Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Առաջին այցելութեանս իսկ բախտը չի ժպտիր ինծի։

Կորիկեանները բարեկեցիկ մարդեր են եւ կիրակի օրերը իրենց սալօնը պարապ չ՚ըլլար բնականաբար, մանաւանդ այսօր, գրեթէ սենեակին երկու կողմերը պարապ տեղ չկայ որովհետեւ հասկնալի է ես եւ բարեկամս նորեկներ՝  ամէնուն  հետաքրքրութիւնը  կը  շարժենք։  Տան տիրուհին զարգացեալ տիկին մը, fait des frais [1] մեզ ընդունելու համար, դուրսը այնքան լոյս եւ տաքութիւն կայ որ աչքերս մէկէն ի մէկ կը մթննան սալօնը մտնելով եւ գրեթէ դեդեւելով կը յառաջանամ, առաջին բարեւներէն եւ ներկայացումներէն ինչպէս նաեւ բացագանչութիւններէն ետքը որ անախորժ կերպով զիս կը խլացնեն, մէկէն կը հանդարտինք եւ քիչ մը ինքզինքս կը գտնեմ, բարեկամս հեռուէն իր պայծառ կապոյտ աչքերովը կը հարցաքննէ ինծի. «Ի՞նչ  ընելու  եկանք  հոս»։  Արդարեւ, ի՞նչ  ընելու…

Եւ ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ որ մտքիս մէջ ամէն գաղափար  եւ  մտածում  պղտորին։

Մանաւանդ որ ահասաւիկ մէկէն հրեշային կերպով տգեղ  կ՚երեւան  շուրջս  ամէն  բան։  Երեւակայեցէք  ընդարձակ սրահ մը 4-5 պատուհաններով որոնք ամէնքն ալ թէեւ սքանչելի տեսարանի մը վրայ կը նային, բայց թանձր եւ գունաւոր վարագոյրներ գրեթէ բոլորովին կը գոցեն պատուհանները կէս մութի եւ գրեթէ խոնաւութեան մէջ պահելով սենեակին մթնոլորտը. (վարագոյրին մէկ ճեղքուածէն կրցայ դիտել միայն հեռուն Վոսփորը արծաթի պէս ճերմակ որ սողոսկելով կը կորսուէր կապտորակ  լեռներուն  մէջերէն)։  ԺԸ  դարու  ոճով, rococo [2]  կիրլանտներով, գորգ մը իր ծիծաղելի յաւակնութիւնը կը տարածէ գետինը. Empire [3] կանանչ թաւիշէ թիկնաթոռներ եւ աթոռներ զուգահեռապէս կը շարուին սենեկին երկու պատերուն առաջք եւ որոնց ամէնքն ալ գրաւուած են գրեթէ. կը դիտեմ որ պատուհաններուն կողմը ոչ իսկ աթոռ մը կայ իբր թէ այդ մարդիկը վախնային լոյսէն եւ օդէն, այլ սակայն խեղճերը որքա՜ն պէտք ունին արեւի եթէ գիտնայի՛ն, գրեթէ ամէնուն վրայ կը տեսնուին անարիւն դէմքեր, թանձր շարժումներով անդամներ, չար ծամածռութիւններու վարժուած անգոյն շրթունքներ…

Տիկին Կորիկեան իր լայնածաւալ մարմինը սեղմած է քօրսէին մէջ այնպիսի խժդուժութիւնով մը որ դէմքը անհանգստող կարմրութիւնով մը ծածկուած է եւ իր բոլոր ծակտիքներէն դուրս կու տայ քրտինքի մանր կաթիլներ. թեւերը նոյնպէս սեղմուած՝ կապարի պէս ծանր եւ անշարժ կ՚իյնային երկու քովէն, բոլոր ասոնք չէին արգիլեր որ տիկին Կորիկեան ստիպուած զգար խօսելու, խօսելու այնպիսի արագութեամբ մը որ par sujetion [4] կը զգայի որ շունչս  կը  կտրուէր։  Տիկինը  լաւ  խօսող  մը  ըլլալու  համբաւը  ունէր։

-Թէեւ գեղեցիկ չէ բայց անանկ լեզու մը ունի ո՛ր… կ՚ըսէին ընդհանրապէս եւ կը հաւաստէին, թէ այդ նշանաւոր լեզուն ի՛նչ սիրտեր այրած էր -պէտք է ենթադրելժամանակին։  Խօսակցութիւնը  կը  թափառի  Փարիզի  վրայ.

-Ինչե՜ր ունիք արդեօք պատմելիք, ինչե՜ր տեսած ըլլալու  էք։

Անդին՝ պարոնիկ մը սէգ եւ ծիծաղելի երեւոյթով ճառ ըսելու ձեւով մը ոտքի կ՚ելնէ եւ հանդիսաւոր՝ կը հարցնէ.

-Տիկինը  որչա՞փ  ատեն  Փարիզ  մնաց։

-Ութը  տարուան  մօտ։

-Օհ, օհ, բաւական ժամանակ է եղեր, կը բացագանչէ ուրիշ մը, տիկին Էֆթիկ, բարակ շրթունքներով եւ թառամած  արտեւանունքներով  40-50 տարեկան  կին  մը։

-Է՛ նայինք բան մը սորվեցա՞ք այդչափ ատենուան մէջ։

 

Ձայնին մէջ յայտնի չարակամութիւն կայ, շատ աղէկ գիտէ թէ ի՛նչ ընելու գացեր էի Փարիզ ու այս անիմաստ անճոռնի չարութիւնը զիս մէկէն սաստիկ կը վիրաւորէ իբր թէ իր աղտոտ եւ երկայն եղունգները սրտիս մէջ մխած  ըլլար։

Քանի մը հոգի իրարու երես կը նային եւ կը խնդան. այն աստիճանի դիւրազգած դարձած եմ արդէն որ իմ ներքին յուսաբեկութիւնս չյայտնելու համար կ՚ուզեմ մեկնիլ, մեկնիլ անմիջապէս եւ բարեկամիս կը դառնամ. բայց անիկա արդէն մէկը գտած եւ խօսակցութեան բռնուած է։

Իր այս տարօրինակ ընդունակութիւնը ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ ալ շահեկան բան մը գտնելու եւ ամէնուն հետ յարմարելու՝ զիս միշտ հիացուցած է։ Րոպէ մը ականջ կը դնեմ. եկեղեցական երաժշտութեան վրայ կը խօսին։ Ծերուկ եւ կորաքամակ մարդ մըն է իր խօսակիցը եւ անմիջապէս կ՚անդրադառնամ որ հոն գտնուողներուն մէջ արդարեւ մինակն է որուն դէմքը համակրանք կը ներշնչէ։ Իրարու կը ժպտինք հեռուէն եւ բարեկամս նորէն ծերուկին օձիքէն կը բռնէ։

-Բայց կարծեմ տիկինը գրականութեամբ զբաղած է, կ՚ըսէ  պարոնիկը։

Զարմանալի կերպով գրականութիւն բառը զիս կ՚ամչցնէ եւ կը զգամ որ կը կարմրիմ… Չեմ գիտեր ինչո՞ւ փափաք կը զգամ բողոքելու եւ ժխտելու իբր թէ շատ ամօթալի բան մը վերագրած ըլլային ինծի… Կամաց-կամաց վատ երկչոտութիւն մը կը գրաւէ հոգիս… Ինչո՞ւ համար՝ չեմ կրնար բացատրել, միայն կը զգամ, որ այդ սրահին մէջ, այդ մարդերով շրջապատուած տիկին Էֆթիկի կասկածելի նայուածքին ներքեւ գրականութեամբ զբաղած ըլլալս խոստովանիլը ամօթալի բան մըն է, այո՛, բացարձակապէս, որովհետեւ անհունապէս ծիծաղելի կը թուի ինծի։

Բայց պարոնիկը կը պնդէ եւ մանրամասնութիւններ կը հարցնէ. տիկին Էֆթիկ իմ աններելի երկչոտութենէս քաջալերուած՝ անպատկառօրէն կ՚ըսէ.

-Այնքա՜ն  կան  գրագէտներ, ի՞նչ  բանի  կը  ծառայէ։

 

Մէկէն կը փոխուիմ եւ ձայնս մասնաւոր շեշտ մը կ՚առնէ  որ  զիս  կ՚ապահովէ։

-Թերեւս կ՚ենթադրէք որ ձեզ ծառայելու կամ ուրիշներուն ծառայելու համար գրականութեամբ զբաղած եմ…

-Ադ ըսել չեմ ուզեր, բայց այնչա՛փ…

Տիկին Կորիկեան կը միջամտէ.

-Չէ, տիկին, ըսել կ՚ուզէ որ ուրիշ աւելի շահաբեր բան մը սորվէիք, անանկ ալ ութը տարի կեցեր էք, անանկ ալ…

-Հապա՛, օրինակի համար, քօրսէ շինել սորվէիք. լաւ քօրսէ շինող բնաւ չկայ Պոլսոյ մէջ, հոսկէց չափերը կը ղրկեն  Փարիզ  եւ  բերել  կու  տան։

-Ի՞նչ զարմացում պատճառելու է հոստեղէն ղրկըւած չափերը Փարիզի գործաւորուհիներուն, կ՚ենթադրեմ…

Տիկին Կորիկեան պահ մը շուարած կը նայի ինծի, յետոյ չի հասկնար եւ խօսքը փոխելով տիկին Էֆթիկի կ՚ուղղուի։

-Ձեզի բան մը ըսե՞մ, կը յայտարարէ, այդ ալ ըրի բայց օգուտ չտեսայ, վերջապէս իմ մարմինիս յարմար քօրսէ  մը  չկրցայ  շինել  տալ։

Խօսակցութիւնը մէկէն կը դառնայ քօրսէին վրայ եւ այդ կիները լրբօրէն հոն գտնուող abruti [5] այրերուն քով իրենց լպրծուն եւ տգեղ մերկութիւնները շօշափող բաներու  վրայ  կը  խօսին։

Այդ միջոցին կը յաջողինք մեկնիլ. բաց օդը քիչ մը կ՚ոգեւորէ մեզի եւ մէկ շունչով քանի մը այցելութիւններ մէկէն կ՚ընենք, առաւել կամ նուազ նոյն տաղտկացուցիչ խօսակցութիւնը, նոյն ապուշութիւնը, հոս-հոն համեմւած  ըմբոստացնող  չարութիւնով  մը։  Վերջին  այցելութեան -վարժապետի մը տունը- դուրսէն կը լսենք բուռն վիճաբանութեան  մը  աղմուկը. վայրկեան  մը  կը  կենամ։

-Եթէ՛ չերթայի՛նք այսօր։

-Եկո՛ւր, վերջանայ, կ՚ըսէ բարեկամս։

-Խոստովանէ որ անիմաստ եւ յիմար բան է այնպիսի մարդոց տունը երթալ որոնք ոչ մէկ կերպով կը շահագըրգռեն մեզ. ի՛նչ corvée [6] աւելի բնական չէ՞ չմօտենալ իրենց, ըսէ՛։

-Եթէ հարկ ըլլայ շահեկան եւ սիրուած մարդերը որոշել անտարբերներէն, կարծեմ գրեթէ առանձին պիտի ապրինք։

-Աւելի  լա՛ւ, բարեկամս, աւելի  լա՛ւ։

Այլ սակայն բարեկամս այնքան լաւ կը համոզէ զիս ընկերականութեան առաւելութիւններուն վրայ որ կը համակերպիմ Սերոբեան էֆէնտիին աղմկալից տունը մտնելու։

Տիկին Սերոբեան մեզի կ՚ընդունի երկու տարեկան տղայ մը գրկած. իր ետեւէն մինչեւ սանդուխին գլուխը ամէն  տարիքէ  տղոց  շարք  մը  կ՚երկարի։

-Օ՛հ  հրամմեցէ՛ք, բարի  եկաք։

Հոս գոնէ եւրոպականացած ըլլալու յաւակնութիւններ չկան. ամէն բան պա՛րզ եւ մաքուր է տունին մէջ, ընդարձակ մարմարեայ բակը՝ ճերմակ եւ լուսաւոր՝ տրամադրութիւններս կը փոխէ եւ գրեթէ զուարթօրէն կը բարձրանամ սանդուխներէն տղոց իւրաքանչիւրը փայփայելով։

Սերոբեան էֆէնտի, նիհարկեկ եւ ոսկրուտ մարդ մը, նախկին ձայնաւոր, նախկին հսկող, հետզհետէ մասնագէտ ուսուցիչ եւ տեսուչ՝ վարժապետական բոլոր վիճակներէն անցած է, հետեւաբար կազմական կանոնագրին բոլոր ութիւնները գաղտնիք չունին իրեն համար. իր տրամաբանական կոչումը քահանայութիւնն էր բնականաբար, բայց Սերոբեան էֆէնտի կատաղի հակակղերական մըն է. այս ատելութիւնը կղերի դէմ անիմաստ, անգիտակից եւ որեւէ հիմնական պատճառէ զուրկ ատելութիւն մը, իր գլխաւոր կիրքն է, գրեթէ իր գոյութեան իրաւունքը կը կազմէ, հապա եթէ քահանաները չըլլային որո՞ւ վրայ թափէր իր մաղձը. ատելութիւնը տիրական պէտք մըն է տեսակ մը մարդոց համար ինչպէս սիրելու պէտքը  ուրիշներու։  Այլ  սակայն  Սերոբեան  էֆէնտիին հակակղերականութիւնը մի՛ կարծէք որ իր ազատամտութեան արդիւնքն էր. ընդհակառակը հին գլուխ մըն է անիկա բառին բովանդակ նշանակութեամբը. իրեն համար այսօրուան վարժապետները վարժապետ չեն, տիրացուները՝ նոյնպէս, թաղեցին՝ նոյնպէս. ոսկեդարը իր երիտասարդութեան ատենն էր. ըստ իրեն պտուղները անգամ այն  ժամանակուան  համը  չունին։  Սերոբեան  էֆէնտի  այն թիփերէն է, որոնց համար ամէն աղէկ բաներ անցած են այլեւս  անդառնալիօրէն։

-Հիմակուան խնձորները խնձո՞ր են… Հիմակուան մարդիկը մա՞րդ են…

Այսօր զուարճանալ չեն գիտեր, դրամ շահիլ չեն գիտեր, օդերը, տարւոյն եղանակները անգամ փոխուած կը թուին  իրեն։

-Դրամը մեր ատենը կը շահուէ՜ր… Ձմեռը մենք տեսած ենք, հիմակուան ձմեռները ի՞նչ են…

Ու հակառակ բոլոր այս բաներուն Սերոբեան էֆէնտի ներքնապէս անվնաս մարդ էր եւ իր մազերը ճերմկցուցած էր իր բազմաթիւ ընտանիքին ապրուստը հոգալու տաժանելիօրէն։  Այս  միջոցին  իր  շուրջը  հաւաքուած  էին բացի թաղին ուսուցիչներէն մէկ-երկու բարեկամներ եւ շատ տաք վիճաբանութեան մէջ էին կրթական խնդրի մը վրայ, երբ մենք սրահէն ներս մտանք ամէնքը մէկանց լռեցին. Սերոբեան էֆէնտիին ձեռքերը դողդղացին իմս բըռնած  ատեն։  Զիս  ներկայացուց  ուրիշներուն.

-Իմ  նախկին  աշակերտուհի՛ս։

Յետոյ ինծի մօտեցուց ծերունիի մը, որ բազմոցին անկիւնը նստած կը հետեւէր ամէնուն շարժումներուն եւ երբեմն  կը  խնդար  ինքնիրեն։

-Նիկողոս  աղա՛, ճանչցա՞ր, քու  ալ  աշակերտուհիդ  է։

-Իրա՛ւ ես, իրա՛ւ, մրմնջեց ծերունին եւ աչքերը դարձուց  ինձմէ։

Ես զինքը ճանչցայ սակայն, խեղճ մա՛րդը. նախկին պատուելի մը, որ Սկիւտարի ամիրաներուն փարթամ շրջանին հասած եւ անոնց սերունդէն շատերու այբուբէնը սորվեցուցած էր. յետոյ ամէն միջոցէ զուրկ՝ ազգային վարժարանը ընդունած էին զինքը մինչեւ որ Ուսումն.

Խորհուրդը հոնկէց ալ կը ճամբէ, վկայական չկրնալ ստանալուն համար. անկէց ետքը թափառական եւ անորոշ վիճակ մը անցընելով յիմարութիւն եկած էր վրան եւ բոլորովին  անկարող  դարձած  էր  աշխատելու։

Ներկաներէն շատերը ծանօթ էին արդէն ինծի եւ ոմանք զիս գիրցած, ոմանք զիս նիհարցած գտնալնէն ետքը՝ վերսկսան իրենց աղմկալի վիճաբանութեան. հետզհետէ ձայները բարձրացան եւ ատեն մը եղաւ որ գրեթէ ամէնքը մէկ կը պոռային եւ ալ բան մը չէր հասկցուեր. երբեմն քովէս յիմար ծերունին կը մրմնջէր.

-Իրա՛ւ ես, իրա՛ւ…

Ու իր երկարաձգուող քրքիջը կը խառնուէր միւսներուն  աղաղակներուն։

-Իրա՛ւ  ես, իրաւ։

Ամէն անգամուն որ իր հատկլտուող ձայնը կը լսէի քովէս, իրեն կը դառնայի, բայց անիկա իր խոնաւ եւ գրեթէ  անլոյս  աչքերը  կը  գոցէր։

Զիս ճանչցա՞ծ էր թէ չէ, կու լա՞ր թէ կը խնդար, խեղճ մա՜րդը… Ճշմարտութիւնը այն է որ թէ՛ խնդալու բան  կար, թէ՛  լալու։

Բարեկամս դրանը մօտ կեցած վիճաբանողներուն շարժումները  կը  դիտէր. հոս  ալ  օտար  էինք  մենք  եւ առանձնացած. անմիջապէս զգացի ատիկա եւ որպէսզի այցելութեան պատշաճ ժամանակը դիւրաւ անցնի, սկսայ դիտել  եւ  քննել  մարդոց  գլուխները։

Եթէ երբեք ըրած էք այսպիսի բան մը պիտի հասկընաք անմիջապէս անձկութեան, հետաքրքրութեան եւ տխրութեան խառն զգացումը որ ես՝ նորեկ այդ միջավայրին մէջ ունեցայ. ծերունիին գանկը թեթեւ մը տափակ ճակտին վրայ կը բարձրանար մինչեւ գագաթը եւ յետոյ կ՚իջնար մէկէն խուսափող գիծով մը գրեթէ առանց կորութեան մինչեւ ծոծրակը, բոլորովին ծածկուած խիտ, ճերմակ կարճ մազերով որոնք կը յառաջանային մինչեւ յօնքերը, ինչպէս ծոծրակին վրայ տարածուելով կը կորսըւէին օձիքին մէջ. տմոյն եւ խորշոմած դէմքին վրայ պեխերը եւ մօրուքը մկրատով կտրտուած կը ցցուէին ցանցառ եւ կարծր մազի թելերով որուն մէջտեղէն ստորին շրթունքը տարօրինակապէս կը կախուէր վար լորձունքոտ եւ  թոյլ։  Ինչ  որ  զարմանալի  էր  սակայն, միւսները, առողջները առաւել կամ նուազ կը ներկայացնէին իրենց դէմքին եւ գանկերուն վրայ այնպիսի կազմութեան պակասաւորութիւններ որ, քիչ մըն ալ, եւ ինքզինքս aliénéներու [7] սրահ մը պիտի կարծէի. յայտնի էր թէ այդ մարդիկը անձուկ գաղափարներու մէջ խեղաթիւրուած, սնունդի եւ առողջ օդի պակասութեան ենթարկուած եւ տղայութիւններնէն ի վեր փակուած մեր վարժարաններու թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս վատառողջ մթնոլորտին մէջ, ապասերուած էին բոլորովին, իրենց մտքին բնական զարգացումը արգիլուած էր եւ մէջտեղ եկած էր ողորմելի սերունդ մը որ վարժապետներու դասակարգը կը  յատկանշէ։

Քովէս ծերունին միշտ կը կրկնէր.

-Իրաւ ես, իրա՛ւ։

Սենեակը այնքան լեցուած էր ծխախոտի ծուխով եւ պոռացող մարդոց շունչով որ խոհեմութիւն սեպեցի մեկնիլ  փութով։

Փողոցը՝ բաւական ատեն տխրած քալեցինք. յուսաբեկութիւն  եւ  զղջում  կար  մեր  մտքին  եւ  խօսքերուն  մէջ։

-Ի՜նչ խենթ բան ըրինք վերադառնալով, եւ ըսել որ այլեւս այս միջավայրին մէջ պիտի ապրի՛նք…

Անկէց ի վեր քանիցս, առիթը պիտի ունենայի դըժբախտաբար, այդ  խօսքը  կրկնելու։

Հետզհետէ սարսափ մտաւ հոգւոյս մէջ. եւ կարելի՞

էր արդէն իրաւամբ չսարսափիլ. պէտք էր այլեւս այդ մարդոց մէջ ապրիլ, անոնց հետ շփման մէջ ըլլալ ու լսել իրենց ձայնը, աններդաշնակ եւ կեղծուած իրենց մանուածապատ եւ անմաքուր զգացումները արտայայտելու համար. ու մանաւանդ ստիպուած ըլլալ կրելու աներեւակայելի տգեղութիւնը իրենց շարժումներուն, հագուածքին, բնակարաններուն  եւն. ։

Ահաւասիկ սակայն ասոնք ամէնքն ալ պարկեշտ, պատուաւոր եւ խելացի մարդիկ գիտէինք մինչեւ հիմա եւ դեռ  ամէնքն  ալ  այնպէս  կը  կարծեն  զիրենք։

Հետզհետէ կը բարձրանանք խօսակցելով. հայոց գերեզմանատան ճերմակ քարերը կը տարածուին գեցեղիկ ծառերու  հովանիին  ներքեւ։

-Կ՚ուզէք, մտնանք  անգամ  մը։

Բայց  դուռը  գոց  է  եւ  մեր  ճամբան  կը  շարունակենք։

Յանկարծ  բարեկամս  կը  կենայ։

Արեւը մայրը մտած է բայց արեւմուտքի կողմը երկինքը ոսկեզօծ է բոլորովին եւ հեռուէն ծովի կապոյտ գիծէ մը անդին քաղաքին սիլուէթը մանիշակագոյն եւ կապտորակ կ՚ուրուագծուի գմբէթներու կորութիւններով. մինարէներ եւ նոճիներ անհամար կը սլանան եւ իրենց գագաթները  կը  կորսուին  հորիզոնին  ոսկիին  մէջ։  Առաւօտեան գիւղանկարներու խաղաղ գեղեցկութիւնը չունին թէեւ, բայց գերազանցապէս վրդովիչ բան մը կայ գիծերու եւ գոյներու մէջ, որոնց ամբողջութիւնը տեսակ մը առեղծըւածային arabesque [8] կը կազմէ իբր թէ իրենց խորը խորհրդանշական  մտածում  մը  ունենային  ծածկուած։  Լոյսը փայփայանքով կ՚անցնի ամէն բանի վրայէն եւ իրեն մարմրող երանգները թանկագին քարերու ցոլքեր ունին որ ասդին-անդին զմրուխտի կանանչներ եւ սուտակի կարմրութիւններ կը ցանցնեն։ Հորիզոնին ոսկին կը տարածուի, կ՚ընդլայնուի եւ այնպիսի ուժգնութիւն մը կ՚առնէ որ  չենք  կրնար  շեշտակի  նայիլ։  Եւ  այդ  ոսկիէ  անձրեւին ներքեւ քաղաքին սիլուէթը կը մթննայ եւ սեւ ու որոշ գեղեցիկ հակադրութիւն մը կազմելով կը տարածուի վեհօրէն  Վոսփորի  դիմացի  եզերքին  վրայ։

Զարմանալի չէ որ բիւզանդացիները կը նախընտրէին իրենց պատկերներուն ոսկիէ fond [9] մը շինել քանի որ անոր կախարդիչ գեղեցկութիւնը յաճախակի դրոշմուած էր  իրենց  միսթիք  մտքերնուն  մէջ։

Նեղուցին կապոյտ գծէն ասդին Սկիւտար կը բարձրանայ հետզհետէ նոր բուսականութեան մը մէջէն ցուցադրելով  տանիքներու  կղմինտրներու  տաք  կարմիրը։

Ասդին-անդին ծխաններէ թեթեւ ճերմկորակ մուխ մը կը ծածանի։  Քանի  մը  քայլ  եւս  եւ  ահա  կը  տեսնենք  գերեզմանոցի նոճիները երեկոյեան այս ժամուն բոլորովին սեւ՝ որ խմբովին բուրգերու պէս հոյակապ կը բարձրանան ոսկեզօծ  երկնքին  վրայ։  Հովը  թեթեւ  մը  կ՚օրօրէ  զիրենք  եւ գագաթները կը մերձենան երբեմն ու իրենց սեղմ եւ ցից ճիւղերը մասնաւոր եւ ներդաշնակ սօսաւիւն մը ունին որ կը մրմնջէ գերեզմանաքարներուն մէջերէն նուիրական աղօթքի  մը  պէս։  Հեռուն, աւելի  հեռուն, նոճիներու  շարքը կը տարածուի հոծ եւ մթին. խէժի, թարմ հողի եւ անանուխի խառն բուրմունք մը կը ծածանի օդին մէջ եւ մինչեւ շրթունքիս  վրայ  կարծես  կը  զգամ  դառն  համը։

Եւ ասիկա տեսակ մը   անբացատրելի զգացում մը կը ներշնչէ որ նոյնիսկ մթնոլորտին կու տայ հեշտագին թրթռացում մը. ինծի կը թուի թէ օդը բեռնաւորուած կու գայ արեւելեան երգերու երկարաձգուող եւ ողբագին ելեւէջներով։

Ու քանի կը յառաջանանք, նոճիներու ետեւէն հորիզոնին ոսկին կը մարի տեղի տալով պղնձագոյն կարմիրին որ իր կարգին վարդագոյնի ամէն երանգները փոխելով կը տժգունի եւ կը հալի գորշ մանիշակագոյնի մը մէջ։

Բարեկամս այն ատեն ինծի կ՚ըսէ դիմացի զմայլելի հեռապատկերը ցուցնելով.

-Կը տեսնա՞ս, ասիկա մոռցնել կու տայ շատ մը բաներ եւ բոլորովին կը մխիթարէ. ասիկա պիտի բաւէ երջանիկ ապրելու  մինչեւ  ետքը։

-Իրաւ ե՛ս, իրա՛ւ, կ՚ըսեմ յիմար ծերունիին պէս անգիտակցօրէն  եւ  աչքերս  խոնաւ։



[1]            Ծախսեր կ՚ընէ. փոխաբերաբար՝ շատ ճիգ կը թափէ։

[2]            Ճարտարապետական  ոճ  մը, զարդարուն։

[3]            Նափոլէոն  Ա  կայսեր  ոճ։

[4]            Ենթարկուելով։

[5]            Ապուշցած, շշմած։

[6]            Բռնի աշխատանք, տարապարհակ (թիապարտի)։

[7]            Հոգեկան հիւանդ, խելագար։

[8]            Արաբական ոճով զարդանկար։

[9]            Խորք։