Երբ այլեւս չեն սիրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՐՏԻ ՑԱՒ

Առաւօտուն կանուխ մինչ Երանիկ հանըմ խահուէն կը խմէր, երբեմն հացի մանր պատառներ թաթխելով մէջը, դուռը ուժգին զարնուեցաւ։ Մարտիկ տայի որ անկիւնը նստած անդադար կը ծխէր եւ երկու կիները՝ ընդոստ կանգնեցան սպառնական բան մը կար այդ հարուածին մէջ։

Ոտքդ պագնեմ, Մարտի՛կ, դուն գնա՛ բաց, Խաչիկը ըլլալու է։

Մարտիկ տայի քովնտի ու յանդիմանական նայուածք մը ուղղեց քրոջը, բայց տեղէն չշարժեցաւ. երկու կիները տժգոյն էին եւ անշարժ իրարու կը նայէին. երկրորդ հարուած մը թնդացուց տունը. այն ատեն Եւփիմէն գտնելով իր խառնուածքին ամբողջ կորովը, ոտքի ելաւ եւ գրեթէ աճապարելով գնաց բացաւ։

Բակին մէջ իր դէմ կեցած էր Խաչիկ՝ մեծ զայրոյթով մը տժգունած. անոր սեւ եւ գողտր աչքերը այդ պահուն դաժան խստութիւն մը առած էին պռստած յօնքերուն ներքեւէն. թուխ եւ տժգոյն ճակատը ու քունքերը բարակ քրտինքով մը ողողած էին ու շրթները կը դողդոջէին ակամայ ծամածռութիւններ ուրուագծելով, ուժեղ եւ լայն կուրծքը, գործաւորի մրոտած հագուստներուն ներքեւ կ՚ելեւէջեր ու կարծես մէկ րոպէէն միւսը պիտի պոռթկար. անիկա շեշտակի կը նայէր Եւփիմէին ուզելով խօսիլ՝ բայց չկարենալով վանկ մը արտասանել, ու իր ներկոտ բռունցքները սեղմուած կը գալարուէին կողերուն վրայ։

Եւփիմէ նախ դժկամակութեամբ, հետզհետէ ատելութեամբ կը նայէր անոր եւ իրւ աչքերը կը դիմագրաւէին Խաչիկին զայրացած նայուածքին. եթէ անիկա գլուխը կախ եւ աղաչական ձեւով մը ներկայնար. թերեւս սիրտը թուլնար, յիշէր անոր համար զգացած սէրերը, բայց ահա Խաչիկ կը ներկայանար տիրոջ պէս, սպառնական եւ ցասմնալից. ազատ չէ՞ր արդեօք իր բաղդը ասոր կամ անոր հետ կապելու, ու գաղափարը թէ Խաչիկ փորձանք մը եղած էր իրենց գլխուն, թէ կարող էր արգելք հանդիսանալ լաւագոյն կարգադրութիւններու, այնպիսի չար ցրտութիւն մը կուտար Եւփիմէի դէմքին, որ անոր դիմագրաւող նայուածքը լրբութիւն մը թուեցաւ Խաչիկին. անիկա յանկարծ հոգիի խորէն բարձրացող արհամարհանքին մէջ խեղդելով իր ցաւն ու զայրոյթը, ձեռքը երկնցուց, մէկ կողմ հրեց Եւփիմէն կոպտութեամբ ու բարձրացաւ սանդուխներէն։

Այդ միջոցին Երանիկ հանըմ ինքզինքը գտած էր ու ընդ առաջ գալով Խաչիկին, յանդիմանեց զայն։

Առտուանցով ի՞նչ խաղքութիւն է աս, դուռ դրացի ի՜նչ կ՚ըսեն, ամօթ չէ՞, մեղա՜յ տէր, տահա կայնէ նայի՜նք, կանուխ չէ՞, երէկ ցանեցինք, այսօր բուսաւ… ամա ես աղջկանս ըսի, անանկ մարդոց խօսքին մտիկ չըլլուիր, ետքէն փիւշման կ՚ըլլա՜ս… վա՜խ մեզի, հազար վա՜խ…

Քա մարի՛կ, ես ի՞նչ յանցանք ըրի քի ինձմէ ասանկ երես դարձուցիք։

Խաչիկ այս խօսքերը արտասանելով ջլատւած եւ հեւալէն ինկաւ բազմոցին վրայ. ամբողջ մարմնովը կը դողար ու հակառակ իր մեռելական տժգունութեան քրտինքի կաթիլներ շիթ առ շիթ կ՚իյնային քունքերէն իր խոշոր, աշխատութենէ կոշտացած եւ ներկոտ ձեռքերը ծունկերուն վրայ դրած այնպիսի վշտագին երեւոյթ մը ունէր որ կարծես ամբողջ աշխարհ սեւցած էր իրեն համար. պահ մը առաջ հոգիին մէջ մրրիկի մը պէս որոտացող զայրոյթը տեսակ մը պատրական կորով տուեր էր իրեն, բայց հիմակ ինքզինքը թոյլ եւ ջլատուած կը զգար եւ կարող՝ մանկան մը պէս հեծեծելով արտասուելու. մարդկային մեծ ցաւը, սիրոյ ցաւը կը դղդրէր այդ խոնարհ՝ բայց հզօր սիրտը իր բոլոր թափովը եւ իր անարուեստ հոգին ո եւ է բալասան չէր գտնար զայն ամոքելու համար։ Քանի օրերէ ի վեր կասկածը օձի պէս սպրդեր էր իր էութեան մէջ քանի՛ օրերէ ի վեր գաղտնապէս կը տառապէր, փոխն ի փոխ յուսալով եւ յուսահատելով, ճաշակելով անստուգութեան մը բոլոր դառնութիւնները, երբ ահա նոյն առաւօտն իսկ վարպետը ճամբեր էր զինքը, առարկելով թէ բանուորուհիներու հետ անպատկառօրէն կը վարուէր։ Իր ուժգին բողոքներուն դիմաց վարպետը սրտնեղելով ըսեր էր վերջապէս.

Է՜հ, ի՞նչ երկայն կ՚ընես… Երանիկ հանըմին աղջկան պալթա կախեր ես, խեղճրեը ի՞նչ ընելնին չեն գիտեր գլուխնուն տէֆ ընելու համար քեզի…

Ե՞ս… ես ինծի չուզող մարդուն փողոցէն ա՛լ չեմ անցնիր. շուքս ալ չեմ ցուցներ, ինծի Խաչիկ կ՚ըսեն… ո՜վ է ատ ապուրը ուտողը նէ թող մէյտան ելլա՜յ…

Ու մէկ շունչով եկեր էր Եւփիմէին եկեր էր զայրոյթով եւ գրեթէ կատաղութեամբ, եկեր էր այն յոյսով թէ մայր ու աղջիկ գլուխնին պիտի ծռէին, ներողութիւն պիտի խնդրէին եւ ահա՛ այս պահուս ինքը պատրաստ էր անոնց ոտքերուն հետքերը համբուրելու, անոնց գերին ըլլալու. միակ մտածում մը գրաւեց իր միտքը, ամբողջ հոգին, ղուրպան ըլլալ Եւփիմէին՝ բայց դարձեալ վայելել անոր գուրգուրալի եւ սիրաւէտ նայուածքին ջերմութիւնը։

Դեռ երեկ էր, բայց արդէն ինչքա՜ն հեռու կը թուէին այդ երջանիկ օրերը, երբ Եւփիմէին ներկին ամանները, դեղին կապոյտ կանանչ ներկերով լեցուցած ատեն կը զգար անոր մատներուն խուսափուկ հպումը իր ձեռքին վրայ, որոնք կը դողդոջէին յուզումէն. այն օրերը երբ մայր ու աղջիկ սիրալիր ու հաճոյակատար՝ ի՛նչ ընելնին չէին գիտեր ու ձեռքէն կը խլէին համեմատաբար դիւրին եւ շահաւէտ գործերը, մինչ ինքը իր բնական արդարամտութեամբ կ՚ուզէր աղէկ գործերը բաժնել բոլոր գործաւորուհիներուն։ Կը յիշէր մանաւանդ այս վերջի մէկ քանի յուսաւէտ օրերը, երբ կը կարծէր թէ իր մուրատին պիտի հասնէր երբ իր աչքին առաջք փայլեցուցեր էին երջանկութեան հեռապատկեր մը ի՞նչ նպատակաւ, ո՞վ գիտէ…

Իր պարզ եւ ուժեղ հոգին անկարող էր նոյն իսկ կասկածելու կանացի հոգիներու անկայուն եւ տարուբերուող տրամադրութիւններու մասին. չէր կրնար իսկ մտաբերել պճնասիրութեան, պարծանքի ու ցուցամոլութեան այդ նոպաները, որոնք կը պղտորեն ամէն աստիճանի վրայ գնուող կիները ու հիմակ որ իր պաղարիւութիւնը գտած էր, անկեղծօրէն կը հաւատար թէ թիւրիմացութիւն մը կար զոր կարելի էր փարատել երկուստեք բարի կամքով։ Այս էր պատճառը որ Խաչիկ, հակառակ իր բնական հպարտութեան, աչքերը բարձրացնելով Երանիկ հանըմին վրայ, ըսաւ մեղմ եւ յուզուած ձայնով։

Մայրի՜կս, ես ըրի, դուն մ՚ըներ, գլուխս դարձաւ. գործսըզ մնալս հոգս չէ. անկէ եկած խերը Աստուծմէ թող գայ… թեւերս շարժեմ նէ քարէն փարա կ՚ելլայ… ինչ կ՚ընեմ չեմ ըներ ընտանիքս կ՚ապրեցնեմ, էվէլ, պակաս, աֆ ըրէ՜…

Ամենեւի՜ն… գոչեց Երանիկ հանըմ ակռաները սեղմած, ումետդ կտրէ մեզմէ. ինչ ըլլալդ հասկըցուցիր. քանի՝ տահա ճամբան կարճ է, ետ դառնալը դիւրին է։ Փիլիճի պէս աղջկանս մեղք չէ՞, կրակներու մէջ պիտի էրէր, Աստուած իր անմեղութեանը ողորմեցաւ… վարդի պէս աղջի՜կս, աչքը երեսը փառ փառ կը վառի, մէյ մը քեզի, մէյ մըն ալ անոր նայէ՜…

Եւփիմէ՜, գոչեց Խաչիկ շուրջը նայելով եւ գերագոյն ձայնով մը, Եւփիմէ՜…

Ու աւելի չկրցաւ ըսել։

Եւփիմէ սրտնեղած դէմքը կը ծամածռէր եւ կարծես ժամ մը առաջ կ՚ուզէր ազատիլ Խաչիկին ներկայութենէն. անոր ցաւագին եւ յուսահատական երեւոյթը փոխանակ զինքը յուզելու, կը ջղագրռէր. կարծես թէ բարութեան եւ քաղցրութեան բոլոր աղբիւրները ցամքեր էին իր մէջ եւ հոգիին թելերը որոնք երբեմն քնարի մը պէս կը հնչէին՝ երբ Խաչիկ իր անունը կուտար, այս յուսահատական կոչին չպատասխանեցին. զգաց որ ոչ միայն այլ եւս չէր սիրեր զայն, այլ իր աչքերուն առջեւէն պատրանքի մշուշը փարատած էր եւ կը տեսնէր այդ մարդը՝ ինչպէս որ էր, իր կոպիտ եւ անհրապոյր արտաքինով իր բուռն զայրոյթներով եւ հոգեկան թուլութիւնով. կը տեսնէր զայն իր ցաւէն ծամածռած դէմքով, քրտնաթոր ճակատով, դողդոջուն շրթներով, կը տեսնէր մինչեւ արմուկը ներկի մէջ թաթխուած ձեռքերուն կոշտութիւնը՝ աղքատիկ եւ մաշած հագուստներուն վրայ, որոնցմէ փօթասի եւ խման մարդու քրտինքի խառն հոտ մը կ՚արտաշնչուէր։

Ու իր բոլոր ցանկութիւնները եւ բարի դիտաւորութիւնները ցնդեցան այս նիւթական եւ հոգեկան թշուառութեան առաջ. անգամ մըն ալ իր հոգին տենչաց ամէն գնով բարձրանալու այս կարգի մարդիկներու մակարդակէն ու մտաբերելով թէ երբեմն խօլ պատրաստակամութիւն մը ունեցած էր Խաչիկին հետ ամուսնանալու, կարծես թէ մեծ վտանգէ մը փրկուած էր ու այդ վտանգը իր մէջ կ՚անձնաւորէր Խաչիկ, ուրկէ ազատուելու համար պատրաստ էր Յակոբճան աղային հետ կարգուելու անմիջապէս որ որբեւայրի ըլլար անիկա։

Խաչիկ փոխն ի փոխ եւ խելայեղօրէն նայեցաւ մօրը եւ աղջկանը դէմքերուն եւ անոնք այնքան փակուած ու ցուրտ զգաց որ ակամայ սասռաց. այն ատեն իր ողբագին նայուածքը դարձնելով դէպի տային՝ որ լուռ հանդիսատես եղած էր այս տեսարանին, նայուածքովը աղերսեց։ Մարտիկ տայի հասկցաւ. ոտքի ելաւ եւ հրաւիրեց Խաչիկը որ իրեն ընկերանայ։

Առանց մնաք բարովի, փախստականի պէս, Խաչիկ իջաւ սանդուղներէն եւ երբ դուրսը բաց օդին եւ լոյսին մէջ գտաւ ինքզինքը, շլացում մը ունեցաւ. սրունքները քուրջի պէս թուլցեր էին եւ ամբողջ մարմինը պիտի փլէր՝ եթէ տայիին չկրթնէր. բաւական յառաջանալէ ետքը, սկսաւ հառաչել ու կոպերը այրեցան աղի արցունքներով, որոնք չիջան սակայն այտերուն վրայ։ Կուրծքին ներքեւ դժոխային ջերմութիւն մը կը զգար ու նոյն իսկ շրթները չորցեր ու ճաթռտեր էին. կ՚ուզէր ըմբռնել եղածը, հասկնալ դժբաղդութեանը պատճառը, բայց անկարող էր նոյն իսկ մտածումի մի վրայ կանգ առնելու, հակառակ անոր որ Մարտիկ տայի կը ջանար զայն լուսաբանել։

   Առաջ ուզեցին, հիմակ ալ չեն ուզեր կոր. ինչո՞ւ պիտի ըսես. ինչուն նայինք իրենք գիտե՞ն. անցնող ամպերուն հարցնես նէ պէլքի պատասխան կ՚առնես, անոնցմէ չես առներ… վազ անցի՛ր, թէք գլուխ մնացի՛ր, տահա աղէկ է… ամէն գործի մէջ խեր մը կայ. նայէ՛ ես կարգուե՞ր եմ. ողջ գլուխդ Աւետարանի տակ մի՛ դներ. կնկան տէրտը կը քաշուի՞… Մարտի հավա կ՚ըլմանին, մէյ մը անձրեւ, մէյ մը արեւ… անոնց խնդալուն ալ մի՛ հաւտար, արցունքին ա՛լ…

Անզգալաբար մտած էին գինետուններուն փողոցը . դեռ կանուխ էր եւ քնատ գինեպաններ նախորդ գիշերուընէ մնացած աղտոտութիւնները կ՚աւլէին իրենց կրպակներուն մէջ։ Խաչիկ ու Մարտիկ տայի մտան իրենց ընտանի խանութը, ինկան նստարանի մը վրայ եւ երբ գինեպանը եկաւ հարցունելու թէ ի՞նչ կ՚ուզեն.

Ջո՜ւր, ըսաւ Խաչիկ սուր ձայնով մը։

Մարդը փութաց փարջ մը եւ գաւաթ մը զետեղելու սեղանին վրայ. Խաչիկ իր ապակիի պէս փայլող աչքերը սեւեռեց փարջին, խարխափող թեւերը երկնցուց անոր եւ զայն շրթներուն դնելով, աչքերը մթնալէն պարպեց զայն դանդաղօրէն եւ շնչասպառ խմելով մինչեւ յետին կաթիլը։