, որ Մազանցի գըզըլպաշ մը եկաւ մեր քարայրին մուտքին առաջ եւ տեսաւ մեզ. Զատիկը աւազակ ձեւանալով գնաց դիմաւորեց եւ պատուիրեց, որ ոչինչ ըսէ: Գըզըլպաշը խոստացաւ նոյն իսկ հաց բերել ու մեկնեցաւ, բայց մենք՝ կասկածելով՝ երեկոյեան իսկ մեկնեցանք մեր թագստոցէն եւ գացինք Խանձարի գոմերը: Այս տեղափոխութիւնը կատարեցինք դժուարաւ, տաժանելիօրէն:

Խանձուրի գոմերուն մէջ ընթրեցինք: Ժողովուրդը սարսափի մէջ էր եւ մէկ ժամէն միւսը կը սպասէր սոսկալի դէպքերու։ Լուսաբացին որոշեցինք մեկնիլ. ձիւն ու բուքը շնչասպառ կ՚ընէին մեզ, բայց չի վտանգելու համար այդ տեղի ժողովուրդը, մեր մեկնումի որոշումը գործադրեցինք:

Մտանք անտառ ու ձորի մը մէջ իջանք. տղաքը ցախերը կտրեցին ու մեզ համար պատսպարան մը շինեցին։ Հոն եկան Կառվացի հաջի Սարգիսն իր հրացանով եւ երեք ընկերներով, որոնք հետապնդուած էին։ Բերած էին նաեւ մածուն, կաթ եւ կերակուր. անձրեւը սկսաւ տեղալ, բայց կրակ վառեցինք ու գետնին վրայ բոլորուելով ընթրեցինք. երեկոյին անոնք մեկնեցան, իսկ մենք գացինք Չորախին ձորը։

Անձրեւին յաջորդեց ձիւն եւ քանի մը ժամէն չորս մատէն աւելի ձիւնով ծածկուած էր ամէն կողմ. ստիպուած եղանք մեր դիրքերէն դուրս ելնել եւ ձորը մտնելով կրակ վառել, որպէս զի  քիչ մը տաքնանք։

Ահա յանկարծ Սեբաստիայէն մեր սուրհանդակները եկան՝ Բալուկը եւ Հայկը. բերած էին ուտելիքներ եւ տեղեկութիւններ։ Հարկ էր դարձեալ տեղափոխուիլ եւ երեկոյին գացինք մեր գոմերը, Սէօյիւտ Էօզի։

Երբ լույսը բացուեցաւ, տեսանք, որ լեռներուն գագաթները կը վխտան լրտեսներով։ Այն գըզըլպաշը մեզ մատնած էր։ Այդ քիւրդերը, որ խաղաղ ժամանակ մեզմէ աւելի ճնշուած էին թիւրքերէն, այս նեղ օրերուն դարձեալ հայերու դէմ էին եւ կրցած չարիքնին կը գործէին։ Մեր դրութիւնը շատ դժուար էր. մեր հագուստները թաց էին, կը մսէինք, բայց կրակ չի վառեցինք։ Չորս կողմերէն մարդիկ կ՚երեւային. եւ չէինք գիտեր, բարեկա՞մ էին թէ թշնամի, որովհետեւ այդ կողմերը կային փախստական հայեր եւ թիւրքեր ։

Նոյն միջոցին արեւելեան կողմէն յայտնուեցան խումբ մը թիւրքեր, որոնք վարոց, կացինի կոթ եւ այլն կը ծախէին եւ իրենց հետ կը բերէին կապկպուած մարդ մը։ Տղաքը ուզեցին յարձակիլ ու մարդը ազատել՝ առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ ազգութեան կը պատկանի. բայց եթէ դուրս գայինք, գիտէի, որ կռիւը պիտի սկսէր եւ ոչ միայն մենք, այլ նաեւ գոմերու բնակիչները պիտի վնասուէին։ Հետեւեալ օրը իմացանք, որ Խօջասարցի հայ մըն էր անիկա։

Երեկոյեան մեկնեցանք այդ տեղէն, անցանք Կառվայ գիւղի գոմերու մօտէն, մարդ ղրկեցինք, որպէս զի ուտելիք բերեն եւ ես մինակս գացի գոմերը, ժամ մը հանգչելու համար։ Կիները զիս ընդունեցին մեծ գուրգուրանքով, ոտքերս լուացին եւ թէյ պատրաստեցին։ Հազիւ թէ հանգչած էի, երբ 13 տարեկան պատանի մը ճչալով ներս մտաւ եւ սկսաւ ըսել.

Ի սէր Աստուծոյ մտիկ ըրե՛ք, գիւղը կը փչացնեն, կիները կը բռնաբարեն. հարս մը ծեծեցին, Աբիկ քէհեայի ոտքերը եւ թեւերը ջախջախած են եւ գիւղացիք կը խնդրեն, որ զէնք մը ճարէք, տաք, որպէսզի զինուորներուն յանձնեն եւ հանգստանան [iv]:

Ես այնքան յոգնած էի, որ շարժուելու ոյժ չունէի, բայց գոմերուն տէրը ըսաւ:

Երեսս չի բռներ, բերանս առաջ չերթար, բայց կը խնդրեմ, որ հոսկէ երթաք։

Ճարահատ ոտքի ելայ եւ դռնէն դուրս կ՚ելլէի, երբ Յարութիւն Մուրատճեանին հանդիպեցայ, որ հրացանը առած եւ փախած էր. անոր հետ գացինք մօտ տեղ մը եւ ապաստան խնդրեցինք, բայց գոմին տէրը աւելի աղաչեց մեզի, որ իրենց սահմաններէն դուրս ելլենք։

Այն ատեն, առանց մեր դիտաւորութիւնը յայտնելու, դուրս ելանք եւ գացինք ապաստանեցանք գոմերու վերեւ գտնուող ցախերու (տեսակ մը մացառ) անտառակը, ուր մեր ընկերները մեզի կը սպասէին արդէն. գետինը թաց էր եւ անընդհատ կ՚անձրեւէր, բայց ստիպուած մնացինք գիշերը եւ հետեւեալ ցորեկը։

Հոսկէ վերադարձանք դարձեալ Կովտունի գոմերը. ձիւնը ծածկած էր սար ու ձոր, բայց որովհետեւ անդադար կը ձիւնէր, մեր քայլերուն հետքերը կորսուեցան։ Կէս օրէ ետքը Սարը գիւղացի Համայի աղջիկը Ագգըզը (գըզըլպաշ) քանի մը ընկերուհիներով ուղղակի եկան գոմերը, իբր թէ բան մը փնտռելու համար։ Ես եաբունջիիս մէջ ծածկուեցայ եւ պառկեցայ։ Մեր տղոցմէն երկուքը դիմաւորեցին զանոնք եւ խօսքի բռնուեցան. աղջիկը գոգնոցին մէջէն քանի մը հացեր հանեց եւ տուաւ Նշան Մուրատեանին եւ միեւնոյն ատեն ըսաւ, թէ Մուրատին եւ իր ընկերներուն խօնախները [v] այրեցին։ Իր նպատակն էր ներս մտնել եւ տեսնել, բայց տղաքը մուտքը կը ծածկէին. այն ատեն արագութեամբ դարձաւ միւս կողմը եւ կողքի պատուհանէն նայեցաւ։

Երբ աղջիկները մեկնեցան, մենք որոշեցինք հեռանալ եւ երեկոյին գացինք Խանձուրի գոմերը. ամէն ինչ աւերակ դարձած էր. կարծես չար ձեռք մը ամէն ինչ սրբեր էր եւ նախկին գոմերէն հետք իսկ չէր մնացած։ Այծ մը մնացեր էր եւ մեծ պարկ մը ալիւր. այծը ծներ էր ու, ցուրտին չի դիմանալով, ձագը թողեր, ապաստաներ էր աւերակներու մէջ, անկիւն մը. ձագը մեռեր էր. կթեցինք այծը, կաթը խմեցինք եւ ալիւրեն հաց շինեցինք։

Արեգակը տակաւին չէր ծագած, երբ մեր պահակը տեսաւ հեռադիտակով, որ 13-14 տարեկան պատանի մը կու գայ մեր կողմերը։ Նախ թիւրք լրտես կարծեցինք. Զատիկը դիմաւորեց եւ իմացաւ, որ հայ է եւ Խոռոխոն գիւղացի։ Պատանին պատմեց, որ իրենց գիւղն ալ աւերեր էին եւ քանի մը մարդ սպաներ. նոյն այդ պատանին չարչարեր էին եւ ղրկեր, որ իր մեծ եղբայրը, որ փախստական էր, գտնայ. հակառակ պարագային սպառնացեր էին։ Պատանին զիս կ՚անիծէր եւ կ՚ողբար։

Մուրատը մէյ մը ձեռք անցնէին ու մենք ազատէինք այս վիճակէն, կը հեծեծէր։

Խեղճը անօթի էր, հաց տուինք եւ յորդորեցինք, որ ետ դառնայ։

Մենք բարձրացանք սարը. այծը մեզի կը հետեւէր, կարծես կը վախնար մենակ մնալէ. երբեմն կը կենար, ետեւ կը դառնար եւ իր ձագին համար կը մակակէր։ Երբ բարձունքը հասանք, հեռադիտակով տեսանք, որ ոստիկաններ, սայլեր եւ սայլապաններ կու գան. Զատիկը ճանչցաւ իր գիւղացիները։ Աճապարանքով մաս մը ալիւր առինք եւ ապաստանեցանք հին աւերակներու մէջ, որոնց հետքերը կային այդ կողմերը. մեր ներքեւը կը գտնուէր նոյն իսկ հին ժամանակներու աշտարակի մը աւերակները։ Տեսանք, որ սայլապանները վարպետությամբ կը թողուն սայլերը ու ոստիկանները եւ կու գան մեր բնակած գոմերուն կողմը։ Զատիկը գնաց առաջ եւ, երբ ոստիկաններու աչքէն բաւական հեռացած էին, հանդիպեցաւ իր գիւղացիներէն մէկուն։ Մարդը անմիջապէս սկսեր է յանդիմանել Զատիկը։

Ի՞նչ կ՚ընես Զա՛տիկ, խելագար մարդոց կը հետեւիս ու շէն օճախդ կը մարես. մի ըներ, եկուր յանձնուէ, ամէնքը յանձնուեցան, դո՞ւն մնացիր քաջ։ Գոնէ տանդ եւ զաւակներուդ խնայէ՛ եւ յանձնուիր։ Երբ որ ալ ըլլայ քեզ պիտի բռնեն։

Զատիկը հարուստ գիւղացի մըն էր. տգեղ դէմքով, շէկ, չոր, կարճահասակ, տգէտ մարդ մըն էր, բայց բնական ընդունակութիւնով գիտէր շատ բան եւ մանաւանդ քաղաքական վտանգներու մէջ մեծ հոտառութիւն ունէր։

Զատիկը պատասխաներ է.

Ես գիտեմ, որ թիւրքերը ամէն ինչ պիտի ընեն. ես ձեզի յանդիմանելու տեղը, դո՞ւք ինծի կը յանդիմանէք։ Զէնքը ձեռքը երթալ թիւրքերուն յանձնուիլը մահէն գէշ է ինծի համար։ Ոչ տուն, ոչ հարստութիւն զիս չեն կրնար դրդել. եթէ փրկութիւն մը կայ, ան ալ զէնքին ծայրն է։

Ինչե՜ր կ՚ըսես, Զատիկ. մենք կարով [vi] չէինք կրնար ձեզ կապել, ադ մարդը [vii] առանց կապի ձեզ կապեր է. քանի ադ մարդը չի կար, երկիրը հանգիստ էր, իսկ հիմա՞... Տե՛ս, ի՞նչ օրի հասանք. գիւղացիները անգամ իրարու մէջ համաձայն չեն, իր պատճառով ամէն տեսակ չարիք թափուեցաւ մեր գլխուն։

Մարդը մեկնեցաւ եւ Զատիկը եկաւ մեզ մօտ։ Պահակները լուր տուին, որ ձիաւորներ պաշարած են Կառվայցիներու գոմերը։ Ժողովուրդը արդէն մեկնած էր, գոմերու մէջ մարդ չի կար. յայտնի էր, որ մեզ կը փնտռէին։ Տղաքը դիրքերը բռնեցին եւ պատրաստ սպասեցին։ Ձիավորները առանց մեզ մօտ գալու անցան գացին, իսկ մենք որոշեցինք հոտկէ մեկնիլ: Երեկոյին ճամբայ ելանք. ընկերներս թեւերս մտան եւ սկսան զիս քաշքշել. ինծի սիրտ կու տային, կը քաջալերէին, բայց հիւանդութեանս հետեւանքով ոտքերս կը ծալուէին կարծես. այս կերպով հասանք Ալիս գետի ափը, մեր գեղի ջրաղացը։ Հոդ պատահեցաւ հետեւեալ դէպքը։ Մեր երկու ընկերները, որ ոստիկան զինուորներու ձեւով հագուած էին, ձերբակալեցին չորս փախստական թիւրքեր [viii], ուզեցին սպանել զիրենք, բայց ես արգիլեցի։ «Մեզի պէս թշնամիին ձեռքէն փախստական են, ըսի, ու վիճակակից կը համարուին»։ Տղաքը թէեւ դժկամութեամբ, համակերպեցան եւ նոյն իսկ ցոյց տուին թիւրքերուն գնալու ճամբան։

Լոյսը բացուեցաւ. երկու ժամ ետքը տեսանք, որ հայ կիներ ու աղջիկներ այդ կողմերը կու գան բանջար ժողվելու համար։ Հարզու անունով հարս մը եկաւ ջրաղացը մտաւ. անիկա Մուրատեանին քենին էր. ընկերներուս սոսկումով պատմեց գիւղին վիճակը։ Կառավարութիւնը միջոց մը կարծեր էր, թէ մեկնած եմ վիլայէթէն, բայց յետոյ իմացեր էր, որ հոն եմ եւ տիֆով բռնուած. ամէն կողմ ոստիկաններ ղրկուած էին զիս ձերբակալելու համար։ Մեծ եղբայրս Օհաննէսը զարկեր էին հրացանով եւ վիրաւոր վիճակի մէջ տարեր թողեր էին աղբանոց մը եւ հոն ենթարկեր էին ամէն տեսակ տանջանքի։

Երկրորդ օրը ուզեցինք մեկնիլ ջրաղացէն, բայց անհնարին էր. գետը շատ բարձրացած էր. միւս կողմէ գիւղին շատ մօտ էինք եւ գիւղը ոստիկաններով լիքն էր: Որոշեցինք որ Բալուկը եւ Հայրիկը կրկին ղրկենք Սեբաստիա նոր տեղեկութիւններ ստանալու համար. տեսակցութեան տեղը եւ ժամը որոշեցինք եւ պատրաստուեցանք մեկնելու հակառակ գետին աննպաստ վիճակին։ Արմենակը եւ Վարդանը զիս ուսերնուն վրայ առին եւ այսպիսով առանց զիս թրջելու անցուցին գետէն եւ անմիջապէս սկսանք բարձրանալ Խարվազի լեռն ի վեր։

Երբ գագաթը հասանք, լոյսը բացուեցաւ. մեր գիւղը կը տարածուէր մեր աչքին առաջ։ Օդը սաստիկ ցուրտ էր եւ հաց չունէինք այդ օրը. «Մենք դուրսը, մեր թշնամին մեր տուներուն մէջ, մենք հաց չունինք, թշնամին մեր հացը կ՚ուտէ», կը մտածէինք, կ՚ըսէինք եւ իրարու երես կը նայէինք։

Ժամը 9-ին ատենները անձրեւը սաստկացաւ. գացինք Խարվազ գիւղին մօտերը, մարդ ղրկեցինք եւ խնդրեցինք, որ գոնէ մէկ օր մեզ պատսպարեն։ Այդ օրը նոյն գիւղէն 8 մարդ սպանած եւ մէկ հոգի վիրաւորած էին. գիւղը սարսափի եւ սուգի մէջ էր. բայց մենք ալ ճար չունէինք եւ մեր պնդումին վրայ գզիրը մեզ ընդունեց իր տան մէջ։ Անձրեւը հետզհետէ սաստկացաւ, տանտէրը սարսափի մէջ էր, կը խնդրէր, կը պաղատէր մեզմէ, որ շուտով մեկնինք. հակառակ մեր կամքին ստիպուած էինք, մնալ մինչեւ որ կարելի ըլլար դուրս ելնել։ Անձրեւը նոյն սաստկութեամբ շարունակեց մինչեւ հետեւեալ կէս օրը։

Մինչ տղաքը կը ճաշէին, ես պահակին տեղը կեցած էի եւ հեռադիտակով կը նայէի. տեսայ որ քանի մը ոստիկաններ հայեր կը տանէին եւ սարն ի վեր կը բարձրանային. տեսայ հրացանի ծուխ եւ իրենցմէ մէկը ինկաւ, քիչ յետոյ մէկն ալ ինկաւ։ «Տղերք, գոչեցի, մարդ կը զարնեն». համոզուած էինք որ հայեր էին։ Ժամ մը հազիւ անցած էր, ժանտարմաներ եկան դիակները վերցուցին։ Շտապեցինք քաղաք մարդ ղրկել եւ իմացնել մերիններուն, թէ սպանութիւն կատարուած է։ Քաղաքին մէջ արդէն իմացեր էին այդ դէպքը եւ տեղեկութիւն ղրկեցին, որ սպանուածներն են Հրանտ Պապիկեանը, մէհքէմէի աղա, եւ Գրիգոր Տէրտէրեան, վաճառական։ Մէկ քանի մարդիկ ալ ուրիշ տեղ սպաննած եւ քաղաքին մէջ ալ շատեր ձերբակալած էին։

Իրիկուան ժամը 1-ին ճանապարհ ելանք եւ լուսաբացին հասանք Խորսանա։

- - - - - - - -

Լուր ղրկեցինք խորասանցի Խտօին եւ Արտաշէսին։ Խտօն ճշմարիտ քաջ մըն էր, թէեւ 60 տարեկանէն աւելի էր, բայց արծիւի կը նմանէր, լուրջ, ազգասէր, արագաշարժ, անհաւատալի արագութեամբ մը կը կտրէր կ՚անցնէր երկար ճամբաներ։ Մեզ ընդունեցին գրկաբաց եւ մեզ տարին գեղին դպրոցը, որ դատարկ էր. նայեցայ շուրջս եւ խորապէս տխրեցայ. գրասեղանները, ասդին անդին, անտէր մնացած գիրքեր մտածել կու տային խեղճ մանուկներուն վրայ. ամէն տարի այս ատեն ուրախ զուարթ կու գային դպրոց, այս սրահը լիքը կ՚ըլլար իրենց աղմուկով, եռանդով. ո՞ւր էին հիմակ, ամէն մէկը կծկուած իր երդիքին ներքեւ ու վախէն եւ սարսափէն դողահա՜ր...

Թէեւ մեզ կերակուր ղրկեցին, բայց ախորժակ չունէինք, անշարժ եւ լուռ կեցած էինք եւ իրարու երես անգամ չէինք նայեր։ Եկեղեցին մեր քովն էր. ժամը 9-ին հարսեր ու աղջիկներ մտան եկեղեցի. երեկոյեան աղօթքները եւ ժամասացութիւնը իրենք կը կատարէին եւ ահա սկսան միաձայն ըսել «Տէր ողորմեա»ն։ Խորապէս ազդուեցանք եւ գալարուած մնացինք՝ մինչ անոնց ձայնը կը հասնէր մեզի։ «Տուր աշխհարհիս խաղաղութիւն եւ մեր ազգին ազատութիւն»։ Մեր ամենուս աչքերէն արցունք կը հոսէր եւ կը տանջուէինք, լսելով կանացի ձայները, որ աղօթքը վերջացնելէ ետքը միաբերան կը գոչէին.

Տէր Աստուած, Տէր ամենակալ, մեր հոգիները ա՛ռ, ասոնք ազատէ։

Տէր Աստուած, Տէր ամենակալ, մեր հոգիները ա՛ռ, ասոնք ազատէ։

Հակառակ որ քանի մը օր առաջ գիւղացին հալածանքի ենթարկուած էր, անոնք չէին կորսնցուցած իրենց հաւատքն ու եռանդը եւ մեծ անձնուիրութեամբ կը վարուէին մեր նկատմամբ։ Կիները կ՚ուզէին իրենց ոսկիները եւ զարդեղէնները տալ, որպես զի մեր աւերուած տուները կրկին շինենք։

Երկու օր մնացինք այդ գիւղին մէջ եւ իրիկուն մը մեկնեցանք։ Գիւղացիք մի քանի ձիաններ պատրաստած էին եւ մեզ անցուցին ճիշտ մեր գիւղի դիմացէն: Գետը հազիւ թէ անցած էինք, սկսեց ձիւնել. մենք թէեւ կ՚ուզէինք այդ սահմաններէն հեռանալ, բայց անկարելի էր, որովհետեւ իմ հիւանդութիւնս ամէն ինչ կը խանգարէր։ Մէկ ու կէս ժամ ճամբորդելէ ետքը շոսէն անցանք. մեր հետքերը կ՚երեւէին ձիւնին մէջ. քիչ մը հեռու, առուի մը մէջ կանգ առինք։ Տեսանք, որ 7-8 ոստիկաններ Խանձուրէն կ՚երթային դէպի Հաֆիք. մեր հետքերը կը տեսնէին անշուշտ եւ մենք կը կարծէինք, որ անոնք կը հետեւին մեր հետքերուն, բայց յանկարծ անցան գացին։

Մնացինք մինչեւ երեկոյ եւ իրիկնամուտին սկսանք բարձրանալ դէպի Սախարին լեռը, ուր մնացեր էինք քանի մը օր առաջ, եւ հասանք գոմերը։ Միշտ կ՚անձրեւէր. կրակ վառեցինք, մեր նախապէս պահած ալիւրը բերինք եւ քարին վրա, մոխրին մէջ եփեցինք. այս կերպ պատրաստուած հացը այնքան չոր էր, որ լեզուներնիս կը պատառոտէր։ Անձրեւ կը կաթկթէր գոմին մէջ, բայց ստիպուած էինք գոնէ գիշերները մնալ, իսկ ցորեկը դուրս կ՚անցնէինք։

Չորրորդ օրը երեկոյեան տեղերնիս փոխեցինք եւ գացինք քառորդ ժամ հեռու գտնուող Հայկի գոմերը։ Հրահանգ տուած էի տղոց, որ մեր երթալիք տեղերը նախապէս քննեն, շրջակայքը հետախուզեն եւ ապա փոխադրուինք։ Տղաքը դժկամեցան քննութիւնը կատարել, ես ալ չպնդեցի եւ փայտի մը կրթնած եկայ գոմը։ Միշտ կ՚անձրեւէր։ Լուսաբացին երկու ժամ առաջ արթնցուցի տղաքը, որպէս զի լեռը բարձրանանք եւ վտանգէ զերծ ըլլանք, որովհետեւ բնազդով կը զգայի, թէ բան մը կայ։ Ամէնքը մէկ մերժեցին. հետզհետէ աւելի յստակ կերպով կը զգայի վտանգը. արթուն մնացի եւ պահակներ դրի։ Կարծես բնութիւնը անգամ մեր դէմ էր այդ առաւօտ. լոյսը բացուեցաւ, բայց այնքան թանձր մառախուղ մը կար, որ 200 քայլ անդին բան չէր երեւէր. բարեբաղդաբար անձրեւը մեղմացած էր։ Անհանգիստ ու գրգռուած կը սպասէի եւ ահա պահակները վազէ վազ եկան իմացուցին, թէ ձիաւորներ մեզ պաշարած են։ Այս դէպքը կը պատահէր Մայիս 4-ին առաւօտեան ժամը 12-ին։

Անմիջապէս զինուեցայ եւ հրամայեցի.

Վերցուցէ՛ք ինչ որ կայ եւ պատրաստ գտնուեցէք։

Երբ ես գոմէն դուրս ելայ, ձիաւորները զիս դիմաւորեցին եւ պոռացին.

Մի՛ շարժիք, անձնատուր եղէք։

Դեռ հիւանդ ու տկար էի, բայց վտանգը զիս ոգեւորեց. առանց պատասխանելու ես սկսայ բարձրանալ սարին վրայ եւ ահա կրակեցին ինծի։ Նստեցայ բաց տեղը եւ սկսայ իմ կարգիս կրակել։ Տղաքը ամէնքն ալ եկան ու միացան ինծի, բայց անփորձ էին եւ թշնամիին կրակին ներքեւ կը դողդղային [ix] ։ Այդ պահուն զգացի, թէ ե՛ս մինակ եմ թշնամիին դէմ եւ անօրինակ ու յուսահատական զգացումէ մը դրդուած սկսայ կրակել ու կրակել։

Մառախուղը սկսաւ պարզուիլ եւ նշանառութիւնը աւելի դիւրացաւ։

Ոստիկաններէն երեքը ինկան իրենց ձիերէն եւ միւսները սկսան փախուստ տալ։ Դաշտերուն մէջ, լեռան լանջերուն վրայ ցրուած հովիւներ եւ թրքուհիներ հեռուէն կը դիտէին, թէ ինչպես իրենց ոստիկանները լեղապատառ կը փախչէին։ Այդ պահուն կը քաջալերէի տղաքը, որ հետապնդեն փախչողները, բայց անոնք իրենց անփորձութեան պատճառաւ քարացած մնացած էին։ Իրենցմէ ամենէն քաջն էր Խորասանցի Մարտիրոսը, որ թնդանօթի սպայ եղած էր Պալքանեան պատերազմին։ Իր գեղեցկութիւնը, համազգեստը, հոգեկան արիութիւնը սիրտ կու տար միւսներուն, բայց անոնք տակաւին չէին սթափած առաջին կրակին առթած սարսափէն։ Մեր թոյլութեան պատճառաւ ոստիկանները կրցան փոխադրել իրենց վիրաւորները, թէեւ փախուստնին բաւականին խայտառակ էր եւ աւար թողած էին ձի, եամչի եւ այլն։ Սպանուածներուն մէջ էր յայտնի չերքեզ աւազակ մը, երեք տեղէ զարնուած, որուն Սասնոյ մէջ ալ հանդիպած էի։

Ուրախ էի, որ անսպասելի կերպով յաջող անցաւ մեր կռիւը, բայց միւս կողմանէ կը տխրէի կռիւը շուտ սկսելուն համար, ինչ որ թէ՛ մեզ, թէ հայ բնակչութեան համար աննպաստ էր։ Բայց հակառակ մեր կամքին չարիքը կատարուած էր եւ հիմակ պէտք էր նախազգուշութիւններ ձեռք առնել։

Տղոցմէն մէկ քանին նշանակեցի որ երթան լերան ամենէն բարձր գագաթը, որ կը տիրապետէր անոնց վերադարձի ճամբան։ Բայց տղաքը հազիւ թէ մեկնած էին, ետ դարձան առանց իրենց պաշտօնը կատարելու. այլ սակայն պէտք էր անպատճառ գրաւել այդ դիրքերը, քանի դեռ թշնամին չէր ուժեղացած։ Կռուի ոգեւորութենէն ետքը ինքզինքս կրկին հիւանդ ու տկար կը զգայի, բայց գիտնալով թէ զիս երկրորդող մը չի կայ, ոտքի կանգնեցայ եւ Նշան Մուրատեանին եւ Վարդան Սրապեանին հետ ես ինքս բարձրացայ նշանակած գագաթը. զառիվերը շնչասպառ կ՚ընէր զիս ու ականջներս կը բզզային. գինովի նման էի, բայց յստակ կերպով կը զգայի, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ի՞նչ ուղղութեան պէտք է հետեւինք։ Կարգադրած էինք, որ մնացած տղաքը սպասեն ու երբ մենք հասնինք դիրքերը, սուլենք, ու անմիջապէս ամէն ինչ հաւաքելով գան մեզ միանան։

Երբ լերան գագաթը հասանք, տեսանք, որ ոչ ոք մնացեր էր. թշնամին փախեր էր մինչեւ Մազան, երեք ժամ հեռու։ Յետոյ տեղեկացանք, որ Մազանէն մարդ դրկեր էին Սէյֆէ, որպէս զի թելեֆոնով շուտափոյթ օգնութիւն ուզեն կուսակալէն եւ Հաֆիքի գայմագամութենէն։ Քաղաքէն տրամադրեր էին 40 ժանտարմա ձիաւոր, Հաֆիքէն 40 ձիաւոր եւ 60 հետեւակ։ Սոֆուլտը թիւրք գիւղի քէոհեան, Կոչի Ալին, իմաց տուեր էր Կովտունի 40 ժանտարմաներուն, որ երթան միանան միւս ուժերուն, բայց անոնցմէ մէկ մասը հիւանդ ձեւացած էր, մէկ մասը ճանապարհէն ետ դարձեր էին եւ մնացեալն ալ մթնալուն սպասեր էին ետ դառնալու համար։ Յայտնի էր, որ փախուստի մատնուող ոստիկանները իրենց զարհուրած պատմութիւններով սարսափ ձգած էին շրջակայքը եւ պարտկելու համար իրենց անյաջողութիւնը չափազանցած էին մեր ուժերը։

Սրտապնդելու համար այն ժանտարմաները, որ զիս եւ խումբը հետապնդելու նպատակաւ ղրկած էին, կառավարութիւնը լուր տարածեր էր, թէ Մուրատը սպանուած է։ Այդ պատճառով անշուշտ քրոջս լուր տուեր էին, թէ Մուրատը սպանուած է, գլուխը կտրած են եւ գիւղ կը բերեն ցուցադրելու համար։ Քոյրս լալով կ՚երթայ մօրս մօտ եւ կ՚իմացնէ իրեն յայտնուած լուրը, բայց մայրս չի հաւատար, ակռաները կը սեղմէ, գլուխը կը շարժէ ու կ՚ըսէ.

Հարամ կ՚ընեմ տուած կաթս, եթէ վրէժը չի լուծած թշնամիին ձեռքը անցնի։

Մենք այդ միջոցին դիրքերնիս ամրացուցինք, հրացաններնիս մաքրեցինք։ Խօսեցայ տղոցը եւ ջանացի իրենց արիութիւն ներշնչել եւ պարզել կացութիւնը։ Մահու կենաց կռիւ էր ասիկա, եւ այս անհաւասար պայքարը գլուխ պիտի հանէինք հոգեկան արիութիւնով կամ պիտի իյնայինք մարդու նման։ Առաջին պահերու շփոթութիւնը անցած էր եւ մեր յաջողութենէն ոգեւորուած լաւ տրամադրութեան մէջ էին։ Ձիւնը հալեցինք խալկինին (կաթսայ) մէջ եւ կերակուր եփեցինք, որպէս զի լաւ ուտենք, կշտանանք եւ երեկոյին կազդուրուած հեռանանք։ Վարէն ոստիկանները ապշած կը դիտէին մեզ, բայց չէին կրակեր, օգնական ուժի սպասելով։ Կերակուրը կերանք հերթով առանց դիրքերը դարտկելու. մեկ ալ հեռադիտակով տեսանք, որ ձիաւոր եւ հետեւակ յառաջ կու գան։



[i] Մուրատ կը բնակէր Սեբաստիոյ վիլայէթին մէջ Կովտան գիւղը իր հօրէնական տան մէջ։ Յիշեալ գիւղը կը գտնուի դաշտին մէջ. արեւելքէն արեւմուտք կ՚անցնի Ալիս գետը, իսկ հիւսիսէն հարաւ՝ Սախարի գիւղը։ Հարաւային կողմը կը գտնուի Խարվազի եւ արեւմտեան կողմը Զէյվէն։ Գիւղը ունի գեղեցիկ տեսարան, բարեբեր է եւ բնակիչները հայ են, առողջ եւ տոկուն կազմուածքով մարդիկ են, գլխաւորապէս կը զբաղուին երկրագործութեամբ։ . Ե.

[ii] Մուրատին կինը կանուխէն գացած էր Սեբաստիա եւ ապաստանած էր ազգականներու մօտ: . Ե.

[iii] Այս այն նշանաւոր Պէքասն է, որի մասին բանաստեղծութիւն մը ունի Դանիել Վարուժան։ Շէկ էր եւ երեք ոտքերը ճերմակ էին եւ ճակտին վրայ աստղ մը ունէր: . Ե.

[iv] Զինուորները կու գային զէնք կը պահանջէին. այն պարագային, որ զէնք չըլլար, կը կարծէին, որ գիւղացիք պահած են եւ կը չարչարէին զանոնք, որպեսզի մէջտեղ հանեն: Այդ պատճառով է, որ գիւղացիք կ՚ուզեն ոեւէ զէնք գտնել եւ յանձնել զինուորներուն, իբր թե պահած էին եւ երեւան բերին, որպեսզի չարչարանքը վերջ գտնէ:

[v] Բնակարան:

[vi] Սայլի վրայի թոկ:

[vii] Մուրատին կ՚ակնարկէ:

[viii] Զինուորութենէ փախած պէտք է հասկնալ, երբ փախստական թիւրքերու խօսք ըլլայ:

[ix] Այդ նոյն տղաքը հետզհետէ վարժուելով կռուին, պիտի տեսնենք, որ շատ լավ կը վարուին վտանգի մէջ: . Ե.