Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Անձրեւը չէր դադրեր, կարծես մեզ կը հալածէր, շարունակ թրջուած ըլլալով ջղագրգռուած էինք. հետզհետէ թշնամին մօտեցաւ եւ մենք պատրաստ կը սպասէինք։ Իրենց առաջնորդները ցոյց տուին, որ մենք վերը, դիրքերը նստած ենք, բայց հրամանատարը հրամայեց դէպի հիւսիս երթալ մեզ փնտռելու. ես հասկցայ, թէ այս ըրածնին ձեւի համար էր. կասկած չի կար, որ թիւրքերը սարսափած էին, կը կարծէին, թէ 60-70 հոգինոց խումբ մըն ենք եւ կը զգուշանային կրակի բռնուիլ մեզի հետ։ Ձիաւորները եւ հետեւակները փոխանակ դէպի մեզ գալու, պտտեցան մեր շուրջը եւ գացին բռնեցին այն ճամբան, որուն մօտէն պիտի անցնէինք։ Տղաքը կը կասկածէին, թէ մեզ շրջապատած են։ Ես փորձառութեամբ գիտէի, որ թիւրքերը մութը սկսելէ ետքը նույն իսկ աւելի մեծ ուժերով, ոչխարի նման կը թափուին իրարու վրայ եւ ճամբայ կու տան. կարծես ամէն մի հրացանաւոր դեւ մըն է իրենց համար։ Այդպէս ալ եղաւ. անոնք խմբուած ձորին մէջ, օդին հրացան կ՚արձակէին, կարծես ցոյց տալու իրենց տեղը, որպէսզի հեռուէն անցնինք։

Անմիջապէս որ մութը պատեց երկիրը, հրացանը ձեռքերնիս եւ կազմ ու պատրաստ ճամբայ ելանք. մեր նպատակն էր շուտ քալել եւ շատ յառաջանալ։ Ես բոլորովին մոռցեր էի իմ հիւանդութիւնս. ցեխը կը բարձրանար մինչեւ մեր ծունկերը, որովհետեւ ինկեր էինք պաշըպէյուքներու ցանած արտերուն մէջ։ Ճամբան հանդիպեցանք պոստանջիներու հովիւներուն, որոնց միջոցով մեր հետքը գտնալ դիւրին էր։ Ունէինք 4-5 ժամուայ ճանապարհ, բայց մենք հազիւ 12 ժամէն հասանք Ալիս գետի ափը։ Ջուրը մտանք եւ մինչեւ մեր վիզերը ծածկուեցանք գետին մէջ. ձիւն կը տեղար, ցուրտ էր անտանելի կերպով եւ մենք քրտնած էինք, բայց ուրիշ կերպ ընելու ճար չի կայ։ Երբ միւս ափը ելանք, սկսանք վազել. կ՚ուզէինք հասնել Խորսանայի մօտի ձորը. ցուրտը այլեւս անտանելի էր եւ մենք ուտելիք հաց չունէինք։ Մարտիրոսը գիւղ ղրկեցինք հաց ուզելու համար։ Խտօն քանի մը ոչխարներ առաջքը ձգած հովիւի ձեւին տակ եկաւ մեզ մօտ եւ բերաւ ձուածեղ, հաց, մածուն։ Խտօյին առաջարկեցինք քաղաք երթալ եւ տեղեկութիւն բերել մեզի. նա ուրախութեամբ ընդունեց. ծածկագիր նամակ մը յանձնեցինք իրեն. օրը յառաջացած էր, բայց անիկա գնաց եւ երեկոյին վերադարձաւ։ Այդ օրը եւ այդ տեղ իմացանք Պոլսոյ ձերբակալութիւնները եւ մօտակայ վիլայէթներու եւ գազաներու մէջ թիւրքերու կատարած բոլոր խժդժութիւնները։

Մեր կռիւը եւ յաջողութիւնները լսելով, բոլոր քաղաքը ուրախացեր էր. բայց խորհուրդ կու տային մեզ ընդհարումներէ զգուշանալ, որպէս զի կատաղած թշնամին աւելի մեծ ոճիրներու չի դիմէ ժողովուրդին հանդէպ։ Ստացայ նաեւ կնոջմէս նամակ մը. «Շինական [i], ստացայ նամակդ, ուրախութեանս սահման չի կայ կռուի յաջողութեանդ համար։ Ոստիկանները գիշեր ցորեկ կը հսկեն մեր տանը վրայ, բայց անհոգ եղիր, քու զաւակներդ լաւ կը պահեմ։ Համբոյրներով քո Սակաւախօս [ii] »։

Խտօն մեզ գիւղ տարաւ, ուր երկու տան մէջ պատրաստութիւն տեսած էին մեզ ամէն կերպով հանգիստ ընել տալու համար։ Գիւղը մնացինք չորս օր. վերջին օրը կրկին դպրոց փոխադրուեցանք, որովհետեւ գիւղը ոստիկաններով լեցուն էր. քահանան եւ գիւղի երեւելիները բանտն էին. ժամասացութիւնը, ինչպէս առաջին անգամ, դարձեալ աղջիկները եւ հարսերը կը կատարէին. երբ կրկին լսեցինք իրենց աղիողորմ աղօթքները, հոգինիս լեցուեցաւ յուզումով. մեզի համար շատ տխուր էր ասիկա, բայց նաեւ շատ հաճելի։ Երեկոյեան մեկնեցանք գիւղէն Մարտիրոսի առաջնորդութեամբ։ Ճամբուն վրայ Խորսանայի եւ Կովտունի միջեւ մտանք առուակ մը. կ՚անցնէին ուրիշ ճամբորդներ. ամէնքն ալ հայ հովիւներ էին. մինչեւ իրիկուն մնացինք հոն եւ յետոյ ճամբայ ելանք. գետը անցնիլ անհնար էր եւ կը խորհրդակցէինք մեր ընելիքին վրայ. երբ լսեցինք, որ խօսակցութեան ձայներ կու գան, թագնուեցանք. չորս թիւրքեր էին, որ բարձրաձայն կը խօսէին. մենք սկսանք արագ քալել, բայց ցեխը մեզ արգելք էր, այնպես որ հազիւ լուսաբացին հասանք Տուշտակի դէմի աւերակ գոմերը։ Նոր ամրացուցեր էինք մեր դիրքերը, երբ բաւական հեռուէն լսեցինք հրացանի ձայներ։

Չորս թիւրքերը փախստական էին եւ չէթա [iii] դարձած. մեզ փնտռող ոստիկանները կը հանդիպին անոնց, մեզ կը կարծեն եւ երկու կողմէն կը կրակեն Խարվազ գիւղի ներքեւը։ Երեք ժանտարմ կը սպանուին եւ չէթաներէն երկուքը, իսկ մնացյալ երկուքը կը ձերբակալուին. չէթաներուն քովէն կը գտնուին 200 ոսկի եւ հայ կանանց զարդեր։

Երեկոյին ճամբայ ելանք եւ կէս գիշերին հասանք Հրեշտակապետ, բայց մեր խումբին մէջ անհամաձայնութիւն կար. ոմանք կ՚ուզէին իջեւանել վանքը եւ ոմանք հակառակ էին։

—————

 

Գացինք Սուրֆաճի. ասիկա բարեբեր եւ հարուստ գիւղ մըն է, 15 տուն ունեցող. գիւղացիք յաղթանդամ եւ քաջառողջ մարդիկ են. ունին գեղեցիկ ծառեր եւ շատ սքանչելի տեսարան, որովհետեւ հարաւէն եւ հիւսիսէն բարձրաբերձ լեռներով շրջապատուած են։ Գիւղացիները աշխատասէր են, սիրահար մեղուաբուծութեան, անասնաբուծութեան եւ պարտիզպանութեան. այս գիւղին իւղը, մեղրը նշանաւոր է, որուն մեծ մասը թիւրքերը կ՚ուտեն։ 95-ական թուականի հալածանքներուն 5000 ոչխար տարած են Սուրֆաճիէն։ Գիւղացիք սարսափելի օրեր տեսած են հին ռեժիմին, եւ հալածանքը շարունակուած է մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակումէն երկու տարի ետքը։ Խարաճի օղլու բռնաւոր սրիկան ոչ պատիւ ձգած է, ոչ կեանք. իր շուն մարդիկը կ՚արձակէր գիւղին մէջ, եւ ոչ ոք կը համարձակէր անոնց հոշտ [iv] ըսելու։ Շնորհիւ ռուսիաբնակ Նշան աղային, որ այդ գիւղացի էր, Խարաճի օղլուն հեռացուցին այդ գիւղէն։

Ահա այդ չարչարուած գիւղին էր, որ մօտեցէր էինք. խումբը կեցուցի եւ ես մինակս գացի. երեք այր մարդ միայն մնացեր էին. ինձ ծանօթ տան մը դուռը՝ զարկի, որուն տէրը մնացեր էր 18 տարեկան Սարգիս անունով պատանի մը։

Մեզ հիւր կ՚ընդունի՞ք, հարցուցի։

Տունը ձերն է, ղո՜ւրպան, պատասխանեց, ձեզ չընդունիմ՝ ալ ո՞վ պիտի ընդունիմ։

Անմիջապէս հարսները արթնցուց, որոնք օճախը վառեցին. մեր խումբը ամփոփուեցաւ եւ հոդ կերակրուեցանք ու քնացանք։ Հետեւեալ կէս օրին արթնցանք. ոչխար մը կարմրցուցած եւ մեզի համար պատրաստած էին 2-3 օրուան պաշար։ Ուզեցի վճարել, բայց Սարգիս դրամը մերժեց։

Ձեզմէ՞ ալ դրամ պիտի վերցնեմ. տունը ձերն է, երբ ուզէք, կրնաք նորէն գալ, միշտ մեր տունը բաց է ձեզ համար, եթէ չի մեռնիմ...

Մեկնեցանք շնորհապարտ սրտով. մեր երթալիք տեղը անորոշ էր. աստղերուն նայելով, կ՚ուղղուէինք դէպի արեւելք։ Լուսաբացին հասանք Գոտնիի լեռը։

Լեռը շատ բարձրադիր ըլլալուն իր առաջքը կը պարզուէր Սեբաստիոյ արեւելեան դաշտը մինչեւ Զառա, մինչեւ Հապէշի լեռները, եւ կը տեսնէինք այդ վայրերուն մէջ կատարուող բոլոր անցուդարձը։ Հոն մնացինք Ղըզըլպաշներու ուխտատեղին եղող քարայրը, որ շատ բարձրն էր, որովհետեւ Ղըզըլպաշները ուխտատեղի կ՚ընտրեն ամենաբարձր գագաթը։

Կէս օրէ ետքը թիւրք դեռատի հովիւներ եկան այն կողմերը. անոնք մեզի չի նկատեցին, բայց մենք մեր թագստոցէն զիրենք կը լսէինք. կը խօսէին իրենց կրած նեղութիւններուն, չարչարանքներուն վրայ։ Իրենց շունը զգաց մեր ներկայութիւնը եւ կը հաջէր։ Այդ միջոցին սարսափելի կարկուտ մը սկսաւ տեղալ, գետինը ամբողջապէս ճերմկեցաւ եւ հովիւները փախան գացին։

Երեկոյին երկու տղաք ղրկեցինք Գոտնի գիւղ, որ Զառայի գայմագամութեան կը պատկանի, բայց չի յաջողեցան գիւղը մտնել, որովհետեւ ոստիկաններով լիքն էր. կառավարութիւնը իր պաշտօնեաներուն թոյլ տուած էր ամէն ինչ փճացնել, եւ սարսափելի դրութեան մէջ էին խեղճ գիւղացիները։ Երկրորդ օրը ստիպուեցայ ես ինքս անձամբ երթալ, վստահ ըլլալով տեղին քահանային վրայ։ Ամէն կողմ ոստիկաններ կը վխտային. հազիւ գիւղին մէջ քանի մը քայլ առի, երբ տեսայ, որ սայլով դիակներ կը բերէին. ասոնք սպաննուած հայեր էին։ Գացի, զարկի քահանային դուռը. տէրտէրը եւ երէցկինը զիս գրկաբաց ընդունեցին. յայտնեցի մեր կարիքները եւ խնդրեցի, որ գոնէ մէկ օր մեզ հիւրընկալեն։ Քահանան յայտնեց, որ նոյն իսկ մեր ապահովութեան համար անկարելի է գիւղին մէջ ապաստանիլ, բայց իր որդին Խաչիկը յորդորեց, զայն խրախուսեց եւ մղեց անձնուիրութեան, որպէս զի հակառակ ակնյայտնի վտանգին մեզ առաջնորդէ գիւղէն մէկ քիլօմեթր հեռու գտնուող քարայրը, եւ ինքը խոստացաւ մեզ ղրկել մեր օրական պարէնը։ Քահանան եւ երէցկինը այնքան ծեծեր էին, որ երէցկինին մէջքը կոտրած էր, եւ քահանան ուշակորոյս մնացեր էր երկար ատեն։ Գիւղը մնացած էին չորս այր մարդ միայն՝ քահանան, իր տղան, պանդուխտ մը եւ գզիրը: Մնացեալ այրերը ամէնքն ալ տարեր էին, չէին գիտեր՝ ո՞ւր. մեռելային մթնոլորտ մը կը տիրէր ամէն կողմ, ամէն ինչ անտէր մնացած էր. ծիծաղը եւ ուրախութիւնը անհետացեր էր դէմքերու վրայէ, եւ կիները՝ դժգոյն, լալագին եւ լռին՝ ուրուականներու ձեւ ունէին։

Խաչիկը մեզ առաջնորդեց արեւմտեան ճակատը գտնուող յիշեալ քարայրը, որ փոքրիկ, աննկատելի անցք մը ունէր. ներս մտնելով, տեսանք երկար սրահ մը եւ մէկ սենեակ՝ մէկ կողմը ու երկու սենեակ՝ միւս կողմը. հին ժամանակներ հայ ժողովուրդը շինած էր այդ քարայրը չար օրերուն մէջ հոն ապաստանելու համար։ Հազիւ թէ տեղաւորուած էինք, տեսանք մարդ մը, որ կը թափառէր. լրտես կարծեցինք եւ ուզեցինք բռնել, բայց անիկա փախաւ. երկու տղաք ետեւէն հասան, ձերբակալեցին ու տեսանք, որ խելագարուած հայ մըն է:

Երեկոյին իջանք մատուռը, ուր գտանք երեք հայ փախստական զինուորներ։ Ասոնք պատմեցին, թէ ինչպես կը սպաննեն ճամբաներու վրայ աշխատող հայ զինուորները։ Գիշեր էր արդէն եւ մատուռին մէջ կ՚աղօթէինք, երբ մէկ ալ երեք կիներ ներս մտան։ Քահանան ղրկեր էր մեզի խորոված գառ մը, ոչխար մը, ինչպէս նաեւ մածուն, հաց, բաղարջ, գաթայ եւ այլն։

Երկրորդ օրը տեղերնիս փոխեցինք եւ գացինք ակերու վերեւ բլուր մը, ուր նոյնպէս քարայրներ կային։ Մտանք անոնց մէկուն մէջ, ուր մատուռ մը կար եւ մոմեր կային վառուած. հասկցանք, որ յաճախուած տեղ մըն է ատիկա, բայց ուրիշ բան չէինք կրնար ընել։ Երեկոյին տղաքը գիւղ գացին հաց բերելու. թէեւ կը լսեն, որ ոստիկաններ կան հոն, բայց շարունակ տեղացող անձրեւներէն զզուած՝ հակառակ վտանգին կը մտնեն գիւղ ու կը նշմարուին. մութէն օգտուելով՝ հազիւ յաջողեր էին փախչիլ եւ եկան միացան մեզի։

Այդ օրը առաջարկեցի մեր ընկերներուն երթալ Գարահիսար, ուրկէ նամակ ստացած էինք եւ որով ստիպողաբար Եղօն կ՚ուզէին։ Եղօն եւ տղաքը չի համաձայնեցան։ Հակառակ իրենց դժկամութեան՝ ես կը խորհէի, որ պարտական էինք երթալ դէպի Գարահիսար, եւ ինքնիրենս կը մտածէի զանոնք մղել այդ ուղղութեամբ։ Առանց իրենց յայտնելու իմ դիտաւորութիւնս՝ ստիպեցի, որ ճամբայ ելլենք. որոշած էի եւ կ՚երթայինք դէպի Գարահիսար։ Հասանք Սանճախտար գետակը, որը այնքան կատաղած էր, որ հոսանքէն չի քշուելու համար զիրար ամուր բռնած անցանք ջուրէն. իսկ անկէ անդին կար Ալիսը, որ յորդեր եւ նոյնպէս կատաղեր էր: Ալիսը անցնիլ անկարելի էր, եւ այլեւս անհնար եղաւ Գարահիսար երթալը։

Մայիս 21-ին հասանք Խայպուքի լեռը։ Երկրորդ օրն էր, որ հաց չունէինք եւ մենք ալ խիստ յոգնած էինք. համոզուած էինք, որ այլեւս դժուար է հաց գտնել մեր գիւղերէն, որովհետեւ Մուամերի [v] աւազակները երրորդ անգամ ըլլալով՝ կողոպտած եւ դուրս եկած էին հայ գիւղերէն։

Նստեցանք Խորսանայի մօտիկ Նահատակ ըսուած տեղը եւ Խորսանա մարդ ղրկեցինք հաց եւ ապաստան խնդրելու։ Գացին Մարտիրոսը եւ Նշանը, որ նոյն գիւղացի էին, եւ բերին հաց ու ապուխտ եւ միանգամայն պատմեցին տեղի ունեցած սոսկալի դէպքերը։ Այդ ժամուն տակաւին գիւղը լեցուն էր ոստիկաններով, որով մեզ համար անկարելի էր հոն ապաստանիլ, ու մենք գացինք դէպի արեւելք՝ կէս ժամ հեռաւորութեամբ Ճին Տէրէսի կոչուած քարայրը։

Այդ քարայրին բերանը կը բացուի արեւմտեան կողմի վրայ. խորքը այնքան երկար է, որ քսան վայրկեանէն կարելի է հասնիլ. մութ, խոնաւ, գետինը ջուր, անիկա դժոխք մըն է, բայց միակ առաւելութիւն մը ունի. այն է՝ որ մէկ հրացանաւոր կրնայ պաշտպանել մուտքը։ Երեկոյին դուրս ելանք քարայրէն եւ կրկին մօտեցանք Խորսանայի գերեզմանատան։ Հոն մեզ դիմաւորեց ծերունի Խտօն։ Մեր խումբին մէկ մասը գնաց Խտօին տունը եւ միւս մասը՝ Նշանին տունը։ Խտօն աչքի ինկած մարդ էր եւ անյարմար էր իր տունը մնալն. մեզ տուաւ գառ մը, նարկիլէ, օղի, եւ հանգստանալէ ետքը՝ Մարտիրոսը մեզ տարաւ իր աներոջ տունը։ Բայց ծերունին հազիւ թէ զիս ճանչցաւ, գոչեց.

Տնա՛ւեր, քու տունդ քանդուեցաւ, կ՚ուզես, որ մեր տո՞ւնն ալ քանդուի։

Իր խօսքը ինձ վատ չազդեց, բնական գտայ. մնաս բարով ըսինք եւ դուրս ելանք, բայց իր կինը պատասխան չի տուաւ մեր բարեւին։ Մարտիրոսը չափազանց վրդովուած էր աներոջը վարմունքէն. ես զինքը հանդարտեցուցի եւ գացինք Կարապետի տունը։ Կինը, Եղիսաբեթ, մեզ ընդունեց ուրախութէամբ. իր դէմքին ուրախ ժպիտը կարծես մեզի նոր կեանք պարգեւեց. համբուրեց ճակատս, ես համբուրեցի ձեռքը եւ յուզմունքէս կը դողայի։ Նստեցանք եւ սկսան խօսիլ։ Խտօն եւ տանտիրուհին մեր քով նստած կը պատմէին։ Թիւրքերը հրդեհեր էին քանի մը տուներ։ Սոսկալի կերպով չարչարեր էին Գէշ Յարութիւնը, որպէս զի մեր պահուած տեղը յայտնէ։ Աքցանով միսը քաշեր ու պայտ գամեր էին ոտքերուն։

Տանտիրուհին յարեց.

Հարեւան տանը մէջ կատարեցին այդ բոլորը. ականջներս կը գոցէի, որպէս զի չի լսեմ. վերջ ի վերջոյ Յարութիւնը սկսաւ հայհոյել իրենց, իրենց կրօնին, որպէս զի սպաննեն զինքը ու խալըսի։ Չսպաննեցին ու շարունակեցին չարչարել։ Ձեռքերնէն փախաւ ան, այն ատեն ետեւէն հրացան արձակեցին։ Մեր տունը քսան հատ ձիաւորներ կային. հրացանի ձայնը լսելնուն պէս կարծեցին, որ դուն էիր, եւ սկսան դողալ. այնքան շուարեցան, որ ոչ հրացաննին կրնային առնել, ոչ կօշիկներնին կը գտնային. «Վա՜յ, այդ կեավուրը մեր տունը քանդեց» կը հառաչէին։ Կէս ժամէն հազիւ պատրաստուեցան, բայց փոխանակ դուրս ելլալու՝ մտան մարագ։

Եղիսաբեթ թռաւ տեղէն եւ անգամ մըն ալ ճակատս համբուրեց։

Շարունակեցին պատմել գիւղին գլխուն եկած պատուհասները։

Գիւղի տանուտէր Նիկոլ քէհեային ատամները քաշեր եւ թեւերը կոտրտեր էին։ 46 մարդ տարեր էին, 20-ը՝ դէպի Հաֆըգ եւ 26-ը՝ դէպի Սեբաստիա։ Նիկոլը ոտքերէն կախեր էին Պողազի կամուրջէն, իսկ մնացած 25 հոգին անզէն ու կապուած տանելէ ետքը՝ Մաթէբէի մօտիկ սպաններ էին չաթալ չէքիճով։ Տղուն մէկը կապերէն ազատելով, յարձակել էր ոստիկաններուն վրայ եւ խածեր էր մէկուն կոկորդը. այդ տղուն մատները, ձեռքերը, ոտները մաս-մաս կտրելով, սպաններ էին: Խուժանը կազմուած էր 140 հոգիէ, որոնք մասամբ կուսակալին ձիաւորներն էին եւ որոնց 60-ը՝ առնաւուտներ։ Սպաններ էին Խառվազէն՝ 25, Տուզասարէն՝ 32 հոգի, որոնց մէջ էր մեր սիրելի Սարգիսը, Կովտունէն՝ 42 հոգի եւ այդպէս բոլոր հայ գիւղերը։

Խտօէն անմիջապէս խնդրեցի, որ նամակ մը տանի քաղաք. գրեցի հետեւեալը.

«Այլեւս անկարելի է մեզի տանիլ այս բոլորը։ Ուղարկեցէք ձեր տրամադրութեան տակ եղած զէնքերը եւ անմիջապէս գործի սկսենք»։

Մատնանշած էի նաեւ տեղի ունեցած դէպքերը, բայց անոնք արդէն իսկ տեղեկութիւն ունէին։

Գիշերը կրկին Ճին Տէրէսի գացինք. ինչպէս ըսի, դժոխքի պէս դժուար էր հոն մնալը, բայց մենք ուրիշ ապաստան չունէինք։ Երկրորդ օրը Խտօն վերադարձաւ եւ իմ նամակիս հետեւեալ պատասխանը բերաւ.

«Առ այժմ խստութիւններու պատճառաւ չի պիտի կրնանք զէնք եւ մարդ ուղարկել։ Կը խնդրենք, որ քանի մը օր եւս անհետանաք, մինչեւ որ յարմար առիթը ներկայանայ. այն ժամանակ թերեւս մենք մեռած կ՚ըլլանք, կտակնիս այս է՝ «Չի խնայէ՛ք ոչ ոքի»։

Կնոջմէս ալ նամակ մը ստացայ, գրած էր այսպէս.

«Սիրելի Շինական, եղբայրներուդ եւ Սարգիսին [vi] մասին բնաւ մի՛ մտածիր. անոնք բոլորովին առողջացած են. ամէն օր հաց կը ղրկեմ անոնց ուրիշներու ձեռքով [vii] ։ Թէեւ սոսկալի չարչարանքներ տուեր են, բայց հիմա լաւ են։ Մեր մասին բոլորովին մի՛ մտածեր. ձագերդ լաւ են: Համբոյրներով քո Սակաւախօս»։

Թուղթը տեղ տեղ արցունքի հետքեր ունէր։

Մեր դրութիւնը այլեւս անտանելի էր. ոչ կռուելու ասպարէզ կար, ոչ ալ պատսպարուելու տեղ։ Ի՞նչ երեսով ժողովուրդէն օգնութիւն պիտի ուզէինք, երբ այդ վիճակին մատնուած էին, եւ մենք ալ անկարող դարձեր էինք զիրենք պաշտպանելու։

Երեկոյին ուշ ատեն Տուզասարցի Գասպարը եկաւ, զիս կանչեց քարայրին բերանը եւ յայտնեց, որ իր պահուած տեղին մօտ հինգ փախստականներ կան, որուն մէկը հայ էր եւ երկուքը չէրքէզ: Ասոնք փախած էին Երզնկայէն եւ հոդ իրենց թագստոցին մէջ խեղդեր էին իրենց փախստական ընկեր հայը։ Անիկա կիսատ ճիչ մը լսեր էր եւ թիւրքերուն հայհոյութիւնները եւ ամէն ինչ հասկցեր էր։ Անմիջապէս ղրկեցի մեր տղոցմէն երկուքը, որոնք թիւրք ոստիկանի զգեստներ ունէին։ Գտեր էին ոճրագործ թիւրքերը եւ չորսն ալ սպաններ էին։

Երեկոյին մեկնեցանք Ճին Տէրէսիէն։ Խորսանացի 16 տարեկան պատանի մը մեզ կ՚առաջնորդէր. ուսումնասիրած էր բոլոր ճամբաները եւ այծեամի պէս կը թռչէր մեր առաջքէն. կը հիանայինք իր ճարպիկութեան վրայ։

Մեր ճամբան երկար էր, բոլորս ալ յոգնեցանք եւ միայն լուսաբացին հասանք Աքքայա։ Մեր առաջնորդը հոդ քոյր ունէր, մտանք անոր մարագը։ Ես երեսս փաթթեցի ու ծածկեցի, որպէսզի չի ճանչցուիմ։ Կէս օրին ոստիկաններ եկան գիւղը. տանտէրը կ՚ուզէր, որ անմիջապէս մեկնինք. բացատրեցինք, թէ ատիկա որքան անպատեհ էր թե՛ մեզ եւ թէ՛ իրեն համար ու մնացինք։

Ոստիկանները եկան, նստեցան մեր ապաստանած տան դրան առաջք։ Կացութիւնը ծանր էր, բայց երիտասարդ հարս մը իր ճարպիկութեամբ փրկեց մեզ։ Եկաւ եւ իբր թէ նեղացաւ գիւղացիներուն, յանդիմանեց եւ ըսաւ.

Ինչո՞ւ այս մարդիկը փողոցը ձգեր էք, ինչո՞ւ հոս նստեցուցեր էք։

Եւ դառնալով ոստիկաններուն, զանոնք իր տունը հրաւիրեց ու տարաւ։ Անմիջապէս դարձաւ եկաւ մեզ մօտ եւ սիրտ տուաւ մեզի։

Հանգիստ մնացէք եւ հոգ մի՛ ընէք. եթէ հարիւրներով թափին այդ յիմարները, կերպով մը կը խաբեմ եւ ճամբու կը դնեմ։

Գնաց տուն եւ ոստիկաններուն ճաշ պատրաստեց, ուրկէ բաժին ղրկեց նաեւ մեզի։

Այդ կինը, գիւղին յայտնի Մինաս քէհեայի հարսը, Տիգրանի կինն էր։ Անիկա իր ճարպիկութեամբը եւ խելքովը շատ փորձանքէ ազատած էր գիւղը։

Երեկոյին, առաջնորդ ունենալով Բաթրին գիւղացի Աւօն եւ իր երկու հէմշէրիները, ճամբայ ելանք դէպի իրենց գիւղը: Աւօն թխադէմ, միջահասակ, ամչկոտ, մօտ 35 տարեկան մարդ մըն էր. շատ քիչ կը խօսէր, անիկա երեք չորս տարի առաջ հովիւ էր չէրքէզներու քով. աւազակներ ուզած էին հօտը տանիլ. Աւօն երեք ժամ կռուելէ ետքը յարձակողներուն հետ՝ սպաննած էր երկուքը եւ միւսները փախած էին։ Դատավարութիւնը կատարուած էր եւ դատապարտուած ցկեանս բանտարկութեան։ Երեք տարիէ ի վեր փախստական էր։ Թէ՛ կառավարութիւնը, թէ՛ սպաննուած աւազակներուն ազգականները եւ թէ՛ նույն իսկ չէրքէզ տէրը զինքը կը հալածէին, կ՚ուզէին կամ ձերբակալել, կամ սպաննել։ Թիւրքերուն համար անհանդուրժելի է, որ հայ մը քաջ ըլլայ եւ ինքզինքը պաշտպանած։ Լսած էի իր մասին, բայց մինչեւ այն ատեն զինքը չէի տեսած։

Լուսաբացին մօտ հասանք իրենց տունը. մեզ ընդունեցին գրկաբաց եւ մեծ ուրախութեամբ։ Պատրաստեր էին ճոխ ընթրիք. իրենց տան մէջ լոգանք առինք եւ իր չորս սիրուն հարսերը մեր զգեստները տարին լուանալու համար։ Այդ տան մէջ մնացինք երկու օր։ Լսեցինք, որ Աւօին ցեղը որդոց որդի քաջ եղած է։ Անկէ ետքը որ գիւղը որ հանդիպեցանք, Աւօի ընտանիքի մասին քաջութեան արարքներ կը պատմէին։ Մենք մտադիր էինք Աւօն հետերնիս տանիլ, բայց անիկա մերժեց, չեմ գիտեր՝ ինչու։

Երեկոյին այդ հիւրընկալ տունէն մեկնեցանք եւ գնացինք խենթ Մկօին տունը։ Շուաքը կեցած էինք, երբ Մկօն մեզ տեսաւ, պատին վրայէն խոշոր քար մը վերցուց եւ ըսաւ.

Ով որ էք, ըսէ՛ք, ապա թէ ոչ՝ կը խփեմ։

Եկուր առաջ որ տեսնես, ըսի։

Յառաջացաւ, յանկարծ տեսաւ ու ճանչցաւ եւ փաթթուեցաւ ինձ, բայց շուարած մնաց. տեղ չունէր մեզ պատսպարելու։ Նախապէս շատ հարուստ եղած էր խեղճը, բայց հիմակ աղքատացած էր։ Իր տուները կը քանդէր եւ անոնց փայտերը ծախելով՝ կ՚ապրէր։

Սյդ գիւղը բոյն դրած էր Մէհրալի անունով յայտնի աւազակապետը, որ նախորդ ռուս-թիւրք պատերազմի ժամանակ աւերելէ ետքը Բաբերդը, Դերճանը, Երզնկայի եւ Անդրէասի դաշտերը՝ եկեր, տեղաւորուեր էր այդ գիւղին մէջ եւ կառավարութեան համաձայնութեամբ գրաւած էր շրջանի գիւղերու հողերը եւ կը ծառայեցներ բնակիչները։ Խեղճ ժողովուրդին արիւնը կը ծծէր, եւ ամբողջ շրջանը կը տքար այս մարդուն բռնապետութեան ներքեւ։ Իր եղբայրը՝ Ալի պէկը նոյնպէս աւազակ էր եւ չի նայած որ կառավարութեան փոստան զարկած ու կողոպտած էր, նոյն այդ կառավարութիւնը համիտիէ  զօրագունդի փաշա ըրած էր զինքը։ Անիկա ամէն տեղ աւազակային խումբեր ունէր. Պարսկաստանի, ռուսական սահմանի եւ Թիւրքիոյ մէջ։ Իր տունը զարդարուած էր թանկարժէք գորգերով եւ ծանրագին առարկաներով։ Թւրքերը գոհ էին, որ այդ տեսակ խանէտէր [viii] մը կար այդ շրջանին մէջ։ Թիւրք մտաւորականները կը քաջալերէին զինքը եւ իր տունը կը յաճախէին թէ տեղացի պաշտօնական բարձրաստիճան անձերը եւ թէ անցորդ թիւրք երեւելիները։

Մկըրը մեզ տեղաւորցուց իր եղբօրը տանը. նախ չափազանց վախցած էր, բայց հետզհետէ ոգեւորուեցաւ եւ վերադարձաւ երգելով. «Երբ քաջ Խանը մտաւ Բասեն [ix] »։

Ուրախ էր, որովհետեւ կառավարութիւնը հայերը խաբելու համար ընդհանուր ներում յայտարարած էր։ Նոր լսեր էր այդ լուրը եւ իր գոհունակութենէն մեզ լաւագոյն սենեակ մը տարաւ։ Եղբօրը կինը Կիւրինցի էր եւ շատ կիրթ ու քաղաքավար անձ մըն էր. ամուսինը սպաննուած էր. մեզ հիւրասիրեց շատ յարգանքով եւ ուրախութեամբ։ Մինչեւ երեկոյ այդտեղ մնալէ ետքը Մկըրին առաջնորդ ընտրեցինք երթալու համար Ս. Տաճար (Թէճէր) լեռը։ Օրն էր 31 Մայիս։

Մկըրին քոյրը կալուածներ ունէր այդ լերան ստորոտը, եւ հոն քանի մը խաներ կային. յոյս ունէինք, որ մեզ հաց կը հայթայթեն։ Երբ լեռը բարձրացանք, լոյսը բացուեցաւ։ Մկըրը ուզեց վար իջնել մեզ հաց բերելու. ես մերժեցի, որովհետեւ տեղին անծանօթ էի եւ շրջակայքը չի քննած՝ չէի ուզեր մարդ հեռացնել մեր խումբէն։

Մեր գտնուած տեղը շատ բարձր էր եւ ամէն կողմը կը տեսնէինք. մեր ընկերներն էին արծիւները, որոնք այդ գագաթին վրայ բոյն դրած էին եւ որոնց թեւաբախումները կը լսէինք երբեմն։ Տեսարանը գեղեցիկ էր. նախանձով կը նայէինք ազատ արծիւներուն վրայ, որոնք թեւ կը բանային, կը սաւառնէին եւ կը հեռանային։ Մենք անօթի էինք եւ գլխաւորապէս կը տանջուէինք ծարաւէն։

Առաջին օրը Մկըրը երեկոյին հաց բերաւ մեր երկու ընկերներուն հետ, բայց երկրորդ օրը իր քոյրը սարսափէն մեկնած էր իր կալուածէն, որովհետեւ այդ կողմերը հայեր սպաննած էին։ Այդտեղ մնացինք քանի մը օր, բայց գրեթէ անընդհատ պարէնի պակասէ կը նեղուէինք։ Ստիպուած՝ ես անձամբ գացի Մաղարան հայ գիւղը. ասիկա պատմական գիւղ մըն է, կը գտնուի Տէլիք Թաշի բերանը։ Այդ կողմերը ձիւնի փոթորիկները այնքան սաստիկ կ՚ըլլան, որ ճամբորդներ կը խեղդուին։ Գիւղացիք ազատարարի դերը կը կատարեն. իրենց այս մարդասիրական գործին համար հին ժամանակներէ ի վեր տուրքերէ զերծ էին, բայց 95-ի կոտորածներէն ետքը այդ առանձնաշնորհումները վերացած էին, ինչպէս նաեւ ամէն կարգի աւազակներ թալլած ու սպաննած էին շարունակ խեղճ գիւղացիները։

Այդ գիւղն էր, որ գացի եւ դիմումիս մէջ յաջողեցայ. խոստացան մեզ ամէն օր պարէն հասցնել, սիրտ տուին մեզի եւ քաջալերած ճամբու դրին մեզ։

Ձեզի տարիներով կը պահենք, կ՚ըսէին. Ս. Տաճար լեռնէն ոչ մէկ փախստական ձեռք անցած է մինչեւ այժմ։

Վերադառնալով մեր ապաստարանը, Մկըրին նամակ մը յանձնեցի, բայց անիկա ետ եկաւ, որովհետեւ ճամբաները բռնուած եւ յարաբերութիւները խզուած էին։

Քիչ ետքը սարի գագաթէն տեսայ, որ 500 հոգիէ աւելի մարդոցմէ կազմուած մեծ կարաւան մը կ՚անցնի. կարծեցի, որ ռուսական սահմանագլխէն եկող թիւրք գաղթականներ են։ Ես լուր ղրկեցի տղոց, որպէսզի ամփոփուինք եւ իմ գտնուած դիրքէս հետեւինք անցուդարձին. բայց անոնք իմացուցին ինձ, թէ այդ գաղթողները մեր գիւղացիներն էին, որ տեղահան ըրած էին եւ կը տանէին։ Վրաս սոսկում եկաւ։ Գացի ընկերներուն մօտ. մութը պատած էր աշխարհը, եւ սարսափով կը խորհրդածէինք։ Տղաքը պատմեցին, թէ ճանչցեր էին մեր գիւղացիները [x] եւ նոյնիսկ կենդանիները։ Յանկարծ ընդհանուր եւ աղիողորմ ճիչ մը արձակուեցաւ կեօչերուն [xi] կողմէն։ Անմիջապէս թռանք ու թաւալագոր իջանք սարէն եւ մինչեւ 100 քայլ հեռաւորութեամբ հասանք ժողովուրդին. աղաղակը դադրած էր, միայն յուզուած ու հատակտոր կը խօսէին. ուզեցինք հասկնալ։ Մելիքը ուղարկեցինք, բայց անհնարին եղաւ լուր մը առնել, որովհետեւ ոստիկանները խստօրէն շղթայած էին ժողովուրդը։ Գազաններու պէս կատղած էինք. յարձակի՞նք, թէ ոչ. ես յարձակման կողմն էի, բայց Եղօն եւ ընկերները հակառակ էին։ Վարդանը եւ Արմենակը իրենց երեխաները տեսեր էին կարաւանին մէջ եւ մտահոգ էին ու անդադար կ՚ըսէին՝ «Եթէ յարձակինք, ամէնքն ալ կը կոտորեն»։

Համակերպեցանք եւ սպասեցինք այդպէս մինչեւ առաւօտ։ Մտատանջ էի, որովհետեւ չէի գիտեր, թէ մեր տնեցիքը այդ ժողովուրդին հետ են, թէ ոչ. ընկերներս տեսեր էին մայրս եւ եղբօրս տղաքը, բայց այդ օրը ինձ չի յայտնեցին։

Լուսաբացին մենք կրկին բարձրացանք լեռը։ Տեղահան եղած ժողովուրդին կարաւանը հեռացաւ։

Նստանք ու խորհեցանք։ Աշունէն ի վեր կառավարութիւնը կ՚ըսէր, որ ժողովուրդը ոտքի կոխան չընելու համար անցնող բանակներուն, մտադրութիւն ունի փոխադրել զայն աւելի խաղաղ տեղեր. կը կարծէինք, թէ այդ նպատակաւ եղած բան մըն էր այս տեղահանութիւնը: Միւս կողմանէ լրտեսներ նշանակած էինք, որ մեզ տեղեկութիւն բերեն. անոնք մինչեւ Տէլիք Թաշ գացեր էին կարաւանին հետ։ Հետեւեալ օրը առաւօտուն իմացայ, որ մայրս այդ կարաւանին հետ էր. սեւ զեստով, առանձին, հպարտ եւ անդրդուելի կը քալէր կարաւանին առաջքէն. ամբողջ ժողովուրդը զինքը կ՚անիծէր. «Քու տղուդ պատճառով եղաւ այս բոլորը, քա՛ր ծնէիր, այդ չար զաւակը չի ծնէիր»։

Կառավարութեան բռնութիւնները եւ ժողովուրդին ատելութիւնը դէպի մեր տունը եւ դէպի ինձ տարօրինակ հոգեկան վիճակ մը առաջ բերաւ իմ մէջս. բարիին ու չարին զգացումը կորսնցուցի. կը զգայի միայն, որ սիրտս կը գալարուէր պայթելու աստիճան։

Երկրորդ օրը այդ անիծեալ ճամբէն անցաւ գիւղի երկրորդ մասը, երրորդ օրը՝ մնացեալ մասը, որուն մէջ էին նաեւ այն վատերը, որոնք կարծեր էին, թէ ուրիշին տունը աւերելով, իրենցը պիտի փրկուի։ Երբ ժողովուրդը կ՚անցնէր Մաղարացիներու առաջքէն, շատերը անիծեր էին զիս ու ըսեր էին.

Օճա՛խը մարի, մեր օճախը քանդեց. մէկ մարդու համար քարուքանդ եղաւ այսքան դարաւոր մեր շէն գիւղը։

Այդ խօսքերուն վրայ ընկերներս տպաւորուեցան. վարա՛նումը եւ կասկածը զիրենք կը տանջէր։

Մեր պատճառով եղաւ այս բոլորը, կ՚ըսէին։

Ես իմ մտքի յստակութիւնը գտած էի եւ ըմբռնած էի, որ ընդհանուր հայկական հալածանքներու ծրագիր մըն էր, որ կը գործադրէին, եւ ոչ թէ առանձնապէս իմ պատճառովս մեր գիւղին տրուած պատիժ մը։

Երանի՜ թէ միայն մեր գիւղը, միայն մեր տունը ըլլար, ըսի. բայց ես կը վախնամ, որ այդ չարիքը ամէն կողմ պիտի տարածուի։

Յունիսի 15-ին Մաղարան տեղահան ըրին. գիշերով գիւղէն սուրհանդակներ եկան եւ ըսին.

Մեզ հրամայուած է առաւօտուն ճամբայ ելնել, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք։

Ի՞նչքան զէնք ունիք, ի՞նչքան մարդ ունիք, կը կամենա՞ք դիմադրել։

Մարդիկը նախապէս ձերբակալուած, զէնքերը գրաւուած էին. գիւղը մնացեր էին միայն պատանիներ, անոնք ալ փախստական վիճակի մէջ։ Մենք 15 հոգի էինք այդ միջոցին, որոնցմէ 2-ը ղրկած էինք տեղեկութիւններ բերելու մեր գիւղին տեղահանութեան պատճառներուն վրայ։ Անորոշ դրութեան մէջ մնացինք եւ չի վստահեցանք վճռական գործի մը դիմելու։

Առաւօտուն կանուխ Մաղարայի կարաւանը ճամբայ ելաւ։ Մենք հեռադիտակով կը դիտէինք. ետ կը բերէին խումբ-խումբ հայեր ոստիկաններով շրջապատուած, եւ կը տանէին դէպի քաղաք. ետքը իմացանք, որ կ՚առաջնորդէին դէպի ձորերը եւ հոն կը սպանէին։

Մաղարացի փախստականները երեկոյին եկան մեզ մօտ. իրենց հետ էր Հայրապետը՝ ճարպիկ, աշխոյժ, եռանդուն տղայ մը. քիչ ետքը եկաւ իր եղբայրը եւ պատմեց, թէ ինչպէս հայրը սպաննած էին այնպիսի մարդիկ, որոնց տասնեակ տարիներէ ի վեր հաց կերցուցած էին։

Գիշերը իջայ դէպի մեծ ճամբան. մարդ մը պառկած էր հոգեվարք վիճակի մէջ. հազիւ թէ խօսեցաւ.

Մաղարացի եմ. զինուոր էի, ծանր հիւանդ ըլլալով, արձակուրդ առի, եկայ։ Հինգ ժամ առաջ մեր գիւղացիները տարեր են։

Չէր կրնար հեկեկալ, բայց արցունքը կը հոսէր երեսն ի վար։ Ուզեցի մեզ մօտ տանիլ զինքը։

Չեմ կրնար գալ, զիս հանգիստ թողուցէք, ըսաւ։

Անունը Առաքել Եարտըմեան էր։ Քիչ մը սպասեցի քովը. կը մտածէի՝ ի՞նչ ընեմ։

Առաքել, ղո՜ւրպան, քեզ հետերնիս պիտի տանինք: Լեզուն բռնուած էր, չի կրցաւ պատասխանել. վերջի պահուն «տղա՜քս, տղա՜քս», կըմկմաց, աչքերը փակեց եւ հոգին աւանդեց։ Շուրջը բոլորուեցանք եւ ամէնքս ալ հեկեկալով՝ լաց եղանք։ Սիրտներս ճնշուած էր եւ ամէն մէկերնիս տէրտով էինք։ Մարդուն մահը առիթ եղաւ, որ մեր սիրտը լեցուած վիշտը փլի, ու լացինք, լացինք հեկեկալով։

Թաղեցինք մեռելը ու հեռացանք լուռ ու մունջ։

Յունիս 20-ին նստած էինք մացառներուն մէջ Թէճէրի հիւսիսային կողմը գտնուող հին ամրոցներու մէջ։ Թնդանօթի թնդիւներ լսեցինք։ Տղաքը ուրախացան, կարծելով, թէ ռուսները մօտեցած են. բայց դիտեցի, որ հարուածներուն պատասխան չի կար։

Այս կռիւի թնդիւն չէ, ըսի, ես կը վախնամ, որ քաղաքին ժողովուրդը կը կոտորեն։ Յետոյ իմացանք, որ Վարշաւայի գրաւումը կը տօնէին:

Այդ միջոցին կ՚անցնէին քաղաքէն տեղահան եղած ժողովուրդին կարաւանները։ Մարդիկ ղրկեցինք, որ կերպով մը հաղորդակցութեան մէջ մտնան անոնց հետ եւ մեզ լուր բերեն. գացին ու վերադարձան ու այդ թշուառ եւ տեղահան եղած ժողովուրդէն մեզ բերին քաջալերական խօսքեր։

Բնաւ հոգ մի՛ ընէք մեզի համար, ըսեր էինք անոնք, սիրտերնիդ ամուր պահեցէ՛ք։ Ամերիկացիները մեզ համար դիմումներ կ՚ընեն, երկու շաբաթէն ետ կը դառնանք։

Չէ կարելի բացատրել, թե ի՜նչպէս կը թալլէին այդ խեղճերը եւ կը չարչարէին։ 10 տարեկանէ վեր գտնուող տղամարդիկը բաժանած էին եւ տարած ուրիշ ուղղութեամբ։ Քարտաշլարի գլուխը սպաննած էին յայտնի վաճառական Պաքալեանը եւ իր որդին՝ 800 ոսկի իրենցմէ կորզելէ ետքը։ Մենք մեր աչքերովը կը տեսնէինք գրեթէ խմբական սպանութիւններ եւ առանձին սարսափելի ոճիրները: Ի՞նչպէս նկարագրեմ այդ բոլորը: Կը բերէին հայ ժողովուրդը եւ կը թափէին անզէն ու անպաշտպան՝ ճամբաներու վրայ։ Դրացի վայրերէ խուժանը կու գար, կը թալլէր զիրենք։ Ժողովրդին ճիչը, աղաղակը, լացը ու հեծեծանքը կը բռնէր արար աշխարհը, եւ մարդ չէր կարող դիմանալ։ Քանի անգամ ապարդիւն կերպով ուզեցի գիտնալ, թէ կինս ու երեխաներս ո՞ր խումբին մէջ են, որպէս զի զիրենք փախցնեմ։

Մեր հոգեկան տանջանքը անտանելի էր. ինքզինքնիս դաւաճաններ կը համարէինք, որովհետեւ անկարող էինք ոեւէ օգնութեան հասնիլ այդ անտէր ժողովուրդին։ Չի կրնալով դիմանալ մեր տեսածներուն, այդ կողմէն հեռացանք երեկոյին. լուսաբացին հասանք Էշէք Սրըթի ըսուած տեղը. հոնկէց ալ կը տեսնէինք տեղահան եղած ժողովուրդը անծայր, անվերջ, որ կը բռնէր ճամբաները։ Բոլոր շրջակայ գիւղերը դատարկուած էին. այս ճամբաներէն խեղճ ժողովուրդը կը ղրկէին դէպի Ղանլար եւ անկէ դէպի ներս։

Մենք մարդ ղրկեցինք գիւղ մը հաց գտնելու համար, բայց մեր ուղարկած հացուորները վերադարձին թալանուած էին քիւրդերէ։ Տղաքը փախն ի փախ եկան մեզ մօտ։ Եղօն կատաղեց եւ հրամայեց, որ երթան անմիջապէս սպաննեն հաց թալլողները։ Մութը վրայ եկած էր, եւ ես արգիլեցի այդպիսի անխոհեմութիւն մը ընել. թողեր էինք, որ ամբողջ ժողովուրդը կոտորեն ու թալլեն, եւ հիմա անիմաստ կ՚երեւար ինձ սպաննել անոնք, որ մեր հացը գողցեր էին։

Առաւօտուն օդը ցուրտ էր եւ մենք կը դողայինք յուզումէ եւ ցուրտէ. այս միջոցին պահակները մեզ իմաց տուին, որ վեց հոգի կու գան դէպի մեր կողմը։ Հեռադիտակով տեսանք, որ չորսը ոստիկաններ են եւ երկուքը՝ քիւրդեր։ Տղաքը, որ թիւրք ժանտարմայի համազգեստներ ունէին, գացին զիրենք զգուշութեամբ շրջապատեցին, բռնեցին իբր փախստական զինուորներ եւ բերին մեզ մօտ։ Այն տղան, որուն ձեռքէն հացը կողոպտեր էին, պահեցի եաբունջիիս ներքեւ։ Զիրենք հարցաքննեցինք, միշտ պահելով մեր կառավարական ժանտարմայի երեւոյթը։

Դուք տեօվլէթի խայիններ [xii]  էք։

Երդում կ՚ընենք, որ մենք գազակ (չենք, պատասխանեցին. մենք եկանք երկու կեավուրները բռնելու, որոնք մեր ձեռքէն փախան:

Հրամայեցի զինաթափ ընել զիրենք եւ կապելէ ետքը մէրքէզ [xiii] տանիլ:

Հարցուցի նաեւ։

Ձեր կողմը տակաւին կեավուրներ մնացի՞ն, թէ բոլորն ալ վտարուեցան։

Բոլո՜րը, բոլո՜րը... Կեավուրը կատղած է. Վան, Մուշ եւ Զէյթուն իսլամ չի թողուցին, մենք ալ պէտք է զիրենք բնաջինջ ընենք։

Անոնք պատմեցին իրենց կատարած սպանութիւնները, խօսեցան փախցուցած հայ կիներու մասին եւ ուրիշ սարսափելի մանրամասնութիւներ։ Այնքա՜ն վախցած էին, որ չէին հասկնար մեր ով ըլլալը։ Քիւրդերուն վրայ տեսայ մեր ընկերներուն դաշոյնը եւ իրենց կողոպտած իրերը։ Անոնք կը շարունակէին պատմել, թէ հայերը մեծ խումբերով կը տանէին եւ ձորերու մէջ կը սպաննէին։ Վերջապէս որոշեցինք իրենց գործը վերջացնել։ Երբ ամէն ինչ հասկցանք, մէջտեղ հանեցինք այն տղաքը, որոնց ձեռքէն հացը կողոպտեր էին։

Ասո՞նք են ձեր փնտռած մարդիկը։

Այո՛։

Ձեր փնտռած կեավուրները մե՛նք ենք, գոռացի. դուք միայն քաջ էք անզէն կիներու եւ մարդոց դիմաց, մեզ հետ կռուեցէ՛ք, եթէ կրնաք։

Երբ իմացան, թէ մենք հայեր ենք, սարսափէ գունատուեցան. իրենցմէ մէկը ըսաւ.

Օլան, պիզի էօլդիւրէճէքլէր [xiv] ։

Տղաքը հեռացուցին զիրենք։ Եղօն շատ վարպետ էր դիակները թաղելու մէջ [xv] ։ Մենք մեզի հետ ունէինք թի եւ բետատ։ Ատոնք պէտք էին դիրք շինելու եւ սպաննուածները թաղելու համար։

Երկրորդ օրը Հայրապետը կրկին ղրկեցինք հաց բերելու համար. մէկ օր ամբողջ խոտ կերած էինք. Հայրապետը վերադարձին իր հետ բերաւ երիտասարդ մը, որ մաուզէրով զինուած էր. անիկա առաջարկեց, որ մեզ մօտ պահենք իր երկու քոյրերը եւ հօրեղբոր աղջիկը, որովհետեւ վախ ունէր, որ քիւրդերը կը տանին զիրենք։ Անիկա բարեկիրթ եւ ուսեալ երիտասարդ մըն էր եւ կը պատկանէր յայտնի, բարեկեցիկ ընտանիքի մը. հայրը եւ հօրեղբայրը սպաննուած էին, մէկ հօրեղբայրը ազատեր էր թրքութիւն ընդունելով, բայց իր աղջիկները առեւանգեր էին։ Իր առաջարկութիւնը ընդունեցինք։

Հայրապետը յաջողեր էր միայն քիչ մը հաց բերել. յոյսերնիս կտրեցինք. Վարդավառի կիրակի օրը խոտ կերանք։ Մեր գտնուած տեղը շատ գեղեցիկ էր. անհամար եւ գոյնզգոյն ծաղիկներ բացուած էին ամէն կողմ, բայց մեր սիրտերը սուգի մէջ էին։ Անդադար կը դիտէինք հեռադիտակով ճամբաները, ուրկէ կ՚անցնէր տեղահան եղած ժողովուրդը փոշիի ամպի մը մէջ։

Մեր բռնելիք ուղղութիւնը որոշելու համար ժողով մը ըրինք։ Ընկերները կ՚առաջարկէին երթալ Տիվրիկ, անկէ Խարբերդ, Մուշ եւ անցնիլ սահմանագլուխը։ Ես հակառակ էի, որովհետեւ թէ՛ հաց չունէինք եւ թէ՛ առաջնորդ. ամբողջ ժողովուրդը տեղահան եղած ըլլալով՝ լերկ եւ ամայի լեռները մնացած էին։ Գիտէինք, որ Վարդան Շահպազը իր խումբով լեռը բարձրացած էր, բայց ոչ մէկ միջոց ունէինք զինքը գտնելու. այսու ամենայնիւ փորձեցինք եւ այդ նպատակաւ քանի մը օր թափառեցանք, բայց անհնարին եղաւ իրենց հետքը գտնել։

Վերջնականապէս որոշեցի Խարբերդի ուղղութեամբ չերթալ, գիտնալով, թէ դէպի կորուստ գացած կ՚ըլլանք։ Եղօն յամառեցաւ եւ համոզեց բոլոր տղաքը. չէ կարելի պատմել, թէ այդ անմիտ յամառութիւնը ի՜նչ դժուարութիւններ կը ստեղծէր. բայց ես գիտէի ընելիքս եւ աւելի զիրենք շոյելու համար խորհուրդ կը հարցնէի. վերջապէս վիճակ ձգեցինք, եւ իմ կարծիքս շահեցաւ։ Ես կ՚ուզէի դէպի ծով երթալ։

Հազիւ թէ ճամբայ ելած էինք, հանդիպեցանք 50-60 սայլաւորներու, որոնք կառավարութեան համար աշար [xvi] տարած էին Զարա եւ կը վերադառնային։ Տեղերնիս յարմար էր, եւ եթէ ուզէինք, ամբողջովին կը կոտորէինք, բայց ես արգիլեցի անօգուտ տեղը սպանութիւն գործել, մանաւանդ որ տակաւին կը կարծէինք, թէ կարող ենք այդպիսով մեր ժողովուրդին խնայել։ Միայն երեք տղայ եւ Ալօն ոստիկաններու հագուստներով գացին եւ հաց ուզեցին։

Եթէ հաց ունենանք, մենք կ՚ուտենք, կ՚ըսէին, բայց միեւնոյն ատեն պարկերով պուլղուր [xvii] կը նետէին մեր կողմը։

Շարունակեցինք մեր ճամբան եւ առաւօտուն հասանք Թէճէր. նոյն տեղը, նոյն դիրքը։ Կիօչերը միշտ շարան-շարան կ՚անցնէին. ճանապարհին վրայ հրացան մը արձակուեցաւ, երկրորդ մըն ալ. մեր պահակները իմաց տուին եղելութիւնը, եւ հեռադիտակները առնելով՝ տեսանք, որ երկու դիակներ ինկած են ճամբուն վրայ։ Երեկոյին լրտեսներ ուղարկեցինք եւ հասկցանք սպաննութեան  պատճառը. մարդը Պինկէօլ գիւղացի մըն էր, որ ճամբուն վրայ կ՚աշխատէր իբրեւ զինուոր. անցնող ժողովուրդին մէջ իր կինը տեսնելով, կ՚երթայ, կը գրկուի, եւ կու լան իրարու կուրծքի վրայ։ Ժանտարմաները կը զարնեն մարդը եւ կինը։ Հետեւեալ օրը ոստիկանները թաղեցին զիրենք։ Այսպէս կային հազարներ, հարիւր հազարներ աստին, անդին զարնուած եւ թաղուած։

Այդ միջոցին ճամբուն վրայ կար 5000 հոգիէ բաղկացած ժողովուրդ մը. զատեր էին այրերը եւ երեխաները եւ, անոնք իրարու կապելով, շղթայ մը կազմած էին. կիօչուորներուն դիմաց նստեցուցած՝ մէկ-մէկ կը զարնէին, եւ ով որ հրացանի գնդակէն ողջ կը մնար, կ՚երթային, քարով գլուխը կը ջախջախէին. ամբողջ ժողովուրդը սոսկումի աղաղակ մը բարձրացուց, իսկ իրենց կարգին մահուան սպասող կապկպուած զոհերը աղիողորմ ճիչեր կ՚արձակէին։ Մենք վազեցինք դարվար՝ խելագարներու նման եւ յանկարծ կանգ առինք. ինքզինքնիս անկարող կը զգայինք ոեւէ շարժում ընելու՝ ոչ թէ որովհետեւ քանի մը հոգի էինք հազարներու դէմ, այլ որովհետեւ կը վախնայինք, որ մէկ հարուածով պատճառ կ՚ըլլանք, որ բնաջինջ ընեն անխնայ կերպով նաեւ կիները եւ ծերերը։

Մութը տակաւին չի տարածուած՝ ճամբայ հանեցին մնացեալ սգաւոր ժողովուրդը եւ մենք գացինք Մաղարա՝ ոճրագործներու բնակավայրը։ Երեկոյին թիւրք ոստիկաններու տարազով ձերբակալեցինք ոճրագործներէն երեքը եւ առաջարկեցինք, որ մեզ բերեն մէկ քանի կեավուր կիներ։

Անթիւ են, ըսին, եւ ի՜նչ կիներ... կան, որ կը խօսին ֆրանսերէն, անգլիերէն...

Պատմեցին իրենց գործած ոճիրները. մանրամասն ըսին, թէ ինչպէս հրացաններ արձակեր էին եւ քարերով ջախջախեր մահամերձներու գլուխները։

Տղաքը չի կրցան համբերել, կ՚ուզէին ողջ-ողջ ուտել զիրենք, բայց ես կ՚ուզէի գիտնալ ամէն ինչ. Արմենակը չի համբերեց եւ հայհոյանքներով ըսաւ.

Տինսիզ թիւրքեր, կեավուրները մենք ենք՝ ահա ձեր դէմը կեցած. մի՞թէ դուք պատիւ, զգացում չունիք, որ այդպէս կարող էք վարուիլ անպաշտպան մարդոց եւ կիներու դէմ։

Թիւրքերը գունատուեցան, լեզունին բռնուեցաւ։ Ըսի.

Տղե՛րք, ասոնք վերցուցէ՛ք։

Կտոր կտոր ընելով, սպաններ էին. դիակները թաղեցինք եւ հեռացանք։

Լուսնկայ գիշեր էր. նորէն բարձրացանք Թէճէր։ Շարունակ, շարունակ տեղահան եղած ժողովուրդին կարաւանը կ՚անցնէր մեր աչքերուն առաջքէն։ Ղրկեցինք կիւրինցի Սարգիսը, որ նոր եկած էր մեզ մօտ եւ իսկական թիւրքի կը նմանէր եւ ինքն ալ թրքախօս էր. գնաց եւ տեղեկութիւն բերաւ ամէն կատարուած բաներու մասին։ Բայց այդ խեղճ ու չարչարուած ժողովուրդը յոյսը կտրած չէր եւ մեզի քաջալերանքի խօսքեր կը ղրկէր: Հարցուցի մեր տանը մասին. կինս օր մը առաջ անցեր էր՝ սայլին վրայ պառկած։ Ոստիկանները հարցուցեր են ժողովուրդին, թէ ո՞րն է Մուրատի կինը. իսկ ժողովուրդը, պահպանելու համար կինս, ըսեր էր, թէ մեր ետեւէն եկողներուն մէջն է։

Այս իմ վերջին տեղեկութիւնս էր կնոջս մասին։

Հեռադիտակով տեսանք, որ մէկը ինկած էր ճամբուն վրայ, կիսամերկ էր եւ երբեմն գլուխը կը բարձրացնէր։ Երեկոյին ղրկեցինք Մաղարացի փախստականներէն երկուքը, որ երթան, տեսնեն եւ, եթէ հայ է, մեզ մօտ բերեն. բայց անոնք շատ չէին մօտեցեր եւ լաւ դիտած չըլլալով, վերադարձան ու ըսին, թէ մեռած է։ Միւս օրը առաւօտուն տեսանք, որ նորէն գլուխը կը բարձրացնէ. մեր մօտը կար փոքրիկ տղայ մը, ան ղրկեցինք. իմացանք, որ դեռատի հարս մըն է, որ պատիւը պաշտպանել ուզելուն զարկեր ու թողեր էին ճամբուն վրայ, եւ երկու օր է, որ մահամերձ վիճակի մէջ անօգնական մնացեր էր։ Օդը սաստիկ տաք էր, ջուր չի կար եւ սոսկալի կերպով տառապեր էր խեղճը։ Անհնար էր զինքը մեզ մօտ փոխադրել այդ վիճակին մէջ. ճամբուն վրայէն կ՚անցնէին հայ սայլապաններ. տղան ղրկեցինք անոնց մօտ, որպէսզի իմաց տայ եւ մահամերձ խեղճ կինը վերցնեն. սայլ մը բերին ու վերցուցին, տարին. երբ սայլապանները ոստիկաններուն իմացուցեր էին կնոջ վիճակը, անոնք պատասխաներ էին.

Թող երթայ սատկի։

——————

 

Մեր ղրկած նախորդ սուրհանդակները ետ չդարձան. քաղաքին հետ մեր կապերը խզուած էին այլեւս. մօտակայ գիւղերէն մէկը, որուն բնակիչները քաջ էին եւ մեզի հաց կը ղրկէին, մեզ ղրկեց նաեւ Ալմաս անունով կին մը, որ յայտնի էր իր ճարպիկութեամբ եւ գեղեցկութեամբ. անիկա յանձն առաւ մեր նամակը տանիլ Ծարուայ գիւղը, ուր Դաշնակցական ընկերներ կային. անոնք բոլորը զարմացած մնացեր էին Ալմասին քաջութեան եւ յանդգնութեան վրայ, որովհետեւ հազար վտանգի մէջէ անցնելով՝ մեր նամակը անվնաս հասցուցեր էր իր տեղը։

Ծարուայ գիւղի ընկերներուն հետ էր օրիորդ Հանումը՝ 18 տարեկան. անիկա փոքրիկ աղջիկն էր Սեբաստիացի յայտնի վաճառական Աւետիս Շահինեանի։ Նախապէս կը ճանչնայի զինքը, սիրուն եւ առողջ կազմուածքով օրիորդ մըն էր, լռակեաց եւ ամչկոտ։ Անիկա քանի անգամներ խնդրեր էր, որ մէր տեղը յայտնեն իրեն, որովհետեւ կ՚ուզէր գալ եւ մեզ միանալ։ Անոր եօթը եղբայրները տարած էին եւ սպաննած, եւ փոքրիկ օրիորդը վրէժով վառուած էր։

Ընկերները կը պատրաստուին մեզ մօտ գալ, գիշերը կը պատահին դէվրիէին [xviii] եւ կը բաժնուին երկու մասի։ Օրիորդ Շահինեանը վեց ընկերներով կ՚ապաստանին Դարպու Պօղազի քարայրին մէջ. կը ծարաւին եւ իրենցմէ երկուքը կ՚երթան ջուր բերելու. այդ միջոցին կառավարութեան ժանտարմաները կը տեսնեն զիրենք ու կռիւը կը սկսի այդ երկուքին հետ։ Օրիորդը մաուզէր ատրճանակը կ՚առնէ եւ տղոցմէն առաջ կը թռի կ՚երթայ կռիւի բռնուած ընկերներուն օգնութեան։ Հանում Շահինեանը, որ մազերը կտրած եւ տղամարդու հագուստներ հագած էր, դիրք կը բռնէ առուին մէջ եւ մինչեւ ծունկերը ջուրին մէջ ընկղմած՝ կը սկսի կրակել։ Կռիւը կը տեւէ երկու ժամ, մինչեւ որ օրիորդը հինգ տեղէ զարնուելով՝ կ՚իյնայ անշնչացած միւս ընկերներուն հետ, որոնցմէ երկուքը Սանասարեանի աշակերտներ էին. երրորդն էր Քրիստոստուր, քաջ եւ գործունեայ Դաշնակցական մը, որ հակառակ թիւրք կառավարութեան սարսափելի ճնշումներուն եւ յառաջ բերած սոսկումին, իր ընկերոջը՝ Արութջանին հետ չէին յանձնած ոչ մէկ զէնք եւ ոչ մէկ փամփուշտ։ Այդ խումբէն կ՚ազատին Խաչատուր Կրտոտեանը՝ Սանասարեանի սան եւ Սեբաստիոյ Կեդրոնական Վարժարանի տեսուչ եւ ուրիշ՝ Սանասարեանի աշակերտ մը։

Ոստիկանները, որ 40 ձիաւորներու խումբ մըն էին, կռուէն ետքը կու գան եւ դիակները կը կողոպտեն. կը գտնեն 200 ոսկի, որուն 100-ը կը գտնեն Հանումին քովէն եւ այդ առթիւ կը հասկնան, որ անիկա աղջիկ էր։ Հանում Շահինեան իր տունէն վերցուցած էր 100 ոսկին, իսկ մնացեալ 100-ը իրենց յանձնած էր Կէօգիւդեան անունով 17 տարեկան պատանի մը, որպէս զի մեր խումբին հասցնեն իր նուէրը։ Այս դէպքը պատահեցաւ Յուլիս 13-ին։

Անջատուած խումբը, Արութջանը եւ ընկերները հասեր էին Թէճէրի հիւսիս-արեւելեան կողմը գտնուած քիւրդ գիւղ մը։ Հազիւ թէ լոյսը բացուած էր, այդ կողմէն լսեցինք հրացանաձգութիւն. հետաքրքրուեցանք. հոն կային քիւրդ փախստականներ եւ կարծեցինք, որ անոնց հետ էր կռիւը: Երկու հայերը փախեր եւ մտեր էին ցախերու թուփերու ներքեւ, ուրկէ կրակեցին, մինչ ոստիկանները չէին համարձակեր մօտենալ. եթէ մենք գիտենայինք, որ հայեր էին, կրնայինք օգնութեան հասնիլ, քանի որ շատ մօտ էինք։ Պայքարը տեւեց ամբողջ օրը, բայց մութը սկսելուն պէս ոստիկանները փախան. այդ միջոցին մենք ալ մեր տեղերը փոխեցինք նախզգուշութեան համար։

Արութջանը մեր ապաստանած անկիւնը չէր գիտեր, միայն գիտէր, որ այդ լեռան վրայ էինք. անիկա կը բարձրանայ եւ մեզ կը փնտռէ. ընկերը կը սկսի յուսահատիլ, երբ վերջապէս կը հանդիպին մեր հաց բերողին. համոզուած ըլլալով, որ այդ բարձունքին վրայ կան միայն հայեր եւ արծիւներ, հայերէն լեզուով կը սկսին խօսիլ։ Արութջանը կ՚ուրախանայ եւ մեզ կը հարցնէ. տղան տեսնելով, որ անոնց զէնքերը նման են մեր զէնքերուն, կը վստահի եւ զիրենք կ՚առաջնորդէ մեր թաքստոցը, ուր այլեւս չի կայինք։ Երկար փնտռելէ ետքը մեզ կը գտնեն։ Լոյսը բացուած էր արդէն, երբ իրարու գիրկ նետուեցանք. մեր ուրախութեան չափ չկար. կարծես թապուր [xix] մը զօրք մեզ օգնութեան հասած էր։

Այս բոլոր անցուդարձերու միջոցին անդադար կը տեսնէինք տեղահան եղած ժողովուրդին անվերջ շարքը ճամբաներուն վրայ։ Անցան Սամսոնի, Մարզուանի, Թոգատի, Կեսարիոյ, Կիրասոնի հայերը. ոչ գրելով, ոչ խօսքով կարելի է նկարագրել խեղճ ժողովուրդին կրած չարչարանքները։

Յուլիս 19-ին եկան Ղազու Մաղարացի եւ այլ հայ փախստականներ եւ մեզ հրաւիրեցին, որ երթանք, իրենց ապաստանած տեղերը աչքէ անցնենք։ Ես անմիջապէս ընդունեցի, բայց Եղօն արգելք եղաւ. երկար խօսելէ ետքը վերջապէս համաձայնեցանք եւ երեկոյին ճամբայ ելանք։ Լուսին գիշեր էր. Բաթրին գիւղէն դէպի քաղաք գացող ճամբուն վրայ հանդիպեցանք հինգ ձիաւորներու։ Երբ զիրենք նկատեցինք հեռուէն, անմիջապէս նստանք, բայց մեր երեք յառաջապահները չի տեսան եւ ձիերը քշեցին անոնց վրայ. յանկարծ թշնամին գոռաց.

Անձնատուր եղէ՛ք։

Բոլորս մէկէն կրակով պատասխանեցինք, երեք հոգի եւ մէկ ձի սպանուեցան. մէկը վիրաւորուեցաւ, իսկ միւսը կը պոռար.

Ձեր վրայ չենք գար, մի կրակէք։

Ասոնք Մէհրալիի չէրքէզներն էին, որ հայ որսալու ելած էին. առինք իրենց հրացանները եւ մեր ճամբան շարունակեցինք։

Երկրորդ օրը հասանք Ղազը Մաղարացի փախստականներու խրճիթները. անոնք մեծ յարգանքով մեզ ընդունեցին. իրենք չէին ուտեր, մեզ կը կերցնէին. խեղճերը այնքա՜ն ուրախ էին, որ կարծես արդէն իսկ ազատուած էին։ Քննութիւնս ընելէ ետքը դիրքերնին անյարմար գտայ եւ բարձրացանք ամուր դիրքերը, դէպի Դէլուկ-Խայա։

Այդ փախստականները պատմեցին, թէ ինչպէս ոստիկանները Ղուրթլու Ղայայէն տաւուլ զուռնայով, հրացանաձգութիւնով տարեր էին իրենց հաւանած հարսներն ու աղջիկները դէպի իրենց միւտիւրլիքը։ Իրենց գործած գազանութիւններուն չափը անցած էր. հազար տեսակ վրէժխնդրական արարաքներ կը մտածէինք յարձակում գործել իրենց վրայ, գիւղը բնաջինջ ընել եւ այլն։

Դեռ արեգակը չէր խոնարհած երկնքին վրայ, երբ տեսայ սպիտակ ձիաւոր մը, որ դաշտերուն մէջ կը պտտէր։ Ես հասկցայ, որ մեր հետքերը կը փնտռէր։ Երկու տղաք ղրկեցինք հասկնալու համար իր դիտաւորութիւնը, բայց անոնք մարդը չի գտան. իմացեր էին միայն, որ քիւրդ յայտնի աւազակապետ պէկերէն մէկն էր. ես փորձուած մարդ եմ, հասկցայ ամէն ինչ։

Վաղը կռիւը կը սկսի, ըսի։

Հետեւեալ առտուն, Յուլիսի 25, ժամը 10-ին մեր պահակը իմացուց, թէ խումբ մը ձիաւորներ կու գան. ես անմիջապէս հեռադիտակը առի եւ մեր դիմացը գտնուող ժայռը վազեցի. տեսայ որ իրաւամբ ձիաւորներ կու գան դիմացէն եւ բացի ասոնցմէ ուրիշներ արդէն իսկ դիրք բռնած են մեր աջ եւ ձախ կողմերը. աջ կողմէն միայն 100 քայլ հեռու էին եւ պոռացին հայհոյելով.

Գարը օղլու [xx] կեավուրներ, անձնատո՛ւր եղէք։

Եւ միեւնոյն ժամանակ բազմաթիւ գնդակներ արձակեցին մեր պահակին վրայ, որ կուչ էր եկած ձորակի մը մէջ. մենք կազմ ու պատրաստ՝ թագնուած էինք Թէճէր [xxi] լեռէն հինգ՝ վեց ժամ հեռու. Տէլիք Ղայա ըսուած տեղն էինք։ Անոնք անդադար կը կրակէին եւ կը պոռային.

Անձնատուր եղէ՛ք։

Որպէս զի աւելի վստահ ըլլան եւ մօտենան, ես տղոցմէ մէկուն՝ Վարդանին յանձնարարեցի, որ ըսէ.

Աղա՛, մենք անձնատուր ենք, ձեր չոլուխին չոճուխին [xxii] խաթերը մեր կեանքին խնայեցէ՛ք:

Հնզըրներ [xxiii], հրացաններնիդ վար դրէք եւ մօտեցէք, պատասխանեցին։

Վարդանը կրկնեց.

Հրացան չունինք. ի սէր Աստուծոյ, մեր կեանքին խնայեցէ՛ք։

Թիւրքերը կը կարծէին, թէ մենք պարզ փախստականներ ենք եւ քանի այդպէս կը ճուայինք ու կ՚աղաղակէինք, այնքան աւելի խրոխտաբար կը խօսէին եւ կրակելով սկսան յառաջանալ։

Այդ միջոցին մենք ձախ կողմէն անոնց ետեւը կտրեցինք. թիւրքերը տակաւին չէին տեսած մեր խումբը, երբ տեսայ, որ ժանտարմա մը մեզ կը նայի. իսկոյն կրակեցի եւ գլտորեցաւ. դեռ ողջ էր, երբոր վրան խուժեցինք.

Ի սէր Աստուծոյ, խնայեցէք ինձ, ըսաւ անիկա, ես ձեզ կեավուր կարծեցի, մինչդեռ չէթա էք եղեր։

Մէկ քանի անգամ հրացանի կոթով զարկին գլխին եւ երբ վերջացաւ, տղաքը անոր հրացանը եւ փամփուշտները առնելով գացին միւսներուն վրայ։ Թիւրքերը կատաղի կերպով կը դիմադրէին. մեր թիկունքն ալ պաշարուած էր, բայց մենք ուզեցինք նախ մաքրել մեր մէջ պաշարուածները եւ յետոյ դառնալ մեր թիկունքին. բայց տեսնելով, որ զոհ պիտի տանք եւ մեր թիկունքի թշնամին լաւ դիրք բռնած է, այն պահուն, որ անոնց ամբողջ ուշադրութիւնը մեր խումբին վրայ կեդրոնացած էր, այդ բանէն օգուտ քաղելով, ես մինակս շուրջը դարձայ աննկատելի կերպով եւ իրենց կռնակը անցայ։ Վեց հոգի էին եւ ձկան նման իրարու կողքին պառկած կը կրակէին։ Մէկիկ-մէկիկ զարնուեցան եւ նոյնիսկ չի գիտցան, թէ գնդակները ուրկէ կու գան։ Այս բոլորը հազիւ տասը վայրկեան տեւեց. մօտեցանք զարնուածներուն, երեքը տակաւին կենդանի էին. մեզ հետ եղող փախստականները ճանչցան զիրենք. ասոնք այն սրիկաներէն էին, որոնք Ղուրթլու Ղայայէն տաւուլ զուռնայով հայ կիներ տարած էին եւ անպատմելի չարիքներ գործած էին։ Տղաքը վրէժի կսկիծով լեցուած՝ հրացանի կոթերով սկսան վերջացնել զիրենք այնպիսի կատաղութեամբ, որ չորս հրացանի կոթեր կոտրեցին։

Ճանապարհին վրայէն եկող ձիաւորները տեսնելով անցուդարձը, սկսան կրակել. պատասխանեցի, եւ երկու հոգի իրենցմէ ինկան հեռաւորութեան մէջ. Մելիքը նոյնպէս զարկեր էր երեք հոգի ձախ թեւի վրայ գտնուողներէն. մնացեալները այլ եւս վախնալով՝ չի մօտեցան, բայց հաւարը երթալով՝ շատցաւ, եւ մօտ 400 հոգի հաւաքուեցան, որոնք լուռ եւ ապշած մտիկ կ՚ընէին եւ միեւնոյն ատեն ինքզինքնին հրացանի սահմանէն հեռու կը պահէին։ Թիւրքերը դադրեցուցին կրակը։

Մեզի հետ եղող փախստականներուն մէջ կար պառաւ կին մը, որ անվախ եւ համարձակ հաց կ՚եփէր. կարծես իր տան մէջ ըլլար խաղաղ ժամանակ. տղոցմէ մէկ քանին կով մորթեցին, կերակուր կը պատրաստէին, կ՚երգէին, կը պարէին։ Վրէժխնդրութեան յագեցումը մեզ կ՚ուրախացնէր. նոյնիսկ տարտամ ժպիտ մը տեսանք պառաւ մայրիկին թոռան դէմքին վրայ, որ փոքրիկ տղայ մըն էր եւ երբէք չէր ժպտեր. մայրիկը տարած էին եւ անիկա ասդին անդին թափառելով ու մայրիկը փնտռելով, եկած՝ մեզի գտած էր։

Թիւրքերը լուռ էին, եւ չէինք գիտեր՝ ինչ դիտաւորութիւն ունէին. կէս օրը անցաւ. սիրտս չի համբերեց. քարի գլուխը ելայ եւ ըսի.

Գացէ՛ք ձեր տուները, լաչակներ առէք եւ կնկան պէս նստեցէք. ձեր տեղը հոս չէ։

Իրենցմէ մէկը զիրենք խրախուսեց։

Մեզի կը վայելէ՞, որ 500 հոգիով բուռ մը մարդոց դէմ չի կարենանք երթալ. յառա՜ջ անցէք։

Այս խրախոյսին վրայ քանի մը քայլ առին եւ իրենց դիրքերէն դուրս ելան, բայց երբ մէկ քանին ինկան, այլեւս առանց ետեւ դառնալու փախան գնացին։ Իրիկնամուտին լեռը դատարկուած էր։ Անոնք իմաց տուեր էին Ուրաշ եւ Սեբաստիա։ Ուրաշցիք վախերնուն ըսեր էին, թէ կռիւը մեր սահմանէն դուրս է եւ մենք չենք գար. իսկ Սեբաստիոյ կուսակալը 100-ի չափ սայլ լեցուն զինուորներ, 7 թնդանօթ եւ միթրայեօզ կը ղրկէ մեզ դէմ կռուելու։ Մեր մասին առասպելական բաներ կը պատմէին եւ սարսափէ անկարողութեան մատնուած էին. կը պատմէին, թէ 700 զինուած մարդիկ էինք, մինչդեռ 9 զինուած մարդ կար մեր մէջ։

Ճամբայ ելլելէ առաջ մեզ հետ եղող 40-ի չափ փախստականները առաջնորդով մը ղրկել ուզեցի Բաթրին գիւղի թագստոցները։ Ես կ՚ուզէի երթալ Գարտաշլար լեռը, ուրկէ՝ գիտէի թէ զինուորներ պիտի անցնին. դիտաւորութիւնս էր կտրել անոնց ճամբան, քանի մը հոգի ալ անոնցմէ սպանել, որպէս զի սարսափը մեծնայ, բայց ժողովուրդը թախանձեց եւ չուզեց մեզմէ բաժանուիլ։



[i] Մուրատի կեղծ անունը։

[ii] Մուրատի կնոջ կեղծ անունը։

[iii] Աւազակ:

[iv] Հոշտ շունը վռնդելու բացականչութիւն է։

[v] Սեբաստիոյ կուսակալը:

[vi] Մուրատին եղբօրը տղան։

[vii] Բանտն էին։

[viii] Մեծատուն։

[ix] Խան (Բարսեղ Թիրաքեան, 1863֊1903), ֆետայի։

[x] Կովտուն գիւղը:

[xi] Սայլերով ճամփորդող ժողովուրդ:

[xii] Պետութեան թշնամիներ։

[xiii] Պաշտօնատեղի, ժանտարմաներու, ոստիկաններու պահականոց (պահակնոց Բոսթ.

[xiv] Տղայ, մեզ պիտի սպաննեն։

[xv] Անհրաժեշտ էր թաղել եւ լաւ թաղել՝ իրենց հետքը կորսնցնել տալու համար։

[xvi] Տուրք։

[xvii] Ձաւար։

[xviii] Պատրուլ։

[xix] Գունդ:

[xx] Կնկան որդի:

[xxi] Թեճէրի լեռն։

[xxii] Զաւակներուն։

[xxiii] Հնզըր (խնզըր) խոզ։