Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Մեր հիւանդները վատ վիճակի մէջ էին. էշ մը եւ ձի մը գնելով, զանոնք հեծցուցինք եւ երեկոյեան ճամբայ ելանք. հասանք Լ... յոյն գիւղը: Այդ գիւղը մեծ հալածանքի ենթարկուած էր, որովհետեւ շրջակայ աւերակ գիւղերու հայ փախստականները յաճախ յոյներու օգնութեան կը դիմէին։ 22 տարեկան գեղեցիկ հարս մը մեզ ընդունեց անվախ կերպով եւ մեծ յարգանքով։ Երիտասարդ գիւղացիները հետզհետէ եկան մեզ մօտ, հաւաքուեցան մեր շուրջը, եւ իրենցմէ մէկը զիս ճանչցաւ. այն ատեն հարցուցի շրջակայքը գտնուող հայ փախստականներու մասին. առասպելական բաներ կը պատմէին. հակառակ որ կառավարութիւնը մեծ ճնշում կը բանեցնէ ոստիկաններուն վրայ եւ անհամբերութեամբ կ՚ուզէ հետապնդել հայերը, ոստիկանները նոյնիսկ 60-ական հոգինոց խումբերով չեն համարձակիր անտառները մտնալ. հայերու յուսահատական դիմադրութեան լուրերը այնպիսի սարսափ ներշնչած էր իրենց, որ ոեւէ լուրջ գործողութեան չէին դիմեր, կ՚ըսէին, թէ փախստականներուն թիւը 300-ի կը հասնի, բայց ես համոզուած էի, որ քիչերը զէնք ունէին։ Կը պատմէին Կարապետ անունով մարդու մը մասին, որ իր կնոջը եւ երեխաներուն հետ անտառը ապաստանած էր եւ մենակ կը կռուէր թշնամիին դէմ։ Ուզեցի յարաբերութեան մէջ մտնել փախստականներուն հետ եւ միջնորդներ ղրկեցի, բայց դժուար էր զիրենք գտնել, որովհետեւ իրենց թագստոցները չէին յայտնած յոյներուն։

Գիւղէն մեկնեցանք եւ գիշերը գետին ափը հանդիպեցանք 25-30 յոյն փախստականներու, որոնք նախապէս թիւրք կարծեցինք ու զիրենք պաշարեցինք. անոնցմէ ոմանք վիրաւորուած էին. երբ իմացանք յոյն ըլլալնին, իրենց ուղեկցեցանք բաւական տեղ, բայց մեզ հետ գտնուող Պաֆրացին անոնց շարքերուն մէջ ճանչցաւ յոյն լրտեսներ։ Որպէսզի մեզ վերջապէս չի ճանչնան, դրամ եւ այլ նպաստներ տուինք իրենց եւ բաժնուեցանք։

Լուսաբացին, սեպտեմբեր 17-ին, հասանք յոյն գիւղ մը. Վասիլը գնաց, խօսեցաւ Մ... անուն յոյնի մը հետ, որ վազէ վազ եկաւ եւ զիս, Եղօն ու Վասիլը տարաւ իր տունը. իսկ միւս տղաքը տեղաւորեց այգեստանը։ Մեզ ընդունեց մեծ հիւրասիրութեամբ եւ տնեցիներուն հարկ եղած պատուէրները տալէ ետքը՝ ինքը չի նստաւ եւ գնաց Հիրեք։ Կարծեցի, որ վախէն մեկնեցաւ եւ ալ չի պիտի վերադառնալ, բայց անիկա երեկոյին ժամը 2-ին հասաւ երկու ուրիշ ձիաւորներով։ Անոնցմէ մէկը Եւրոպա գացած, խելացի մարդ մըն էր։ Անիկա պատմեց թիւրք կառավարութեան վերաբերմունքը, հաղորդեց իր առած տեղեկութիւները։ Մենք խօսեցանք մեր դիտաւորութիւներուն վրայ եւ մեր ծրագիրը պարզեցինք։

Անշուշտ դուք կ՚ուզէք դէպի Ռուսաստան երթալ, ըսաւ, բայց ջանացէք նաւը կռիւով չի վերցնել, որպէսզի շրջակայ յոյները չի վնասուին։

Խօսեցանք նաեւ քաղաքականութեան մասին, ու ինքը պատմեց, թէ ինչպէս հայերը հրդեհած էին Ամասիան։ Իր յարգալիր շեշտը հայերու կրած չարչարանքներու եւ յաճախ իրենց ցոյց տուած արիութեան մասին խոր տպաւորութիւն թողուց իմ վրաս. զգացի, որ ճշմարտապէս ցաւակից են մեզ, եւ ասիկա տեսակ մը քաջալերութիւն եւ մխիթարութին էր մեզ համար։

Այդ տեղէն մեկնեցանք ծերունիի մը առաջնորդութեամբ, որ հիւանդներուն պատճառաւ վարձեցինք, որպէսզի առանց մոլորուելու տեղ հասնինք։ Ծերունիին աչքերը լաւ չէին տեսներ ու ճամբան կորցնել տուաւ. ձորերու մէջ ինկանք, ժայռերէ գլտորեցանք եւ հազար ու մէկ նեղութիւններու մատնուեցանք։ Երբ լուսացաւ, տեսանք, որ մեր երթալիք ճամբէն տակաւին շատ հեռու ենք։ Թիւրք գիւղերէն դուրս ելած էին հոտաղները եւ հովիւները ու մեզ կը տեսնէին. թէեւ անոնք ամէնքը միացած մեզի դէմ ոչինչ կրնային ընել, բայց մենք կը վախնայինք, որ կը ճանչնան մեր ով ըլլալը եւ կ՚իմանան, թէ դէպի ո՞ր ուղղութիւն կը յառաջանանք, անոնք առհասարակ այնպէս սարսափած էին, որ ոչ ոք կը համարձակէր ձայն հանել։ Հասանք գիւղ մը, որ առաջնորդը ըսաւ.

Կարծեմ հոս պէտք է կենանք։

Դարձեալ սխալած էր, եւ թիւրք գիւղ մը մտած էինք. առաջ անցանք եւ ձախ կողմը ուրիշ գիւղ մը տեսանք. խումբը թողուցինք հոն, մօտիկ անտառի մը մէջ, եւ ես ու Վասիլը յառաջացանք. ճամբան հանդիպեցանք մօտ 16 տարեկան ոտաբոբիկ աղջկան մը, որ էշ մը կը քշէր. մօտեցանք եւ հարցուցինք.

Անունդ ի՞նչ է։

Մարիա։

Հասկցանք, որ յոյն է, եւ Վասիլը խօսեցաւ աղջկան հետ. բայց անիկա յունախօս չէր, թէեւ հասկցաւ, թէ յունարէն կը խօսէինք եւ մեզ ցոյց տուաւ մեր փնտռած գիւղը, ուր գացինք անմիջապէս։

Գիւղը փայտաշէն էր. կը գտնուէր երեք բլուրի վրայ եւ անտառուտ ըլլալուն ապահով էր. յոյն գիւղացիք մեզ ակամայ ընդունեցին, կարծելով, թէ թիւրք ենք։ Անոնց առաջարկեցինք, որ մեզ առաջնորդ մը տան. երիտասարդ մը մօտեցաւ մեզ, հասկցաւ թէ քրիստոնեայ ենք եւ ըսաւ.

Հարկ չի կայ շտապելու, ձեզ կրնամ ամիսներով պահել առանց մարդու գիտցնելու. միայն մէկ խնդիրք ունիմ. պէտք է սպաննէք գիւղին տանուտէրը, որ լրտես է եւ բոլոր քրիստոնեայ փախստականները կառավարութեան կը յանձնէ։

Խոստացաւ նաեւ մեզ 30 ոսկի տալ։ Ըսինք, որ եթէ հաստատենք, որ ճշմարտապէս տանուտէրը լրտես է, մենք կը մաքրենք, դրամ ալ չենք ընդուներ։ Նոյնպէս յայտնեցինք, թէ երկու հոգի չենք, այլ 17։ Գիւղը աղքատ էր եւ չէին կրնար այդքան հոգի կերակրել:

Երեկոյին մեզ առաջնորդեցին գիւղի մօտի գոմը։ Սաստիկ կ՚անձրեւէր եւ մենք կ՚անցնէինք պոստաններէ, գրեթէ ցեխերու մէջ թաւալելով: Թրիանտաֆիլը ճարպիկ էր. անմիջապէս գնաց շրջակայքը հետախուզելու եւ մօտակայ պոստաններէն բանջարեղէն եւ այլն բերելով, կերակուր պատրաստեցինք։ Միեւնոյն ժամանակ մեր առաջնորդը եւ Ղարաօղլանը ղրկեցինք տանուտէրին թաղը, որպէսզի մեզի հաց եւ այլն պատուիրեն։ Ղարա օղլանը բաւականին հաց ճարած, ուրախ դէմքով վերադարձաւ եւ ինձ ըսաւ.

Աղա՛, քեզ կ՚ուզեն։

Վասիլին հետ գացինք գիւղին սահմանին վրայ գտնուող տուն մը, ուրկէ 70 տարեկանը անց պառաւ մը դուրս գալով հրաւիրեց մեզ իր բնակարանը։ Անիկա շատ փախստականներ կերակրած էր եւ կը շարունակէր կերակրել, թէեւ աղքատ էր. եգիպտացորենի արտերու մէջ կ՚աշխատէր եւ իբր օրավարձ եգիպտացորեն կը ստանար։ Իր ամուսինը եղած էր քաջ աւազակ մը, որ ուրիշ աւազակի մը հետ կնոջ մը մասին վէճ ունենալով, սպաննուած էր։ Իր որդին, հօրը օրինակին հետեւելով, թողուցած, գացած էր, այնպէս որ պառաւը մենակ մնացած էր. իր անունն էր Սիւրմէլի Գըզը Մարիա. կը վախնար մահէ եւ կ՚ուզէր, որ զինքը տակաւին գեղեցիկ եւ երիտասարդ համարեն։ Իր անձնուրացութիւնը ամէն կարգի փախստականներու նկատմամբ տարօրինակ էր. կարծես օրէնքի դէմ գտնուող ամէն մէկ անձի մէջ իր ամուսնոյն մէկ կերպարանքը կը տեսնէր։

Պառաւը սկսաւ խօսիլ անցուդարձերուն մասին եւ անէծքը թափել կղերին դէմ, որ ժողովուրդի այս սոսկալի օրերուն իր պարտականութեան գիտակցութիւնը չունէր (իրենց գեղին քահանան մասնաւորապէս անարժան մարդ էր): Այդ միջոցին ներս մտաւ 20-25 տարեկան հարս մը, աշխուժով եւ ուրախ դէմքով մեզ իր տունը հրաւիրեց։ Ես չուզեցի պառաւին քովէն հեռանալ, այնպէս որ Վասիլը մինակ հետեւեցաւ հարսին։ Հանկարծ Վասիլին կեցած տանը առաջ եկաւ ձիաւոր մը, որ գեղին աղան էր՝ թիւրք պէյերէն մէկը. Վասիլը տան ետեւի պատուհանէն թռաւ, եկաւ ինձ մօտ, իսկ պէյը մնաց այդ տունը, ուր ոչ մէկ տղամարդ կար. մենք գիշերը անցուցինք պառաւին խրճիթը, իսկ տղաքը մնացին անտառի մէջ գտնուող գոմը: Անձրեւը կը տեղար 24 ժամէ ի վեր։ Միւս առաւօտ, երբ թիւրք պէյը մեկնեցաւ, հարսը եկաւ, մեզ հրաւիրեց իր տունը։ Ամէն ինչ պատրաստ էր մեզ լաւ ընդունելու համար. անիկա ճարպիկ էր, աշխոյժ եւ դիւրաշարժ. պառաւն ալ մեզ ընկերացաւ. անձրեւը միշտ կը շարունակէր տեղալ. ամփոփուեցանք տան մէջ, ուր եկան նաեւ գիւղացի երիտասարդներ. ասոնք կը բողոքէին քահանային եւ նրա եղբօրը՝ քէհեային դէմ, թէ ինչպէս թոյլ տուին, որ յոյն աղջիկներ եւ հարսեր տարուին ոստիկաններու կողմէ, որոնք այդ կիները պահեր էին մէրքէզը, իրենց քէյֆին համար։

Երեկոյին ժամը 12-ին մեր բոլոր տղաքը հաւաքաբար ղրկեցինք քահանային տունը սպառնալիքի ձեւով. քահանան անմիջապէս եկաւ, մեր ոտքերը ինկաւ, մինչ իրեն կը յիշեցնէինք իր քրիստոնէական եւ մարդկային պարտաւորութիւնները։ Անձրեւին պատճառաւ հետեւեալ օրն ալ մնացինք, եւ այդ միջոցին եկաւ քահանային եղբայրը՝ գիւղին տանուտէրը. հարցաքննեցինք զինքը իրեն վերագրուած յանցանքներու մասին. մեղմացուցիչ պարագաներ կային, թէեւ անպիտան մարդ մըն էր, բայց սպաննելու արժանի չէր. զինքը խիստ կերպով կշտամբելէ ետքը ճամբեցինք։

Մեկնելէ առաջ զիս դուրս կանչեցին, եւ յոյն կին մը ըսաւ, թէ իր ամուսնոյն հետ երկու հայեր կան, կ՚ուզեն զիս տեսնել։ Անմիջապէս մեկնեցայ, գացի մօտակայ անտառը, ուր կեցեր էին երեքը միասին։ Երկու հայերը զինուած էին գրեթէ անգործածելի զէնքերով. հագուստերնին պատառոտուած, դէմքերնին կնճռոտ, անոնք չափազանց տխուր էին. մէկը յաղթանդամ էր, շէկ, կապոյտ աչքերով, միւսը՝ միջահասակ, թխադէմ, սուր նայուածքով։ Հարցուցի, թէ ո՞ւր տեղացի են. ըսին, որ Հիրեքի շրջանէն են։ Կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքները եւ ընկերները. առաջարկեցինք, որ մեզի ընկերանան. ուրախութեամբ ընդունեցին։ Այդ տեսակ ժամանակները ազգակցական կապերը քաղցր են. ամէն վայրկեան կը սպասէինք, որ ցախի մը ներքեւէն, քարի մը տակէն հայ մը ելլէր, իրարու տէրտ պատմէինք։ Այդ երկու հայերուն հետ գիւղ վերադարձանք, ուրկէ ամբողջ խմբով ճամբայ ելանք, իբր առաջնորդ ունենալով այն մարդիկը, որ քահանան գտած էր մեզ համար։