Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ատենը եկած է, մենք կը կարծենք, մէկդի նետելու մեր գրականութեան մէջ մուտք ունեցող այն տժգոյն, անիմաստ ու պապուկ բացատրութիւնները, որոնք պահ մը յոխորտօրէն պտտեցան հրապարակին վրայ:

Մեր գրականութիւնը մէկ է: Ան կու գայ վարէն, հեռաւոր շրջաններէն: Բարբառներու այլազանութեանը տակ նոյն արիւնն է, որ կը քալէ, ապրեցնելով ցեղին մէջ, դարերու բացուածքներուն վրայ ցոլացիկ մեծութիւններ:

Ան կ՚ելնէ ամբոխին մէջէն երգի, արձանի, գմբէթի ձեւերուն տակ, կը կերպարանաւորէ ցեղին մտքի կեանքը (vie d’esprit), կը բաղադրէ անոր հոգին:

Բոլոր հայերուն ժառանգութիւնն է ան: Ու ան ունի  կեդրոնական  նկարագիր:

Մենք կը մերժենք պոլսահայերուն արհամարհոտ ասութիւնները, որոնք մեր գրականութեան միութիւնը կը   վտանգեն:

 

* * *

Հայաստանեայց գրականութիւն յղացումը (concept) կը տարածուի հաւասարապէս հայ ցեղին ամէն մասնիկներուն վրայ: Ան կը մերժէ լեզուի անհրաժեշտ կապանքները, բարբառները յոխորտացնող յատկանիշները, վեր է լեզուի գեղագիտական ըսուած երեւոյթներուն որոշադրութենէն:

Ան լայն է՝ սեղմուիլ կարենալու համար գրականութեան երկու հատուածներուն այլամերժ նեղմտութեանը մէջ: Ան ուժով է՝ առանձնապէս ապրելու չափ, առանց տեղական գոյնին, տարազներուն անհրաժեշտ նպաստին:

Հայաստանեայց գրականութիւնը ամէն երեւոյթի նման, որ իր վառարանը ունի կենդանի գործարանաւորութեան մը գիրկը, ստիպուած է արդէն ծալքն առնելու այն արտացոլումին, զոր կը ճառագայթեն բոլոր ապրող համախմբումները ու ատով իսկ իր գիծերուն շատ մը մասին մէջ ան կը ներկայանայ անհաւասար հաւատարմութեամբ մը՝ արտայայտութիւնը հայ ցեղին:

Ընդունելով հանդերձ նախնական աւազանին, ցեղային զանգուածին ու զայն տաղաւորող արտաքին պայմաններու հզօր ներգործութիւնը, պատշաճ հարկը տալով վայրկեանին (moment) եւ տեւողութեան (durée) անխուսափելի որոշադրականութեան, կը խորհինք, թէ այդ ամէնէն վեր, այդ ամէնէն դուրս առանձնապէս անհրաժեշտ են զօրաւոր անհատները, մեծերը, որոնք արդէն կը համադրեն ցեղին հոգին կատարեալ եղանակով:

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանեայց գրականութիւնը հարկ էր ազատ տեսնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններուն ստրուկ հետեւակութենէն:

Փնտռելով ցեղին հոգին իր մեծ զաւակներուն հոգիին մէջ, մենք մերժած չենք ըլլար բոլոր այն երկրորդական ազդակները, կողմնակի նպաստները, որոնք անհատին հոգեբանութիւնը կը կերտաւորեն, զայն կը մասնաւորեն յատուկ կնիքովը, զայն մէջտեղ կը բերեն առողջ ու կատարեալ կենդանիի մը ձեւին տակ:

Ու կը կարծենք, աւելի ճիշդը կը հաւատանք, թէ` բոլոր բարձրութիւններուն նման, ցեղին սարսուռներէն ամէնէն շատ ազդուողները պիտի ըլլան դարձեալ զօրաւոր ու մեծ անհատականութիւնները: Բոլոր ձիւները ու բոլոր արեւները ամէնէն առաջ լեռները կը համբուրեն:

Բայց ե՞րբ մեծ է անհատը:

Անհատը մեծ է, երբ անոր մէջ կրնան նայիլ, որպէս հայելիի մը մէջ, տրուած ցեղի մը բոլոր ընձիւղները, առանց խեղաթիւրելու իրենց դիմագծային ճշդութիւնը. երբ գերեզմաններէն յառնող ստուերներուն բանակը անոր ձայնին առջեւ երկիւղածօրէն կը ծնրադրէ. երբ դարերու ու շրջաններու ճակատագրէն անդին հեռաւոր կամարումներուն տակ թրթռացող սերունդները կրնան ճանչնալ Անոր մէջ այն յաւիտենօրէն անմահ իսկութիւնը, որ անոր աճիւններուն սափորէն մշտավառ մուշկի մը նման ճառագայթարձակ կ՚ապրի:

Անհատը մեծ է, երբ զինքը կը հասկնան բոլոր սերունդները տրուած ցեղերուն: Անհատը կեդրոնացումն է ցեղին վառարանէն ցրուած բիւրաւոր նշոյլներուն, իրենց երանգներուն ցոլավառ կամ շիջանուտ ամբողջութեանը մէջ:

Ու այս ամէնուն մէջ ոչինչ կայ պատահական, ինքնիրեն ձգուած քմայքի ալիքներուն երախտապարտ: Անհատին մեծութիւնը բնագիտական ըսուելու չափ ճշգրիտ մեքենականութեան մը կը հպատակի։ Անհատը երկինքէն շինուած չ՚իյնար: Անիկա արդիւնք է ամենահզօր ճիգերու:

Ընկերութեանց հաւասարապաշտ հոսանքին դէմ ան կը մղէ արդէն իր առաջին կռիւը: Առօրեայ կենցաղին պարտադրած միջակութիւնները քայքայելու համար ան արդէն բնազդօրէն գիտէ արհամարհել փայփայանքներն ու սպառնալիքները, որոնք իրեն կ՚ուղղուին: Միջակութեանց ալիքներուն վրայ  ան  փրփրուն  մազերով ու լուսավառ աչքերով իր ելքը կ՚ընէ, իր անջատումը կ՚արձանակերտէ:

Ու այդ կռիւին մէջ ան իր թուլացումի պահերուն կ՚ոգեկոչէ բոլոր հին մեծերը, ցեղին թաքուն կարողութիւնները սպասի կը բերէ իր հրաշագործումին կատարելութեանը համար:

Բացայայտ է ուրեմն, որ անհատը ամէնէն առաջ ցեղին ամէնէն հարազատ լարերը կ՚առնէ իր ափին մէջ:

Ան ամէնէն ճիշդ տիպն է այն զանգուածին, ուր կ՚ապրի: Իր ցեղին բոլոր երազները խտացուցած է ան իր աչքերուն ծիածանին մէջ ու անոր շունչը ցեղին հոգին օրօրող բոլոր հին ու նոր մեղեդիներուն փափկութիւնովն է օծուած:

Աւելի յստակ ըլլալու համար կ՚աւելցնենք.

Մեծ անհատները բնազանցական յօրինուածք չունին: Անոնք իւրացումի արտասովոր ձեւերով օժտուած՝ մարդկութեան դարերը կ՚ապրին իրենց թեւաւոր տարիներուն մէջ: Շատ արագ կը սպառեն ինչ որ միջակութիւնները դարերու յոգնութիւնովը պիտի մարսէին:

Անոնք կ՚ընդգրկեն ցեղին հոգեբանութիւնը կերտաւորող բոլոր տարրերը:

Ու անոնք շրջաններու վրայ բացուած հսկայաթեւ ծաղիկներու պէս կ՚առնեն ցեղին մէջ պտտող բոլոր բոյրերը, բոլոր գոյները, բոլոր սարսուռները:

Ոչ մէկ ցեղի մէջ մեծ անհատները չեն ուրացած զիրենք ստեղծող պայմաններուն իրականութիւնը, ուզելով հանդերձ չեն յաջողած: Գերման իմաստասէրներու մեծակառոյց գրութեանց մէջ ցեղերը վերացեալ (abstrait) ամբողջութիւններ նկատուած են, անհատները՝ մարդկութիւնը ներկայացնող բառարանին չոր ու մեռած բառերուն դերը ունի: Ոչ մէկ զիջում այդ տեսարաններէ շատին մօտ՝ անհատները կազմաւորող միջոցներուն. ցեղաւորումի անհրաժեշտութեան: Բայց ամէնուն մէջ մենք կը ճանչնանք դարձեալ գերման երազամոլ ոգին, այդ մռայլ ու մանուածապատ միութիւններուն մէջ թարթափելէն հաճոյք առնող գերման իմաստասէրներու հոյակապ շարքը (lignée):

Հայաստանեայց գրականութիւնը հրաւէր մըն է ցեղին զաւակներուն:

Հրաւէր մըն է ան դէպի այն ափերը, դէպի այն տարածութիւններն ու բարձրութիւնները, ուր դարաւոր ընտելացման մը հետեւանքով ցեղը ինքզինքը աւելի՛ համարձակ, իր հաճոյքներուն մէջ աւելի՛ սրտազեղ ու տառապանքին ատեն աւելի՛ երկիւղած ու տրոփուն կը գտնէ:

Հրաւէր մըն է ան դէպի հայրենի երկիրը, որ մեզի պէս ստրուկ ցեղերուն մէջ ոտքի վրայ մնացող միակ աստուածութիւնը պէտք է ըլլայ:

Ատել չենք գիտեր: Այս ահաւոր թերութեան դէմ ճակատող մեծագոյն առաքինութիւնը այն խանդավառութիւնը, երազի այն նոյնութիւնն է, որուն գոյութիւնը վճռական է  մեր  բախտին տեսակէտէն:

«Ցեղերը կ՚ապրին շատ քիչ թիւով յղացումներու եւ երազներու գօտիի մը տակ», ըսած է ժամանակակից մտածող մը: Մեր գոյութիւնը արդարացնող զսպանակներէն ամէնէն հինը այսօր կոտրածի տպաւորութիւնը կը թողու մեր վրայ: Հայ եկեղեցիները դադրած են մեր ժողովուրդին հոգիին համար բեւեռներ ըլլալէ:

Առանց երազի՝ կարելի չէ կեանքը: Տիեզերական կեղծիքի (fiction universelle) քանի մը կարեւոր ձեւեր ստիպողութիւն կը դառնան մեզի համար:

Ու գրականութեան, ինքնորոշումի այս գերագոյն կերպը նախընտրելով ապերախտ սուտէ մը տարուած պիտի չըլլանք: Մենք կը հաւատանք ատոր:

* * *

Ու մենք կ՚ըսենք բոլոր նորերուն ու բոլոր հիներուն:

Մենք ունինք մեր առաքելութիւնը, մեր խորհուրդը, դարերէ եկող, դարերէ փայփայուած ու անիրական մնացած:

Մենք ունինք մեր կարելի արքայութիւնը մեր առջին: Մտքի մարզերուն վրայ մեր նուաճումները արհամարհելի ուժի մը նշանը չեն եղած:

Մենք թուլօրէն սկեպտիկ չենք: Մենք տեսանք, թէ անցեալ դարուն մէջ քանի անգամ եւրոպական մտածումը փոխեց իր կեդրոնը։ Ու միշտ մեծ մայրաքաղաքները կ՚ըսեն մարդկութեան՝ կարելի իմաստութեան աւետարանը: Յիշեցէք Վարշաւիան ու մի մոռնաք Քոփէնհակնը:

Տարակոյսի ու ժխտումի սերունդներուն ճակատագիրը տխուր է եղած: Կասկածի շղարշին տակ մենք կը դադրինք ուժով ապրելէ: Ժխտումները անէացման կը տանին:

Գիտցէ՛ք թէ հաւասարութեան հովերը սանձարձակ կը փչեն ամէն ծագերէ: Այդ փոթորիկներուն դիմադրելը հիմա մեր կարողութեանց վառարանը պիտի ըլլայ: Եթէ այդ շարժումը ճակատագրական է ու անճողոպրելի, մեր հակազդեցութիւնը թող ըլլայ նոյնքան ողբերգական (tragique):

Վասնզի, ուժերու այս գօտեմարտութեան մէջ դարձեալ մեծ անհատները ասպարէզ պիտի գան իրենց յուսահատ պայքարին դիւցազնութեանը մէջ վեհօրէն ամբարձիկ:

Կազմենք մեր մեծութիւնները: Կազմենք զանոնք մեր հայրենիքին ամէնէն նուրբ ու ամէնէն տոկուն տարրերէն: Նետենք անոնց հոգիին մէջ մեր լեռներուն ապառաժէ բարձրութիւնը, երկաթութիւնը, մեր ջուրերուն մետաքսի պէս փափուկ փրփուրը  ու  մեր  ծաղիկներուն արիւնը: Մեր աւերակներուն աճիւններովը խնկաւէտենք մեր մեծերուն հոգին: Մեր իրաւ ու ոչ-իրաւ բոլոր փառքերուն խանդը թափենք անոնց սիրտին մէջ:

Մեզի կը սպասեն մեր դաշտերուն վրայ անտես երազի մը պէս շղարշուած բոլոր այն անանուն եղերգութիւնները, որոնք մեր գեղջուկներուն շրթունքներէն վեր կը վազեն:

Աշխատանքի Վարդապետ մը մեր երգերէն ստեղծեց մեզի, օտարացածներուս համար յայտնութեան մը չափ հրաշալի երաժշտութիւն մը: Քանի մը տաղանդաւոր հայեր մէկ-երկու հեքիաթներու մէջ գիտցան սեւեռել ցեղին երազը, երեւակայութիւնը, այնքան նորօրինակ արուեստով մը, որ մեծ ստեղծումներուն լաւատեսութիւնը թելադրեց մեզի:

Ու ինչե՜ր կան տակաւին: Մեր ապագայ դիւցազներգութիւնը կը պտտի հայրենի երկրին վերեւ, վայրահակ Ծիր-կաթինի մը նման իր լուսառատ սաւանին ծփանքին մէջ օրօրուն: Մեր Ֆաուսթը ո՞վ գիտէ ո՛ր վանքին անկիւնը սատանաներուն հետ իր մտերմութիւնները կ՚ապրի հիմա:

Մենք կ՚ըսենք ձեզի. հատուածեալ մեր գոյութիւնը ամբողջութեան տանելու համար կը սպասենք մեր Տանթէին:

Ու Տանթէները Հնդկաստանէն չեկան:

Մեր հրաւէրը ընդհանուր է: Ան կ՚ուղղուի հաւասար պաղատանքով թէ՛ Պոլիսին, թէ՛ Մայր երկրին, թէ՛ Կովկասին, թէ՛ Ատրպատականին:

Մենք կը դիմաւորենք բոլոր մեր գրողներուն մէջ ազգայնամոլ իտէալը, մենք կը հաշտուինք մեր երիտասարդ ուսանողութեան նանիր երազներուն վնասակար պատրանքին հետ, հերիք է, որ անոնք, գրողներ եւ ուսանողներ, գիտակցութիւնը ունենան իրենց վրայ ծանրացող բեռին:

Պատռտուած, հինցած, իր կեդրոնէն, իր երկիրէն, իր կրօնքէն վռնտուած, թափառիկ, աննպատակ արշաւի մը գետնաքարշութեանը մէջ նիւթացած, անուն չունեցող, մարմին չունեցող, խլրտուն զանգուած մը կայ մեր առջին:

Մեծ գործաւորներ, ցեղ շինողներ, ազգ ստեղծողներ, ահա՛ մեզի պակասը: Այդ ընդունակութիւններուն ապացոյցը մենք կը խոստովանինք դարձեալ ցեղին թաքուն աւանդատունին մէջ:

Հայաստանեայց գրականութիւնը մեր տապանակն է: Պահենք զայն ամուր, կատաղութեամբ մեր իսկ ծոցէն ոտքի սպրդող փղշտացիներուն (philistin) դէմ:

 

1914