Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Մեզմէ կէս ժամ հեռու թիւրքի մը սրճարանը կար. ծրագրեցինք հոնկէ ալիւր վերցնել։ Բոլորս մէկ՝ գիւղէն դուրս եկանք, տղաքը ղրկեցինք սրճարան. ես անձամբ համամիտ չէի այդ քայլին, բայց ընդհանուրին տրամադրութեան համակերպեցայ։ Տղաքը շալակեցին երկու պարկ ալիւր, անկողին մը, երկու նաւթի թիթեղ եւ բերին նշանակուած տեղը։ Անոնք չէին սպաննած սրճարանապետ թիւրքը, որ իրենց հեռանալէն անմիջապէս ետքը կը պոռար անդադար.

Կեավուրները սրճարանը կոխեցին, մեզ թալլեցին, կու գան նաւակը գրաւելու, հասէ՛ք, ժանտարմաներ, ո՞ւր էք...

Դաշտը լիքն էր հովիւներով, սայլապաններով, ճամբորդներով։ Շշմած ու սարսափած՝ կեցած էին ու կը դիտէին. լուսին կար, ու անոնք մեր բոլոր շարժումները կը տեսնէին, բայց ոչ ոք ձայն կը հանէր. բարեբաղդաբար վայրը անտառուտ էր, եւ այդպիսով մեր թիկունքը ապահով։ Մինչեւ այդ ժամանակ երկու ընկերներ թեւերէս բռնած՝ քարշ կու տային զիս. մտածեցի, որ վայրկեանի մը վարանումը կրնայ անյաջողութեան մատնել մեր ամբողջ ձեռնարկը. վախս այն էր, որ նաւակը ջուրը կը մղեն։ Զիս բռնողներուն ձեռքէն թռայ, հրացանս առի, վազեցի ու գոչեցի.

Տղե՛րք, եկէ՛ք ետեւէս։

Հինգ հոգիով հասանք ծովափը։ Նաւը մեզմէ 40 քայլ հեռու էր. մտանք նաւուն եւ պահակատեղիին մէջտեղը, որպէսզի մէկ եւ միւս կողմէն ձայն բարձրացնողը լռեցնենք։ Տղաքը հասան հետզհետէ։ Նախապէս որոշած էինք չորս մասի բաժնուիլ. ա. մասը նաւը պիտի պաշարէր, բ. մասը՝ պահակատեղին, գ. մասը՝ դրսէն եկող թշնամին եւ դ. մասը պիտի տեղաւորէր պարէնը եւ ջրի պաշարը։ Պէտք էր, որ վայրկենական ճշտութեամբ ամէն մասը իր գործը կատարէր. կարգադրութիւնը եւ գործունէութիւնը կանոնաւոր եղաւ։

Սրճարանապետ թիւրքին աղմուկէն տակաւին նաւավարները չէին արթնցած, երբ նաւու մարտիկներէն 6 հոգի բռնեցինք, հետզհետէ բոլորն ալ կապեցինք. անոնք մեզ թիւրք չէթաներ կը կարծէին ու սարսափած մնացած էին։

Դուք փախստականներ կը փոխադրէք, կ՚ըսէինք, ձեզ Սամսոն պիտի տանինք։

Կը խնդրէին, կը բողոքէին, կը պնդէին, թէ իրենք յանցաւոր չեն։

Պահակատեղիին պահակները արթնցած էին, բայց չէին շարժեր. միւս կողմանէ սայլապանները, ճամբորդները՝ ընդամէնը 200 հոգի, կայնած կը դիտէին, բայց ոչ ոք ձայն կը հանէր։ Կարծես ամէնքը մոգական ազդեցութեան մը ներքեւ քարացած՝ մնացած էին. կամ այն է, որ մեր յանդգնութենէն շփոթած՝ իրաւամբ թիւրք կը կարծէին մեզ։

Մեզ հետ եղող յոյն նաւավարներուն ըսինք, որ նաւը դէպի ջուրը քշեն. անոնք հրեցին նաւը, բայց քիթը գնաց, խրեցաւ աւազին մէջ. մէկ ու կէս ժամ աշխատեցանք, հնար չեղաւ նաւը ջուրը քշել։ Այդ յետաձգումներէն վհատած՝ Իսթիլ եւ Վասիլ առաջարկեցին, որ կրկին լեռ բարձրանանք. վտանգը ակներեւ էր, բայց ես պինդ մնացի իմ որոշումիս մէջ։ Եղօն կը հսկէր ձերբակալուած նաւավարներուն վրայ, բայց ստիպուեցանք իրենց թեւերը քակել ու ստիպեցինք, որ իրենք նաւը դէպի ջուրը մղեն։ Նաւի մէջի բոլոր ալիւրը պարպեցինք, կէս ժամ աշխատելէ ետքը հազիւ յաջողեցանք նաւը դէպի ծով հանել. մեր աղմուկը աշխարհ բռնած էր, ոչ մէկ զգուշութիւն այլեւս չէինք ըներ ու կը գործէինք, կը խօսէինք առանց թշնամին նկատի ունենալու։ Նաւը դրինք 5 պարկ ալիւր թէ սնունդի համար եւ թէ զանոնք ծառայեցնելու իբրեւ պատնէշ ու ետեւը դիրք բռնելու։ Ծովը ալեկոծ էր, եւ նաւը դէպի ետ կը մղուէր, իսկ մենք ամէնքս թրջուած էինք մինչեւ մեր կուրծքը։ Նաւը մտնելէ առաջ Իսթիլը ինձ մէկ կողմ կանչեց եւ ըսաւ, թէ ինքը չուզեր մեզ ընկերանալ եւ մէկ երկու ընկեր ուզեց։ Իրեն ընկեր տուինք Հաճին եւ Կիրակին, 5 ոսկի դրամ եւ մեր բոլոր աւելորդ հրացանները։ Իսթիլը հրաժեշտ առաւ մեզմէ եւ մեկնեցաւ. մենք տակաւին քիչ մը սպասեցինք անոր մեկնումին հսկելու համար եւ յետոյ եկանք, նստանք նաւ։ Գիշերուան ժամը 7-ն էր, երբ ծովափ հասեր էինք. մեկնեցանք ժամը 9-ին։

Նաւուն երկարութիւնն էր 12 արշին, իսկ լայնութիւնը՝ 3 արշին. ունէր մէկ առագաստ։ Այդ նաւուն է, որ ապաստանած էինք, յանձնելով այլեւս մեր կեանքը եւ ազատութիւնը դիպուածին քմահաճոյքներուն։

Նաւուն մէջ էինք 13 հայ, 9 յոյն եւ 4 թիւրք, որոնք նաւուն մարդիկն էին. 2 թիւրքեր սպաննուեցան ծովափին վրայ։ Հայ ընկերներու անուններն էին, բացի ինծմէ՝ Եղօ, Նշան Մուրադեան, Արմենակ Միքայէլեան, Ոսկեհան Միքայէլեան, Վարդան Սրապեան, Նշան Փիլաւեան, Մելիք Ասարեան, Արութճան Բէհլիվանեան, Նշան Փանոսեան եւ եղբայրը, Յովնան եւ Թորոս Գարաօղլան։

Մեր նաւավարներն էին յոյները եւ նաեւ թիւրքերը. այս վերջինները կը կարծէին, թէ իբր փախստական կամ մաքսանենգ բռնուած են չէթաներու կողմէ։ Հազիւ թէ 200 մեթր հեռացած էինք, Վասիլը ոգեւորուած սկսաւ հրացան արձակել. ես նեղացայ եւ լռեցուցի։ Վասիլը եւ տղաքը կը պոռային.

Ալլահա սըմարլադըք, Թիւրքիա, պիզ կետիյօրըգ (Աստուծոյ կը յանձնարարենք, Թիւրքիա՛, մենք կ՚երթանք կոր)։

Տղաքներուն պատուիրած էի, որ նաւուն յատակը բռնեն, որպէսզի թիւրքերը նաւը չի ծակեն եւ շարունակ ուշադրութիւն դարձնեն թիւրք նաւավարներու վրայ։ Նաւուն ղեկավարութիւնը յոյներուն ձեռքն էր. կէս օրը անցաւ, դեռ Սամսոնի առաջ չէինք հասած. ճիշդ  է, որ քամին նպաստաւոր չէր, բայց նաւավարներուն անվարժութիւնը ալ դեր մը ունէր մեր դանդաղութեան մէջ։ Ծովին ալեկոծութիւնը աննպաստ էր նաեւ այն պատճառով, որ բացի ինծմէ, Պետրէէն ու Կարապետէն, ամէնքն ալ ծովէ բռնուած էին, ինչպէս նաեւ յոյն նաւավարները. վախս այն էր, որ վերջապէս մենք ալ կը բռնուինք ու անկարող կը դառնանք մեր աչալուրջ հսկողութիւնը կատարելու։ Այդ միջոցին նաւին տէրը, Ալի Ռէիզը եկաւ, ինձ մօտեցաւ. ասիկա կարճահասակ եւ վտիտ, պեխերը երկար, ունքերը թաւ, որոնց ներքեւէն իր նայուածքը միշտ գետին կը նայէր, 60 տարեկանի մօտ մարդ մըն էր։ Զրահաւորի նախկին հարիւրապետ էր եւ 7 տարի վարած էր այդ պաշտօնը։

Ո՞ւր կ՚ուզէք երթալ, ըսաւ ինձ. սիրտս կը նեղանայ, այդ յոյներուն անճարութինը, տեսնելով։ Հրամայեցէ՛ք, ուր որ ուզէք երթալ, ձեզ կը տանիմ։

Ալի Ռէիզին պատասխանեցի.

Մենք չէթաներ ենք, Տրապիզոն պիտի երթանք Խոփայի սահմանի կռիվներուն մասնակցելու համար։

Նա գլուխը հակեց. յայտնի է, որ չէր հաւատար. յետոյ ըսաւ.

Շատ լաւ։

Քիչ մը յառաջացած էինք, երբ Թրիանտաֆիլ, ծովէ բռնուած եւ ինքզինքը կորսնցուցած, «Բանայամու, Բանայամու» [1] կը գոչէր։ Վերջապէս թիւրքերը հասկցան, որ մենք իսլամ չենք։ Ալի Ռէիզը կրկին դիմեց ինձ.

Հրաման ըրէ՛ք, ըսաւ, նաւը ես ձեռք առնեմ. մէկ ժամու ճամբան 5 ժամէն կ՚երթանք. նաւավարները անկարող են։ Մենք հասկցանք, աւելցուց գլուխը շարժելով, ձեր ինչ տեսակ մարդ ըլլալը, միայն կը խնդրեմ ձեզմէ, որ մեզ շատ հեռուն չի տանիք, մենք ձեզի Կիրասոն ցամաքը կը հանենք։

Ռէիզին առաջարկութիւնը մերժեցի։

Դուն ծերացած ես, հանգիստ մնացիր, ըսի. թո՛ղ անոնք աշխատեն. հոգ չէ, թող կամաց-կամաց երթանք։

Քանի որ ամէն ինչ յայտնուեցաւ, սկսեցինք իրենցմով հետաքրքրուիլ եւ հայերու մասին հարցնել։ Ալի Ռէիզին մեծ տղան, որ ճարպիկ եւ սատանի աչքերով երիտասարդ մըն էր եւ որ մեզ ամէնքս յոյն կը կարծէր, անխոհեմութեամբ յայտնեց իր բոլոր միտքերը։

Հայերը ռուսական սահմանագլխին վրայ բռնաբարեցին, թալլեցին, սպաննեցին. տակաւին քիչ է, ինչ որ թիւրքերը ըրած են իրենց։

Դեռ մութ չէր, ես յոգնած էի, պառկեցայ եւ տղոցը պատուիրեցի, որ հսկեն, որպէսզի նաւը ափին չի մօտիկնայ։ Գիշերուան մէջ, երբ Սամսոնի հրուանդանին մօտեցեր էինք, Ռէիզին տղան ծովը նետուեր էր, անշուշտ երթալ իմացնելու համար իշխանութեանց: Զիս արթնցուցին. լուսնկայ գիշեր էր եւ ծովուն ալիքներուն մէջ կը տեսնէինք փախստականը, որ շտապով կը լողար դէպի ցամաք։ Հրացաններ արձակեցինք իր վրայ ու անիկա անհետացաւ ջուրերուն մէջ։ Այն ատեն Ալի Ռէիզին ըսի.

Ղեկը ձեռքդ ա՛ռ, բայց զգուշացի՛ր. ափէն հեռու պէտք է որ նաւարկենք։

Ես իր կողքին նստած՝ կը հսկէի։ Անիկա կը գալարուէր սրտի ցաւէն եւ անդադար կ՚ողբար.

Տղաս սպաննուեցաւ... վա՜յ... վա՜յ...

Կը պատահի, ի՞նչ ընենք, կ՚ըսէի իրեն։

Նաւը ճամբան կը շարունակէր, բայց քամին կտրեցաւ. տղոցը հրամայեցի թիավարել. անոնք փոխն ի փոխ 3 զոյգ կը թիավարէին:

Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ հետեւեալ առաւօտ։ Քամին տկար էր, թիավարները անփորձ. այնպէս որ հազիւ թէ լուսաբացին հասանք Կիրասոնի մօտ։ Ալի Ռէիզը առաջարկեց երթալ դէպի ցամաք, դուրս գալ Կիրասոնի մօտ գտնուող պզտիկ կղզեակ մը, ուր յունաց վանք մը կայ, եւ հոնկէ ջուրի եւ հացի պարէն առնել: Ես հասկցայ, թէ խորամանկ թիւրքը ինչ դիտաւորութիւն ունի, անմիջապէս եւ բացարձակապէս մերժեցի: Ռէիզին օգնականը, Հաճին, որ միջահասակ, թանձրամարմին, նոր ճերմկնալ սկսած 40-42 տարեկան, անփոյթ երեւոյթով թիւրք մըն էր, կ՚աղերսէր ինձ եւ կ՚ըսէր.

Ինձ դուրս հանեցէք, երթամ բերեմ ինչ որ պէտք է. ես խեղճ մարդ եմ. ես վարձուոր եմ. երթամ, զաւակներս ապահովցնեմ ու գամ:

Երբ որ թիւրքերը կ՚առաջարկէին այս ինչ տեղը ցամաք ելլել, նախ ոչինչ կ՚ըսէի, մինչեւ որ հասնէինք այդ որոշ տեղը, որպէսզի եռանդով մեզ տանէին. վերջին պահուն միայն մերժումս կը յայտնէի:

Մեր նաւը չափազանց դանդաղ կ՚երթար, քամին բոլորովին կտրուեցաւ. ստիպեցինք նաւավարը, որ բացերը ելլէ. անիկա չէր ուզեր.

Նաւը փոքր է, կ՚ընկղմինք, կ՚ըսէր։

Ես պնդեցի, սպառնացայ, բայց անիկա ամէնքը կը համոզէր, թէ ծովափին մօտ հով կ՚ըլլայ։ Ժամեր ետքը տեսանք, որ իրաւամբ նաւը չի յառաջանար. մօտեցանք ծովափին, ուրկէ 3-400 առագաստանաւեր մթերքներ կը փոխադրէին. անոնց շարքին խառնուելով, յառաջացանք։ Ճիշդ էր, որ ծովափին մօտ հով կար եւ մեր նաւը աւելի դիւրութեամբ կը յառաջանար. միանգամայն պատուիրեցի տղոցը, որ թիավարուեամբ օգնեն։

Մեր ջուրի պաշարը սպառեցաւ, թէեւ չափով կը գործածէինք. մէյ մէկ գաւաթ առաւօտուն, մէյ մէկ գաւաթ կէսօրին եւ երբեմն ալ երեկոները. միայն հիւանդներուն եւ Ռէիզին ջուրը չէինք խնայեր, եւ թիւրքերուն առհասարակ աւելի բաժին կու տայինք ուտելիքի եւ ջուրի։

Տղաքը թիավարելէ յոգնած էին, քամին աննպաստ էր, իսկ Ալի Ռէիզը շարունակ դաւեր կը լարէր մեզ ծովափ հանելու համար։ Այդ պահուն տեսանք, որ խոշոր նաւ մը կու գար դէպի մեզ. նախապէս խորհուրդ ըրինք նաւը բռնելու եւ գրաւելու, բայց Ալի Ռէիզը, տեղեակ ըլլալով մեր դիտաւորութեան, այնպիսի ուղղութիւն մը տուաւ մեր առագաստանաւին, որ մէկէն հեռացանք, հակառակ որ կ՚ըսէինք իրեն, որ եթէ ուրիշ նաւ մը բռնենք, զինքը ազատ կ՚արձակենք։

Երեկոյին մօտ մեծ դժուարութեամբ հասանք Տրիպոլիսի առաջ. ամէնքն ալ անքան յոգնած էին, որ չէին կրնար թիավարել. ջուր եւ թխած հաց չունէինք։ Այդտեղ տեսանք, որ ռուսները ռմբակոծեր էին զօրանոցը եւ կարգ մը տուներ։

Մինչեւ լոյս գացինք առանց թիավարելու եւ առաւօտեան տեսանք, որ հազիւ թէ մէկ ժամու ճամբայ յառաջացած ենք։ Ալի Ռէիզը ամէն անգամ, որ ծովափնեայ բարձրութիւն մը կը տեսնէր, կ՚առաջարկէր հոն ցամաք հանել մեզ, ըսելով. թէ ապահով վայր է։ Ես ըսի խստութեամբ.

Մինչեւ Տրապիզոնի վերեւը պիտի տանիս, ճար չի կայ, մինչեւ հոն ոեւէ առարկութիւն չեմ ուզեր լսել։

Անիկա միշտ կը խօսէր իր ընտանիքին անտէրութեան, իրեն վիճակին վրայ եւ կը ջանար ազդել տղոց վրայ, ըսելով, թէ ամէնքս ալ կը հիւանդանանք, ամէնքս ալ կը մեռնինք, անօթի, ծարաւ։

Նաւը խուզարկեցինք, գտանք փայտ եւ սաճ մը՝ տակը քար. հոդ կրակ վառեցինք եւ ալիւրը ծովի ջրով շաղելով, հաց եփեցինք։

Մթնելու մօտ ծովը սաստիկ ալեկոծուեցաւ, սոսկալի քամի մը բարձրացաւ, այնպէս որ հարկադրուեցանք առագաստը իջեցնելու. ամէնքը գոչեցին, թէ պիտի ընկղմինք. յուսաբեկութիւնը տիրած էր ամէնուն։

Բոլորս ալ հոս կը մեռնինք, բայց ցամաք ելլել չի կայ, գոչեցի, պէտք է շարունակենք։

Ռէիզը տեսնելով, որ ճար չի կայ, համակերպեցաւ։ Հետզհետէ քամին նպաստաւոր դարձաւ. կրկին բացինք առագաստը. նաւը կը ճեղքէր ալիքները ու կ՚անցնէր՝ կարծես շտապով մեզ դէպի փրկութիւն տանելու։ Աւելի բարձր ալիքներ լեռան պէս կու գային, բայց Ռէիզը վարպետ էր ու այնպէս կը ղեկավարէր նաւը, որ ալիքներու կողերէն կ՚անցնէինք առանց անոնց ճակատէն զարնուելու։ Նպաստաւոր քամին մեծ հանգիստ ներշնչեց ինծի. նաւին ցռուկին վրայ նստած կը դիտէի ու քէֆս կու գար, թէ ինչպէս մէկ ալիքէն միւսը կը թռէինք՝ ու ինծի թուեցաւ, որ նոյնիսկ յաղթեցինք ծովուն։

Գիշերուան ժամը հինգին հասանք Տրապիզոնի դիմաց. այնքան մօտ էինք, որ թաղերը կ՚երեւէին, բայց հազիւ թէ քանի մը կէտերէ լոյս կ՚երեւար։ Ալի Ռէիզը կ՚ըսէր, թէ մեր ճամբորդութեան նպատակին հասանք, բայց ես այնպէս մը կը ձեւացնէի, թէ չեմ գիտեր։ Անցանք Տրապիզոնի առաջքէն եւ հասանք նախապէս որոշուած կէտը։ Ռէիզը մեզ ծովափին կը մօտեցնէր. ես ըսի որ բացուի [2] ։

Ըսէ՛ք վերջապէս ձեր վերջին խօսքը, Աստուծոյ խաթերը համար, տղուս համար...

Ալի Ռէի՛զ, այդ խօսքերդ աւելորդ են, դուն իմ հօրս տեղ մարդ ես եւ ի հարկէ չէի ուզեր, որ դուն ինձ աղաչելու ստիպուիս, բայց ոեւէ ճար չի կայ, եւ ամէն խօսք անօգուտ է։ Դուն քու ընտանիքիդ մասին կը խօսիս. կը մտածե՞ս, որ հազարաւոր ընտանիքներ անտէր մնացած են։ Դու չե՞ս գիտեր մեր ով ըլլալը, ի՞նչ նպատակ ունենալը. քեզ կը մնայ հնազանդիլ եւ հնազանդէ՛ առանց առարկութեան։ Մէկ բան միայն կրնամ ըսել. քու աշխատութիւնդ կը վճարենք։

Անմիջապէս դրամը տուինք թիւրք նաւավարներուն. տուինք 20 ոսկի Ռէիզին, 3 ոսկի Հաճիին եւ 1 ոսկի փոքրիկ նաւավարին։

Քամին նպաստաւոր էր. իրենց ստացած դրամէն քաջալերուած՝ թիւրքերը սկսան աշխուժով աշխատիլ. հասանք Սիւրմենէ, երբ տակաւին չէր լուսցած, անցանք անկէ, երբ լոյսը բացուեցաւ. Ալի Ռէիզը ըսաւ, թէ ռուսական ափին մօտ ենք, եւ նաւը մօտեցուց ցամաքին. մենք տեղերուն անծանօթ ըլլալով՝ որոշ դատողութիւն մը չէինք կարող ընել. քամին դադրեցաւ, սկսանք թիավարել։ Ժամը 6-6, 5-ի ժամանակները Ռիզէի մօտերը տեսանք, որ նաւ մը դէպի մեզ կու գայ, երեւցաւ եւ երկրորդ նաւ մը. ասոնք փոքրիկ մոթէօրներ էին։ Տեսնելով, որ մեր առագաստանաւը կ՚երթայ ուղիղ դէպի մոթէօրները, Ալի Ռէիզին ըսի.

Կ՚ուզես մեզ թակա՞րդը ձգել։

Ո՛չ, ըսաւ, ասոնք ռուսական նաւեր են։

Հեռադիտակով որոշեցինք, որ թիւրքական մոթէօրներ են. անմիջապէս պատրաստեցինք հրացանները եւ սպասեցինք։ Մեզ հետ եղող թիւրքերը լեղապատառ կ՚աղաչէին.

Ի սէր Աստուծոյ, անձնատուր ըլլանք, մեզ կ՚ընկղմեն։

Լռեցէ՛ք. ոչ մի ձայն, ոչ մէկ շարժում. եթէ ձեզմէ մէկը փորձէ անհնազանդ գտնուիլ ու ոեւէ կերպով դաւաճանել, անմիջապէս գնդակահար կ՚իյնայ։

Այդ միջոցին նաւերը անցան մեր աջ եւ ձախ կողմերը եւ սկսան կրակել միահամուռ։ Քամի չի կար. մեր նավը չէր շարժուեր. պատուիրեցինք մեր նաւավարներուն, որ թաքնուին եւ մենք ալ շուտափոյթ պատրաստուելով՝ սկսանք պատասխանել թշնամիին կրակին. օրհասական կռիւ էր, որ տեւեց մէկ ժամ. աջ կողմի նաւը անցաւ հիւսիսային կողմէն մեր ձախ թեւին վրայ։ Շարք մը կազմած եւ կռթնած մոթէօրին կողին՝ կը պատրաստուէին համազարկ ընել, մենք ավելի շուտ կրակեցինք. մեր նշանառութիւնը այնքան ճիշդ էր, որ վեց հոգի մէկէն ինկան՝ նաւէն կախուելով. իրենց ծանրութեան ներքեւ կարծես մոթէօրը պիտի ընկղմէր։ Թշնամին սկսաւ փախուստ տալ, վերջին հրացան մը արձակելով, որ հանդիպեցաւ Եղօին ճակատին եւ անցաւ գլուխէն։ Այդ միջոցին տեսնելով իրենց փախուստը, կը պոռայինք.

Հանըմներ, ո՞ւր կը փախիք, հոս տղամարդու մէյտան է, եկէք, որ կռիւ ընենք. ձեզ դէմ միայն անզէն երեխաներ ու կիներ տեսնել կ՚ուզէք։

Աւելի արագ գացին, քան թէ եկած էին։

Մոթէօրներու փախուստէն քաջալերուած՝ սկսանք երգել ու թիավարել ու այլեւս պարզեցինք մեր դրօշակը, ճերմակ, վրան սեւ խաչ՝ ի նշան Հայաստանի սուգին։

Եղօն տակաւին մեռած չէր. վէրքը կապեցինք, գլուխին ներքեւ կակուղ բան մը դրինք ու վրան ծածկեցինք։ Լեզուն բռնուած էր, այլեւս չէր կարող խօսիլ. երկու ժամէն ետքը մեռաւ։ Պետրէն նոյնպէս գլխէն վիրաւորուած էր, ու թէեւ վէրքը անվնաս էր, ինքը շշմած էր բոլորովին։

Այլեւս կը շտապէինք ծովի ափէն հեռանալ, որովհետեւ կը վախնայինք, որ մոթէօրները, աւազի պարկերով դիրք շինած, կը վերադառնան. բայց անոնք չի խորհեցան այդ միջոցին դիմելու։

Քամին թեթեւ էր, եւ մեր նաւը յամրաբար կը յառաջանար. այլեւս չէինք կարող քնանալ։ Ալի Ռէիզը, գիշերուան մթութենէն օգտուելով, մեզ կրկին տարեր էր Ռիզէի մօտերը։ Ամսուն 14-ի լուսաբացին բոլոր շէնքերը կ՚երեւէին եւ այդ կողմերէն կրկին երեւցան երկու մոթէօրներ։ Կատղեցայ Ռէիզին դէմ, բայց համբերեցի։ Այդ միջոցին շատ ուժեղ եւ նպաստաւոր քամի մը բարձրացաւ. մեր նաւը կարծես կը թռէր ջուրերուն երեսէն ու մեզ կը հեռացնէր մեր թշնամիէն. մենք պատրաստ էինք եւ լաւ տրամադրութեան մէջ, այնպէս որ սկսանք երգել։ Տղաքը կ՚երգէին, նաւը կը թռէր, մոթէօրները կը մօտենային... անոնք անցան դարձեալ մեր աջ ու ձախ կողմերը։ Տղաքը ուզեցին կրակել, ես արգիլեցի. կը հաշուէի, որ եթէ թնդանօթ ունին, աւելի լաւ է, որ մօտենան, որովհետեւ հեռուէն միայն կրնան զարնել, իսկ եթէ չունին, դարձեալ լաւ է, որ մօտենան, որովհետեւ այդպիսով մեր գնդակները պարապ չէին երթար։ Նաւերը սկսան դանդաղանալ, հետզհետէ հեռացան, իսկ մենք հետզհետէ յառաջացանք։ Առաւօտեան ժամը 2-ին սկսան մեզ հետապնդել, ժամը 7-ին հեռացան, գացին առանց հրացան արձակելու։

Ալի Ռէիզը ըսաւ, թէ Ռուսիոյ ափերուն մօտեցած ենք. այլեւս չէինք կրնար իրեն հաւատալ. պատուիրեցինք, որ նաւը բացերը տանի. ստիպուեցաւ հնազանդիլ, բայց շարունակ կը տրտնջար։ Արեւելքէն քամի մը բարձրացաւ, որ սկսաւ ետ մղել մեր նաւը։ Թիերը կը քաշէինք, առագաստը կը դարձնէինք, ալիքները լեռներու պէս կու գային, կը բաղխէին մեզի, եւ նաւը չէր յառաջանար։ Քսան ու չորս ժամ անցաւ այդպէս, ու նշմարեցինք, որ նոյն տեղին վրայ ենք։ Ռէիզը կը խնդրեր, կու լար, կ՚աղաչէր, որ այլեւս ցամաք ելլենք։

Ասիկա Ճորոխի քամին է, կ՚ըսէր, այս ալիքներէն չենք ազատիր, նոյնիսկ մեծ շոգենաւերը դժուարութիւն կը կրեն, երբ այս քամիին կը հանդիպին, ուր մնաց մեր նաւը...

Բայց ես կը պնդէի, որ ճիշտ հակառակ ուղղութեամբ երթանք այն ուղղութենէն, որ ինքը կը փափաքէր։ Վասիլը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.

Մեծերը կ՚ըսեն, որ եթէ նաւու մը վրայ մեռել ըլլայ, այդ նաւը յառաջ չերթար։

Յոյները եւ թիւրքերը ձայնակցեցան եւ կ՚ըսէին, թէ պէտք է Եղօին դիակը ծովը նետել։ Մենք ամէնքս մէկ մերժեցինք։

Ալեկոծութիւնը սաստկացաւ, եւ հետզհետէ սկսաւ մթնել. խստիւ պատուիրեցի տղոցը որ լաւ հսկեն, որպէսզի Ռէիզը մեր նաւը չի դարձնէ. քամին մեր ճակատէն էր. իրենք՝ գիւղացի ըլլալով, աստղերէն կը հասկնային ճամբուն ուղղութիւնը եւ ահա նշմարեր էին, որ դարձած ենք։ Զիս արթնցուցին, ըսելով, թէ Ռէիզը դարձեալ խաբեց մեզ. իրաւ ալ տեսայ, որ քամին մեր թիկունքէն կը հրէր. վեր թռայ եւ խստիւ պատուիրեցի, որ ճակատնիս դարձնենք քամիին, ինչպէս առաջ։ Ես ալ չի գիտէի, թէ ո՞ւր ենք. երկինքը մթագնեց, աստղերը անհետացան, ոչ լուսին, ոչ մէկ նշան, ու կողմնացոյց չունէինք... միակ եւ կարեւոր բանը, որ մեզ կը պակսէր, կողմնացոյցն էր... կեցայ նաւուն վրայ, նայեցայ շուրջս... լայնածաւալ եւ ալեկոծ ծով, ամպերով ծանրաբեռն երկինք, մութ, քամի... կարծես շրջապատուած էինք խուլ սպառնալիքներով... բայց յանկարծ ոգեւորուեցայ, զգացի, որ կը յաղթենք ամէն բանի:

Տղերք, ըսի, անպատճառ կը հասնինք, ամբողջ Հայաստանի սուգը եւ դժբաղդութիւնը կը տանինք, անպայման կը հասնինք...

Աւելի լաւ էր մինչեւ լուսնալը մնալ նոյն տեղին վրայ. տղաքը ծովի ջուր խմելէ հիւանդացած էին, եւ իրենց ֆիզիքական տկարութիւնը կ՚ազդէր իրենց բարոյական կորովին վրայ։ Մութ գիշերին մէջ հեռուէն տեսանք ռուսական նաւ մը, մոմ վառեցինք, տղաքը կը պոռային, բայց մեր տուած նշանները չի նշմարուեցան։

Վերջապէս սկսաւ լուսնալ, բայց թանձր մառախուղ մը պատած էր մեզ. ոչինչ կ՚երեւար. այն ատեն մռայլ յուսահատութիւն մը ճնշեց ամէնքը. այլեւս կ՚ըսէին ու կը պնդէին.

Ելլենք ցամաք, Թիւրքիա ըլլայ, ինչ կ՚ուզէ ըլլայ...

Ռէիզը մեզ կը խաբէր. կ՚ըսէր, թէ ռուսները գրաւած են Ռիզէն, Թիւրքիոյ ծովափը ապահով է, դիւրին է... Այս խօսքերը զարկ կու տային մեր տղոց թուլութեան, եւ այնքան բարոյական լքումը կատարեալ էր, որ հաւատալով, թէ չի հաւատալով կը պնդէին, որ ցամաք ելլենք։

Այն ատեն տեսնելով մեզ սպառնացող վտանգը, ամրապնդուեցայ իմ կորովիս մէջ, յորդորեցի զիրենք ու վճռական ըսի.

Եթէ նոյն իսկ մէկ ամիս մնանք այս տեղին վրայ, բացի ռուսական ցամաքէն ոեւէ տեղ մեր նաւը չենք քշեր։

Կը յուսայինք առաւօտեան արեգակին վրայ, որ վերջապէս պիտի ցրուէր մառախուղը, բայց այն առաւօտ արեգակն ալ չերեւցաւ: Եթե գոնէ մէկ կողմնացոյց ունենայինք... բայց չի կար... ու երկինքէն ալ յոյսերնիս կտրեցինք։

Այն ատեն Հաճին ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ.

Ռէիզը ձեզ կը դաւաճանէ. զիս կը խրատէ, որ ճամբորդութիւնը ձգձգենք, մինչեւ որ թիւրքեր վրայ հասնին... սոսկալի աղուէս մըն է անիկա։

Դուն կրնա՞ս ղեկավարել, հարցուցի։

Ո՛չ։

Գոնէ ուղղութիւնը կրնա՞ս գիտնալ:

Ո՛չ, բայց Ռէիզն ալ կ՚ըսէր, թէ ուղղութիւնը կորսնցուցած է։

Կ՚երթայինք անվերջ, մառախուղը լեռներու պէս կը բարձրանար մեր շուրջը, կը յառաջանայինք եւ ամէն րոպէ կը կարծէինք, թէ ցամաքի թանձրութիւն մը կը նշմարենք. կը տեսնենք անմիջապէս, որ խաբուած ենք ու մառախուղի թանձրութիւն մըն էր մեր նշմարածը. այս կրկներեւոյթի պէս յայտնուող եւ մարող կերպարանքները մեզ կը ջղագրգռէին. հեռադիտակը ձեքէս չէի ձգեր, եւ տակաւին ոչ մէկ յոյս մօտիկցած էր ինծի, երբ մէկէն ի մէկ նշմարեցի Պաթումի բերդը։ Աւետիսին հաղորդեցի, յանկարծական ուրախութիւնով գինովցանք։ Թիւրքերը միւժտէ [3] ուզեցին, Ռէիզին ոչինչ տուինք, իսկ միւս թիւրքերուն՝ մէկական ոսկի։

Ալեկոծութիւնը կը շարունակուէր. մօտեցանք ծովափի ռուսական նաւերուն 600 մեթրի հեռաւորութեան մը վրայ. մեր դրօշակը, ճերմակ, վրան սեւ խաչ, կը ծածանէր շառաչելով։ Ռուս պահակները մեզ տեսան, իրարու լուր տուին եւ մեզի ցոյց տուին այն տեղը ծովափին վրայ, ուր կը փափաքէին, որ հասնէինք։ Վերջապէս մօտեցանք ռուսական ցամաքին, նետեցինք պարանները, բռնեցին, քաշեցին մեզ ու ամրացնելէ ետքը ելանք ցամաք։ Հարցուցին՝ ո՞վ եք դուք.

Հայեր եւ յոյներ ենք, ըսինք։

Մեզ առաջարկեցին, որ մեր զէնքերը յանձնենք. անմիջապէս կատարեցինք իրենց ուզածը եւ յայտնեցինք, որ Եղօին մարմինը նաւուն մէջ է։ Ոստիկաններ եւ զինուորականներ մեզ հարցաքննեցին Եղօին մահուան պարագաներուն վրայ, ուրկէ ետքը երկու կառք բերին. մէկուն մէջ մենք մտանք մեր գոյքերով եւ միւսին վրայ դրին Եղօին մարմինը։

Մեզ անցուցին բժշկական քննութենէ եւ յանձնեցին շտապը. անկէ մեզ փոխադրեցին շէնք մը, որուն վարի յարկը խճուղուած էր թիւրք գերիներով, իսկ վերի յարկը կային ռուս արհեստաւոր զինուորներ. մեզ յատկացուցին սենեակ մը վերի յարկի վրայ. հետեւեալ օրը մեզ առաջնորդեցին բաղնիք, անկէ հարցաքննութեան: Չորս-հինգ օր մնացինք զօրանոցը, ուրկէ միայն հայերը եւ յոյները փոխադրուեցան հիւանդանոց: Մէկ օր միայն մնացի հիւանդանոցը, որովհետեւ Թիֆլիսի քաղաքագլուխ պարոն Խատիսեանի երաշխաւորութեամբ զիս ազատ արձակեցին...

 



[1] Յուն. Աստուածամայր։

[2] Ծովափէն հեռանալ։

[3] Նուէր լաւ պարագայի մը առիթով: