Սկիւտարի վերջալոյսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

Աւելի բարձրե՜րը… աւելի բարձրերը… Քանի բըլուրն ի վեր կ՚ելլենք օդը մասնաւոր պայծառութիւն մը կը ստանայ եւ հորիզոնը կը ցածնայ, հետզհետէ ծածկուելով մէկ կողմէն Սկիւտարի սգաւոր նոճիներուն եւ միւս կողմէն իրարու ետեւէ տողանցուող բլրակներուն ետեւ. միայն Վոսփորի պզտիկ մէկ մասը, լճակի մը պէս, եռանկիւնաձեւ  կը  նշուլէ  իր  լուսաւոր  կապոյտով։

Իրիկուան այս ժամուն հոծ եւ ճերմակ ամպեր կը թաւալին երկնքին վրայ, հեռուն՝ գեղեցիկ Մարմարային վերեւ -կապո՛յտ գոհար- սատափի նուրբ երանգներ կ՚առնեն հետզհետէ մարելով եւ շփոթուելով հեռաւոր երկիրներու  տարտամ  գիծերուն  հետ։  Քանի  արեւը  կ՚իջնայ այնքան դժուար կ՚ըլլայ զանազանել Մարմարայէն անդին ուրուագծուող  լեռները  եւ  երկիրները  ամպի  ծուէններէն։

Բայց պէտք է դիմացը նայիլ եւ նայիլ միայն, որովհետեւ բառերով կարելի չէ արտայայտել այն բոլոր փառայեղ շքեղութիւնը որ մայրը մտնող արեւը ամպերուն ետեւէն կը  տարածէ  հրդեհուած  հորիզոնին  վրայ։

Ամբողջ գոյներու սէնֆոնի մըն է բոցավառ արեգակէն ճառագայթուած ու երկնքին վրայ հեռուներէն իսկ ամպի  թափառական  կտորներ  ծիրանիներ  կը  հագուին։

Ոսկեքաղաքը յանկարծ, ոսկեզօծ երկինքին տակ իր բոլոր պատուհաններէն կ՚արտացոլայ բեկբեկուած ճաճանչներ որոնց լուսեղէն գիծերը կախարդիչ միջոցին մէջ arabesqueներ կը կազմեն, ամէն րոպէ նոր բեկբեկումներով յարափոխելով  իրենց  առեղծուածային  գեղեցկութիւնը։

Միսթիք յուզմունք մը կայ հոգւոյս մէջ իբր թէ անծանօթ Աստուծոյ մը տաճարին մէջ ըլլայի ու կը մնանք հոն աչքերնիս սեւեռած մինչեւ որ արեգակը, կարմիր բոլորակ այլեւս կը թաւալի մեղմօրէն հորիզոնին գծին ետեւէն։

Դեռ յետամնաց ճառագայթներ կը մարմրին աստինանդին ու տարտամ կարմրութիւն մը տանիքներուն վրայէն կ՚անցնի, վարդագոյն երանգներ տալով պատատուկ բոյսերուն, բայց արդէն իրիկնամուտի զովութիւնը աննըշմարելի հեւք մը կը դնէ մեր ոտքերուն ներքեւ սարսռացող գունագեղ մարգագետնին մէջ ու դեղին, ճերմակ ծաղիկներ ծարաւէ եւ ջերմութենէ նուաղած իրենց պզտիկ գոյութիւնը  կը  ցցեն  հրճուանքով։

Աւելի բարձրերը… ան կ՚ուզեմ դեռ բարձրանալ. բայց ժամանակը ուշ է եւ բարեկամիս հետ կը խօսինք նկարչութեան եւ գրականութեան սահմաններուն վրայ։

Ըստ իս մարդուս հոգիին եւ բնութեան տեսակ մը գեղեցկութիւնները կարելի չէ իրենց հոյակապ շքեղութեան մէջ սահմանել բառերով. ի՜նչ խեղճութիւն, բառերը. յաճախ պայմանադրական վանկեր, որոնք ոչ գոյն ունին, ոչ երանգ եւ ոչ իսկ գաղափարը կամ յուզմունքը խորհըրդանշանող հնչականութիւն. եւ կամ ուրիշ բան չեն բայց եթէ անկապակից, տարտամ եւ նախնական ճիչեր, մարդկութեան առաջին թոթովումներէն ժառանգ մնացած մեզի եւ բոլորովին այլեւս օտարացած մեր զգացումներուն, մեր յուզմունքներուն։  Եւ  ասիկա  այնպիսի  ցաւագին  յուսահատութիւն մը կու տայ ինծի որ ինքզինքս երբեմն խոնարհ եւ չնչին կը զգամ եւ անկարող բոլորովին յագեցնելու ներքին շատ խռովիչ եւ շատ տիրական պէտք մը… ի՞նչպէս ըսեմ. իբր թէ շատ ծարաւ ըլլայի եւ գաւակը շրթունքիս՝ զգալով ջուրին զովութիւնը, չկարենայի նոյնիսկ կաթիլ  մը  խմել։

Եւ այն ատեն ի՞նչ փոյթ միջոցը. կ՚ուզէի նկարիչ ըլլալ եւ երաժիշտ միանգամայն, կ՚ուզէի կարենալ նաեւ եբենոսի սեւութեան կամ մարմարիոնի ճերմակութեան մէջ սեւեռել յաւիտենական գիծեր, կ՚ուզէի գոյներու հեշտանքով եւ ձայներու ճկուն խորութիւնովը կարկառել

Մարդկութիւնը իր համադրական եւ կատարեալ ձեւին մէջ, ինչ որ ահաւասիկ Սկիւտարի վերջալոյս մը շքեղ եւ խռովիչ կ՚արթնցնէ հոգւոյս մէջ. յուզմունքով եւ վայելքով  խառն  երկչոտութիւն  մը  գրեթէ։

Այսպէս կը խօսինք երկարօրէն. գանկիս մէջ գաղափարները նախ խուռն եւ անորոշ, կը սկսին ձեւ առնել, կազմուիլ եւ շատ դիւրաւ կը ներկայանան հետզհետէ ու դիւրութեամբ միտքս կը բացատրեմ իբր թէ գրգռիչ ըմպելի մը առած ըլլայի. մտածումներու եւ յուզմունքներու այդ յաճախումը հաճելի ջերմութիւն մը կու տայ ճակտիս, որ աւելի հեշտ կը դարձնէ ինծի խօսիլը. ա՜հ եթէ կարենայի գրել այսպէ՛ս… բայց վաղը, գիտեմ, ճերմակ եւ տարամերժ թուղթին առաջք, ճակատս սառած պիտի ըլլայ դագաղի մը պէս եւ գաղափարներու կմախքներ միայն պիտի ցցուին հոն համր բերանով եւ կոյր ու անկարեկիր աչքերով որոնցմէ տաժանքով եւ կասկածով կցկտուր բառեր  միայն  պիտի  որսամ։

Ի՛նչ յուսաբեկութի՜ւն…

Ու մինչ մտովի կը դառնամ այս մտածումներուն շուրջը, բարեկամս կը խօսի հանդարտօրէն, հաւատքով, նկարչութեան վրայ եւ հակառակ բոլորովին տարբեր բանի մը մտածելուս զինքն ալ մտիկ կ՚ընեմ առանց բառ մը  կորսնցնելու, իբր  թէ  կրկնուած  ըլլայի։

Այսինքն թէ, կ՚ըսէ բարեկամս, ամէն գեղեցիկ բան չնկարուիր. բնավայր մը ուրիշ բան է. կէս մը փլած պատ մը աւելի նկարչավայել է քան քաղաքի տեսարան մը. եթէ ուզէի Չամլըճայի գագաթէն քաղաքին տեսարանը նկարել, աշխարհագրութեան քարտէսի պէս բան մը երեւան պիտի գար, մինչդեռ կարմիր տուն մը կամ հին փողոց մը, կրպակներ եւայլն անհամեմատօրէն աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլային  նկարչութեան  մէջ։

-Յետոյ, գեղեցկութիւնը այնքան յարաբերական, առաձգական  բան  մըն  է, չէ՞։

-Անտարակոյս. խնդիրը իր domaineէն [1] դուրս չելլելն է. նկարչութիւնը գիծերու եւ գոյներու արուեստն է, պէտք  է  հոն  մնայ։

-Խորհրդանշական  նկարչութի՞ւնը, կ՚ըսեմ  մէկէն։

-Այլեւս ատիկա գրականութիւն է. ինչպէս բանաստեղծը պէտք չէ գաղափարը զոհէ ձեւին եթէ կ՚ուզէ բանաստեղծ մնալ, այնպէս նկարիչը պէտք չէ գոյնը եւ ձեւը զոհէ գաղափարին. նկարչին տրամաբանական կոչումը գոյներու եւ ձեւերու ներդաշնակութիւն մը յառաջ բերելն է նախեւառաջ. տարբեր խնդիր է թէ ինչ բան որ բնութենէն կ՚առնուի, իր մէջ կը պարունակէ արդէն տիեզերական կամք  մը, յուզմունք  մը, գեղեցկութիւնն  իսկ։

-Բայց ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ, կ՚ըսեմ, շատ մը նկարիչներ, ինչպէս Բիւվիւս տը Շավան, թէ՛ գոյնի եւ ձեւի ներդաշնակութիւն ունին եւ թէ խորհրդանշական գաղափար մը կը ներկայացնեն իրենց նկարներուն մէջ։

-Ա՛հ, բայց Բիւվիւս տը Շավանի գործը décoratif [2] արուեստին մէջ կը մտնայ եւ dռcoratif արուեստին գլխաւոր հոգը adaptationն [3] է. անիկա է որ իրեն տեւական գեղեցկութիւն պիտի տայ. երբ Բիւվիւս տը Շավան Սորպոնի մէկ սրահին պատկերը շինելու կոչուած է, իր դերն է հոն նկարչութեան միջոցաւ որոշ գաղափար մը խորհըրդանշել։

Յետոյ բարեկամս կը խօսի այն գրագէտներուն վրայ որոնք յաւակնութիւնը ունին նկարիչը հասկնալ, զայն դատել եւ կամ իր գործին մէջ մտածումներ, գաղափարներ գտնալ  որոնք  նկարչին  մտքէն  իսկ  անցած  չեն  կրնար  ըլլալ։

-Այսպէս շատ մը մեռած նկարիչներու գործեր սխալ ըմբռնուած են, որովհետեւ գրագէտն է որ զայն կը ներկայացնէ հասարակութեան, զայն սիրել կու տայ կամ մերժել. ժողովուրդին կարծիքը գեղարուեստին վրայ՝ քննադատին մտքէն անցնելով կը կազմուի, այս վերջինը յաճախ բռնաւոր մը կամ տգէտ մը՝ ո՛չ միայն ժողովուրդին առողջ դատողութիւնը կը խանգարէ այլ նաեւ իր կարգին կ՚ազդէ նկարիչներուն վրայ որոնք եթէ ուժով անհատականութիւն մը չունին կարենալ յաջողելու համար, ստիպուած են դարպասել քննադատները, այսինքն՝ անոնց գաղափարներուն  համեմատ  գործ  արտադրել։  Եւ  ասիկա աղիտալի բան մըն է ինքնին, որովհետեւ ամէն ժամանակներու մէջ դիտուած է որ երբ արուեստագէտները իրենց domaineէն դուրս կ՚ելնեն, անկման կ՚ենթարկուին։

Այսպէս շատախօսելով չենք զգար որ ժամանակը կը յառաջանայ եւ սկսած է մթննալ. նեղ ճամբու մը մէջէն կը քալենք. երկու կողմէն արտեր կը տարածուին բոլորովին կանանչ եւ տեղ-տեղ կարմրած հարսնուկներու արենագոյն ծաղիկներէն. հեռուէն գորտեր կը կռկռան խմբովին եւ իրենց թրթռացող երգը հեշտագին մելամաղձոտութիւն մը ունի, գիշերին մօտ. անծանօթ ճճիներ իրենց վերջին բզզիւնները կ՚երգեն. օդը զգալի կերպով զով է. թափանցիկ գիշերին մէջ աստղերէն լոյսի անձրեւ մը կ՚իջնայ վար. ինչպէ՜ս խաղաղ է գիշերը. դիմացէն մեծ եւ պզտիկ Չամլըճաները մութ մանիշակագոյն կը ցցուին, աւելի հեռուն գորշորակ լեռներու շղթայ մը, հետզհետէ գրեթէ ճերմակ կը  տողանցուի  տարածուող  գիծերով, հորիզոնին  վրայ։

Երկայն ճերմակ ճամբայ մը սողոսկելով կ՚երթայ կը կորսըւի լեռներու կողերուն մէջ. այդ ճամբէն է որ ժամանակաւ քարավանները կը մեկնէին Սկիւտարէն Փոքր Ասիա եւ  Պարսկաստան  երթալու  համար։  Այդ  ճամբէն  է  որ  նաեւ Պաղտատ կ՚երթային եւ կ՚երեւակայեմ պահ մը ուղտերու շարքը որոնք իրենց կռնակը բեռցուած բեհեզները, շղարշները, ոսկեթել բանուածքները եւ հիւսուածները, պերճանքի շքեղ առարկաներ, բերել ձգելէ ետքը Արեւելքի մայրաքաղաքը իրենց բոժոժներուն ծիծաղոտ երաժշտութիւնով կը հեռանային եւ կը վերադառնային Պաղտատ, Մուսուլ եւ այլ կախարդիչ եւ առեղծուածային քաղաքները հին քաղաքակրթութիւններուն. հիմակ այդ ճամբան պարապ է բոլորովին եւ ճերմակ ու սողոսկող կ՚երկարի մինչեւ  անորոշ  հեռաւորութիւնները։

Պէտք է վերադառնալ տուն, մտերմութեան ժամն է հիմա, լամբին շուրջը սեղանին առաջք. բայց ահա յանկարծ ձիաւոր մը կը կանգնի մեզմէ քիչ հեռու. օտարական մշակ մըն է հաւանականաբար. nostalgique եւ տխուր ձիուն սանձը պինդ բռնած, աչքերը կը սեւեռէ Արեւելքին. իր պարզ հոգիին խորը այն գեղեցկութեան հեշտա՞նքը կը թրթռայ խաղաղ գիշերին առաջք, թէ հեռուն, այն կողմերը, ամուլ մնացած կնոջը կը խորհի… ո՞վ գիտէ, թերեւս անդին, իր երկար այրիութենէ վշտաբեկ կինն ալ երդիքին  վրայ  աչքերուն  լոյսը  կը  ղրկէ  իր  մարդուն։

Կարօտի եւ ցաւի արտայայտութիւն մը կայ իր արձանացած ձեւերուն մէջ, աչքերը սեւեռած հեռուն եւ պինդ բռնած ձիուն սանձէն որուն առաջքի ոտքերը թեթեւ  մը  կը  բարձրանան։

Ի՞նչ դառն է այս ժամուն մինակ ըլլալ. մա՛րդ, քու կնոջդ  եւ  հողիդ  դարձի՛ր։



[1]            Կալուած, բնագաւառ։

[2]            Զարդարական։

[3]            Յարմարեցում, պատշաճեցում։